ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ 1850-1980

0 0
Read Time:19 Minute, 59 Second

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան 

Մոնրէալ 

«Հայ բոյժ»-ի յօդուածս գրելէ ետք պարտականութիւն սեպեցի ուսումնասի-րութիւն մը կատարել հայ բժշկական ժողովրդային պարբերականներու եւ գիրքերու մասին, որոնք հրատարակուած են Հայաստանէն դուրս 1850-1980 ժամանակաշրջանին:

Ուսումնասիրութենէս ի յայտ եկաւ, որ հայկական սփիւռքի զանազան կեդ-րոններու մէջ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին շատ մեծ աշխատանք կա-տարուած է հայ բժիշկներու, բժշկական մարմիններու եւ հայ մամուլով հե-տաքրքրուող անհատներու կողմէ՝ հրատարակելու բժշկական-առողջապա-հական ժողովրդային պարբերականներ եւ գիրքեր: Բոլոր այս պարբերաթեր-թերը եւ գիրքերը ոչ միայն եղած են բժշկական-առողջապահական գիտելիք-ներու աղբիւր, այլ նաեւ անոնք մեծապէս նպաստած են հայերէն բժշկական բառամթերքի զարգացման ու տարածման: Հայ բժիշկները գրած են մաքուր հայերէնով եւ գործածած են հարուստ բժշկական բառամթերք: Անոնցմէ շատեր ստեղծած են հայերէն բժշկական նորակերտ բառեր եւ նպաստած են  հայ լեզուի բժշկական բառերու կերտումին:

Այս ժամանակաշրջանին հայ բժիշկները, ուր որ ալ գտնուած են, իրենց բժշկական գիտելիքները ի սպաս դրած են հայ ժողովուրդի առողջութեան բարելաւման եւ տուած են կանխարգիլման ցուցմունքներ, թելադրութիւններ եւ յորդորներ: Անոնք մեծ զոհողութիւններով անձամբ հրատարակած են բժշկա-կան-առողջապահական պարբերականներ եւ գիրքեր, կամ իրենց մասնակցու-թիւնը բերած են գոյութիւն ունեցող պարբերականներու:  Անոնք հայ հասա-րակութեան մատուցած են գերազանց  ծառայութիւն իրենց հայատառ  եւ մա-քուր բժշկական-առողջապահական գրութիւններով: Անոնք անհերքելի եւ հա-րուստ ժառանգ մը ձգած են հայ գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ:

Պոլիսն է որ փայլած է իր բազմաթիւ բժշկական-առողջապահական ժողո-վըրդային պարբերականներով եւ գիրքերով այս ժամանակաշրջանին: Պոլիս ունեցած է շատ մեծ դերակատարութիւն հայ ժողովուրդի բժշկական եւ առող-ջապահական դաստիարակութեան մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Պոլիս հրատարակուող պարբերականները չեն դադրած հրատարակուելէ: Գո-յութիւն ունեցողները շարունակուած են հրատարակուիլ եւ անոնց հետ լոյս աշխարհ եկած են նոր պարբերականներ:

Պոլիսէն զատ նմանօրինակ պարբերաթերթեր եւ գիրքեր լոյս տեսած են նաեւ հայ սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ՝ Թիֆլիս, Պէյրութ, Փրովի-տենս, Պոսթըն, Փարիզ, Աղեքսանդրիա, Նիւ Եորք, Աթէնք, Հաճըն, Երուսաղէմ, Վենետիկ:

Ահաւասիկ այդ բժշկական-առողջապահական պարբերակներէն եւ գիրքերէն մաս մը,  որոնք հրատարակուած են հայկական սփիւռքին մէջ 1850-1980:

Ա.Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահա-կան ժողովրդային պարբերաթերթեր

  1. «Առողջապահիկ թերթ» ( Թիֆլիս). Բժշկա-առողջապահական ժողովրդա-յին հանդէս։ Հրատարակուած է 1903-1905։ Խմբագիրը եղած է Վահան Արծ-րունի։ Նպատակը՝ ժողովուրդին մեջ տարածել բժշկական և առողջապահա-կան գիտելիքներ։ Հանդէսին հետ միատեղ «Բժիշկ զրոյցներ» ընդհանուր խո-րագրով հրատարակուած են 35 հանրամատչելի գրքոյկներ։
  2. «Առողջ կեանք» (Փարիզ). Հրատարակուած է 1931-ին: Բժշկական եւ առողջապահական ամսագիր, տնօրէնութեամբ տոքթ. Միհրան Քէշիշեանի:  Տեւած է միայն մէկ տարի:

 

         

«Առողջապահիկ թերթ»

                                   

«Առողջ կեանք»
  1.    «Առողջապահ» (Թիֆլիս). Հրատարակուած է 1911-ին որպէս յաւելուած «աղբիւր տարազի»: Խմբագրական կազմը՝ բժիշկներ՝ Բ. Աղասարեանց, Ա. Բա-բայեան, Ե. Մինասեանց, Նաւասարդեան:
  2. «Բարիզ-Արեւելք» (Փարիզ). Բժշկական-առռղջապահական ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1939-ին:

 

     

«Առողջապահ» պարբերաթերթ

             

«Բարիզ-Արեւելք» ամսաթերթ
  1.   «Բժիշկ» (Պէյրութ). Բժշկագիտական-առողջապահական ամսագիր: Լոյս տեսած է առաջին անգամ 1955-ին: 1964-էն ետք հրատարակուած է Լիբանահայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ եւ հետեւաբար վայելած է անոր բա-րոյական օժանդակութիւնը:

 

                                                 

Անոր մէջ գրած են բժիշկներ Լ. Գրիգորեան (Փարիզ), Յ. Կարեւորեան (Պէյ-րութ), Իսահակ Տէրտէրեան, Վարուժան Սահակեան (Պէյրութ), Վ. Թաշճեան, Օսվալտ Հրեշտակեան (Պէյրութ), Գ. Օ. Գալուստեան (Պուէնոս Այրէս), Յարու-թիւն Սաղըրեան,  Ե. Ագխաչերեան, Սեպուհ

«Բժիշկ» ամսաթերթ տարբեր կողքերով

Սիսեռեան, Զաքար Մկրեան (Պէյ-րութ), Ա. Աբէլեան, Սարգիս Գարայեան (Պէյրութ), Գ. Անտոնեան, Տիգրան Գա-վաՖեան, Յակոբ Սահակեան,  Յ. Սապունճեան,  Ճորճ Միքայէլեան, Յ. Ճըլճըլ-եան, Կարպիս Հարպոյեան (Պէյրութ) եւ շատ ուրիշներ, առանց մոռնալու նշա-նաւոր երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունեցած է «Երգիծաբուժութիւն» խորագրեալ իւրայատուկ գրութիւն մը: Հոն տպագրոած են համաշխարհային բժշկագիտութեան նուաճումներու, բժշկութեան պատմու-թեան, նշանաւոր բժիշկներու եւ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւա-ռին մէջ ձեռք բերուած նուաճումներու մասին:

  1. «Բուժակ» (Փրովիտենս, Պոսթըն). Բժշկական և առողջապահական ամ-սաթերթ։ Լոյս տեսած է 1916-1921, նախ՝ Փրովիտենս և ապա Պոսթըն։ Տնօրէն-խմբագիրը եղած է Արշակ Տեր Մարկոսեան։ Հոն տպագրուած են յօթուածներ մարդու կազմախօսութեան և բնախօսութեան ու հիւանդութիւններու ծագման եւ զարգացման ընթացքի մասին։

 

  1. «Բուժանք» (Փարիզ). Առողջապահական-գիտական-ընկերային ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1926-1930՝ տոքթ. Լեւոն Գրիգորեանի աշխատանքով: Տպագրուած է առողջապահական և գիտաբժշկական յօդուածներ ու նիւթեր նուիրուած հայ բժշկութեան պատմութեան, անուանի բժիշկներուն, մարմնա-մարզի, դպրոցի առողջապահական հարցերու եւ բուժման ժողովրդական եղանակներուն։
«Բուժակ» Ամսօրեայ հանդէս
«Բուժանք» ամսագիր

 

  1. «Ծաղիկ» (Հաճըն). Ձեռագիր հայերէն եւ հայատառ թուրքերէն շաբաթա-թերթ: Հիմնադիրը և հրատարակիչը եղած են Հաճընի Վարդանեան վարժարա-նի շրջանաւարտները և երիտասարդ մտաւորականները։ Հրատարակուած է 1880-ին միայն 10 ամիս: Խմբագիրը եղած է Մարտիրոս Սեքսենեան: Ունեցած է գրական, գիտական, առողջապահական յօդուածներ:
  2. «Կարմիր խաչ» (Պոսթըն). Առողջապահական-ընկերային պարբերաթերթ: Հրատարակուած է 1935-ին։
  3. «Հայ բժիշկ» (Փարիզ-Աղեքսանդրիա). Լոյս տեսած է 1919-ի ապրիլին, պատկերազարդ ամսաթերթ, որ յաջորդ տարի յունուարին անուանակոչուած է «Հայ բուժակ»: Տոքթ. Մ. Գարակէօզեան  խմբագրած է ամսագիրը մինչեւ 1923: Այնուհետեւ թերթը փոխադրուած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ մինչեւ 1925 շարունակած է լոյս տեսնել տոքթ. Յ. Թաշճեանի խմբագրութեամբ:
  4. «Հայ բժիշկ» (Պոսթոն). Բժշկական, առողջապահական և գիտական ամ-սաթերթ։ Լոյս տեսած է 1924-1925-ին։ Տնօրէն-խմբագիրը եղած է Հ․ Ծովիկեան, իսկ խմբագիրը՝ Բ․Ժամկոչեան։ Ան տպագրած է յօդուածներ հիւանդու-թիւններու, անոնց տարածման ու բուժման ձեւերու մասին եւ ծանօթացուցած է նոր դեղամիջոցներ։ Կարեւորութեամբ անդրադարձած է կանխարգելիչ բժշկու-թեան եւ մարմնամարզի դաստիարակութեան։ Հոն հրատարակուած են հայ բժշկութեան պատմութեան վերաբերեալ նիւթեր եւ «Բժշկա-առողջապահական հարցարան» բաժին մը։
«Հայ բժիշկ»
«Հայ բոյժ» ամսաթերթ»
Շաւարշ Նարդունի

    12. «Հայ բոյժ» (Փարիզ). Բժշկական առողջապահական ամսաթերթ-պարբե-րաթերթ: Շաւարշ Նարդունի իր անձնական միջոցներով եւ նախաձերնու-թեամբ հրատարակած է  «Հայ բոյժ»-ը 1934 հոկտեմբերէն սկսեալ որպէս բժշկա-կան ամսագիր: Նարդունի կարողացած է «Հայ բոյժ»-ը պատնէշի վրայ պահել շուրջ 30 տարի, որոշ ընդհատումներով: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ամսաթերթ, պար-բերաթերթ, տարեգիրք եւ նոյնիսկ դադրած է հրատարակուելէ մի քանի տարի: Վերջին թիւը հրատարակուած է 1968-ին: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ժողովրդային սիրուած հանդէս մը: Ան փնտռուած է սփիւռքի բոլոր հայ կեդրոններէն եւ ամբողջ հայութեան կողմէ:  Նարդունին «Հայ բոյժ»-ի հրատարակութեան առա-ջին օրերէն իր շուրջ  համախմբած է արտասահման ապրող հանրածանօթ հայ

բժիշկներու խումբ մը։ Նարդունի գրած է հմտութեամբ, հաղորդականութեամբ, զուարթաբանութեամբ, կատակներով, մաքուր գեղեցիկ  հայերէնով եւ ճոխ հա-յերէն բժշկական բառամթերքով: Ան ճոխացուցած է «Հայ բոյժ»-ը նաեւ առող-ջապահական նիւթերու ֆրանսերէնէ-հայերէն թարգմանութիւններով:

 

 

  1. «Հայ սիրտ» (Պոսթըն.) Գիտական, հասարակական, գրական, առողջա-պահական եւ մանկական եռամսեայ պարբերաթերթ: Հրատարակուած է առաջին անգամ 1939-ին Պոսթըն եւ կը շարունակէ հրատարակուիլ մինչեւ օրս: Տարիներու ընթացքին հրատարակուած է տարբեր անունով, ինչպէս՝ «Հայ կար-միր խաչ»: Հրատարակուած է հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ան Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթն է: Հոն տեղ գտած են Հ.Օ.Մ-ի տեղեկագիրները, միութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան նիւ-թեր եւ յօդուածներ, առողջապահական եւ բժշկական գրութիւններ, հայրենա-սիրական եւ  բարոյագիտական յօդուածներ:

 

  1. «Հայք» (Նիւ Եորք). Հրատարակուած է 1891-էն սկսեալ որպէս կիսամեայ առողջապահական թերթ։ Լոյս տեսած է մինչեւ 1898: խմբագիրը եղած է Մ. Գաբրիելեան։ Ունեցած է առողջապահական, բարոյախօսական, բանասիրա-կան, գրական-քննադատական եւ թղթակցութիւններու բաժիններ։ Տպագրած է հայ եւ օտար անուանի մարդոց կենսագրութիւնները, կատարած է թարգ-մանութիւններ եւրոպական և ամերիկեան գրողներու գործերէն: Գրած է Թուրքիա ապրող հայերու վիճակի մասին եւ բողոքած է հալածանքներու դէմ։ Արտատպած է եւրոպական եւ ամերիկեան մամուլի արձագանգները հայկա-կան կոտորածներու առթիւ։ Ունեցած է անգլերէն բաժին։

    «Հայ սիրտ»
  2. «Նոր առողջապահիկ» (Թիֆլիս). Բժշկական հանրամատչելի երկշաբա-թեայ գրական-հասարակական, բժշկական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1912-1915, Թիֆլիս։ Խմբագիրը եղած է՝ Ե. Մինասեան։ Նպաստած է ժողովուրդի առող-ջապահական վիճակի բարելաւման։ Բովանդակութիւնը ընդգրկած է բժըշ-կութեան վերաբերող յօդուածներ եւ ցուցմունքներ, առանձնայատուկ ուշադ-րութիւն տուած է մանկապատանեկան տարիքի երեխաներու առողջութեան պահպանման հարցերուն, քննադատած է ծխական հոգաբարձութիւններու եւ քաղաքային վարչութիւններու աշխատելաձեւը եւ գործունէութիւնը։ Ծանօթա-ցուցած է հանրութիւնը մարդակազմութեան հարցերուն եւ  միջնադարեան Հա-յաստանի բժշկական գիտութան գրականութեան։
  3. «Նոր սերունդ» (Աթէնք). Մարզական պատկերազարդ ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1926-1929-ին։ Խմբագիրը եղած է Ա. Տէր Յակոբեան։ Շարունակած է յունահայ մարզական պարբերականներու աւանդոյթները, լուսաբանած է Հա-յաստանի եւ այլ երկիրներու մարզական կեանքը եւ գրած է հայ անուանի մար-զիկներու մասին։ Հանդէսը անդրադարձած է հին աշխարհի մարզական պատ-մութեան, մարմնամարզի դաստիարակչական և առողջապահական բնոյթին եւ անուանի բժիշկներու եւ մանկավարժներու յօդուածներուն։

Բ. Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապա-հական ժողովրդային գիրքեր

  1. «Առողջաբանութիւն» (Պոսթըն). Հեղինակն է՝ Օհան Կայծակեան, Տպուած է 1902-ին:

«Առողջաբանութիւն»

  1. «Ատամնաբուժական առողջաբանութիւն» (Պոսթըն). Հրատարակուած է 1939-ին: Հեղինակն է տոքթ. Ն.Տ.Ս. Թաշճեան: Գեղատիպ հատոր մը 200 էջերով:
  2. «Բնական առողջութեան խրատներ». (Նոր Եորք). Հրատարակուած է Ամերիկայի Տետրակի Ընկերութեան տպարանէն 1874-ին:
  3. «Բժշկարան, բժշկական բառարան» (Թիֆլիս). Հրատարակուած է 1892-ին: Հեղինակ-թարգմանիչն է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանց:

5․   «Բժշկականութիւն». (Վենետիկ). Հրատարակուած է 1832-ին Վենետիկ: Հեղինակն է Միքայէլի Րէստէն:

 

 

  1. «Բժշկականութիւն եւ հասարակութիւն». (Թիֆլիս). Հրատարակուած է 1904-ին: Հեղինակն է բժիշկ Գ. Մաղաքեան:
  2. «Գործնական առողջաբանութիւն». (Պոսթըն). Հեղինակն է՝ Յաբէթ Փիլիպոսեան եւ տպուած է 1911-ին:

 

 

  1. «Դպրոցական առողջապահութիւն». Հրատարակուած է Պէյրութի Ազ-գային խորհուրդի Առողջապահական  Յանձնախւմբին կողմէ, Պէյրութ, 1977:

«Երեխաներուն ի՞նչպէս հոգ տանելու է». (Պոսթըն). Հրատարակուած է Պոսթընի Հայ բարեգործական Ընկերութեան կողմէ 1913-ին:

  1. «Ընդհանուր ախտաբանութիւն». (Փարիզ). Հեղինակն է՝ բժիշկ Բէյրան Յովսէփ (1825-1865): Ծաւալուն 500 էջնոց դասագիրք հրատարակութիւն մը ֆրանսերէն լեզուով:
  2. «Ժառանգականութիւն եւ դաստիարակութիւն». (Թիֆլիս). Հրատա-րակուած է 1901-ին: Հեղինակն է Ս. Բուդուղեան:
  3. «Ի՞նչ է Սիֆիլիսը». (Փարիզ). Հրատարակուած է 1927-ին: Հեղինակն է տոքթ. Լ. Գրիգորեան:

 

   

«Բնական առողջութեան խրատներ»
  1. «Ինչո՞ւ պիտի չծխել (Թեհրան)». Հրատարակուած է 1939-ին: Հեղի-նակն է տոքթ. Ի. Տէրէտէրեան: Ան հրատարակուած է նաեւ իրաներէն:
  2. «Ծաղկախտ» (Թեհրան). Հեղինակն է՝ բժիշկ Դաւիթեան Դաւիթ: Հրատարակուած է 1831-ին:
  3. «Կարգադրութիւն առողջութեան». (Երուսաղէմ). Հրատարակուած է 1871-ին: Հեղինակն է Գէորգ Աւետիսեան:
  4. «Հայ բուսակ կամ Հայկական բուսաբառութիւն». (Վենետիկ). Հրատա-րակուած է 1895-ին:
  5. «Հայ մայրերու մենտորը». (Պոսթըն). Հեղինակն է՝ բժիշկ Ալպէրթ Աբե-լեան: Հրատարակուած է 1924-ին:
  6. «Հեքիմարան». (Պոսթըն). Հրատարակուած է 1924-ին եւ հեղինակն է: բժիշկ Ալպէրթ Աբելեան:

 

                                                             

  1. «Մարդակազմութիւն». (Թիֆլիս). Հրատարակուած է 1907-ին: Հեղինակն է Զ. Գրիգորեանց:
  2. «Մանուկներ մեծցնելու արուեստը» (Նիւ Եորք). Խմբագիրն է՝ Սմբատ Գաբրիէլեան եւ տպուած է 1920-ին:

 

                

  1. «Մատեան մանկանց» (Պոսթըն). Հրատարակուած է 1925-ին եւ հեղինակն է՝ բժիշկ Ալպէրթ Աբելեան:

 

  1. «Հայ բժիշկի մը ոդիսականը». (Ամերիկա). Հեղինակնն է բժիշկ Շէրանեան Հարոլտ:
  2. «Պատկերազարդ ատամնաբուժութիւն». Հրատարակուած է Պոսթըն 1924-ին, 155 էջերով: Հեղինակն է՝ Մ.Կ. Սրապեան:
  3. «Սեռային Առողջաբանութիւն». (Պոսթըն). Հրատարակիչն է՝ բժիշկ Պօ-ղոս Թորոսեան եւ տպուած է 1911-ին:

 

      

  1. «Սիֆիլիս, Կակուղ շանկր». Սուսունակ (Թիֆլիս). Հրատարակուած է 1900-ին: Հեղինակն է բժիշկ Պ.Վ. Արծրունի:
  2. «Տանու բժիշկ կամ հասարակաց բժշկարան». (Թիֆլիս). Հրատա-րակուած է 1865-ին: Հեղինակն է Կարապետ Քօչարեանց:

 

 

  1.   «Տնային բժշկարան». (Թիֆլիս). Հրատարակուած է 1903-ին եւ 1904-ին: Հեղինակն է բժիշկ Գ. Բաբեան:

28․ «Սիֆիլիսը եւ նրա բժշկութիւնը». (Թեհրան). Հրատարակուած է 1939: Հեղինակն է տոքթ. Ի Տէրտէրեան:

  1. 29․ «Տունկերը եւ անոնց հայերէն անունները». Հրատարակուած է Ս. Ղազար, Վենետիկ, 1952-ին: Հեղինակն է՝ Դոկտ. Յովհաննէս Արթինեան:

 

«Բժշկարան, բժշկական բառարան»

 

 

 

  1. «Փորձանքների առձեռն բժշկարան». (Թիֆլիս). Հրատարակուած է 1914-ին: Հեղինակն է Ա.Գ. Եսայեանց:
  2. «Փոքրիկ առողջապահական զրոյցներ». (Պետերբուրդ). Հեղինակն է՝ Բժիշկ Ա. Բուդուղեան եւ տպուած է 1897.

 

Գ. Պոլիս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողո-վըրդային պարբերաթերթեր

  1. «Աստղիկ արեւելեան». Հայ իրականութեան մէջ առաջին հայ ամսաթեր-թը, որ պարբերաբար անդրադարձած է բժշկա-առողջապահական նիւթերու: Եղած է բարոյախօսական, բանասիրական, տնտեսագիտական, բնագիտական առողջապահական ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1855-56, ամիսը մէկ ան-գամ: Խմբագիրը եղած է Գաբրիէլեան Յովհաննէս: Հրատարակիչը՝ Պոլսոյ Մես-րոպեան ընկերութիւնը: Ունեցած է 16-20 էջ: Տպուած է Յովնաննէս Միւհէն-տիսեանի տպարանը: Դադրած է հրատարակուելէ Մեսրոպեան ընկերութեան լուծարքով:
  2. «Առաջնորդ առողջաբանութեան». Բժշկական-առողջապահական հայերէն ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1896-98:
  3. «Ատամնաբոյժ». Ատամնաբուժական հայերէն ամսագիր: Հրատարակուած է 1922-ին՝ միայն երկու համար: Ունեցած է ատամնաբուժութեան տեսական եւ գործնական հարցերու եւ հանրամատչելի բժշկա-առողջապահական բովան-դակութիւն:

     4.«Բժիշկ». Բժշկական-առողջապահական հայերէն 16-24 էջերով ամսաթերթ: Հրատարակուած է Տրապիզոն 1911-ին եւ Պոլիս 1912-14, տնօրէնութեամբ Վա-հան Ղազարեանի:  Բովանդակութիւնը յատկանշուած է բժշկական զրոյցներով, ազգային հիւանդանոցի լուրերով, հայ բժիշկներու պաշտպանողական եւ թրքական հակահայ խտրականութեան դէմ գրութիւններով: Տպուած է Սեռար եղբայրներու, Օննիկ Արզումանեանի Արաքս եւ Շանթ տպարաններուն մէջ։

  1. «Բժշկական տարեցոյց». Բժշկական, առողջապահական, գիտահանրա-մատչելի հայերէն 436 էջերով տարեգիրք: Հրատարակուած է 1914-ին, միայն մէկ համար, խմբագրութեամբ բժիշկ Վահան Ղազարեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է բժիշկներու կենսագրականներով, բժշկա-առողջապահական յօդ-ւածներով, բժշկական լուրերով: Տպուած է Արաքս տպարանը:

 

 

  1. «Գանձ արհեստից». Բժշկական, արհեստագործական, երկրագործական հայերէն 8-16 էջերով շաբաթաթերթ: Հրատարակուած է 1885-ին, տնօրէնու-թեամբ բժիշկ Կ. Ճեռահեանի: Տպուած է «Գանձ լրագոյ» տպարանը:
  2. «Գիտական շարժում». Գիտական-բժշկական հայերէն ամսօրեայ հանդէս 24-66 էջերով: Հրատարակուած է 1885-87, խմբագրութեամբ բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեանի: Ունեցած է բնագիտական, կենսաբանական, բժշկական բո-վանդակութիւն: Տպուած է Նշան Կ. Պէրպէրեանի տպարանը:
  3. «Գրպանի օրացոյց». Գրպանի օրացոյց, սակայն ունեցած է առողջապա-հական ուղղուածութիւն: Հրատարակուած է 1903-ին:
  4. «Դարման». Բժշկա-առողջապահական եւ գիտական պատկերազարդ հա-յերէն 22-24 էջերով ամսաթերթ: Ունեցած է ֆրանսերէն բաժին մը: Հրատա-րակուած է Պոլսոյ Հայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ 1920-22 եւ տնօրէնութեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է ընտանեկան, դպրոցական, պատանեկան, եւ երիտասարդական առողջապա-հական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններու, համաճա-րակներու մասին գրութիւններով եւ համաշխարհային բժշկագիտութեան պատմական տեղեկութիւններով: 1921-ին միանալով «Հայ բուժակ»-ին կոչուած է «Դարման հայ բուժակ»: Տպուած է Պեճիտեան եղբայրներու տպարանը։

 

  1. «Դարման–հայ բուժակ». Նախորդ անունները եղած են «Դարման» եւ «Հայ բուժակ»: Բժշկական, առողջապահական, գիտական պատկերազարդ հայերէն ամսաթերթ: Հիմնուած է Հայ բժշկական, ատամնաբուջական եւ դե-ղագործական միութիւններու կողմէ: Հրատարակուած է 1921-22, տնօրէնու-թեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի:
  2. «Երջանիկ». Գրական, գեղարուեստական, բանասիրական, գիտական, առողջապահական, տնտեսական, երգիծական հայերէն տարեգիրք: Հրատա-րակուած է 1928-67: Երբեմն հրատարակուած տարբեր անուններով՝ «Երջանի-կին տարեցոյցը», «Երջանիկ Զատիկ», «Երջանիկ տարի», «Երջանիկ տարիներ»: Խմբագիր-տնօրէնը եղած է գրող եւ հրապարակախօս՝ Բագրատ Թեւեան:
  3. 12. «Ընդարձակ օրացոյց սուրբ փրկչեան ազգային հիւանդանոցի հայոց». Օրացոյց 172-567 էջերով: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի տեսչութեան կողմէ Պոլսոյ մէջ: Հրատարակուած է 1884-97 եւ 1900-10: Ունեցած է մի քանի խմբագիրներ՝ Հրանդ Ասատուր, բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեան, Դաւիթ Խաչկոնց, Տիգրան Արփիարեան, Արշակ Ալպոյաճեան: Ունեցած է տո-մարային, առողջապահական, վիճակագրական յօդուածներ: Տպուած է Գ. Պաղտատլեանի եւ Հ. Մատթէոսեանի տպարանները:
  4. «Ընդարձակ տարեցոյց սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց». Բժշկական հայերէն տարեգիրք: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հի-ւանդանոցին կողմէ: Հրատարակուած է Պոլիս 1925-39, խմբագրութեամբ բա-նաստեղծ եւ բանասէր Թորոս Ազատեանի: Տպուած է Վ. Տէր Ներսիսեանի տպարանը: Նախապէս կոչուած է՝«Տարեցոյց սուրբ փրկիչ ազգային հիւան-դանոցի հայոց»  եւ  ետքը՝ «Ընդարձակ տարեգիրք սուրբ փրկիչ  ազգային հի-ւանդանոցի հայոց»։
  5. «Ընդարձակ տարեգիրք սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի». Բժշկական հայերէն տաեգիրք: Հրատարակուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին կողմէ 1943-49: Ունեցած է մի քանի խմբագիրներ՝ Արտաշէս Գալփագճեան, Յովսէփ Քէշիշեան, Բաղդասար Մանուելեան, Արփիար Տէր Մարգարեան: Վեր-ջին տարիներուն եղած է պատկերազարդ: Տպուած է Հ. Մատթէոսեանի տպա-րանը: Յաջորդ անունը եղած է՝ «Սուրբ փրկիչ ամսաթերթ, սուրբ փրկիչ հայոց հիւանդանոցի»:
    «Բժշկականութիւն»

  6. «Թանգարան ժողովրդեան». Բժշկական, առողջապահական հայերէն ամ-սագիր: Հրատարակուած է 1884-86, խմբագրութեամբ բժիշկ Մանուել Բարու-նակ Իւթիւճեանի: Տպուած է Աշճեան տպարանը:
  7. «Ժամանակի ժողովրդական տարեցոյցը». Երգիծական, առողջապա-հական պատկերազարդ տարեգիրք: Հրատարակուած է 1927-ին երկու հատոր, խմբագրութեամբ՝ «Ժամանակ» թերթի:
  8. «Լոյս». Ազգային հայերէն 4 էջերով հանդէս: Հրատարակուած է 1874-85: Արտօնատէրը եղած է՝ Հմաեակ Դիմաքսեան, իսկ խմբագիրը՝ Մ. Գափամաեան եւ ետքը Բիւզանդ Պողաճեան: Բովանդակութիւնը յատկանշուած է գրական երկերով, բանաստեղծութիւններով, հրապարակախօսութիւններով, բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներով:
  9. «Կիլիկիա». Ազգային, առողջապահական, ուսումնական հայերէն օրա-գիր: Հրատարակուած է 1861-75: 1864-ին դարձած է շաբաթաթերթ 4 էջերով՝ «Կիլիկիա, հանդէս բժշկական ուսումնական եւ ազգային» անունով: 1867-ին կոչուած է՝«Կիլիկիա, հանդէս միամսեայ առողջական եւ ուսումնական» 48 էջերով: 1909-ի դարձեալ լոյս տեսած է  բայց միայն 3 համար: 1910-19 լոյս տե-սած է միջանկեալ «Փունջ» անունով: Խմբագիրը եղած է բժիշկ Մանուել Բա-րունակ Ութուճեան: Տպուած է Յովհաննէս Միւհէնտիսեան տպարանը եւ Թ. Տի Վիթճեանի տպարանը:
  10. «Հայ բժիշկ (Հայ բուժակ)». Բժշկական եւ առողջապահական պատկե-րազարթ 24 էջերով հայերէն ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1919-ին 13 համար միայն, խմբագրութեամբ բժիշկ Մկրտիչ Գարակէօզեան: Տպուած է Կ. Քէշիշեանի տպարանը:

 

 

  1.  20. «Հայ բուժակ». «Հայ բժիշկ» ամսաթերթին շարունակութիւն, պատկերա-զարդ բժշկական առողջապահական հայերէն ամսաթերթ: Միանալով «Դար-ման» պարբերաթերթին 1921-ին կոչուած է՝ «Դարման հայ բուժակ»: Հրա-տարակուած է Պոլիս 1920-23 եւ Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս 1924-25: Հիմնադիրը եղած է բժիշկ Վահան Ալթունեան, իսկ խմբագիրը՝ բժիշկ Մկրտիչ Գարակէօզ-եան: Նպատակը եղած է մատչելի դարձնել բժշկա-առողջապահական գիտե-լիքները, ընթերցողներուն հաղորդել բժշկագիտական նորութիւններ եւ  հա-յացնել գիտական լեզուն: Հրատարակած է գիտահանրամատչելի գրականու-թիւն, ընկերային առողջապահութիւն, կանխարգելիչ բժշկութիւններու եւ վա-րակիչ հիւանդութիւններու յօդուածներ ինչպէս նաեւ յուշագրութիւններ նշա-նաւոր բժշկական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին: Տպուած է Կ. Քէշիշեանի տպարանը:

 

  1. «Մատենադարան ժողովրդեան». Առողջապահական հայերէն ամսագիր 32 էջերով: Հրատարակուած է 1882-85 Եղիա Տնտեսեանի տպարանը: Խմբա-գիրը եղած է բժիշկ Մանուել Բարունակ Իւթիւճեանը:
  2. «Յոյս». Առողջապահական, գիտական, հայերէն 16 էջերով ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1913-14 միայն 12 համար, տնօրէնութեամբ բժիշկ Հ. Պօղոս-եանի: Տպուած է Ժ. Ասատուրեան տպարանը:
  3. «Նոր դարման». Բժշկա-առողջապահական հայերէն կիսամսաթերթ: Հրատարակուած է 1935-ին միայն 4 թիւ խմբագրութեամբ Արմենակ Խանճ-եանի: Հրատարակիչը եղած է Տ. Տէր Սահակեան:

 

  1. «Սուրբ փրկիչ՝ տեղեկատու Պոլսոյ ազգային հիւանդանոցի». (Պոլիս) Գրական, գեղարուեստական, գիտական, բժշկական տեղեկատու ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1949-2013: Բովանդակութիւնը կազմուած է՝ ազգային հի-ւանդանոցի առօրեայի, պոլսահայ համայնքի կեանքի, մարդասիրական դերի, առողջ ապրելու կանոններու վերաբերեալ նիւթերով, ինչպէս նաեւ գրական, հայագիտական, հանրագիտական բնոյթի յօդուածներով: Կոչուած է նաեւ «Ամսաթերթ սուրբ փրկիչ հայոց հիւանդանոցի»:
  2. «Տարեցոյց սուրբ փրկիչ հիւանդանոցի հայոց» (Պոլիս). Բժշկական հա-յերէն տարեցոյց: Հրատարակուած է Պոլիս 1924-ին մէկ անգամ: Հիմնադիրը եղած է՝ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը: խմբագիրը եղած է Միհրան Չուխաճեան: Տպուած է Ե.Մ.Սեթեան տպարանը: Ետքը  կոչուած է՝« Ընդարձակ տարեցոյց սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց»:
  3. «Փունջ». Քաղաքական, ազգային, առողջապահական, գրական հայերէն շաբաթաթերթ, ապա եռօրեայ, ամէնօրեայ եւ ետքը դարձեալ շաբաթաթերթ: Հրատարակուած է 1866-1908: Տնօրէնը եւ խմբագիրը եղած է Համբարձում Ալաճաճեան, ապա՝ Սիմոն Ալաճաճեան եւ ետքը՝ Սիմոն Չեռմլեքեան: Լոյս տեսած է Երուանդ Մինասեանի, Կարապետ Պիպերեանի, Մ. Սարեանի եւ Զարեհ Պէրպէրեանի տպարաններէն:

Դ. Պոլիս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողո-վըրդային գիրքեր

  1. «Առողջապահական մաքրութեան դաստիարակութիւնը» (Պոլիս). Հեղի-նակն է՝ բժիշկ Փեշտիմալճեան Տիգրան:
  2. «Առողջապահութիւն եւ տածումն առաջին եւ երկրորդ մանկութեան» (Պոլիս): Հեղինակն է՝ բժիշկ Փեշտիմալճեան Տիգրան.
  3. «Առողջապահութիւն առտնին եւ ի պէտս ազգ. երկրորդական վարժարա-նաց». Հրատարակուած է 1898-ին, հեղինակութեամբ բժիշկ Ն. Տաղաւարեանի, յանձնարարութեամբ Պոլսոյ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին:
  4. «Առողջապահութիւն» (Պոլիս). Հեղինակն է՝ բժիշկ Փաշայեան Կարապետ.
  5. «Առողջապահութիւն». Հրատարակուած է 1915-ին, հեղինակութեամբ տոքթ. Պ. Սերոբեանի:

 

               

  1. «Առողջութիւն կամ առողջ ապրելու մասնաւոր եւ ընդհանուր կանոննե-րը»: Եռահատոր հրատարակութիւն: Հեղինակն է՝ բժիշկ Կրճիկեան Անդրանիկ:
  2. «Բառացանկ ախտանուանց (Պոլիս). Հեղինակն է՝ բժիշկ Տաղավարեան Նազարէթ.

 

  1. «Բնական պատմութիւն, մարդակազմութիւն ու բնախօսութիւն». Հրատա-րակուած է 1886-ին: Հեղինակն է՝ տոքթ. Ն. Տաղաւարեան:

 

  1. «Երեխաներուն անունները» (Պոլիս). Հեղինակն է՝ բժիշկ փաշայեան Կարապետ.
  2.   «Զուարճալի բժշկութիւնը, սալօնի գիրք». Հեղինակն է Պ.Մ. Քօլօլեան: Հրատարակուած է 1893-ին:
  3. «Ծննդական գործարանք, կազմախօսութիւն, բնախօսութիւն եւ առող-ջապահութիւն». (Պոլիս) Հրատարակուած է նախ 1899-ին 174 էջերով եւ երկրորդ անգամ 1914-ին 192 էջերով: Հեղինակն է՝ բժիշկ Տաղավարեան Նազարէթ:

     

  1. Կրթութիւն բժշկական արուեստի. (Պոլիս): պատրաստուած է 1833-ին եւ տպուած է 1838-ին: Հեղինակն է՝ բժիշկ Տէր Պետրոսեան Միքայել
  2. «Մանկատածութիւն» (Պոլիս). Մանուկներու առողջապահական խնա-մատարութեան համար: Հեղինակն է՝ բժիշկ Վիչէնեան Սերովբէ: Հրատա-րակուած է 1844-ին:
  3. Մանկանց առողջութիւնը» (Պոլիս). Հեղինակն է՝ բժիշկ Փեշտիմալճեան Տիգրան:
  4. «Մանրէբանութիւն» (Պոլիս). Հեղինակն է՝ բժիշկ Տաղավարեան Նա-զարէթ.
  5.     «Մարդկային կազմախօսութիւն» (Պոլիս). Հեղինակն է՝ բժիշկ Տաղավար-եան Նազարէթ. Հրատարակուած 1900-ին:
  6. «Ուսումնասիրութիւն միզային քարերու». (Պոլիս). Հեղինակն է բժիշկ Տաղավարեան Նազարէթ.
  7. «Տարեցոյց բժշկական առողջապահական». Հրատարակուած է 1914-ին: Հեղինակն է՝ տոքթ. Վահան Ղազարեան:
  8. «Պատմութիւն մարդկային պատուաստման». Հեղինակն է տոքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեան: Հրատարակուած է 1884-ին:

 

 

« Բժշկականութիւն եւ հաարակութիւն»

«Օրինական բժշկագիտութիւն» (Պոլիս). Դասագիրք մը: Հեղինակնն է՝ բժիշկ Խանտանեան Յակոբ: հրատարակուած 1899-էն առաջ:

  1. «Օրինական քիմիաբանութիւն». Դասագիրք մը. (Պոլիս): հեղինակնն է՝ բժիշկ խանտանեան Յակոբ: Հրատարակուած է 1899-էն առաջ:   

1980-ական թուականներէն ետք եւ մինչեւ օրս հայկական սփիւռքի մէջ  հազուագիւտ է բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթե-րու եւ գիրքերու հրատարակութիւնը:

  1. «Հայ բոյժ» որ բժշկական եռամսեայ հանդէս մըն է (Կլենտէյլ, Լոս Անճե-լոս): Ան լոյս տեսած է 1992-ին։ Խմբագրութեան մաս կազմած են Ա. Տոնոյեան, Հ. Այնթապլեան, Յ. Յարութիւն Սաղրեան, Վ. Ֆրանգեան։ Հոն կը տպագրուին  առողջապահութեան հարցերու նուիրուած յօդուածներ։
  2. «Հետեւիր առողջութեանդ» ամսաթերթ (Լոս Անճելոս). Ան կը հրատա-րակուի “Medic Health Group”-ի “Medic Health Magazine”-ի կողմէ:

     3.«Զգոյշ» բժշկական-առողջապահական պարբերական մըն է եւ կը հրա-տարակուի Յակոբ Լատոյեանի նախաձեռնութեամբ 2015-էն  սկսեալ Պէյրութի մէջ:

 

 

      

     Իսկ ինչ կը վերաբերի բժշկական բառարաններու եւ բժշկական ժողովրդա-յին գիրքերուն 1980-էն ետք, հրատարակուած են՝

  1. «Անգլերէն-հայերէն բժշկական հանրագիտակ բառարան». Հրատա-րակուած է Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա 2004-ին: Հեղինակն է՝ բժիշկ Ալֆրէդ Դանիէլեան:
  2. «Անգլերէն-հայերէն բացատրական բառարան». Հրատարակուած է Լոս Անճելըս 2006-ին: Հեղինակն է՝ բժիշկ Ալֆրէդ Դանիէլեան:
  3. «Անգլերէն-հայերէն հոգեբանական բացատրական բառարան». Հեղինակն է՝ բժիշկ Ալֆրէդ Դանիէլեան. Հրատարակուած է Լոս Անճելըս 2014-ին:

   

 

 

  1.     «Բժիշկին խօսքը». Հրատարակուած է 2000-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Հեղի-նակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան:
  2.   «Բժիշկին Բ. Խօսքը». Հրատարակուած է 2010-ին Պէյրութ, Լիբանան: Հե-ղինակն է բժիշկ Կարպիս  Հարպոյեան:
  3. «Բժիշկին Գ. խօսքը եւ Բժիշկին Դ. Խօսքը». Հրատարակուած են 2015-ին Պէյրութ, Լիբանան: Հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան:

 

 

  1.   «Բժշկական հանրամատչելի գիտելիքներ». Հեղինակն է բժիշկ Ալֆրէդ Դանիէլեան, հրատարակուած է Լոս Անճելոս, 1991-ին:
  2. «Եղծանիչ դեղանիւթերի մոլութիւն». Հեղինակն է Վարդգէս Ֆրանգեան, հրատարակուած է Լոս Անճելըս, 1984-ին:
  3.   «Ժամանակակից հիւանդութիւնների ճանաչում». Հրատարակուած է Լոս Անճելըս 2013-ին: Հեղինակն է՝ բժիշկ Ալֆրէդ Դանիէլեան:

 

 

  1. «Վկայութիւն եւ պատգամ». Հեղինակն է բժիշկ Զաքար Մկրեան: Հրատա-րակուած է յետմահու, 2006-ին, Պէյրութ, Լիբանան:
  2.   «Յղութիւն եւ ծննդաբերութիւն». Հրատարակուած է Պէյրութ 1998-ին. Հեղինակն է՝ բժիշկ Այտա Ասատուրեան:

 

 

 

  1. «Հայ բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ Սուրիոյ մէջ» (Հալէպ). Հեղինակն է՝ բժիշկ Թորոս Թորանեան եւ տպուած է 2012-ին:

 

 

Կ’ուզեմ յիշել, որ Սփիւռքի վերոյիշեալ բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթերու եւ գիրքերու կողքին Հայաստանի մէջ 1880-1980 հրատարակուած են որոշ թիւով  ժողովրդային բժշկական պարբերաթեր-թեր եւ գիրքեր: Կարողացած եմ գտնել անոնցմէ միքանի օրինակներ:

Ա. Հայաստան հրատարակուած առողջապահական-բժշկական ժողովրդա-յին  պարբերաթերթեր

1.«Առողջապահական թերթ«. Բժշկական-առողջապահական միամսեայ թերթ: Լոյս տեսած է Երեւան 1881-1884: Խմբագիրը եղած է Լեւոն Տիգրանեանը: Յօդուածներ գրած են ժամանակի ականաւոր բժիշկները: Թարգմանութիւններ կատարած է ռուսական եւ եւրոպական բժշկական հանդէսներէ: Թերթը տա-րածուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Թիֆլիսի եւ Իրանի մէջ, ինչպէս նաեւ ուրիշ հայաբնակ վայրերու մէջ:

  1. «Մալարիա». Գիտական-հասարակական հանդէս: Հրատարակուած է Ե-րեւան 1920-ին: Խմբագիրները եղած են՝ բժիշկներ՝ Լ. Յովհաննէսեան եւ Աբգար Իսահակեան:

 

«Բժշկական հադէս»

            

  1. «Բժշկական հանդէս». Բժշկագիտական տարեգիրք. հրատարակուած է Երեւան 1926-1927՝ երկու համար 138-168 էջերով: Պատասխանատու խմբագի-րը եղած է Լազարեան Սեմիոն: Բովանդակութիւնը ընդգրկած է՝ բժշկագի-տական եւ առողջապահական, մայրութեան եւ նորածիններու խնամքի գրու-թիւններ, մարմնամարզանքի անհրաժեշտութիւնը, բժշկական  թարգմանական յօդուածներ եւ այլն: Անոր կարգախօսը եղած է՝ «Պրոլետարներ բոլոր երկրնե-րի, միացե՛ք»:

Աւելցնենք նաեւ, որ մեծ թիւով մասնագիտական բժշկական պարբերա-թերթեր հրատարակուած են բժիշկներու համար վերջին 30 տարիներու ընթացքին Երեւանի մէջ: Այս պարբերաթերթերէն են «Նարեկ», «Բամբեր ստամոքսի եւ դիմա-ծնօտին վիրաբուժութեան», «Բժշկութիւն, գիտութիւն եւ կրթութիւն», «Գիտա-բըժշկական հանդէս», «Դեղեր եւ բժշկութիւն», «Էրեբունի բժշկագիտական լրա-բեր», «Նոր հայկական բժշկական հանդէս», «Հայաստանի կենսաբանական հանդէս», «Հայաստանի վիրաբուժութեան լրաբեր», «Տեսական եւ գործնական բժշկութեան հանդէս», «Արիւն»:

«Նարեկ» պարբերաթերթը հրատարակուած է Երեւան, բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի կողմէ 1992-ին. շարունակուած է մինչեւ 1998: Ունեցած է 79 համարներ: Ան եղած է գիտահանրամատչելի ամսաթերթ:

Բ. Հայաստան հրատարակուած բժշկական-առողջապահական ժողովրդա-յին գիրքեր

  1. «Ատամներ եւ նոցա առողջապահութիւնը». Հրատարակուած է Երեւան 1899-ին: Հեղինակն է Մ. Մ. Մարգարեանց:
  2.    «Բժիշկի նամակները երիտասարդ մօրը». Հրատարակուած է Աղեքսանտ-րապոլ 1898-ին: Գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանած է տիկին Զաբէլ Չիլին-կարեան: Հեղինակն է՝ բժիշկ Վիլհելմ Պլատ:

      

                               

 

 

  1.   «Կիրակուայ հանգստութիւնը եւ նրա նշանակութիւնը առողջութեան հա-մար». Հրատարակուած է Վաղարշապատ 1888-ին: Հեղինակն է բժիշկ Մ. Զար-գարեանց:
  2. «Մարդակազմութիւն». Հրատարակուած է Երեւան 1881-ին: Հեղինակն է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանց:

                           

       

  1. «Մարդակազմութիւն». Հրատարակուած է Երեւան 1923-ին: Հեղինակն է բժիշկ Վահան Արծրունի:

 

 

  1. «Ռուս-լատին-հայերէն բառարան բժշկութեան». Հրատարակուած է Երե-ւան 1924-ին: Հեղինակն է բժիշկ Վահան Արծրունի:
  2. «Ֆիզիոլոգիա».  Հրատարակուած է Երեւան 1923-ին: Հեղինակն է՝ բժիշկ Արշակ Յակոբեանց:

 

 

     

 

 

 

 

Աղբիւրներ՝

  1. Ասատուրեան, Այտա, բժիշկ, Յղութիւն եւ ծննդաբերութիւն, Պէյրութ, 1996
  2. 2. Հայ բժշկական պատմութեան թանգարան, Երեւան
  3. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, անձնական հանդիպումը բժիշկ Ալֆրէդ Դա-նիէլեանի հետ 2016-ին
  4. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, Զաքար Մկրեանը եւ իր Վկայութիւն եւ պատ-գամ գիրքը, Ազդակ օրաթերթ, 2017
  5. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, Զգոյշ պարբերաթերթը, Ազդակ օրաթերթ, 2017.
  6. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, Հայ բժշկական պարբերական մամուլն աշ-խարհում 1855-2000, Երեւան
  7. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, Օսմանեան կայսրութիւնում, Թուրքիայի հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, 2014.
  8. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, անձնական տեղեկութիւններ, Երեւան, 2019
  9. Նարդունի, Շաւարշ, Բժշկական նոր գիրքեր, Հայ բոյժ, Փարիզ, մարտ 1938
  10. Շարոյեան, Լեւոն, Ո՞ւր Է սփիւռքահայ բժշկական գրականութիւնը այսօր, Ազդակ եւ Ասպարէզ թերթեր, 2013
  11. Վիքիբիդիա, «Հայկական բժշկական մամուլ»
  12. Armenian information medicine
  13. Armmedicine.com.
  14. Demoyan, Armenian legacy in Armenia, A 400*year heritage, Yerevan, 2018
  15. Kaprielian-Churchil, Izabel, Sister of mercy and survival, Antelias, Lebanon, 2012

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles