«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-Ի 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌ Ի ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ.- ԴԱՇՆԱԿՑԱԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ՈՒ ԽՕՍՔԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔՈՎ

0 0
Read Time:10 Minute, 15 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
21 Հոկտեմբեր 2019

«Հայրենիք»-ը 120 տարեկան է. այս հաստատումը, ինքնին, ա՛յնքան խօսուն է ու ամէն բան պատմող, որ անոր կտրած ճամբուն գնահատականը ընող կամ անոր էջերէն խօսք տարածողներուն վաստակը լուսարձակի տակ բերող ամէնէն ծաւալուն հատորն իսկ պիտի մնայ ոչ-ամբողջական ու թերի, որովհետեւ լիակատար գնահատականի մը համար, անհրաժեշտ է, որ մարդս նստի եւ տարիներ տրամադրէ՝ թերթատելու համար բիւրաւոր էջերը եւ տեսնելու՝ թէ ինչպէ՛ս լեռնացած են թերթին ու անոր «մասնիկներուն» սիւնակները, հաւաքածոներուն հատորները։ Այսուամենայնիւ, պատկառելի տարեդարձին առիթով, կարելի է առանձնացնել քանի մը հիմնական գիծ, ուրուագծելու համար անցեալն ու վաստակը-վաստակաւորները, անկէ անդին՝ նայիլ դէպի ապագայ, որովհետեւ ներկան, ինչպէս կþըսեն փիլիսոփաներ՝ ակնթարթ մըն է կամ սոսկական ժամ մը, օր մը…
Նախ կþարժէ նշել, որ «Հայրենիք»ը մէկ տարեց անդամն է «Ազդարար»ով հրապարակ իջած Հայ Մամուլի ընտանիքին, իսկ ամերիկեան ափերուն՝ դաշնակցական մամուլի անդրանիկը։ 120 տարիներու անցեալը հարուստ է եւ կերտուած է հայութեան վիճակուած փոթորիկներուն ու նուաճումներուն առընթեր։ Թերթին ծնունդը տեղի ունեցած է այն օրերուն, երբ մեր պատմական հայրենիքին մէջ հալածական դարձած հայութիւնը սկսած էր հետզհետէ աճող ալիքներով հեռանալ տունէն, գիւղէն ու հարազատներէն, պահ մը ապահով աշխատանք-ապրուստ հոգալու համար հեռաւոր ափերուն, որոնց շարքին՝ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, ո՛չ թէ անպայման հոն վերջնական բնակութիւն հաստատելու մտասեւեռումով, այլ սպասելով աւելի լաւ օրերու, որպէսզի կարելի ըլլար նիւթական որոշ կարողութիւններով տուն դառնալ եւ վերականգնել քայքայուած սեփականութիւնները։ Պատմութիւնը բազմաթիւ վկայութիւններ արձանագրած է այս փաստին մասին։ Այդ ալիքներուն գլխաւոր ազդակներն էին համիտեան կոտորածները, որոնց դէմ՝ հայրենի հողին վրայ մնացողներու ծառացումները այլապէս կերտած են մեր նորագոյն պատմութեան լուսաւոր էջերը։
Թերթին խմբագրական աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը յանձն առնողներուն առաքելութիւնն իսկ կը ցոլացնէ առաջին տասնամեակներու յիշեալ հոգեվիճակը։ Վռամեան, Սիամանթօ, Վրացեան եւ ուրիշներ կարճ ժամանակով վարած են խմբագիրի պաշտօնը, շուտով բնօրրան վերադառնալու տենդով ու կամքով, առանց նախատեսելու, որ վերադարձ՝ պիտի նշանակէր նաեւ զոհ երթալ Ցեղասպանութեան, կամ՝ կեանքի ուղիները միաձուլել հայրենի ու հայրենամերձ մեր ժողովուրդին ապրող պատմութեան հետ։ Այդ առաջին փուլին, «Հայրենիք»-ը եղած է իսկական կամուրջ մը՝ տարագրեալ զանգուածին ու մայր հայրենիքին միջեւ, հանդիսանալով իրեն ծնունդ տուող կուսակցութեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարներն ու առաջնորդող խօսքը փոխանցող-տարածող փարոս։
Աւելի ուշ, Ցեղասպանութեան յաջորդող փուլերուն, «Հայրենիք»ը իր առաքելութիւնը շարունակած է՝ արձագանգելով հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու կամքին։ Անկախ այն իրողութենէն, թէ լոյս տեսած է իբրեւ շաբաթաթե՞րթ, երկօրեա՞յ, օրաթե՞րթ կամ ամսագիր, անիկա պահպանած է իր առաքելութեան հիմնական գիծերը։ Ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել ընթացիկ թերթին կողքին լոյս տեսած ամսագիրներն ու այլ պարբերականները, մատենաշարները, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով հրատարակութիւնները, որոնք գրադարաններ հարստացուցած են, նպաստ բերած՝ Հայ Միտքի զարգացման ու ձեւաւորման. ի՞նչ բառերով գնահատել մանաւանդ «Հայրենիք» ամսագիրը, որ տասնամեակներ շարունակ եղած է հայ քաղաքական միտքի, դաշնակցական եւ այլ հոսանքներու, յուշագրողներու, գեղարուսետական գիրին ծառայողներու ժամադրավայրը, կերտելով ինքնուրոյն վաստակ եւ հմայք, հեղինակութի՛ւն։
120 տարիներու վաստակին մաս կը կազմեն նաեւ նոր օրերու եւ ժամանակակից խմբագիրներն ու թերթի արարման անանուն մասնակիցները, «սեւ աշխատանք» կատարողները։ Թէեւ նոր տասնամեակները ստեղծած են անցարգելներ ու հարկադրած են, որ օրաթերթը վերադառնայ շաբաթաթերթի վիճակին, սակայն ի պատիւ խմբագրութեան ու անոր կողքին կանգնող Հ. Յ. Դ. մարմիններուն, «Հայրենիք»-ը կը յաջողի քայլ պահել նորարարութեանց հետ, արդի արհեստագիտութիւնը լծած է իր բարիքին եւ լաւագոյն չափով կը դարմանէ տպագիր օրաթերթի բացակայութիւնը, իր կայքէջին ճամբով պահպանելով օրաթերթային աշխատանքի հեւքը։ «Հայրենիք»-ը, հաստատութեան տարբեր հրատարակութիւններով, յարատեւօրէն կը մնայ Հայաստանի, սփիւռքի ու ո՛չ միայն Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութին սրտի բաբախումներուն օրը օրին, ժամը ժամուն արձագանգող բեմ։ Այս բոլորին կողքին, անիկա անշեղ հաւատարմութեամբ կը շարունակէ Դաշնակցութեան ուղին, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրած են թերթին հիմնադիրները՝ 120 տարի առաջ, ու անոնց բացած ուղին ընդարձակող-պահպանողները՝ անցեալ տասնամեակներու տաք ու պաղ փուլերուն։
Պիտի չուզէինք կանգ առնել այն իրականութեան վրայ, թէ սփիւռքեան պայմաններու մէջ, որակաւոր թերթ հրատարակելն ու երթը 120 տարի անխափան շարունակելը ինչպիսի՛ մարտնչումի արդիւնք է, նիւթական ինչպիսի միջոցներ կը պահանջէ, սակայն անցեալի վաստակին գնահատման այս բաժինէն յառաջ անցելու պահուն, պէտք է շնորհաւորել թերթին խմբագրութիւնը, անձնակազմը, անոնց նեցուկ կանգնող կուսակցական մարմինները, սակայն նաեւ անոր մօտակայ եւ աշխարհացրիւ ընթերցողները, որոնք խորքին մէջ «աշխարհակալ» ընտանիք մը կը կազմեն։
Անցեալը, իր լուսաւոր ու տխուր էջերով, կը պատկանի պատմութեան, անփոփոխելի է ու ամրագրուած, որքան ալ որ մարդս ցանկայ չեղեալ տեսնել կամայ թէ ակամայ, ինքնեկ կամ հարկադրեալ թերութիւնները։ Անցեալի մասին կարելի է ըսել միայն մէկ բան. ազգային ծառայութեան անկեղծ մասնակիցը, ըլլա՛յ անհատ, խմբակ թէ թերթ, անպայմա՛ն որ կրնայ գործել սխալներ, ունենալ թերացումներ, որոնք կþարձանագրուին փախչող-գացող օրերուն մէջ, դէպի հոն ետդարձ ընելը անկարելի է, սակայն շարունակողին գլխաւոր դերը, պարտականութիւնն ու առաքելութի՛ւնն իսկ՝ է՛ նման թերացումներ նուազագոյնի իջեցնել, գործը շարունակել նոր նուաճումներու հասնելու կամքով, ժողովուրդին, հայրենիքին ու անոնց ծառայութեան լծուած կուսակցութեան անմնացորդ սպասարկելու յանձնառութեամբ։

***

Նոր ժամանակները կը բերեն նոր միջոցներ ու գործը դիւրացնող գործիքներ, սակայն նաեւ հանրային կեանքին մէջ որեւէ ծառայութեան, նաեւ մամուլի ճամբով առաքելութեան մը լծուածներ դէմ յանդիման կը գտնուին նոր մարտահրաւէրներու, անցարգելներու, արգելակներու, յաճախ նաեւ գլխապտոյտ պատճառող իրադարձութիւններու՝ հայկական թէ միջազգային բեմերուն վրայ։
Մասնակի թէ համայնակուլ փոթորիկներու դէմ դնելու համար, նաւապետ մը ինքզինք կþօժտէ կողմնացոյցով. անցեալին, կողմնացոյցը մագնիսական սլաքով կազմուած գործիք էր, այսօր, նոյն գործը կþընեն ելեկտրոնային սարքեր, արբանեակներու միջոցով հաղորդակցութեան միջոցներ։ Հինին ու նորին պարտականութիւնը անփոփոխ է. յստակացնել նաւուն առնելիք ուղղութիւնը, զայն պահել այդ գիծին վրայ, որ պիտի հասցնէ ապահով ու բաղձալի նպատակակէտ, զայն յառաջ տանիլ աննահանջ կամքով, որքան ալ որ սաստիկ ըլլան մրրիկները։ «Հայրենիք»ին, եւ ընդհանրապէս Դաշնակցական մամուլի որեւէ անդամի համար, այդ կողմնացոյցը կը կոչուի Դաշնակցութեան գաղափարականը, հայ ժողովուրդին ու հայուն հայրենիքին շահերը ամէն բանէ վեր դասելու արեւելումը, այլ խօսքով՝ հայուն ու հայրենիքին ապահովութեան, անոր կեանքին մէջ արդարութեան, հաւասարութեան, համերաշխութեան ու բարգաւաճման միջոցներու հետամտութիւնը, որքան ալ որ սաստիկ ըլլան հայկական ու միջազգային ծովերու փոթորիկները։
Այս բոլորը լոկ տեսական ու երազային հարցեր չեն, այլ անոնք սերտօրէն կապ ունին ապրող հայութեան կեանքի իրականութիւններուն հետ, իսկ հայութիւնը աշխարհի բեմին վրայ առանձնակի-առանձնացեալ միաւոր չէ, ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կþազդուի իր անմիջական շրջապատին, մինչեւ իսկ աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող դրական ու դաժան իրադարձութիւններէն։ Աշխարհի իրականութիւնները այնպէս են, որ հայը ինքզինք ճակատագրակից ու բախտակից կը տեսնէ դրացիին ու այլ ցամաքամասերու բնակիչին հետ, չի կրնար անտարբեր մնալ-ձեւանալ դրական ու բացասական դէպքերու նկատմամբ։ Նորագոյն օրինակը՝ Սուրիոյ (եւ ոչ միայն Սուրիոյ) ծանօթ զարգացումներն են, ուր հայու բեկորներ, տեղւոյն քիւրտ, արաբ ու այլ բնակիչներուն հետ, քանիցս թիրախ դարձան ու կը մնան թրքական ու թրքատիպ ոճրային արարքներուն։ Այս բոլորը, բնականաբար, իրենց բաժինը ունին հայութեան ու անոր հաւաքական կեանքին հետեւելու, արձագանգելու եւ ուղղութիւն տալու առաքելութիւնը յանձն առած մամուլին երթին մէջ։
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, «Հայրենիք»ը իր 120-րդ տարեդարձը կը նշէ այն պահուն, երբ 2019 տարին հռչակուած է «Հայ Մամուլի Տարի»։ Արդէն համագումարներ ու գիտաժողովներ տեղի ունեցան, ուրիշներ ծրագրուած են, լուսարձակի տակ բերելու համար Հայ Մամուլի պատմական դերն ու իւրայատուկ առաքելութիւնը։ Նման հանդիպումներու դիմագրաւած գլխաւոր հարցումներուն շարքին են հետեւեալները. այսօր ի՞նչ վիճակ կը պարզէ մեր մամուլը՝ ընդհանրապէս, ի Հայաստան եւ Սփիւռքի տարածքին, ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը կանգին անոր դիմաց, ենթակայական ու առարկայական ինչպիսի՞ գործօններ ու ազդակներ կը սպառնան նահանջ պարտադրել եւ, ամէնէն կարեւորը՝ ինչպէ՞ս յաղթահարել այդ բոլորը եւ հիմնական գիծը պահպանել հաւատարմութեամբ։ Սա պահուն, ապագան տեսնելը աւելի կենսական է, քան տարուիլ անցեալի դրական ու անբախձալի իրականութիւններով, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, անցեալը անփոխելի է, իսկ ապագան կրնայ ճիշդ ձեւաւորուիլ խելամիտ կանխատեսութեամբ, ծրագրումով։

***

Ամէնէն ուշագրաւ ու մտահոգիչ գործօնները կը բխին ԸՆԹԵՐՑՈՒՄին նահանջէն ու կրած այլափոխումին իրականութենէն։ Արդի արհեստագիտութիւնը մարդուն ընծայած է այնպիսի բարիքներ ու դիւրութիւններ, որոնք առաջին հերթին հիմնական վերիվայրումի ենթարկեցին մամուլի ասպարէզը, բարիքին կողքին տարածելով… անսահման ու դժուար հակակշռելի չարիք։ Եթէ անցեալին օրաթերթ մը կամ պարբերական մը ունէր իր զարկերակին արձագանգող, իր ցոյց տուած ուղղութեան կամովին, գիտակցաբար ենթարկուող զանգուածներ (նայած թերթի գաղափարական ուղղութեան՝ բնականաբար հետեւողներն ալ կը ստեղծէին համապատասխան հոսանքներ, ոմանք իրարու մտերմիկ, ուրիշներ՝ հակադիր, սակայն ընդհանրապէս ազնիւ մրցակցութեան ու ընդհանրական յառաջդիմութեան-զարգացման դիտաւորութեամբ), վերջին տասնամեակներուն, թերթերը, տպաքանակի նահանջ պարտադրող ծանօթ վիճակներուն դիմաց, ունին նա՛եւ տարօրինակ մրցակիցներ, որոնք կը կոչուին համակարգչային այս կամ այն գործիքը։ Պետական պատասխանատուներէ սկսեալ, մինչեւ ամէնէն համեստ քաղաքացին, արտայայտուելու, կարծիք արտայայտելու եւ ազդեցութիւն գործելու համար, առաւելաբար կը դիմեն այդ սարքերուն. արդիականութեան բարիքներու ջատագով ըլլալով հանդերձ, չենք կրնար աչք փակել վնասակարին վրայ, որովհետեւ արդիւնքը յաճախ կþըլլայ ո՛չ թէ լաւ մտածումի մը կամ ճիշդ որոշումի մը արագ տարածումը, այլ խառնաշփոթի խորացում ու ծանրացում, այլանդակութեանց ու սխալներու տիրակալութիւնը…։ Չենք ուզեր խօսիլ օրինակներով. աշխարհի ու մեր մայր հայրենիքի իրադարձութեանց օրը օրին հետեւողը ականատես վկան է դրական գործօններուն ստեղծած՝ վատ հետեւանքներուն…։ Աւելին, կարծիքներու անսահման առատութիւնը, արդարացին ու քարոզչականը իրարու խառնող տեսակէտներն ու տեսանիւթերը ստեղծած են այնպիսի վիճակ, ուր մարդիկ, պատասխանատուներ եւ խմբաւորումներ-կուսակցութիւններ կորսցնուցած են… զիրար լսելու, զիրար հասկնալու, մարդկօրէն վիճելու, ազնուօրէն մրցակցելու ունակութիւնը։ «Իմ տեսակէտս է ճիշդը, ու վե՛րջ» տրամաբանութիւնը դարձած է տիրապետող՝ ո՛չ միայն պետական ու քաղաքական մարդոց շրջանակին մէջ, այլ նոյն տրամաբանութեան գերին դարձուցած է մամուլը՝ իր գրաւոր ու լսատեսողական ու համացանցային տարբերակներով, նաեւ ամէնէն բարեմիտ անհատները (ալ ի՜նչ խօսք՝ այս կամ այն անձնաւորութեան, խմբաւորումին ու անտեսանելի ուժերուն վարձկանը եղող մամլոյ բեմերուն մասին…)։ Առողջ քննադատութիւնն ու քննարկումը ահաւոր նահանջի մատնուած են, բեմը ազատ ձգելով բամբասանքի, փողոցային մակարդակով քննարկումներու առջեւ։ Փողոցը վեր բարձրացնելու առաքելութիւնը տեղի տուած է ամէն բան փողոց իջեցնելու եւ փողոցային, գռեհիկ ոճով լուծում-նպատակ իրականացնելու տենդին դիմաց։ Եւ սա ամէնէն վտանգաւոր ու լուրջ մարտահրաւէրը կը հանդիսանայ ինքզինք յարգող մամուլին, մասնաւորապէս Դաշնակցական մամուլին, որ կը կանգնի իր ազդու, հեղինակաւոր ու ճիշդ ուղի ցոյց տուողի դերակատարութիւնը վերականգնելու, փարոսանալո՛ւ հրաւէրին դէմ յանդիման։

***

Կայ, անշուշտ, արդի արհեստագիտութեան ստեղծած կացութեան մէկ այլ հետեւանքը։ «Հայրենիք»ին պէս թերթ մը, որքան ալ որ փորձէ համացանցային իր տարբերակին՝ կայքէջին ճամբով արագ քայլ պահել դէպքերու զարգացումին հետ, ինքզինք կը գտնէ անկարելիութիւններու առջեւ. անկարելի է արձագանգել դէպքերու, անոնք ըլլան քաղաքական ու ռազմական զարգացումներ կամ արկածներ, տնտեսական, գիտական, մշակութային ու ընկերային հեւքոտ վազքեր. մէկ խօսքով՝ մարդկութեան ու հայութեան կեանքի բոլոր դաշտերուն ու կալուածներուն հետեւիլ ու ընթերցողը հաղորդ պահել անոնց։ Սա արդէն գլխաւոր պատճառն է տպագիր թերթերու նահանջին, որ ունի իր իւրայատուկ պատմութիւնը. արդարեւ, անցեալին ալ, երբ նախ՝ ձայնասփիւռը, յետոյ՝ պատկերասփիւռը հրապարակ եկան իբրեւ գրաւոր մամուլին մրցակիցները, տպագիրը անկարող եղաւ քայլ պահելու արդիականին հետ, մինչեւ իսկ երբ ոմանք փորձեցին ունենալ առաւօտեան ու երեկոյեան լոյս տեսնող տարբերակներ, իսկ աւելի ուշ՝ նոյն թիւին տարբերակներուն՝ տարբեր ցամաքամասերու մէջ լոյս ընծայման հնարաւորութիւնները, երբ հաղորդակցութեան միջոցները ստեղծեցին նման հնարաւորութիւն։
Այսօր, ձայնասփիւռին ու պատկերասփիւռին ստեղծած մարտահրաւէրները արդէն հին պատմութիւն են։ Համացանցն ու հաղորդակցութեան արդի միջոցները աւելի՛ եւս շեշտած են անպատեհութիւնները։ Գրաւոր մամուլը, իր տպագիր ու համակարգչային-կայքէջի տարբերակներով, գոյատեւելու համար իր դիմաց ունի մէկ գլխաւոր հնարաւորութիւն. վերականգնել ու պահպանել ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԾԻՔ, ՏԵՍԱԿԷՏ ԵՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ունեցողի իր վարկն ու հեղինակութիւնը, որ պէտք է զերծ մնայ ժամանակաւոր-զգայացունցով տարուելու փորձութենէն։ Այսպիսի մօտեցումով է որ պէտք է խմբագրել լուրերը՝ ի հարկին տուեալ լուրին կարեւորութեան համապատասխան տեղ-ծաւալ տալով էջերուն, մինչեւ իսկ լրատուական սիւնակ մը, եւ ոչ միայն յօդուած մը օժտել կարծիք յայտնող-ձեւաւորող խորագիրով, կարճ բացատրականով. նմանապէս՝ բծախնդրութեամբ ընտրել հրատարակելի յօդուած մը, իսկ առաջնորդող խօսքը հասցնել ուղղութիւն պահող-ցոյց տուող մակարդակի, չբաւականանալ պատահական վերլուծումներով ու մասնակի կարծիքով։ Տակաւին, անհրաժեշտ է վերականգնել առողջ քննարկումի ու ազնիւ բանավէճի աւանդութիւնը, որ վերջին տասնամեակներուն զգալիօրէն նահանջ արձանագրած է նա՛եւ դաշնակցական մամուլին մէջ։
Այսպէ՛ս եղած է Դաշնակցական մամուլը՝ իր ծննդեան առաջին օրէն, «Դրօշակ»ով ու շրջանային պաշտօնաթերթերով, այդպէս ալ կոչուած է մնալու այսօր ու վաղը, մի՛շտ պահպանելով շրջահայեացութիւնը, դիմացինին կարծիքը նկատի ունենալու եւ յարգելու յատկանիշը, հակառակորդ դասուողի՛ն իսկ տեսակէտը հիւրընկալելու ազնւութիւնը, որակաւոր հակաճառութեան իրաւունքը։ Այս ծիրին մէջ, յատկապէս պէտք է լիարժէքօրէն վերականգնել հայրենի իրադարձութիւնները արդար գնահատականի ու քննադատութեան ենթարկելու աւանդութիւնը, ձերբազատելով այն նորաստեղծ բարդոյթէն, որ մօտիկ անցեալի կամ ժամանակակից թերութիւնները պէտք չէ քննադատել. Դաշնակցական մամուլը խորհրդային տարիներուն իսկ, երբ գաղափարական սուր տարակարծութիւն ունէր օրուան իշխանութիւններուն ու զանոնք դուրսէն հովանաւորողներուն հետ, հիմնաւորեալ քննադատութեան զուգահեռ՝ չէ վարանած նուաճումներուն արձագանգ ըլլալու, իսկ անկախութեան վերահաստատումէն ետք ալ՝ քննադատելու իրերայաջորդ իշխանութիւններու սխալները, ըլլա՛յ Արցախի մէջ պարտուողական վարքագիծի յայտնաբերման, ըլլա՛յ տխրահռչակ փրոթոգոլներու հանգրուանին կամ այլապէս։ Պատմութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ խորհրդային տարիներուն արձակուած քննադատութիւններն ու ազգային գիծի պահպանման տենդը արդար էր, սնանկ դուրս եկան Դաշնակցութիւնը հակա-Հայաստան հռչակողներուն քարոզչութիւնները, Դաշնակցութեան պահպանած արժէքներն ու դարերէն ժառանգ հասած գիծը վերականգնեցան մայր հայրենիքին մէջ, Արցախով միասին։ Այսօր ալ, «Թաւշեայ յեղափոխութեան» դրօշակիրները, բարենպատակ քայլերու առընթեր՝ խոտորումներու մէջ իյնալու պարագային, կþարժանանան ու պիտի արժանանան Դաշնակցութեան ու անոր մամուլին առողջ քննադատութեան, Դաշնակցութեան ուղղութիւն տուող-պահող նայուածքը պիտի զգան իրենց ուսին ետին, եւ սա՝ ի շահ հայրենիքին ու ժողովուրդին։
Նման մօտեցում՝ անմիջականօրէն կը նպաստէ թերթի հեղինակութեան ամրապնդման, անոր նկատմամբ յարգանքի տարածման, վախճանականօրէն՝ ժողովուրդն ու հայրենիքը բարօրութեան տանող ուղիներու որոմնան ու արարումին շարունակման։ Նման յատկանիշներու ամրագրումը նաեւ կը նպաստէ, որ ընթերցողը, հայութեան բոլո՛ր հատուածներուն ու հոսանքներուն մէջ եղող ընթերցողը ինքնզինք հաղորդ ու տէ՛րը զգայ թերթին, որովհետեւ, ի վերջոյ, թերթ մը չի պատկանիր լոկ խմբագիրին, անձնակազմին, զայն հովանաւորող կուսակցութեան ու որոշ հաւաքականութեան մը, այլ նաեւ համակիրին, ընդդիմադիրին ու ամբողջ հայ հաւաքականութեան, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ որեւէ թերթ այսօր հասանելի է աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր շրջանի բնակիչ ոեւէ ընթերցողի։
«Հայրենիք»ի 120 տարիները գործնական մարմնաւորումն են այսպիսի առաքելութեան ու յանձնառութեան։ Ո՛չ մէկ կասկած, որ անոր հետ՝ ապագային կը նայինք նոյն տեսլականով։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles