Կազմակերպութեամբ Մասաչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբին, Մարտ 26ին, Ուաթըրթաունի Յունական կեդրոնին (Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մօտ) մէջ, տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց՝ նուիրուած Հայ-Թուրք յարաբերութիւններուն:
Վիճաբանական երեկոյԿլոր սեղանի բնոյթ ունեցող այս ձեռնարկի զրուցաբերներն էին Դոկտ. Սէյհան Պայրաքտար (Քոնսթանցի ՀամալսարանԳերմանիա), Դոկտ. Լուիս Ֆիշման (CUNY Պրուքլին Քոլէյճ), Այտա Էրպալ (Նիւ Եորքի համալսարան), Տիգրան Խալիկեան (Ռէճիս Քոլէյճ) եւ Կիրօ Մանոյեան (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակ): Զրուցավարն էր «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, որ բացման խօսքին մէջ, անդրադարձաւ վերջին ամիսներուն, կատարուած եւ արձանագրուած անցուդարձերուն մասին:
Պայրաքտար որ վերջերս պատրաստած է աւարտաճառ մը՝ «Յուշի քաղաքականութիւն՝ թրքական քարոզչութիւն հայերու սպանութեան գծով, ազգային եւ եւրոպականացման ակնոցով դիտուած» նիւթին շուրջ, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ, տարիներ շարունակ մոռացութեան մատնուելէ ետք, յանկարծ Եղեռնի մասին յօդուածներ կը գրուին Թուրքիոյ մէջ: Հետզհետէ «ազատամիտ» կամ «այլախոհ» նկատուած թուրք քաղաքագէտներու եւ լրագրողներու թիւը կը բազմանայ: Հակառակ ասոր, ան շեշտեց թէ, պետական մակարդակի վրայ աշխատանք կը կատարուի որ ամէն գնով եղեռնի հարցը ծածկուի եւ մոռացութեան մատնուի:
Դոկտ. Ֆիշման, որ վերջին տարիներուն, հետեւողական ձեւով կ°այցելէ Թուրքիա, իւրայատուկ ակնոցով մը դիտեց ստեղծուած կացութիւնը: Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն (հայ, հրեայ, յոյն, եւլն.) կրած դժուարութիւններուն մասին: Հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ներկայացնելով, Ֆիշման մատնանշեց թէ վարժարաններէն ներս, Թուրքիոյ պատմութիւնը կ’աւարտի Քէմալ Աթաթուրքով: Միեւնոյն ժամանակ, ան յայտնեց թէ Պոլսոյ մէջ զարմանալիօրէն կարելի է հանդիպիլ եղեռնի մասին գրուած բազմաթիւ գիրքերու, «…որոնք դժբախտաբար սպասուածին նման չեն թերթատուիր կամ յափշտակուիր»:
Այտա Էրպալ անձնական փորձառութեամբ ներկայացուց իր տեսակէտը: Հայորդի ըլլալով եւ պայմաններու բերմամբ թրքացած միջավայրի մէջ, ապրած ըլլալով, ան յայտնեց թէ որքան ահաւոր է ստել եւ ծածկել սահմռկեցուցիչ եւ խռովիչ անցեալ մը: Էրպալի կիզակէտներէն էր ներողամտութիւն խնդրելու գծով, անցեալ տարեվերջին կատարուած կայքէջներու միջոցաւ ստեղծուած իրավիճակը: Ան հաստատեց թէ շուտով ստեղծուեցաւ ընդդիմադիր ալիք մը, տարբեր մասերու բաժնուած: «Կար խումբ մը, որ նախադասութիւնը փոխեց, աւելի մեղմացնելով: Այլ խումբ մը թուրքեր, աւելի ծայր երթալով ջարդողը նկատեցին՝ հայը, իսկ ջարդուողը՝ թուրքը: Աժան ոճով հազարաւոր ծանօթ, անծանօթ եւ շինծու ստորագրութիւններ հաւաքուեցան: Վերջապէս Եղեռն բառը երբեք չգործածուեցաւ…» հաստատեց Էրպալ, որ նաեւ շեշտեց թէ յանցապարտը ծածկելու, մոռցնելու աշխատանքը հետեւողականօրէն կը կատարուի ցայսօր, ներկայ ղեկավարութեան կողմէ: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Կիրօ Մանոյեան խօսք առնելով, ներկայացուց պատմական մը: Այսպէս, ամփոփ անդրադարձ մը կատարելով, ան ըսաւ թէ ՀայաստանԹուրքիա յարաբերութիւնները եղած են սառած վիճակի մէջ՝ 1921ին երբ Հայաստան խորհրդայնացաւ: «Միայն 1991ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, կարելի է խօսիլ յարաբերութեան մասին: Արդարեւ, 1991ին Թուրքիոյ պետութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւնները՝ Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան: Հակառակ ասոր, Թուրքիա մերժեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ»:
Ապա Մանոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով տեղի ունեցած բանակցութիւններուն՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ շրջափակումը վերացնելու համար: Ան անդրադարձաւ ծայրայեղ ազգայնամոլ թուրքերու ղեկավար Ալփասլան Թիւրքէշի հետ կատարուած հանդիպումներուն մասին, որոնք ապարդիւն դուրս եկան, անոր մահուան պատճառով: Մանոյեան անդրադարձաւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի օրով, Հայաստանի դիրքորոշումին մասին: Ան նշեց թէ Քոչարեանի օրով, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ աւելցաւ Եղեռնի միջազգային ճանաչման հարցը:
Ան յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց նախագահ Քոչարեանի օրով, տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու միջեւ հանդիպումներուն մասին եւ անդրադարձաւ Հայոց Եղեռնի իննիսունամեակի նախօրեակին, Թուրքիոյ քարոզչական քայլին՝ վարչապետ Էրտողանի կողմէ Հայաստանի նախագահին ուղարկուած բաց նամակին, որուն մէջ Թուրքիոյ վարչապետը խորամանկութեամբ մը կþառաջարկէր, կազմել պատմաբաններու երկկողմանի յանձնախումբ՝ քննարկելու համար 1915ի դէպքերը: Մանոյեան, նաեւ անդրադարձաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրերուն, կատարուած անցուդարձերուն մասին, յատկապէս կեդրոնանալով անցեալ Սեպտեմբերին, ոտնագնդակի մրցումին կամ «ֆութպոլի քաղաքականութեան» մասին:
Տիգրան Խալիկեան խօսեցաւ ԹուրքՀայ յարաբերութեան ներկայ հանգրուանին մասին: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Քոնկրէսին կողմէ բանաձեւի ընդունման հնարաւորութեան, նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան, վերջին զարգացումներուն եւ քաղաքական անցուդարձերուն մասին:
Ձեռնարկի աւարտին, առիթ տրուեցաւ հարցումներու, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին: