Խօսք՝ Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Կեդրոնական Կոմիտէի

0 0
Read Time:2 Minute, 3 Second


Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս տարին «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակեց, հայ մամուլի նահապետ «Հայրենիք»-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 120-ամեակը եւ նոյն ոգեղէն հայրենիքի հարազատ ծնունդ հանդիսացող «Արմինիըն Ուիքլի»ի՝ 85-ամեակը:
120 տարիներու վրայ երկարող «Հայրենիք» Հաստատութեան կատարած մեծ դերը կարելի չէ սեղմել քանի մը տողերու կամ էջերու մէջ: Նոյնիսկ, ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւնները չեն կրցած լիարժէք գնահատել պատմական այն դերը, որ «Հայրենիք»ը ունեցած է եւ դեռ կը շարունակէ ունենալ հայ կեանքին մէջ:
Փորձենք սեղմ գիծերու մէջ ամփոփել «Հայրենիք»-ի մեծ աւանդը եւ դեռ շարունակուող առաքելութիւնը:
-Իր հիմնադրութեան օրէն, «Հայրենիք»-ը, տարագիր ու հայրենազուրկ հայ բազմութեան համար, եղաւ այն ոգեղէն հայրենիքը՝ զիրենք կապելով հայրենի երկրին ու անոնց մէջ սերմանելով սեփական հայրենիք կերտելու երազանքը:
-Հայ միտքի տիտաններու ներդրումով «Հայրենիք»-ը եղաւ արեւմտահայերէնի զարգացման, բիւրեղացման ու կատարելագործման կռուան:
-Գերմարդկային ճիգերու շնորհիւ, «Հայրենիք»-ը եղաւ հայ վշտի ու յաղթանակի լրաբեր վկան ու վաւերագիրը:
-Մտաւորական ու գաղափարական համոզումներով զինուած՝ «Հայրենիք»-ը հայ կեանքի բոլոր իրադարձութիւններու շուրջ կեցուածք արտայայտեց ու հայ միտք ձեւաւորեց:
-Իր ամսագրով, «Հայրենիք»-ը հայ գրականութեան, հրապարակագրութեան եւ յուշագրութեան նոր որակ հաղորդեց:
-Տարագիր ամերիկահայութեան համար դարձաւ հոգեւոր տուն, մշակոյթի պահպանման կռուան, հայ կեանքը հունաւորող առանձք եւ ազգային գիտակցութեան պահպանման արթուն պահակ: Այս առաքելութիւնը կատարելու համար խօսեցաւ նաեւ իր հարազատ զաւակներուն համար հասկնալի լեզուով:
-Երիտասարդ գրողին ու մտաւորականին համար «Հայրենիք»-ը դարձաւ գագաթներ նուաճելու ճանապարհ:
-Անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ «Հայրենիք»-ը արժանացաւ իր հարազատ զաւակներու սիրոյ եւ աջակցութեան, որուն շնորհիւ զարգացաւ, գոյատեւեց, ծառայեց ու դեռ պիտի շարունակէ ծառայել:
120-ամեայ աւանդը ժառանգած ու իր փառաւոր անցեալով հպարտ «Հայրենիք»-ը հայեացքը ուղղած է նաեւ ապագային:
-Անգլերէն ու հայերէն էջերով կը շարունակէ մնալ այն ջերմ հոգեւոր տունը, որ հայրենիքէն հեռու ապրող հայը հաղորդակից կը դարձնէ հայրենի երկրի իրադարձութիւններուն, մտահոգութիւններուն ու նուաճումներուն:

-Գիտակցելով, որ 120-ամեայ էջերը ինքնաճանաչման ու հայ պատմագրութեան համար անզուգական աղբիւր են, «Հայրենիք»-ը այդ էջերը նոր սերունդին հասանելի դարձնելու ժամանակակից միջոցներու ապահովումը նկատեց անհետաձգելի պարտականութիւն: Թուայնացման գործը սկսած է եւ պիտի շարունակուի բոլորիս աջակցութեամբ:
-«Հայրենիք»-ը կայացուցած է մամուլի ժամանակակից զարգացումներէն անմասն չմնալու որոշումը եւ իր ունեցած ողջ հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ այդ որոշումի գործադրման համար: «Հայրենիք»-ը լսատեսողական հնարաւորութիւններով օժտելու նիւթական ներդրում պահանջող ծրագրի նախնական քայլերը առնուած են:
-Հաւաստի ու սեփական աղբիւր ունենալը առաջնահերթային նկատելով, «Հայրենիք»-ը կարելի եղածին չափ կը փորձէ աշխատակիցներու սեփական ցանց ձեւաւորել:
Լիայոյս ենք, որ «Հայրենիք»-ի փառաւոր անցեալին հանդէպ եղած յարգանքին կը միանայ նաեւ «Հայրենիք»-ի ապագային հանդէպ մեծ հաւատը եւ այդ հաւատաւորներու աջակցութեամբ՝ «Հայրենիք»-ը իր երթը կը շարունակէ դէպի նոր հարիւրամեակներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles