Չորեքշաբթի« Մարտ 10, 2010ին« Նիւ Եորքի մէջ կայացած Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի տօնակատարման յայտագրին մաս կը կազմէր Հայ Օգնութեան Միութեան »Արարատ« մրցանակի յանձնումը Նիր Իսթ Ֆաունտէյշըն (նախապէս՝ Նիր Իսթ Րըլիֆ) ամերիկեան մարդասիրական հիմնարկին՝ որ 95 տարիներ առաջ կը հիմնուէր« ի տես Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Մեծ Եղեռնին ստեղծած մարդկային աննախընթաց ողբերգութեան: Արդարեւ« մեծաւ մասամբ Նիր Իսթ Րըլիֆի նիւթական թէ բարոյական հսկայական ներդրումներուն շնորհիւ է որ հազարաւոր հայ որբեր եւ անտուն ու անտէր գաղթականներ ստոյգ ոչնչացումէ կը փրկուէին ցեղասպանական անմարդկային արարքին յաջորդող ճգնաժամային տարիներուն:
Իր Հարիւրամեակէն եօթը տարի առաջ« 2003 թուին Հ.Օ.Մ.ը կը հաստատէր »Արարատ« մրցանակը, որուն առաջին մրցանակակիրը կը հանդիսանար շարժանկարի համաշխարհային համբաւ վայելող տաղանդաւոր գանատահայ բեմադրիչ՝ Աթոմ Էկոյեանը« որուն նոյնանուն »Արարատ« շարժանկարը համայն աշխարհի առջեւ կը պարզէր այն ահաւոր ազդեցութիւնը որ Մեծ Եռեռնը թողած էր ու կը շարունակէր ուրացման ճամբով թողուլ ցեղասպանութենէն վերապրող հայութեան յաջորդական սերունդներուն հոգեկան անդորրութեան վրայ:
Չորս տարի ետք« 2007ին« »Արարատ« մրցանակին կÿարժանանար Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին փոխնախագահ՝ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը« որուն անսակարկ զօրակցութիւնն ու նիւթական թէ բարոյական օգնութիւնը Արցախի հայ բնակչութեան« անոր ազատագրական պայքարի ամենադաժան տարիներուն« մեծապէս սատարած էր ժողովուրդին դիմադրական կորովին: Պարոնուհին« 1993 թուին հրատարակեց նաեւ հատոր մը« »Ethnic Cleansing in Progress: War in Nagorno Karabagh« վերնագրով, որ կը մերկացնէր ազերի իշխանութիւններու ի գործ դրած ցեղասպանական արարքները Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դէմ:
»Ինչպէս այս երեք մրցանակակիրները ցոյց կու տան« Հ.Օ.Մ.ի »Արարատ« մրցանակին կÿարժանանան բացառիկ անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութիւններ« որոնց հայանպաստ կեցուածքը չի բաւարարուիր խօսքի ու խոստումներու շռայլումով՝ այլ կÿարդիւնաւորուի մարդասիրական կենդանի գործի անսակարկ իրականացումով: Մնալով այս բարձր մակարդակին վրայ« Հայ Օգնութեան Միութիւնը տարեկան յաճախականութեամբ չէ որ կÿընէ արժանաւորներու իր ընտրանքը« նախընտրելով անձկալից ժամանակներու հոլովոյթին հետ յայտնաբերուող մարդասիրարական արարքներու ճանաչումն ու մեծարանքը՝ իր »Արարատ« բացառիկ ծառայութեան մրցանակով«, յայտնեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վերա Դաւիթեանը: »Ցեղասպանութեան 95ամեակին այս տարուան առիթով, Հ.Օ.Մ.ը փափաքեցաւ իր »Արարատ« մրցանակով ըստ արժանւոյն գնահատել Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած աւելի քան 130 հազար հայ երեխայի օժանդակութեան ձեռք մեկնած Նիր Իսթ Րըլիֆ կազմակերպութիւնը«, եզրակացուց ան:
Նիր Իսթ Րըլիֆը հիմնուած էր 1915ին, Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Ա.Մ.Ն.ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի Ա.Մ.Ն.ի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ուղղած մէկ հեռագրին հետեւանքով, որուն մէջ դեսպանը կÿընդգծէր, որ »հայ ցեղի բնաջնջումը արագընթաց կը յառաջդիմէ«: 1919ին կազմակերպութիւնը պաշտօնապէս կÿարտօնագրուի Ա.Մ.Ն.ի Քոնկրէսին կողմէ եւ կը նշանակուի Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան օժանդակութեան բաշխումի գլխաւոր կառոյցը:
Նիր Իսթ Ֆաունտէյշընը այսօր եւս կը շարունակէ մարդասիրական ու բարեսիրական իր գործունէութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ: Կազմակերպութեան գործունէութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մը դիտելու կամ Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակին անոր նախագահ՝ Շանթ Մարտիրոսեանի անգլերէն խօսքը կարդալու համար այցելեցէք Հ.Օ.Մ.ի կայքէջը՝ www.ars1910.org: