ԶՐՈՅՑ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԸՆԿ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

0 0
Read Time:2 Minute, 45 Second
photo Josh Tevekelian
photo Josh Tevekelian
»Հայրենիք« հաստատութեան  կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի Ապրիլ 7ին,  Հ.Մ.Ը.Մ.ի »Բաբգէն Սիւնի« (Ուաթըրթաուն-Մասաչուսէց) ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ զրոյցերեկոյ մը, տարիներ շարունակ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին ծառայած, պատմագէտ, Պէյրութի »Ազդակ« օրաթերթի նախկին խմբագիր՝ ընկեր Երուանդ Փամպուքեանի հետ, որ շաբաթներէ ի վեր ժամանած էր Պոսթըն, Հ.Յ.Դ. արխիւներու մասին յատուկ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար:
Առաջին հերթին, նախապէս տարիներ շարունակ արխիւներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած՝ ընկ. Թաթուլ ՍոնենցՓափազեան, ներկայացուց ընկերոջ կենսագրականը: Ապա խօսքը փոխանցեց ընկ. Փամպուքեանին, որ փոխանցէ իր պատգամը, եւ ապա առիթ տայ հարցումպատասխանի: Ընկ. Փամպուքեան յայտնեց թէ վերջերս հետեւելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերջին ընդհանուր ժողովներու որոշումներուն, արդէն իսկ գործի լծուած է Հ.Յ.Դ. արխիւներու հիմնարկը (Մոնթեպելլօ, Քալիֆորնիա), որ կը զբաղի Դաշնակցութեան հարիւր տասնութամեայ արխիւներու պահպանումով եւ դասաւորումով՝ հետագային զանոնք ուսումնասիրութեանց տրամադրելի դարձնելու նպատակով:
Այս առթիւ ան յայտնեց թէ հիմնարկի տնօրէնն է Վաչէ Բրուտեանը (»Հայրենիք«ի նախկին խմբագիրներէն): Ան մեծ կարեւորութիւն ընծայեց այս արխիւներուն, որոնք կը նկատուին ոչ թէ կուսակցական, այլ ազգային, միջազգային, պատմական գանձ: »Այնքան մը ճոխ են այս արխիւները, որոնք իսկապէս կը զարմացնեն զիս: Այո կը զարմանամ, կը զարմանանք բոլորս: Մանաւանդ որ երբ նկատենք թէ այս աշխատանքին թիւ մէկ պաշտպանն ու պահապանը եղած է Ռոստոմը: Այո°…մեր ճանչցած այդ գործի մարդը, այդ թուղթին ու գրիչին կարեւորութիւն չտուող, այդ կազմակերպելու բացառիկ կարողութիւն ունեցող Ռոստոմն է որ առաջադրած է, պնդած ու հետապնդած է, որ արխիւներու աշխատանքը հետեւողական ձեւով կատարուի…: Ահաւասիկ տարիներ ետք, կը տեսնանք թէ ի°նչ հրաշալի գաղափար էր պահել ու գուրգուրալ անցեալ մը, որ այսօր կը հետաքրքրէ բազմաթիւ պատմաբաններ, ըսաւ ընկ. Փամպուքեան, որ աւելցուց թէ առաջին հերթին Ժընեւ (Զուիցերիա) հաւաքուելէ ետք, ի վերջոյ փոխադրուած է Պոսթըն, ուր ցայսօր կը պահուի եւ նոյնպէս ալ աշխատանքը կը շարունակուի:
photo Josh Tevekelian
photo Josh Tevekelian

Ան յայտնեց թէ նոյնիսկ այլ կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մասին տեղեկութիւնները այնքան մը շատ են, որ իսկապէս կատարուած աշխատանքը գերգնահատելի կարելի է նկատել:
Հարցումի մը պատասխանելով, թէ որեւէ մտադրութիւն կա՞յ, սոյն արխիւները Հայաստան փոխադրելու, ընկ. Փամպուքեան ըսաւ թէ յատկապէս, համակարգիչներուն ստեղծած ներկայ արդի պայմաններու տակ, ուր կարելի է լաւապէս պահպանել արխիւները, տրամադրելի օրինակներ ունենալ: Հետեւաբար, նկատի ունենալով այս դիւրութիւնները, սոյն արխիւները փոխադրելու կարիք չկայ:
Ան աւելցուց թէ վերջին քանի մը տասնամեակներուն, լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք տարուած է արխիւները դասաւորելու ուղղութեամբ: Ցայսօր լոյս տեսած են արխիւային նիւթեր պարունակող հինգ հատորներ՝ »Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար« խորագրով: Այս հատորները կ’ընդգրկեն 1890էն մինչեւ 1907 թուականը՝ ներառելով Դ. Ընդհանուր ժողովի նիւթերը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ, այսինքն ներառեալ բոլոր տեղեկագիրները, ատենագրութիւններն ու նամակները: Նշենք թէ այս հատորներէն առաջին չորսը խմբագրուած են Հրաչ Տասնապետեանի կողմէ: Անցեալ տարեշրջանին, լոյս տեսաւ հինգերորդը, խմբագրութեամբ նոյնինքն Երուանդ Փամպուքեանի: Ան եզրակացուց թէ ընկ. Տասնապետեանի փափաքն էր, իր կեանքի վերջին տարիներուն աւարտած տեսնել հինգերորդ հատորը՝ ամբողջացուցած ըլլալու համար Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր ժողովի վաւերագրերու լոյս ընծայումը: Իր առողջական աննախանձելի վիճակն էր, որ հետզհետէ վատթարանալով՝ անկարելի դարձուց գործընթացը: Ընկ. Փամպուքեան անգամ մը եւս կրկնեց ընկ. Տասնապետեանի խօսքերը. »Դաշնակցութիւնը, բարեբախտաբար, իր կազմութեան առաջին իսկ օրերէն սկսեալ, եղած է գերազանցապէս գործի կուսակցութիւն, բայց, դժբախտաբար, ատոր իսկ հետեւանքով, իր ժողովներն ու մարմինները անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չեն ընծայած արձանագրութեանց, պատմական այն փաստաթուղթերուն, որոնք օր մը կոչուած պիտի ըլլային իրենց գործունէութեան լրիւ ու հարազատ պատկերը տալու«:
Այլ հարցումի պատասխանելով, ընկ. Փամպուքեան նշեց թէ թուականներու կարգը կը յարգուի, սոյն գիրքերը պատրաստելու: Ասոր կողքին նաեւ, նկատի կ°առնուին իւրայատուկ դէպքեր կամ դէմքեր: Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Թղթակից

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles