ՍԼԱՔ.- ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ ՄՆԱԼԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

Թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումէն ետք, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Աբրահամեան նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանի նախագահ Նէնսի Փըլոսիի, շնորհակալութիւն յայտնելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբուն առնուած այս քայլին համար, յոյս յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու տունն ալ շուտով կþորդեգրէ նոյնիմաստ բանաձեւ մը:
Շնորհակալութեան արտայայտութիւնը տեղին է, անկասկած: Սակայն… (այս եսակայն,ը միշտ գլուխ կը բարձրացնէ):
Քանի մը անգամ կարդացինք Ա. Աբրահամեանի նամակին բովանդակութիւնը: Փորձեցինք նշոյլ մը գտնել այս ճիգերուն Հայաստանի իշխանութիւններուն ՄԱՍՆԱԿԻՑի հանգամանքին մասին: Չգտանք: Ա. Աբրահամեան կը նշէ, որ եՀայաստանում մեծ ուշադրութեամբ եւ յուզումով էինք հետեւում, յանձնախումբի քննարկումներին, եԳոհունակութեամբ արձանագրեցինք քուէարկութեան արդիւնքը,, որ եոչ միայն բարոյական տուրք է հայ ժողովրդին, այլ նաեւ արդարացի պատասխանն է նախորդ դարասկիզբին մարդկութեան առջեւ գործուած ոճրագործութեանը,:
Ո°չ աւելի, ո°չ պակաս. այսինքն, ձեռնածալ դիտողի դիրքէ կատարուած շնորհակալական արտայայտութիւն: Նման արտայայտութիւն կրնար ունենալ, նման հարցերով մտահոգ որեւէ երկրի, օրինակ, Լիբանանի պետական մէկ պատասխանատուն ալ:
եՖիլմը հոս չի վերջանար,: Նամակի աւարտին, Ա. Աբրահամեան կը կատարէ բարեմիտ հաստատում մը, որ ըստ ամենայնի վսեմ է. կը նշէ, որ եպատմական արդարութեան հաստատումը չի կարող խոչընդոտել հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացին, այլ, մեր խորին համոզմամբ, կարեւոր քայլ կը լինի հայ եւ թուրք ժողովրդների հաշտեցման ճանապարհին,, այսինքն, կը փորձէ ողոքել ամերիկացի խորհրդարանականը, թէ՝ տեսէ°ք, Հայաստանը հաւատարիմ կը մնայ փրոթոքոլներով բացուած ուղիին:
Հայաստանի պետական վարիչները յայտնապէս կը շարունակեն խուլ ու կոյր ձեւանալ բոլոր այն հակազդեցութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը բարձրանան Անգարայի մէջ, պետական, դիւանագիտական ու մամուլի շրջանակներուն մէջ: Մինչ Թուրքիոյ պետական աւագանին ու դիւանագիտութիւնը իր ծանրագոյն հրետանին գործի կը լծէ, որպէսզի արդարութեան ձայնը լռութեան մատնէ, պաշտօնական Երեւանը կը նախընտրէ մնալ բաղձանքներ արտայայտող կրաւորականի խրամատին մէջ, պատանդ մնալով փրոթոքոլներուն այժմու ուղիին, որմէ փարսախներով հեռացած է Թուրքիա. ալ ի¯նչ հարց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլերը ըստ ամենայնի կը մնան փրոթոքոլներուն այժմու տրամաբանութեան հակադիր գիծի վրայ: Հետեւաբար, կրկնակիօրէն ծիծաղելի է մէկ կողմէ՝ ողջունել թւի 252 բանաձեւին որդեգրումն ու ցանկալ այս ճամբուն վրայ նոր յաջողութիւններ, ու միւս կողմէ՝ չձգել օձիքը նոյն այս գիծը գործնապէս ժխտող ու զայն հարուածող եՃամբու քարտէս,ին, որուն մէկ արտայայտութիւնն են փրոթոքոլները:
…Յամենայնդէպս, արդարատենչութեան երթը պիտի շարունակուի եւ փոքրաթիւ հաւատարմատարները՝ Հայ Դատի նուիրեալները անպայման որ պիտի կերտեն նորանոր յաղթանակներ, թիրախ ունենալով վերջնական յաղթանակը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարտ 9, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles