«ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»

0 0
Read Time:5 Minute, 12 Second

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

Հոգեկան խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ 2003-էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող երեւոյթի մը կամ արժէքի մը նուիրելու Մեր որոշումը՝ Հայրապետական յատուկ պատգամի ճամբով, մեր ժողովուրդին մօտ լայն արձագանգ գտաւ։ Ահա այս համոզումէն մեկնելով, 2019 տարին կը հռչակենք՝

Այս առիթով անհրաժեշտ կը նկատենք նախ հպանցիկ ակնարկ մը նետել ընդհանրապէս մամուլին ու յատկապէս հայ մամուլի ծագման ու պատմական հոլովոյթին առնչուած կարգ մը հիմնական երեւոյթներու վրայ։

ՄԱՄՈՒԼԻ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄԸ, ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԾԱԳՈՒՄԸ
ԵՒ ԱՆՈՐ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ

Մամուլ բառով, յատկապէս վերջին քանի մը դարերուն, առաւելաբար կը բնորոշուէր տեղեկատուական որեւէ օրկան՝ օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ։ Իսկ վերջին տասնամեակներուն, մամուլը աւելի լայն հասկացողութեամբ կը ներառէ ինչ որ առնչուած է տեղեկատուութեան. այսինքն՝ տպագրուած մամուլի կողքին, նաե՛ւ ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանց։ Մեր խօսքը հոս առաւելաբար կը վերաբերի տպագիր մամուլին։

Հայ առաջին տպագիր թերթը՝ «Ազդարար», լոյս տեսած է Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ 1794 Հոկտեմբեր 14-էն մինչեւ 1796, եւ միայն՝ 18 թիւ։

Հայ մամուլի ծագումին ու անոր պատմական հոլովոյթին վրայ նետուած հպանցիկ ակնարկ մը ի յայտ կը բերէ շարք մը յատկանշական երեւոյթներ, որոնք անհրաժեշտ է որ լուսարձակի տակ առնուին.-

ա) Եկեղեցւոյ, դպրոցի ու մշակոյթի կողքին հայը յատուկ կարեւորութիւն է տուած մամուլին: Հայ մամուլը առանցքային դեր ունեցած է գաղութներու կազմակերպման ու կազմաւորման, հաւաքական յիշողութեան պահպանման ու ազգային ինքնութեան ամրապնդման մէջ։
բ) Հայ մամուլը դարձած է հարազատ հայելին ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի համազգային եւ յատկապէս գաղութային կեանքին՝ իր էջերուն մէջ լայն տեղ տալով համարեա բոլոր բնագաւառներուն կապուած տեղեկութիւններու, նկարագրականներու, դէպքերու ու դէմքերու։ Ան նաեւ դարձած է գաղութէ գաղութ տեղեկութիւններու ու լուրերու փոխանցման եւ գաղութներու միջեւ փոխ-յարաբերութիւն ստեղծող կենդանի, եւ յաճախ միա՛կ կամուրջը։
գ) Հայ մամուլը դարձած է մեր հոգեմտաւոր արժէքներու, ազգային խնդիրներու, կրօնա-բարոյական նիւթերու, հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւններու, անցեալին ու ներկային առնչուած կարեւոր դէպքերու ու երեւոյթներու արծարծման ու քննարկման եւ նո՛յնիսկ բանավէճերու հրապարակային բեմ։
դ) Հայ մամուլի ճամբով հայ մարդը իրազեկ դարձած է արտաքին աշխարհի անցուդարձերուն, հակառակ այն իրողութեան, որ յատկապէս Օսմանեան ու Ցարական կայսրութեանց սահմաններէն ներս եւ Միջին Արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, հայ մամուլը եւս, տեղական մամուլին նման, ենթակայ եղած է խիստ գրաքննութեան։
ե) Իր հրատարակած թերթօններուն միջոցաւ հայ մամուլը ընթերցողներուն ներկայացուցած է հայ գրողնե-րուն, եւ նոյնիսկ օտար հանրածանօթ գրողներու երկերը։ Ան նաեւ առիթ ընծայած է հայ գրողներուն, իրենց գրա-կան առաջին ստեղծագործութիւնները լոյս ընծայելու մամուլի էջերուն վրայ, այս ձեւով դառնալով դպրոց՝ գրական դաշտ մուտք գործած նոր սերունդներուն։
զ) Հայկական հողէն ու միջավայրէն պոկուած հայու բեկորներուն համար հայ մամուլը դարձած է հայակերտումի դարբնոց՝ հայ լեզուի պահպանումով, մեր հոգեւոր, մշակութային, բարոյական ու ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն տարածումով ու պաշտպանութեամբ, ինչպէս նաեւ ազգին գերագոյն իտէալներուն ու երազներուն սերունդէ սերունդ փոխանցումով։
է) Վերջապէս, իր ունեցած բազմակողմանի դերին կողքին անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ հայ մամուլը իր պարունակած լայն տեղեկութիւններով ու հայթայթած ճիշդ տուեալներով, կը մնայ վստահելի սկզբնաղբիւր՝ տուեալ գաղութի, ժամանակաշրջանի, կազմակերպու-թեան, դէպքի կամ դէմքի մը կապուած պրպտումներու կամ աշխատասիրութիւններու համար։

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

1) Ինչպէս առաքելութեան կոչուած եկեղեցին ժողովուրդին տանողը եւ անոր արժէքները ու նպատակը կենսագործողը հոգեւորականն է, նոյնպէս ալ մամուլը առաքելութեան վերածողը մամուլի մշակն է՝ խմբագիր, լրագրող, թղթակից կամ աշխատակից։ Առանց իր մշակին նուիրեալ աշխատանքին, մամուլը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը ու կոչումը, իր որակն ու նպատակը։ Մամուլի սպասարկուներուն նկատմամբ երբեմն կիրարկուող ապօրէն միջոցառումները՝ հալածանք, արգելք, բանտարկութիւն ու նոյնիսկ սպանութիւն, խստօրէն դատապարտելի են։ Մամուլի մշակը կոչուած է ազատ միջավայրի մէջ եւ բարձրագոյն աստիճան պատասխա-նատուութեամբ կատարելու իր առաքելութիւնը՝ ըլլալով հաւատարիմ, արդար, առողջ, թափանցիկ, իրատես, շինիչ իր աշխատանքին մէջ։ Անցեալին ունեցած ենք, այսօր եւս ունինք, հայ մամուլի առաքելութեան նուիրուած նման մշակներ։

2) Ներկայ օրերուն հայ մամուլը կը գտնուի լուրջ մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց։ Տպագիր մամուլին նկատմամբ հետզհետէ աճող անտարբե-րութիւնը, որ միջազգային երեւոյթ մըն է, նա՛եւ հայ տպագիր մամուլը մատնած է լուրջ դժուարութիւններու։ Արդարեւ, տպագիր մամուլին էջերուն նուազումը, անոր բովանդակութեան կրճատումը ու որակի անկումը, օրաթերթերու շաբաթաթերթի վերածումը, ընթերցողնե-րու թիւին նօսրացումը, կարգ մը մամուլի օրկանն երու փակումը եւ հետզհետէ զգացուող խմբագիրներու ու լրագրողներու պակասը մտահոգիչ երեւոյթներ են։ Այս բոլորին կողքին, հայ մամուլին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները փաստօրէն հայ մամուլին համար ստեղծած են լուրջ տագնապ։ Եթէ ուրիշներուն համար մամուլը եկամուտի աղբիւր է ու շահաբեր ձեռնարկ, իր ողջ պատմութեան ընթ ացքին հայ մամուլը երբեք այդպէս չէ՛ եղած եւ չէ՛ այսօր։ Հայ մամուլին առաքելութիւնը վերականգնելու ու առաւել հզօրացնելու համար անհրաժեշտ է զայն դարձնել տնտեսապէս ինքնաբաւ։ Տնտեսապէս նեցուկ կանգնիլ հայ մամուլին կը նշանակէ՝ զարգացած, ատակ ու փորձառու խմբագիրներ ու լրագրողներ ունենալ, որակաւոր բովանդակութեամբ ու մեծաթիւ էջերով մամուլ ունենալ, մեծ թիւով ընթերցողներ ունենալ եւ հայ մամուլի հայակերտ, ազգակերտ ու հայրենակերտ առաքելութիւնը աւելի՛ ծաւալել։ Արդարեւ, ներկայ տարին հռչակելով Հայ Մամուլի Տարի, այլ յիշեցումներու կարգին, նաեւ հայ մամուլը նիւթապէս ինքնաբաւ դարձնելու հրամայականը կ’ուզենք կարեւորութեամբ յանձնել մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան։

Այս առիթով Մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք անցեալի այն բոլոր խմբագրապետները, խմբագիրները, լրագրողները ու ընդհանրա-պէս մամուլի մշակները, որոնք իրենց ամուր հաւատքով ու նուիրեալ աշխատանքով հայ մամուլին առաքելութիւնը պատաս-խանատուութեամբ կենսագործեցին նոյնիսկ մեր կեանքին ամենէն մռայլ պայմաններուն մէջ։ Բի՜ւր յարգա՛նք անոնց։

Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը ու բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մամուլի բոլոր սպասաւորներուն, որոնք, հակառակ բազմազան ու այլազան դժուարութիւններուն, հաւատարմօրէն կառչած կը մնան իրենց կոչումին։ Բի՜ւր պատի՛ւ իրենց։

Ներկայ տարին Հայ Մամուլի Տարի հռչակելով կոչ կ’ուղղենք.-

– Մեր թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն, մեր քոյր կազմակերպութիւն-ներուն ու հայ մամուլի օրկաններուն՝ հանդիսութիւննե-րու, սեմինարներու, համագումարներու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւն-ներու ճամբով, լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
– Հայաստանի մէջ պետական, իսկ Սփիւռքի մէջ համայնքային պատասխանատուներուն, գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնելու հայ մամուլին՝ շեշտելով անոր վիճակուած բազմակողմանի դերը։
– Մեր ունեւոր ազգայիններուն, հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատուութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու՝ հայ մամուլին արդիականացման եւ ընդհանրապէս վերակազմակերպման սատարող ծրագիրներու իրագործման։
– Խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է նման նախաձեռնութեան դիմելու՝ գործակցութեամբ հայ մամուլի պատասխանատուներուն։
– Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հեռու մնալու կայքէջերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան։

Մեր ջերմ մաղթանքն է, որ հայ մամուլը վերանորոգ նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Հայրական օրհնութեամբ ու սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար, 2019
Անթիլիաս, Լիբանան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles