»Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք:
Հոս չէ’ ան. յարութի’ւն առաւ«
(Ղկ 24.5բ 6ա)
Քրիստոնէական կրօնքի յաղթական հաստատումն է այս մէջբերումը, որ մօտաւորապէս երկուհազար տարիներ առաջ դարձաւ իրողութիւն, Աստուածային անըմբռնելի արարք, որուն ականատեսները եղան մահկանացուներ ու վկայեցին այդ սքանչելիքին մասին, որ Քրիստոսի Յարութիւնն էր:
Մարդկային կարողութենէ վեր, հասարակ մահկանացուներու տրամաբանութենէ վեր ու անդին այս իրողութիւնը դարձաւ համայն աշխարհի փրկութեան սկիզբը, նոր ու գունաւոր հորիզոնով զարդարուած: Մարդ արարածը այս անգամ կրցաւ թափանցել Աստուծոյ անտեսանելի ու անհասանելի բնութեան, հրաւիրուելով փրկութեան ու ազատագրութեան, ձրի հրաւէր մը, որ միայն Քրիստոսի անուամբ ու անոր դաւանութեամբ պիտի տրուէր:
Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդները այնքան կապուած էին ու հմայուած Քրիստոսի Աստուածութեամբ, այնքան ծարաւցած Աստուծոյ ներկայութեան, որ իրենց համար Քրիստոսի այս աշխարհէն վերանալը մեծ սուգ, յուսահատութիւն, մինակութիւն եւ անկայունութիւն էր, ուստի անոնք տրտմած ու վշտացած, Քրիստոսի թաղումէն երեք օրեր ետք գացին Յիսուսի գերեզմանը խունկ մատուցանելու անոր յիշատակի անմահութեան համար:
Սակայն ի¯նչ հրաշք, ի¯նչ սքանչելիք, ի¯նչ անակնկալ, որ գուցէ վախ պատճառեց այն կիներուն, որոնք վկաները դարձան գերեզմանի մուտքը փակող քարի գլորուած ըլլալուն ու պարապ գերեզմանը տեսնելուն:
Անոնք երանելիներ էին, որոնց Տէրը արժանի դարձուց վկաները դառնալու Յարութեան եղելութեան: Անոնք հաւատարիմ կիներ էին, որոնք Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին միշտ հետեւեցան Տիրոջ, որովհետեւ գիտէին թէ մարմնացեալ Աստուծոյ էր որ կը հետեւէին:
Վա¯յ անոնց, որոնք տեսան ու չհաւատացին, վա¯յ մեզի երբ ականատեսներու տուած վկայութեան կը կասկածինք եւ միւս կողմէ տակաւին քրիստոնեայ կը կոչուինք:
Մինչեւ յարութեան առաւօտը, Քրիստոսի բոլոր հետեւորդներուն հոգիի աչքերը չէին կրցած թափանցել խորքը Աստուածագիտութեան ու Քրիստոսի հաստատումներուն, թելադրութիւններուն ու հիմնաւորումներուն, զոր քանիցս ան հասկցուցած ու կանխաւ ըսած էր իրենց գալիք օրերու պատահարներուն մասին: Սակայն այդ առաւօտ ամէն բան պարզուեցաւ ու ամէն տեսակի անհասկացողութիւն եւ գուցէ կասկած լուծուեցաւ ու փարատեցաւ:
Քրիստոս սակայն մեզի եւս, որ յաջորդներն ենք ու հաւատարիմ հետեւորդները իրեն ու իր կենարար Խօսքին, խոստումներ ու հիմնաւորումներ կատարեց, զորս հարկ է իմանանք ու լաւ հասկնանք: Բոլոր այն հաստատումները որոնք նկատի առնել տուաւ, որոնք պիտի կատարուէին մինչեւ իր երկրորդ գալուստը ու անոր ընթացքին:
Քրիստոսի յարութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ անկիւնադարձային իրողութիւն մը դարձաւ, որովհետեւ այլափոխեց տիեզերքի պատմութիւնը, ծնունդ տուաւ դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդող կրօնքին, որ իր հասկացողութեամբ անդրանցաւ լոկ կրօնական հաւատալիքը կամ հաւատալիքները, դառնալով մարդ արարածին ամէնօրեայ կեանքին լիութիւնը ու իր հոգիի աշխարհի ազատագրութիւնը:
Համայն աշխարհ արժանացաւ Աստուծոյ օրհնութեան, սիրոյն եւ ողորմածութեան. Քրիստոսի ծնունդը իր հետ բերաւ այդ փրկութեան իրագործումը եւ իր հրաշալի յարութիւնը պսակը հանդիսացաւ ու կնքեց մեր փրկութեան իրողութիւնը, այն կնիքով, որ Աստուծոյ ձեռակերտ ու յաւիտենական կնիքն էր:
Քրիստոսի յարութիւնը ամէն բանէ առաջ ու աւելի մարդու փրկութեան ու ազատագրութեան եղելութիւնն էր: Մարդը իր արժէքը կորսնցուցած էր Հօր Աստուծոյ մօտ, աղաւաղած էր իր սուրբ ու Աստուածանման պատկերը, իր վրայ առնելով մեղքի ու չարութեան հանդերձը:
Աստուած կրկին անգամ մարդը կանչեց, այս անգամ Ինք մարմնացաւ ու բացի անկէ գործեց մարդկութեան մէջ, եղաւ բոլոր խաւերու պատկանող մարդոց հետ, որպէսզի բոլորն ալ առաջնորդէր միակ ճանապարհին, Աստուծոյ ժողովուրդ ըլլալու շնորհքին:
Աստուծոյ մարդանալը պսակուեցաւ մարդուն մեղքը Իր վրայ առնելով, որովհետեւ մարդու մեղքի ահաւորութիւնը, ծանրութիւնն ու մեծութիւնը անկարելի էր որ այլ միջոցով մը սրբուէր ու մաքրուէր:
Քրիստոսի յարութիւնը հիմնաւորեց քրիստոնէական մեր Սուրբ հաւատքը ու դարձաւ հայելին մեր հաւատքի ինքնութեան:
Սակայն ամէնէն էականն ու կարեւորը այն է, որ այսօր ինչ կþըսէ մեզի Քրիստոսի յարութիւնը. անիկա պարզապէս դէ՞պք մըն է կամ պատահա՞ր մը, հրա՞շք մըն է կամ պատմական իրողութի՞ւն մը: Եթէ միայն այդպէս է, ուրեմն անիկա մեզի հետ մասնաւոր առընչութիւն մը չունի եւ ոչ ալ այժմէական հասկացողութիւն: Բայց հարկ է լաւ գիտակցիլ եւ իմաստութեամբ ըմբռնել, թէ Քրիստոսի յարութիւնը սկիզբ մը եղաւ մեզի համար, Աստուած սկիզբը դրաւ ու կնքեց այն ճանապարհը, որուն մէջէն մենք պիտի ընթանանք յարութեան լոյսով, իրականութեամբ, հրաշքով եւ մանաւանդ՝ յոյսով:
Յարութեան եղելութիւնը սկիզբը դրաւ նոր պատմութեան, նոր հանգրուանին, նոր Ուխտին եւ նոր Կեանքին, այնպիսի կեանքի մը, որ յաւիտենական Կեանք պարգեւող Աստուծոյ կողմէ խոստացուած կեանքն է:
Քրիստոս ինք եղաւ առաջին երախայրիքը այդ կեանքին, որուն պիտի յաջորդէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի երկրաւոր եւ յետ մահու կեանքը:
Քրիստոնէական մաքրամաքուր հաւատքը մեզի կը վստահեցնէ, թէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին մենք եւս յարութիւն պիտի առնենք, ըլլանք ողջ կամ ըլլանք մեռած: Ա°յս է մեր հաւատքի իւրայատկութիւնն ու խորքը, ա°յս է մեր հաւատքի լիութիւնն ու յաւիտենականութիւնը, ա°յս է մեր հաւատքի բացարձակ ճշմարտութիւնն ու վախճանաբանական հասկացողութիւնը եւ հիմնաւորումը:
Առաքեալը Առաջին Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ հետեւեալ բառերով կը հաստատէ մեռելներու յարութեան իրողութիւնը. »Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան: Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կþառնէ մեռելներու յարութիւնը: Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան: Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգին: Այժմ երախայրիքը՝ Քրիստոս, իսկ երկրորդ գալուստին՝ բոլոր իրեն պատկանողները« (Ա. Կր 15.2023):
Ի¯նչ վստահելի հիմնաւորում եւ յոյս, զոր մեր կրօնքը մեզի կÿաւանդէ: Աշխարհի վրայ չկայ կրօնք մը կամ հաւատալիք մը, որ այսքան վստահութիւն եւ ապահովութիւն կու տայ մարդ արարածի յետ երկրաւոր կեանքի վիճակին:
Այս հիմնաւորումը կը թուի ըլլալ շատ բարդ մեր մարդկային մտքին ու տրամաբանութեան, սակայն այս է մեր հաւատքի վախճանաբանական իրողութիւնը եւ մեր դաւանաբանական կեցուածքը հանդէպ քրիստոնէութեան:
Ուրեմն հարկ է լաւապէս գիտակցիլ Քրիստոսի յարութեան ճշմարտութեան, լեցուիլ այն յոյսով, որ յարութեամբ իրողութիւն դարձաւ: Մենք որպէս հաւատացեալ քրիստոնեաներ մեր կեանքը հարկ է որ թրծենք եւ ամբողջական հաւատք ցուցաբերենք Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած բոլոր ուսուցումներուն եւ պատմական ճշգրիտ իրողութեանց:
Թող Քրիստոսի յարութիւնը այլափոխէ մեր կեանքերը, նորոգէ մեր ինքնութիւնը, առաւել եւս ամրապնդէ մեր յոյսը հանդէպ յաւիտենական կեանքի խոստումին եւ իրագործման, պատրաստ ըլլալով ընդունելու Յարուցեալ Տէրը մեր ողջ էութեան մէջ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ