Հինգշաբթի, Մարտ 11ին, Շուէտի խորհրդարանն ալ վաւերացուց բանաձեւ մը, կոչ ուղղելով կառավարութեան, որպէսզի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բուռն վիճաբանութիւններէ ետք, 130ի դէմ 131 քուէներով, վաւերացուեցաւ այս բանաձեւը, որ նեւ կը նշէ Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու, քլտանիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւները:
Բանաձեւը կը պահանջէ Շուէտի իշխանութիւններէն, որպէսզի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ հետ գործակցելով՝ ապահովէ նշեալ ցեղասպանութեանց ճանաչումը:
Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ նախքան քուէարկութիւնը, յայտնած էր, թէ նման բանաձեւերու վաւերացումը վնաս կը հասցնէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու փորձերուն:
Շուէտի ձախակողմեան կուսակցութիւններուն կողմէ պատրաստուած բանաձեւին քննարկումը նախատեսուած էր 2008ին, սակայն այդ թուականէն ի վեր կը սպասուէր բանաձեւի խորհրդարան բերուիլը: Կառավարութեան անդամակցող աջակողմեան կուսակցութիւնները այս բանաձեւին դէմ քուէարկեցին, մինչդեռ ձախակողմեանները զօրավիգ հանդիսացած էին:
Խորհրդարանի հայ անդամ Իզապէլ Տինկիզեան պնդեց, թէ ժամանակը հասած է պատմական այս իրողութիւնը հաստատելու, իսկ ալաուի անդամ Արմինէ Քաքապաւէ, խօսելով Տերսիմի ցեղասպանութեան փորձին մասին՝ նմանապէս կոչ ըրաւ բանաձեւը անյապաղ վաւերացնելու:
Նշելի էր քիւրտ ծագումով Կիւլան Աւչի յայտարարութիւնը: Ան ըսաւ, թէ իր նախահայրերը մասնակցած են նշեալ ցեղասպանութեանց, որոնք անհերքելի իրականութիւններ են: Ան բանաձեւը վաւերացնելու կոչ ըրաւ՝ պնդելով, թէ արդարութեան վերահաստատումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ համար:
Շուէտի իշխող համախոհութեան անդամ կուսակցութիւններու երեսփոխանները քննարկման ընթացքին ազդարարեցին, թէ բանաձեւին վաւերացումը անտեղի կերպով պիտի զայրացնէ Թուրքիան, միաժամանակ աւելցնելով, թէ անոնք հարցականի տակ չեն դներ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ, ի նպաստ արտայայտուած երեսփոխանները շեշտեցին, թէ Ցեղասպանութիւնները չճանչնալ՝ համազօր է զանոնք ուրանալու, եւ աւելցուցին, թէ միայն անցեալի այս ահաւոր ոճիրները յիշելով եւ ընդունելով կարելի պիտի ըլլայ անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլել:
Քննարկման ընթացքին, խորհրդարանի շէնքէն դուրս տեղի կ°ունենային բանաձեւին ի նպաստ ու անոր դէմ ցոյցեր: