ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 57 Second

ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ

Առաջին դարուն՝ Հռոմէական կայսրութիւնը բազում հրաշալիքներով զարդարուն պետութիւն մըն էր՝ հաւանաբար մարդկութեան մեծագոյն քաղաքական իրագործումը: Բայց երբ այսօր այդ մասին կը յիշենք՝ ապշած կը մնանք հոն գործադրուած վայրագութեան եւ կեանքի նկատմամբ անտարբերութեան ի տես՝ քաղաքակրթութեան դիմակին ներքեւ թաքնուած գտնելով սեւաստուեր իրականութիւն մը:
Ըստ սովորութեան՝ այդ իրականութիւնը պատմութեան թանձր մշուշին ներքեւ ծածկուած պիտի մնար: Սակայն բան մը զայն երեւան բերաւ եւ լուսարձակի տակ առաւ: Ի՞նչ էր որ իրականութեան լոյսը ծագեցուց:
Անսպասելի պատասխանը հետեւեալն է՝ անմեղ անձի մը չարչարանքը« եւ հրաշքը որ անոր հետեւեցաւ: Բայց ամենէն կարեւորը այն է, որ թէ° հրաշքին եւ թէ° ալ լոյսին աղբիւրը սէրն էր, Աստուծոյ սէրը, մարմնացած՝ Յիսուս Քրիստոսի անձով:
Այս Զատկուան տօնին՝ նման մտածումներ կը յածին մեր մտքերուն մէջ: Վասն զի այս տարի դարձեալ կը վերյիշենք, թէ ինչպէս ուրիշ կայսրութիւն մը չարչարանքի ենթարկեց անմեղ անձեր: Սակայն այդ անմեղներու՝ մեր ծնողաց եւ մեծ ծնողաց համար այդ տառապանքը վերջաւորութիւն չէր, այլ՝ անցք դէպի ուրիշ վիճակ մը. մեռնողներուն պարագային՝ մշտական յիշողութիւն մեր համայնքին մօտ. իսկ վերապրողներուն համար՝ բարութեամբ, ազնուութեամբ եւ, ինչ որ հրաշք է, սիրով շարունակուող կեանք:
Իսկ այժմ, Ցեղասպանութենէն իննսուն հինգ տարի ետք՝ անոր բովէն անցած գրեթէ բոլոր վերապրողները ի Տէր փոխուած են: Վերջին պատուական վերապրողները անոնք են՝ որոնք որպէս փոքրիկներ եւ կամ մանուկներ վկաները հանդիսացան Եղեռնին: Բայց ասիկա մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հետ ուրիշ առընչութիւն մը կը մատնանշէ: Վասն զի չենք կրնար մոռնալ, որ Ան եւս իր մանկութեան ոչնչացումի թիրախ եղած էր: Ան եւս սկսաւ իր երկրային կեանքը որպէս վերապրող մը մարդկային էակներու ամբողջ դասակարգ մը ոչնչացնելու փորձէն: Նման յիշատակներ Անոր վրայ եւս ազդեցութիւն թողած պիտի ըլլային: Արդեօ՞ք փոքրիկներու հանդէպ մեր Տիրոջ խանդաղատանքը« որ չափազանց սակաւադէպ էր այդ օրերուն« անդրադարձն էր այն ծանրաբեռն գիտակցութեան, որ Բեթղէհէմի մէջ մանուկներ սպանուած էին, մինչ Ինք վերապրած էր:
Իր առաքելութեան շրջանին՝ մեր Տէրը մեծագոյն սէրը ցոյց տուաւ հանդէպ այնպիսիներուն՝ որոնք ամենէն շատ զգացած էին մարդու էական կարիքները՝ մեր տկարութիւնը աշխարհային վատ բարքերու նկատմամբ, մեր կատարեալ չըլլալը առանց Աստուծոյ: Լերան Քարոզին մէջ ան ըսաւ՝ «Երանի հոգիով աղքատներուն» (Մատթէոս Ե. 116): «Երանի սգաւորներուն, հեզերուն, անոնց որ մաքուր են սրտով»: Իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց՝ որոնք զգացած էին հալածանքի խայթը եւ ողորմածութեան բացակայութիւնը. անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կը տենչային եւ կը փափաքէին որ աշխարհը բարեկարգուի: Եւ ահա երեւան կու գայ տեսարան մը՝ ուր կը տեսնուին անոնք՝ որոնց Աստուծոյ ձեռքը դպած է. հզօրներ չեն, այլ անհատներ՝ որոնք գիտակից են որ խաբկանք մըն է մարդկային ուժը, որ ատակ է այլոց դէմ ճակատելու եւ զանոնք հպատակեցնելու եւ մարդկութենէ դուրս մղելու:
Քրիստոս այս խօսքերը չըրաւ որպէսզի ռոմաթիկ կերպով իտէալականացնէր պարտութիւնը կամ գութը եւ կամ արգահատանքը: Ընդհակառակը՝ ան ուսոյց, որ նման դառն փորձառութիւն մը կազմելու ատեն է որ մարդկային վիճակին իրականութիւնը տեսանելի կը դառնայ, եւ Աստուծոյ իրականութիւնը շատ յստակ կþերեւի: Տառապանքի եւ կորուստի փորձառութիւնը, երբ քաջաբար եւ հաւատարմաբար կարելի ըլլայ հանդուրժել, կրնայ դառնալ մարդկութիւնը լուսաւորող ճշմարտութեան ջահը:
«Դուք էք աշխարհի լոյսը», ըսաւ Ան իր մտահոգ բարեկամներուն: «Քաղաք մը՝ որ կանգնած է լերան վրայ, չի կրնար ծածկուիլ: Եւ ճրագ վառելով գրուանի տակ չեն դներ, այլ՝ աշտանակի վրայ, որ լոյս տայ բոլոր անոնց՝ որոնք տան մէջ կը գտնուին: Այդպէս թող փայլի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերն ու փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է»:
Այսպիսի խօսքերով Քրիստոս նրբօրէն նախատեսեց Զատիկի իմաստը՝ տարօրինակ հրաշքը՝ որ մարդկութիւնը մահուընէ դէպի կեանք առաջնորդեց, պարտութենէ՝ դէպի յաղթանակ, կեղծ ու պատիր աշխարհէ մը՝ դէպի ճշմարտութիւն: Այս բոլորէն վեր՝ սիրոյ հրաշալիքն էր, մարդոց հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն, Անոր կամեցողութեան՝ զոհելու իր Միածին Որդին մեզի համար: Իր չարչարանքները կանխող ժամերուն երբ մեր Տէրը ըսաւ՝ «Ես եմ աշխարհի լոյսը» (Յովհաննէս Ը.12), Ան մեզի ցոյց կու տար, թէ միշտ զօրավիգ պիտի ըլլայ անոնց՝ որոնք իրենց նեղութեանց ընդմէջէն կը վկայեն ի նպաստ ճշմարտութեան:
Արդարեւ՝ Ան միշտ զօրավիգ եղաւ մեր երէցներուն՝ որոնք Ցեղասպանութենէն անցան: Վասն զի անոնք եւս վկայեցին յանուն ճշմարտութեան, ընդդէմ հզօրներու, հալածիչներու եւ անոնց՝ որոնք մեր օրերուն իսկ ցեղասպանութիւնը կը մերժեն ճանչնալ: Անոնց յաղթանակը կեանքը սիրոյ, շնորհքի եւ վայելչութեան՝ զոր վերապրողներ շարունակեցին ապրիլ համազօր էր Յարութեան. վստահաբար ոչ բոլորովին գերբնական հրաշք մըն էր այդ յաղթանակը, այլ հաստատում մը Քրիստոսի զոհաբերութեան իմաստին: Իսկական առումով՝ անոնց միլիոնէ աւելի հաշուող պատմութիւններէն իւրաքանչիւրը Զատիկի պատմութեան կրկնութիւնը, յիշատակը եւ յայտնութիւնն է:
Մինչ հրաժեշտ կու տանք այդ սերունդին« թէ հրապարակաւ որպէս համայնք եւ թէ անհատաբար՝ ինչպէս հայր մը կորսնցնելու պարագային« պարտինք ողջունել զանոնք Տիրոջ խօսքերով՝ «Դուք էիք աշխարհի լոյսը, չէիք կրնար ծածկուիլ. ձեր կենդանութեան դուք լոյս բերիք բոլոր անոնց՝ որոնք մեր տան մէջ կը գտնուէին»:
Եւ մենք կÿաղօթենք որ մեր հերոսական սերունդին հոգիները Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ իրենց հանգստեան օթեւանէն պատասխանեն մեզի եւ ըսեն՝ «Այժմ պարտ է որ դուք ըլլաք աշխարհի լոյսը: Թող ձեր լոյսը այնպէս շողայ մարդոց աչքին, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն« մեր բարի գործերը« եւ փառաւորեն մեր Հայրը որ՝ յերկինս»:
Թող այդ մտածումը ըլլայ մեր սրտերուն մէջ, ինչպէս որ մեր շրթներուն վրայ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին համար յաւէտ խորիմաստ Զատկական մաղթանքը՝
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի: Զատիկ 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles