Գէորգ Պետիկեան
Անկասկած, որ այս տողերս անգաղտնապահ բան մը ունին պահած իրենց բառերուն մէջ: Զիս շուտով մատնող եւ իմ սէրս եւ յարգանքս յայտնաբերող խօսքեր, բառեր ու շատ բաներ հասցէագրուած այն հայ անհատին, հայ ուսուցիչին եւ ապա հայ հոգեւորականին, որուն յաւետ բաժանման տխուր առիթով, տարիներու յիշատակի արձագանգէն, հիմա մտածումներս սկսած են օրօրուիլ:
Եւ ինչու չէ, թերեւս ալ նման որդեգրումով, շատ հաւանաբար խօսուն թարգմանը ըլլամ այն բոլորին, որոնք իրեն աշակերտած են եւ կամ իր հետ միասին հայաստանեայց եկեղեցւոյ տարիներով ծառայած են:
Կը խօսիմ հանգուցեալ Վաչէ աւագ քահանայ Նագգաշեանի մասին, որուն իբրեւ հայերէն կրօնի անձնուէր ուսուցիչ՝ տարիներ առաջ, նախակրթարանիս գրասեղաններուս դիմաց, ծանօթացած էի:
Այս բոլորը սակայն մեծարանքի եւ միաժամանակ երախտագիտական ազնիւ խօսքեր ըլլալէ աւելի, ինծի համար ապրուած կեանքի մը ճշմարտութիւնները լոյսին բերող բառերու հիւսկեր են, որոնք իրարու մօտ շարուելով, ազգանուէր եռանդով եւ կորովով ապրող հայ մշակի մը, ճշմարիտ ու պարտաճանաչ հայ ուսուցիչի մը եւ աւելին իր կոչումին տէր հոգեւոր հովիւի մը կեանքն ու կերպարը, նկարագիրն ու կենցաղը կը մարմնաւորեն:
Վերջապէս՝ ամուսինի մը, հօր մը, ազգականի մը կամ բարեկամի ապրած տարիները, որոնք նախ անցան էին ուսուցչական ասպարէզէն եւ ապա հոգեւորական կարգէն ներս:
Տէր Վաչէ Աւագ քահանայ Նագգաշեան:.
Մէկը շատ հաւանաբար այն քիչերէն, որ մնաց իր կոչումին եւ դերին գիտակից արժանաւոր:
Կը հաւատամ, որ մերձաւորի մը մահը, խորը ընբռնել կու տայ մահուան իմաստը: Անոր համար է, որ լաւ տրամադրութիւններս սպաննուած են:
Ինք մահանալով, իր հետ տարաւ մեր տարիներու բարեկամութիւնը ու յանկարծ կը զգամ մահուան պարապութիւնը:
Միւս կողմէ ան ինծի համար հայ գիրին ու գրականութեան հիացող մը, հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու ազնիւ ու անձնուէր մշակ մըն էր պարոն Կարապետ Նագգաշեանը, եւ աւելին՝ իր հերազօտող միտքով բարի հոգեւորական տէր Վաչէն:
Ահա էական յատկանիշները այս հայուն, որ կարողացաւ դաստիարակել սերունդներ, որոնց ներկայացուցիչները այսօր կը ծառայեն մեր ազգային կեանքի բոլոր մարմիններու մէջ:
Կը փորձեմ միշտ վերյիշել: Կը պատկերեմ զինք:
Լայն ճակատով, միշտ թեթեւ ժպիտ մը դէմքին վրայ, ակնոցին ետեւ հլուն եւ լողացող աչքերով քահանայ մը, որ մշտական նուիրումով գիտակից սիրտ մը ունէր պահուած բոլորին համար մեծին թէ փոքրին, հարուստին կամ չքաւորին՝ հաւասարապէս:
Հակառակ անձնական իր ցաւերուն, զարմանալի կենսունակութեամբ լեցուն կեանքով կը խօսէր, կը թելադրէր, կը դաստիարակէր, տաքութեամբ եւ մտերմութեամբ:
Պարկեշտութեան, վեհանձնութեան, համեստութեան խորհրդանիշն էր ան:
Իրեն համար մարդն էր էականը: Ու այսօր շատ հաւանաբար ինծի նման շատեր ալ, մարդ կը փնտռենք մեր շուրջը:
Մարդ՝ բառին իսկական առումով, որ կը կարծեմ սկսած է մեր շուրջը պակսիլ եւ հետզհետէ աճիլ անոր բացակայութիւնը:
Անկախ այս բոլորէն հիմնուած ծնողքիս կողմէ դրսեւորուած ընտանեկան մեր անկեղծութեան, բարի դրացնութեան, բարեկամութեան եւ հարազատութեան վրայ, տարիներով վայելած եմ տէր հօր զտարիւն մտերմութիւնը, դասեր քաղած իր խոհական ու ազնիւ լուռ ու խոնարհ, պոռոտախօսութենէ հեռու խառնուածքէն:
Եղեռնի սերունդին ժառանգորդներէն մէկը ըլլալով, ան իր նմաններուն պէս ապրեցաւ որբ ու տարագիր, ու աշխատեցաւ իր մանկութեան կորսնցուցած ջերմ մթնոլորտը ստեղծել իր ապրած շրջաններէն ներս:
Իր աշխատունակութիւնը յոգնութիւն չճանչցաւ երբեք:
Գիտեմ, որ կան մարդիկ, որոնք կը ծառայեն իրենց պաշտօնին՝ անոր մէջ տեսնելով իրենց արժանիքը, պատիւը:
Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք իրենց յարատեւ գործով կ’իմաստաւորեն իրենց պաշտօնը եւ միայն գործն ու աշխատանքն է, որ կը կազմէ իրենց պատիւը:
Այդպիսիներու արժէքը իրենց անձին մէջն է, ոչ՝ հանգամանքին:
Ինծի համար տէր Վաչէն իր անխոնջ աշխատանքով թէ’ արժեւորեց իր պաշտօնը եւ թէ’ ինքզինք:
Որովհետեւ իրեն համար մարդկային կեանքին մէջ ո’չ հանգամանքը, ո’չ փառքը, ո’չ մակդիրը եւ ո’չ ալ դրամը կրնային մարդուն անմահութիւնը երաշխաւորել:
Ինք մեծ հաւատաւոր մըն էր այս վարկածին, որովհետեւ իրեն համար հաւատքով, նուիրումով ու սիրով զսպանակուած գործն էր, որ պիտի մնար իբրեւ ճառագայթող ու կենդանի վկայութիւն:
Իբրեւ հայ մշակ եւ հոգեւորական կը հաւատար նաեւ մեր ժողովուրդի ազգային իտէալներուն, կամքին ու ապագային: Կը պաշտէր մեր լեզուն ու երաժշտութիւնը, մեր կրօնն ու աղօթքները:
Մեծ հաւատք ունէր հայ դատին եւ անոր սիրոյն մղուած պայքարին, անոր սրբութեան եւ անժամանցելիութեան:
Եւ այս էր արդէն պատճառը, որ իր հոգեւոր հովիւի մը իրավիճակէն անդին, ես անձնապէս իր մէջ կը տեսնէի երէց եղբայր մը, որուն սիրտը կը բաբախէր իբրեւ ջերմեռանդ հաւա-տացեալ եւ քրիստոնէական պարտաւորութիւնները բծախնդրօրէն կատարող անձ :
Այսօր ան ինծի հետ չէ. այլեւս, բայց իր յիշատակը կը փորձեմ պահել պայծառ եւ յաւերժ:
****