ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second


405, 1512, 1794։
Հայ մշակոյթի գրաւոր հարստութեան ուղեւորութիւնը, որ կեանք առաւ 405 թուին Այբուբենի գիւտով, օծուն՝ Աստուածաշունչի թարգմանութեան օրհնութեամբ, ինքնին եղաւ յայտարարը բոլոր դարերու Հայ ժողովուրդի դէպի աղբիւրը լոյսին ընթանալու, նաեւ առաջնահերթութեանց չափանիշ հաստատելու գովելի ճշմարտութեան։
Արդարեւ, հայ ժողովուրդը, ի շարս ժամանակակից այլ ազգերու, եղաւ առաջիններէն իր ինք-նուրոյն գիրն ու գրականութիւնը հաստատելու հինգերորդ դարուն, երբ այս դարու լուսաւորեալ ազգերէն շատեր կը խարխափէին խաւարի մէջ։ Նոյն ոգիով, Կիւթէմպէրկի տպագրութեան գիւտէն (1450) 62 տարի անց, Յակոբ Մեղապարտի ձեռամբ լոյս կը տեսնէր առաջին տպագրուած հատոր՝ «Ուրբաթագիրք»ը, Հայրենիքէն հեռու, սակայն յետագային Հայ ոգիով առլցուն՝ Վենետիկի մէջ։
Եւ վերջապէս 18րդ դարուն կեանք առած եւ ծաւալ ստացած մամուլի շարքին ներկայ եղաւ հայ մամուլը՝ 1794 թուականին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, երբ Յարութիւն Քհն․ Շմաւոնեան լոյս ընծայեց «Ազդարար» թերթը։
Մամուլը, ընդհանրապէս, եւ Հայ մամուլը ի մասնաւորի, ըլլալով հանդերձ տեղեկատուութ-եան աղբիւր, ունի նաեւ դաստիարակչական յատուկ նկարագիր։ Ինչպէս Եկեղեցին ու Դպրոցը ունին վսեմ առաքելութիւն՝ սերմանելու ճշմարտութեան, բարիին, գեղեցիկին ու վսեմին սերմերը, որոնք հիմքերն են առողջ ընկերութեան մը, նմանապէս Մամուլը, իսկ մեր օրերուն տեղեկատուա-կան բոլոր միջոցները, կոչուած են նոյնքան ազնուական ծառայութեան՝ կերտելու նկարագիր, եւ մղելու անհատ կամ հաւաքականութիւն վսեմ երազներու իրագործման։
Հայ Մամուլը ունի նաեւ իւրայատուկ բնոյթ մը։ Ինչ փոյթ, որ արհեստագիտութեան (techno-logy) աշխարհը մնայուն կերպով կը գերազանցէ ինքզինք, ո՛չ միայն օրական ու ժամական, այլ նոյնիսկ րոպէական զգայացունց լուրեր հայթայթելով, ան իր բովանդակութեամբ ունի անփոխա-րինելի պարտականութիւն մը։ Հայ պանդուխտի «Կռունկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս» սրտագոչ աղաղակին ի պատասխան, մերօրեայ համայն հայութեան մտածողութեան ու մտահոգութեանց, ցանկութեանց ու երազներուն գոհացում տուող մշտանորոգ աղբիւրն է եւ պէտք է մնայ Հայ Մամուլը, իր ազգաշէն ուղիով, անկախ որեւէ շահադիտական նկատառումէ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջին Կաթողիկոսի «2019 – Մամուլի Տարի» հռչակագրին առթիւ ան-գամ մը եւս կ՚ողջունենք լրատուական մեծ ընտանիքի անխոնջ սպասաւորները, եւ կը մաղթենք, որ անշեղ ընթանան իրենց ծառայութեան մէջ։ Միաժամանակ կը հրաւիրենք հայ ընթերցողը, որ անսակարկ կերպով զօրավիգ կանգնի Հայ Մամուլին՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը։
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles