Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հինգշաբթի Մարտ 4-ի կէսօրին որդեգրուած թիւ 252 բանաձեւը մեր արդար ու անսակարկելի իրաւուքներուն հետապնդման ճամբուն վրայ շահուած նորագոյն յաղթանակը եղաւ անկասկած« բազմաթիւ գիծերու վրայ արձակելով այլազան պատգամներ:
Դժուարին երկունքէ մը ծնած եւ միայն մէկ քուէի առաւելութեամբ որդեգրուած բանաձեւը անգամ մը եւս հաստատեց« որ Թուրքիոյ յերիւրանքները պարտութեան պատնին բախած են: Մէկ քուէի առաւելութեամբ հաստատուած բանաձեւը այդ մանր թիւէն շատ աւելի աւելի հզօր պատգամ մը ունէր« որովհետեւ դէմ քուէարկող խորհրդարանականներ ըստ էութեան դէմ չէին 1915ին սկսած արարքները Ցեղասպանութիւն կոչելու տրամաբանութեան« այլ բացայայտ դարձուցին« որ իրենց »ոչ« քուէով« կը միտին արգելքներ չյարուցանել ամերիկեան միջնորդութեամբ ճամբայ ելած հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւման:
22ի դէմ 23 քուէով շահուած յաղթանակը աննախընթաց չէ« ոչ ալ զայն պէտք է դասել մեծ իրագործումներու շարքին« ալ զայն պէտք է գնահատել արդար մօտեցումով ու »վարձքը կատար« ըսել բոլոր այն գործիչներուն ու քուէարկողներուն« որոնք մասնակից էին այս յաղթանակին կերտումին: Հայ Դատի հետապնդման մեր աշխատանքները անցեալին կտրած են նոյնիմաստ հանգրուաններ« սակայն ի վերջոյ« գլխաւորաբար Սպիտակ տան ու վարչակազմի »խելամիտ« ու »հեռատես« քաղաքականութեան հետեւանքով« վաւերացում չեն շահած խորհրդարանին մէջ: Վաղուց ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը« թէ Անգարայի ու Ուաշինկթընի միջեւ կը խաղցուի դիւանագիտական սադրալի խաղ մը« ուր մէկ կողմէ՝ հայութեան ակնկալութեան գոհացում կը տրուին յանձնախումբի մակարդակի վրայ նման բանաձեւերու որդեգրումով« ապա« Թուրքիյ գոհացում կը տրուի բանաձեւը խորհրդարանի աւազանին մէջ ընկղմելով: Այս խաղին տարբեր հանգրուաններուն ականատես եղանք Պիլ Քլինթընի եւ Ճորճ Պուշի օրերուն« իսկ Պարաք Օպամայի մեղկ կեցուածքին աղաղկող արտայայտութիւնը լսեցինք անցեալ տարուան Ապրիլին:
Խօսինք արձանագրուած պատգամներէն մէկ քանիին մասին:
Առաջինը« բնականաբար« ուղղուած է Թուրքիոյ« որ կը յոխորտար« թէ բանաձեւը պիտի ձախողի նոյնիսկ այս հանգրուանին« ու տակաւին չէ հրաժարած իր սնանկ վարքագիծէն« կը շարունակէ քարոզարշաւը՝ իր սուտը իբրեւ իրաւ ընդունիլ տալու համար. Թուրքիոյ պետական ծանր հրետանին շուտով պիտի միանայ այս քարոզարշաւին: (Հայաստանի պետական այրերը կը յամառին կառչիլ կրաւորականութեան):
Նոյնիմաստ պատգամ մը կ’ուղղուի նոյնինքն Սպիտակ տան պետին ու իր արտաքին քաղաքականութեան իմաստակ վարիչներուն« ցոյց տալով« որ հայութեան դէմ Թուրքիոյ պետութեան գործած ոճիրը Ցեղասպանութիւն կոչելէ այլ ընտրանք չունին« իսկ եթէ շարունակեն միջամտութիւններու եւ որձեւէգութեան նոյն ընթացքը« աւելի° ու աւելի° ծիծաղելի պիտի դարձնեն իրենք զիրենք« մէկ կողմէ՝ անառարկելի ճշմարտութիւն մը հաստատելէ խուսափելով« ու միւս կողմէ« իրենք զիրենք պատանդ պահելով ոճրագործ պետութեան մը ու անոր ժառանգորդներու ոտնձգութիւններուն« մինչ անդին« ամերիկացի ժողովուրդին ու աշխարհին կը ներկայանան իբրեւ արդարութեան« մարդկային իրաւունքներու եւ իրաւազրկուած ժողովուրդներու ջերմ պաշտպան (այսպէսով նաեւ քանի մը քայլ յառաջ կը տանին այլ դառն ճշմարտութիւն մը« ըստ որուն՝ քաղաքականութիւն խաղացողը արժանապատւութիւն ու երեսի ջուր չþունենար…):
Ամերիկեան կեցուածքին մէջ կայ նաեւ այլ անհիմն ու ծիծաղելի երես մը© ինքնախաբէութեամբ տարուած Ուաշինկթընի իմաստակները կը փորձեն… իրենք զիրենք վախցնել« պատրուակելով որ հայութեան արդար իրաւունքերուն ի նպաստ դիրքորոշուելով՝ կրնան նեղացնել Թուրքիան ու վնասել ՆԱԹՕի շահերուն: Պէտք է այդ »քաղաքագէտներուն« յիշեցնել« որ շուրջ տասնամեակ մը առաջ« Թուրքիա« այո« փոթորիկ փրցուց եւ դիւանագիտական տագնապ մը կեղծեց« երբ Ֆրանսա յարեցաւ արդարութեան ու ճշմարտութեան« Թուրքիոյ պետութեան ոճիրը կոչելով իր իսկական անունով: Թուրքիա տուն կանչեց Փարիզի իր դեսպանը« սպառնաց տնտեսական հակահարուած հասցնել Ֆրանսայի« օրուան վարչապետը՝ Պիւլէնթ Էճեւիտ« մինչեւ իսկ դիմեց ինքզինք խայտառակող քայլի մը (կը կասկածինք թէ զգաց խայտառակութիւնը)« յայտարարելով« թէ կը հրաժարի ֆրանսական »Ռընօ« մակնիշով իր ինքնաշարժէն: Յետոյ« Թուրքիա կուլ տուաւ իր թուքը եւ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները վերադարձան բնականոն հունի: Հաւանաբար Ուաշինկթընի մարդոց յիշողութիւնը չի տարածուիր մէկ քանի տարիէն անդին: Այլ խօսքով« եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատուի« Թուրքիա կրնայ մանկական նոյն խաղը խաղալ« յետոյ ալ ստիպուած կþըլլայ իր թուքը դարձեալ կուլ տալու« ու կեանքը կը շարունակուի բնականոն ընթացքով:
Նոյնքան կարեւոր պատգամ մը կþուղղուի մեզի՝ հայութեան« եւ այդ պատգամը ունի մէկէ աւելի ծալքեր:
Առաջին հերթին՝ մեզ անգամ մը եւս իրազեկ կը դարձնէ« թէ երբ գիտակից ենք ու տէրը՝ մեր արդար ու անվիճելի իրաւունքներուն« իրաւուքն չունինք ստորագնահատելու մեր կարողութիւնները« հոգ չէ թէ սահմանափակ: Կարելի է մեկնաբանութիւններ լսել« թէ այս քայլով« Ուաշինկթըն բազմաճիւղ խաղ մը կը խաղայ ու հաւանաբար հասցնելիք պատգամներ ունի երբեմն »չեմ-չում« խաղացող թուրք դաշնակիցին: Այս հանգրուանին« նման հաւանականութիւն հետաքրքրական է« բայց մենք ալ իրաւուքն ունինք ըսելու. մեզի ի’նչ:
Այլ պատգամ մըն է այն« որ մեր գործը պէտք է շարունակենք անվհատ« մի’շտ նոյն սեւեռակէտով« իրականացած իւրաքանչիւր յաղթանակը« հոգ չէ թէ մանր« օգտագործելով յաջորդ քայլերու յենարան ու նոր մեկնակէտ:
Վերջապէս« ու նոյնքան կարեւորը՝ պէտք է վերահաստատել մեր Դատին համար տարուող աշխատանքներուն ու ճիգերուն միասնութիւնը« միացեալ ուղին« Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք« Եւրոպա« Ամերիկա եւ այլուր: Արդեօք կարելի՞ է կասկածիլ« որ առաւելաբար« եթէ ոչ բացառաբար սփիւռքեան ճիգերով արձանագրուած այս յաղթանակները որքա~ն աւելի բարենպաստ ու արդիւնաւոր պիտի ըլլային« եթէ հայրենի պետութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները միացնէր այս գործընթացին« դուրս գար փրոթոքոլներու պատրանքներէն ու ոտքերը իսկապէս դնէր գետին« որդեգրէր ի°սկապէս իրապաշտ քաղաքականութիւն: Պատգամին այս բաժինը կþուղղուի նաեւ հայութեան այն խմբակներուն« որոնք կառչած կը մնան փրոթոքոլները չվտանգելու տրամաբանութեան: Պէտք է բանալ աչքերը եւ տեսնել« թէ փրոթոքոլներուն ներկայ տարազը ըստ էութեան եւ ըստ ամենայնի կը հակադրուի շահուած յաղթանակներու ուղիին« ու եթէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ պիտի զարգանան« մեկնակէտը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մեր բոլոր արդար իրաւուքներուն կենսագործումը կրնան ըլլալ միայն:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարտ 4, 2010