ՊՈՍԹԸՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆԿԱԽ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ՝ «ՔԵԶ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

0 0
Read Time:3 Minute, 16 Second

Խաժակ Մկրտիչեան  կը պատուէ Եւգինէ Ղարիպեանը
Խաժակ Մկրտիչեան կը պատուէ Եւգինէ Ղարիպեանը

Ուրբաթ Մարտ 27, 2009ին երեկոյեան ժամը 7:30ին կազմակերպութեամբ՝ Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի, տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոն Առաջին Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ սիրուած երգչուհի՝ Ժանէթ Խալարեան, ընկերակցութեամբ՝ երաժիշտներ Գեղամ Մարգարեանի, Արթիւր Եղիազարեանի, Նազօ Թաճրեանի եւ Կարէն Քոչարեանի, պսակուեցաւ աննախընթաց յաջողութեամբ: Սրահը լեցուած էր երաժշտասէր հասարակութեամբ:
Երեկոյի բացումը կատարեց ձայնասփիւռի ատենապետ՝ Կարպիս Զէրտէլեան, որ նախ անդրադարձաւ ձայնասփիւռի 29 տարիներու աշխատանքին ու ծառայութեան ապա ներկայացուց Ժանէթ Խալարեանի կենսագրականը:
Յայտագիրը սկսաւ »Շալախօ« ժողովրդական ուրախ երգով, որ առաջին մասը բաղկացած էր եօթը երգերէ եւ երկու գործիքային կատարումներով:
Տաս վայրկեան դադարէ ետք, ձայնասփիւռի ատենապետ՝ Կարպիս Զէրտէլեան յայտարարեց անակնկալ մը: Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր հիմնադրութեան 80ամեակին առթիւ, պարգեւատրած է Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի ՎարիչՏնօրէնուհի՝ Եւգինէ Ղարիպեանը, ապա հրաւիրեց ընկ. Խաժակ Մկրտիչեանը կատարելու պարգեւատրումը: Այժմ կը ներկայացնենք ընկ. Խաժակ Մկրտիչեանի խօսքը.

Ձախէն աջ՝ Արթիւր Եղիազարեան, Գեղամ Մարգարեան, Ժանէթ Խալարեան, Կարէն Քոչարեան եւ Նազօ Թաճրեան
Ձախէն աջ՝ Արթիւր Եղիազարեան, Գեղամ Մարգարեան, Ժանէթ Խալարեան, Կարէն Քոչարեան եւ Նազօ Թաճրեան

»Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ Համօ Օհանջանեանի նման մտաւորականներու, Գահիրէի մէջ հիմնադրուած Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը երկա¯ր տարիներ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին մշակութային աշխատանք ծաւալելու գործով զբաղուած է: Մշակոյթի գործիչներ պարգեւատրած է եւ մշակոյթի տարածողներու հանդէպ միշտ երախտապարտ եղած է: Այս մէկը կ’իյնայ այս ծիրին մէջ եւ նստավայրէն, Պէյրութէն, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յղած է գաղափարը պարգեւատրելու Պոսթընի մէջ մշակոյթ տարածող, հայացիութիւն սերմանող եւ տուներու մէջ հայ երգը, գրականութիւնը տարածող Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի Տնօրէն՝ Եւգինէ Ղարիպեանին պատուել, որպէս երախտագիտութիւն եւ պարգեւատրում Հայ Մշակոյթի հանդէպ իր ունեցած անսակարկ նուիրումին համար«:
Շքանշանի պարգեւատրումէն ետք, Եւգինէ Ղարիպեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը.
»Կ’ուզէի իմ խորին շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտութիւնը յայտնել Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համազգայինի Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան, որոնք գնահատեցին մեր աշխատանքը եւ այս պարգեւատրումը կատարեցին: Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռը փոքր մասնիկն է այն մեծ կազմակերպութիւնների եւ Միութիւնների որոնք տասնամեակներ շարունակ, սփիւռքի մէջ կատարած են հայապահպանման հսկայ աշխատանքը, հայը հայ պահելու համար, հայը Հայաստանի համար պահելու համար: Փառք ու Պատիւ իրենց: Նաեւ կ’ուզեմ իմ շնորհակալութիւնները յայտնել Ձայնասփիւռիս վարչութեանը որոնք տարիներ շարունակ առանց վհատելու, ամենանեղ պայմաններու մէջ աշխատած են, որպէսզի մենք շարունակենք մեր սփռումները առանց դադարի, քսան ինը տարի շարունակ. իմ շնորհակալութիւնները նաեւ անցեալի եւ ներկայի անձնակազմերուն, աշխատակիցներուն, շրջանիս Միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, հովանաւորողներուն, նուիրատուներուն ունկընդիրներուն եւ ձեզի սիրելի Պոսթընահայութիւն, որ դուք բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրավիգ հանդիսացաք մեզ եթէ ոչ, ես միայնակ չէի կրնար: Պատիւ Ձեզի: Այս պահին, ես չեմ կարող չյիշել ձայնասփիւռիս արժանաւոր հիմնադիր՝ Ժիրայրին: Ժիրայրը շատ շուտ հեռացաւ, ֆիզիքապէս հեռացաւ, բայց մնաց իր խօսքը, իր ոգին, իր հայրենասիրութիւնը եւ իր պաշտամունքը դէպի հայ լեզուն, հայ մշակոյթը եւ հայ ժողովուրդը: Այդ աւանդը փոխանցելով մեզ, կրցանք շարունակել իր գործը: Ես կ’ուզեմ որ այս պարգեւատրումը եւ շքանշանը նուիրեմ սիրելի Ժիրայրի անմոռաց յիշատակին: Շնորհակալութիւն«:
Ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին Եւգինէ Ղարիպեանի պարգեւատրման համար:
Համերգի երկրորդ մասը,  բաղկացած էր եօթը երգերէ եւ երկու գործիգային կատարումներով: Ամբողջ յայտագիրը կազմուած էր Սայաթ Նովայի, Գուսան Շերամի, Կոմիտասի, Ռոպերթ Ամիրխանեանի եւ Հայկազունի ստեղծագործութիւններէն: Երգչուհի Ժանէթ Խալարեան եւ իր նուագախումբը կատարողական գեղեցիկ ոճով ներկայացուցին հայկական տոհմիկ երգեր: Սայաթ Նովայի »Աշխարումս Ախ չեմ քաշի«, »Քամանչան«, »Քանի Վուր ջան իմ«, Գուսան Շերամի »Արդէն մութն ընկելա« եւ այլ ժողովրդական ու աշուղական երգեր: Այդ երեկոյ ներկաները վայելեցին իսկական հայկական երգերու փառատօն մը: Ժողովուրդը յոտնկայս բուռն ծափահարութիւններով գնահատեց երգչուհի Ժանէթ Խալարեանը եւ իր նուագախումբը:
Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի կողմէ տիկին Հայկուհի Տէյրմէնճեան ծաղկեփունջ մը նուիրեց երգչուհի Ժանէթին: Աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն:

Մաէսթրօ Կոստանդին Պետրոսեանի Կարծիքը` Ժանէթ Խալարեանի Համերգին

Չափազանց դժուար է մէկ կատարողի համար մենահամերգ երգելը, սակայն Ժանէթ Խալարեանը կարողացաւ ամբողջ ծրագրի ընթացքին ուրոյն մեկնաբանութեամբ կատարել իւրաքանչիւր երգը, մնալով երգի հարազատ ժանրի մէջ: Կոմիտասի, Շերամի, Սայաթ Նովայի, Ամիրխանիանի եւ հայկական ժողովրդական երգերի Ժանէթի կատարումը ջերմօրէն ընդունուեցին բազմաթիւ ունկընդիրների կողմից:
Անշուշտ կարեւորագոյնը եղաւ, նաեւ երեկոյի ընթացքին Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի տնօրէնուհի Եւգինէ Ղարիպեանի պարգեւատրումը Համազգայինի Պատւոյ  մետալով, իր կատարած մօտ 30 տարուայ ազգանպաստ կարեւորագոյն գործունէութեան համար: Իր շնորհակալական խօսքում Եւգինէ Ղարիպեանը այդ պատիւը վերագրեց Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի հիմնադիր Ժիրայր Ղարիպեանին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles