Նոր Աստուածներու Մեհեանը

0 0
Read Time:3 Minute, 19 Second


Ցողիկ Աշըգեան

Երեւան

Անունդ անթառամ Մանուկեան Արամ,
Հիմնադիր՝ Հայոց հանրապետութեան,
Սիփան Սարն ու Վանայ Ծովակը վկայ,
Միացումը մօտ է , անպայման կու գայ:

Արեւը կը շողայ մարմարեայ արձաններու երկարող շարքին վրայ, հայոց հին աստուածներու մեհեանէն ներս:
Կը լեցուի չորսդին արձագանգող, անսկիզբ եւ խորհրդաւոր ձայնով մը:
Ոսկեայ դափնեպսակով պճնուած, ալիքոտ մազերը ուսերուն վրայ փռած, մետաքսեայ ասմազուն զգեստով, նշանաձեւ աչքերով հպարտ հասակով հայուհի մը կը խօսի .
-« Ո՜վ հայ , մոռցա՞ծ ես դուն մեզ, մեզ, որ դարեր շարունակ պաշտեցիր եւ գովաբանեցիր: Կը յիշե՞ս մեր անունները, մեր իրագործումները, կը յիշե՞ս մեր նուաճումները եւ յաղթանակի խնճոյքներու ճարճատող խարոյկները: Մենք կը յիշենք եւ գերբնական մեր էութեամբ տակաւին քեզի կը ծառայենք:
Ստրկութեան եւ գերութեան դարերուդ մեր սրտերը կ՚արիւնէին վշտագին եւ բոլոր ժամանակներուն քեզ պայքարելու կը ջանայինք մղել: Եւ վերջապէս բռնկեցաւ Զարթօնքի արեւը պայծառ հոգիներու մէջ: Հնչեց փողն ազատութեան եւ տարածուեցաւ սրբազան լեռնաշխարհին վրայ հայկական:
Հայու Աստուածները հայ հոգիէն կը ծնին միայն: Հայու Աստուածները Նայիրեան հողին կը ծառայեն միայն:
Եւ ահաւասիկ հայու հոգին երկունքի ցաւերով կը բորբոքէր կրկին, տակաւին սպիացած չէին սեւ օրերու կսկիծն ու տառապանքն , սակայն Հայ Նոր աստուածներ ծնունդ առին:
Հաւատա՚ ո՜վ Հայ Պարոյր Սեւակին, քանզի ճշմարիտ են անոր խօսքերը, երբ կ՚ըսէ՝ «սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք՝ Սարդարապատից»:
Հին աստուածներու այս մեհեանը զորս կը տեսնես հիմա, Մայիս 28ի այդ սրբազան օրը վերանորոգուեցաւ եւ փառաւոր դարձաւ՝ շնորհիւ Անոր որ թէկուզ հէգ մարմնով , ուժը կը կրէր Արցախի լեռներուն եւ անոնց նման սէգ միշտ պատնէշի վրայ էր: Ա՚ն, որ սիրտ մը ունէր Վանայ ծովակին պէս կապոյտ եւ Սիփանի ու Վարագի նման վեհ, եւ հոգի մը՝ Հայ հին աստուածներու օճախէն վառուած:
Ես հին աստուածուհի մըն եմ, ծնած Հայու ջինջ հոգիէն, իսկ Ան, նոր աստուած մըն է Հայու յարուցեալ հոգիէն ծագած: Ո՞վ կրնար չարձագանգել անոր կոչին, թէ՝ Երեւանը չենք Դատարկելու:
Եւ ահաւասիկ կը լսուէին խոր կիրճերէն հայոց աշխարհի մռնչիւններ արիական, հեգնելով կեանքն ու գրկընդխառնուելով մահուան հետ, կ՚առաջանային դէպի Սարդարապատ, դէպի Յաղթանակ»:

Սիրելի՚ հայրենակից,
Հայաստանի Հանրապետութեան Հարիւրամեակն է: Ազատատենչ մեր ժողովուրդի ամենասրբազան տօնն է: Միասնաբար որոնենք Մայիսեան հերոսներու քաջութիւնը մեր սրտերուն մէջ: Անկախանանք մեզ սահմանափակող եւ կաշկանդող կապանքներէն եւ թերահաւատութիւններէն: Հայոց հազարամեայ պատմութեան ա՚յն հանգրուանին մէջ կը գտնուինք, երբ ազգակերտման եւ պետականակերտման գործընթացին պիտի թափ տանք, երիտասարդութեան քաղաքականացման ուղղութեամբ աշխատինք. Պետական մարմինները ապականութենէ փրկենք եւ վերացնենք յոռի եւ կաշառակերական բացասական երեւոյթները մեր հասարակութեան ընկալումներէն. Անշահախնդիր գործածենք մեր պաշտօնները՝ ծառայելով միմիայն ժողովուրդին. Խիղճով կատարենք մեր աշխատանքը եւ այլոց իրաւունքներուն պաշտպան հանդիսանանք. Ծաղկեցնենք մեր գիւղատնտեսութիւնը, բաժնեկցելով Հայ մշակին տարտերը, արժեւորելով անոր ներդրումը եւ հո՚գ տանինք անոր ինչպէս ինք կը խնամէ հայրենի մեր հողը. Ապահովենք հայ բանուորին, աշխատաւորին եւ արհեստաւորին արժանավայել ապրուստի իրաւունքը. Շէնցնենք մեր մարզերը, ընկերային արդիական պէտքերը ապահովելով գիւղերուն, ուսուցանելով անոր զաւակները եւ յորդորել համայնքներու պահպանումը եւ տեղւոյն զարգացումը: Հայ կնոջ սատարել, եւ անոր ընծայել ամէն առիթ, որպէսզի առաջին հերթին կերտէ իր անհատականութիւնը եւ ապագային դառնայ ինքնավստահ անհատականութիւն. Բարենորոգել համալսարանական հաստատութիւնները՝ զանոնք վերածելով մտքի, լուսաւորութեան իսկական կեդրոններու եւ Հայաստանի ապագայ մասնագէտներու լիիրաւ ու հմուտ փաղանգը կերտելող կառոյցներու. Ընդունինք զիրար, առանց որեւէ խտրութեան. Մասնակից դառնանք Հայ Դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն՝ արժեւորելով ա՚յն մարմինները, կազմակերպութիւնները եւ կառոյցերը, որոնք անդուլ պայքար կը մղեն Արցախի համար, Ցեղասպանութեան արդար հատուցման համար եւ անձնուէր առաջ կը տանին այս սուրբ աշխատանքը. Ծաղկեցնել սփիւռքեան մեր օճախները, առաւել եւս կազմակերպուելով եւ խմբովին պատասխանատուութիւն ստանձնելով՝ գիտակցաբար հայ ժողովուրդին բնական աճը ապահովել, անոր մշակութային վերելքը ապահով դարձնել եւ ծառայութեան վսեմ առաքինութեամբ ուղղորդուիլ:
Համախմբել բոլոր հայերը անխտիր, կարեւորութիւն չտալու քաղաքացիական պատկանելիութեան, կրօնքի, սեռի, լեզուի, գաղափարներու կամ այլ տարբերութիւններու: Պարզապէս կողք կողքի գալ, մեր ազգային պատկանելիութեամբ, որպէսզի միասնաբար մեր ազգի ապագան կերտենք հայրենի մեր հողին վրայ :
Խորապէս համոզուած եմ, որ մեր Հանրապետութեան Հիմնադիր Հայրերը եւ մայիսեան հերոսները հեզ եւ օրինակելի անհատներ էին, եւ այդ է իրենց մեծութեան գաղտնիքը: Եթէ ամէն Հայ իր առօրեայ կեանքին ընդմէջէն եւ իր անձի օրինակով իր փոքր լուման նուիրէ հայրենիքին՝ այդ կ՚ըլլայ իր քաղաքը մաքուր պահելով, օրէնքը չխախտելով կամ ծառայելով Հայոց բանակին, Հայաստանը կ՚ունենայ երաշխաւորուած պայծառ ապագայ:
Մայիս 28, 1918-ը սկիզբն էր մեր «անկատար տենչերու» իրականացման, որ շարունակուեցաւ Մայիս 9,1992-ով:

Հայու հոգին անհուն է եւ հին աստուածներու մեր մեհեանը պատրաստ է ընդունելու իր Նոր աստուածները: Իսկ մենք պատրա՞ստ ենք …:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles