ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ, ԲԱՅՑ ՈՉ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԱՆՈՐ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 58 Second

Անցեալի դարու Ֆրանսացի մեծ մտաւորականներէն էր Ռէյմոն Արոն (1905-1983): Իր մտածումներու առանցքին գտնուած են մասնաւորաբար պատմութիւնը, քաղաքականութիւնը, ընկերային եւ ազգային հարցերը: Իր կարեւորագոյն երկերէն է պատմութեան ըմբռնումին նուիրուած իր գիրքը, Les dimensions de la conscience historique, լոյս տեսած 1961-ին:

            Մեծ եւ փոքր ժողովուրդներ չկան պատմութեան ընթացքին վրայ ազդելու համար: Մեծն Աղեքսանդր մեծ ժողովուրդի առաջնորդը չէր: Հիւսիսային Քորէայի Գերագոյն պետը Քիմ Ճոն-Էօն, ծնած 1984-ին, համեմատաբար փոքր երկրի մը ղեկավարն է, բայց տիրապետելով գիտութեան ընձեռած ուժին (հիւլէական ռումբ եւ հեռահաս հրթիռ), ինքզինք կոչած է դասական մեծերու ակումբի անդամութեան:

            Քաղաքական (ընկերային-ազգային) մտածողութեան համար Ռէյմոն Արոն հրաւէր կ’ուղղէ մարդկային կացութիւնը ըմբռնելու եւ պատմութիւնը հասկնալու, արդի գիտական-ճարտարագիտական ձեռքբերումներու լոյսին տակ, որոնք ոչ մասնակի են եւ ոչ ալ աշխարհագրականօրէն սահմանափակուած: Անոնք կը վերաբերին բոլոր մարդոց եւ ժողովուրդներուն:

            Այսինքն «մեծեր» եւ «փոքրեր» կրնան տիրապետել «ուժ»ի եւ ըլլալ յարգելի-նկատառելի խօսակից:

            Արդարեւ, յետ-ճարտարարուեստական, հիւլէական եւ այժմ արուեստական ուշիմութեան (ուղեղի) ժամանակաշրջանին, հեռուն եւ մօտը, կղզիացումները, դասական ուժը եւ մինչեւ 20-րդ դարու աւարտը տեւած աւատապետական-կայսերական պետական ղեկավարման ըմբռնումները հինցած են, նոյնիսկ եթէ դեռ կը տեւեն, դեռ կը տեւեն՝ երբ գիտակցական հաւաքական ընդդիմութեան ճիգը կը բացակայի: Տեղքայլ ընելով ոչ կարելի է սեփական ճակատագրին տիրութիւն ընել եւ ոչ ալ իրաւութեամբ մասնակից ըլլալ աշխարհի կեանքին:

            Արագ ընթացած գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան համաշխարհայնացած ձեռքբերումներուն հետեւանքով, քաղաքակրթութիւնը եւ պատմութիւնը ոստում կատարած են, զսպանակի օղակ փոխած են: Ներկայի պայթիւնավտանգ կացութիւնը հետեւանք է այն բանին, որ ղեկավարութիւնները կը շարունակեն մտածել եւ գործել տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններու լուսանցքին վրայ, հին են, հինցած: Դարերու ընթացքին տեղի ունեցած համագումար հոլովոյթէն աւելի մեծ տարողութիւն ունին երկրորդ աշխարհամարտէն ետք իրականացած գիտական, ճարտարագիտական, քաղաքակրթական ձեռքբերումները: Կամ կ’ընդգրկուինք, կ’իւրացնենք եւ մասնակից կ’ըլլանք, կամ կը մնանք ճամբու եզրին:

            Կարմիր կոճակը սեղմելու սպառնալիքը մամուլին առատ նիւթ մատակարարեց: Կրնայ ան մնալ սոսկ սպառնալիքի մակարդակին, բայց կրնայ նաեւ յանկարծ…

            Պատմութեան լուսաւորումէն չօգտուելու քաղաքական առաջնորդութեան համար յոռեգոյն յուշարարները նախապաշարումներն են: Այս մասին շատ ուշագրաւ է Ռէյմոն Արոնի պարզ միտքը, երբ կ’ըսէ, թէ «մարդոց մեծամասնութիւնը թերթը կը կարդայ ամրացնելու համար իր նախապաշարումները»: Ծէսեր եւ կրկնութիւններ: Միամիտ չըլլանք, բազմակարծութիւնը լաւ բան է, պայմանաւ որ ան չբանտարկուի, «նոյն թերթ»ի ընթերցումը բազմակարծութիւն չի ստեղծեր, եւ կը մնանք ընդհանուր բնորոշումով նախապաշարումներու մէջ, չենք հետեւիր պատմութեան ընթացքին, չենք փորձեր ջոկել թիւրն ու թերին, ենթակայականը եւ առարկայականը:

            Շատ կարեւոր է որ քաղաքացին եւ առաջնորդը հարց տան, թէ ի վերջոյ ո՞ւր, կ’երթանք, ո՞ւր կը տանին, եւ ինչո՞ւ: Արգիլուած պէտք չէ ըլլայ նոյնիսկ մտածել պատմութեան աւարտի մասին: Այս կամ այն հին քաղաքակրթութիւնը, ինչպէս Ինքաները կամ Սումմերները, կրնանք ըսել, թէ անոնց պատմութիւնը աւարտած է: Մարդկութեան նուաճած սպառնական ուժը նոյն այդ մարդկութիւնը կրնա՞յ օր մը հասցնել Սումմերներու եւ Ինքաներու վիճակին: Մեծերը եւ փոքրերը: Անապատացնել կեանքի մոլորակը:

            Հարկ է մտածել նաեւ գիտական-բնազանցական խնդիրներու մասին, օրինակ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղը բնութեան բազմատեսակ աւերներու հետեւանքը եւ ե՞րբ է մոլորակի վախճանը, այդ վախճանին զուգահեռ եւ հետեւող մարդկութեան ապագան, կեանքի շարունակութիւնը: Փերու գտնելու պէս պիտի նուաճե՞նք տիեզերքի միգամածին մէջ անյայտ աստղեր, հոն շարունակութիւն ըլլալու համար: Այս հէքիաթի հարցում չէ:

            Հակառակ ժամանց-զբօսի եւ սպառողական ընկերութեան երեւութական բթացնող հանգստաւէտութեան, մեծ հարցականներու անկիւնադարձին կանգնած ենք, անհատաբար եւ հաւաքաբար, պետութիւններ, ազգեր, ժողովուրդներ: Այս կացութիւնը դիմագրաւելու եւ հակակշռելու համար, տեղական շահերու եւ փառասիրութիւններու հետապնդումը սխալ տեղ կը տանի եւ կ’ամլացնէ ղեկավարութիւնները, անոնք ստիպուած կ’ըլլան կարկտաններ ընելու, եւ երբեմն ալ (յաճախ) շփոթելու անձնական շահը եւ դիրքը ազգային եւ համամարդկային հեռանկարներու հետ: Այս՝ մեծ համարուածներու եւ փոքրերու պարագային:

            Զանգուածները անտեղեակ չեն: Բայց զանգուածները գիտակից յանձնառութեամբ չեն առաջնորդուիր: Եթէ զանգուածները նուազ ընդարմացած ըլլային անմիջականի մէջ, ազգային եւ համամարդկային խնդիրներուն այլ որակով լուծումներ կը գտնուէին:

            Անցեալը եւ ներկան դատելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար կը յաւակնինք առարկայական ըլլալ: Նուազագոյն իրատեսութիւնը մեզի պիտի թելադրէր համեստութիւն, եւ այն ատեն պիտի հասկնայինք, որ առարկայական կամ ենթակայական պիտակով ներկայացող դատումներու միջեւ տարբերութիւն տեսնելն անգամ ենթակայական է, եւ այդ պատճառով ալ միշտ կը գտնուինք երկուութիւններու առջեւ. վէճեր, հակամարտութիւններ: Այս ողջմտութեամբ եթէ փորձէինք հասկնալ կացութիւնները, ինչպիսի ցաւեր եւ անարդարութիւններ կը խնայուէին մարդկութեան, բայց նաեւ փոքրիկ(փոքրացուած) ազգերու եւ հայրենիքներու:

            Ի՞նչ կ’ըսէ մեր (հայ ժողովուրդի) վերջին մէկ դարու պատմութիւնը:

            Այս վերաբերումներու վկայութիւնը մենք կը կարդանք նաեւ մեր պատմիչներու գիրքերուն մէջ: Անոնք միշտ առկայ են մեզի անմիջականօրէն ծանօթ վերջին աւելի քան հարիւր տարիներու հրամցուցած պատկերով: Հայ ժողովուրդը, իր երկրին մէջ, կամ հայրենահանումով կամ հայրենալքումով անկէ հեռու, ինքզինք դատապարտած է կողմնորոշումներէ բխած հակամարտութիւններու, այդ կողմնորոշումները եղած ըլլան ընտրուած թէ թելադրուած, անհասկացողութեան պատեր բարձրացուցած ենք, չենք խօսած մեր նախապաշարումներու իսկական պատճառներու մասին եւ կարծրացած ենք կրկնութիւններով, արմատացած ենթադրեալ ճշմարտութիւններով:

            Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը ծնած էր համաշխարհային պատմութեան ահեղ գալարումներու օրերուն: Հիմա, դար մը հեռուէն դիտելով, կրնանք խորհիլ, որ ոչ ոք այդ անկախութիւնը կը սպասէր: Հայաստանը սահմաններ ունեցող երկիր չէր, ինչպէս որ էին Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիգայի, Սպանիոյ, Փորթուկալի կամ Հոլանտայի գաղութները, որոնք ունէին նաեւ, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, ներքին, ազգային, ցեղային կամ կրօնական միութիւն: Ապագաղութարարութիւնը գտաւ գրեթէ սահմաններ ունեցող երկիրներ, գաղութարար պետութիւնները ստեղծած էին կառավարման ենթակառոյցներ:

            Հայաստանները, արեւելեան եւ արեւմտեան, մաս կը կազմէին ինքնակալներու կայսրութիւններու:

            Այդ կացութեան մէջ կ’ապրէր մասնատուած ազգ մը: Պէտք չէ մոռնալ այլ իրողութիւն մըն ալ: Հայոց յեղափոխութիւնը եւ քաղաքական միտքը որպէս առաջադրանք ունէին Հայաստանի ազատագրութիւնը, բայց այդ Հայաստանը Արեւմտահայաստանն էր: Ֆէտայիները արեւելահայաստանէն կ’երթային ԵՐԿԻՐ: Հայկական  պետութեան ստեղծումը չէր նախատեսուած ցարական կայսրութեան ծիրէն ներս: Նման մտածում օրակարգ չէր եղած: Բայց այդպէս է պատմութիւնը. իրադարձութիւններու ժամադրութիւնները կանխաւ ճշդուած չեն ըլլար:

            Այս բոլոր հարցերու մասին ի հարկէ պէտք է խօսիլ, իրարու հետ պէտք է խօսինք, հաւաքական գիտակցութեան ծնունդ տալու համար: Բայց ինչպէս կ’ըսէ Շէքսփիր, «Ամառնային գիշերուան երազ մը» երկին մէջ, որ «խօսիլ չի բաւեր, հարկ է ճիշդ խօսիլ», այսինքն չխօսիլ մտածումներ եւ ընտրանքներ թաքցնելու համար: Կողմնապաշտական վերաբերումները իրարու հակադրել, միշտ ալ առաջնորդած է կուրութեան: Եւ կուրութեամբ երբեք ճիշդ ուղի կարելի չէ ընտրել: Այս պատճառով ալ, ի գին ամէն բանի մրցակից կամ հակառակորդ քննադատել, ղեկավարութիւնները եւ հաւաքականութիւնները կը տանի տխմարութեան: Կը հասնինք հոն, ուր Շէքսփիրի «Լիր Արքայ»ի հերոսը կրնայ ըսել՝ «ժամանակի աղէտն այն է, որ խենթերը կ’առաջնորդեն կոյրերը»:

            Ճիշդ է: Հարիւր տարի առաջ, դարեր առանց սեփական պետութեան ապրած ժողովուրդ մը պատմութեան աստեղային պահուն «ներկայ» ըսաւ, անհետացման զառիթափին վրայ կանգ առաւ: Այսօր, հարիւր տարի վերջ, ինչպէ՞ս այդ ներկայութիւնը պիտի ամրապնդուի, պիտի լրացուի: Այսօրուան անկախ հանրապետութեամբ հասած ենք նոր հանգրուան:

            Հաւաքաբար պիտի խորհինք, որ ինչ որ կայ այսօր վերջնակա՞ն կացութիւն է, հանգրուա՞ն է, թէ՝ մեկնակէտ:

            Ի՞նչ պիտի ընենք ազգի լրացման համար, ազգը ըլլալով հայրենիք եւ ժողովուրդ: Այս հարցումին պիտի պատասխանեն ղեկավարութիւնները, մտաւորականութիւնը եւ բնական ողջախահութիւն ունեցող զանգուածները: Առանց զանգուածներու «ներկայ» պատասխանին ազգ չի պահուիր: Ուստի զանգուածներուն պէտք է վերադարձնել ազգապահպանի իրենց դերը եւ նոյն զանգուածները գիտակցական թռիչքով պէտք է ստանձնեն այդ դերը:

            Անկախութիւնը եւ հայրենիքը յոբելեանի մը հրավառութեամբ չեն կառուցուիր, չեն լրանար եւ չեն ամրապնդուիր:

            Այլ որակ պէտք է նուաճել:

            Բանաստեղծները յայտնատեսներ են, քաղաքական կեանքի տերվիշներու պարին մասնակցողներէն շատերէն աւելի: Ժամանակակից բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեանի պայթող խօսքն է այսօրուան եւ վաղուան մեր ճակատագրի տիրութեան խօսքը, որ ընթացիկ մարդորսութենէ աւելին է, տարբեր որակ.

Լսէ՛ք, հայե՛ր,

Դուք պէտք է վերադառնաք

ձեր անկախ երկիրը,

որից դուք ինքներդ ձեզ դուրս քշեցիք,

ինչքա՞ն կարելի է այսպէս ապրել,

անրջելով անվերջ Հայաստան,

այս արեւադարձային բաղնիքում…

որ Լոս Անջելսն է կէսօրին…

Արտեմ Յարութիւնեան, Յուդայի արձակուրդը, էջ 64

            «Անրջելով Հայաստան»ը ոչ քաղաքականութիւն է ոչ ալ հայրենասիրութիւն:

            Շաբաթավերջի երազով, խրախճանքով, երգով, պարով, փողով ու թմբուկով, կամ զբօսաշրջութեամբ չի շփոթուիր ազգի ապագայի կառուցման հեռանկարը: Բանաստեղծը որպէս ֆէթիշ կը յիշէ Լոս Անճելըսը:

            Գիտակցական որակի պահու մը կրնաք աւելցնել «Ամէն տեղ հայ կայ»ի տխրեցնող հինգ ցամաքամասերու աշխարհագրութիւնը, ոչ միայն Լոս Անճելըսը…

            Եթէ դադրէինք անրջելէ, դուրս գայինք ընդարմացման փապուղիներէն եւ մտնէինք հայրենատիրութեան իրաւ ճանապարհը, մեր ժողովուրդի զիկզակուած պատմութիւնը իր հունը կը մտնէր, կը դադրէինք անհետացման դատապարտուած ինքնագոհ գաղթական կամ փարիա ըլլալէ:

            100ամեակին պիտի հնչէ՞ ամբողջացման, հայու ինքնութեան անսեթեւեթ վերականգնման, միացման, պետութեան ամրացման եւ արդար հասարակակարգի փողը, մեր ուժը, համրանքը եւ իմացական նուաճումները բերելով հայրենիքին:

            Հայաստան եւ սփիւռքներ այս ըսողներ կան: Ըսողներուն լսողներ ալ են պէտք:

            Կ’ուզեմ աւարտել 100ամեակի առիթով բայց ոչ անպայման անոր մասին այս անհանգիստ մտածումներս, հայրենի երիտասարդ մտաւորականներէն Սաթենիկ Աւետիսեանի մտածումներով, որ մեր հզօրացումը կը տեսնէ արժէքներու եւ ունակներու պաշտպանութեան մէջ: Իր խօսքը կոչ է, այսօրուան եւ վաղուան համար.

            «Ուրեմն՝ մհերեան ոգին համազգային տարողութիւն ունի, այն որոշակի պարբերականութեամբ հայոց հզօրների՝ արքայ, զօրավար, գիտութեան եւ արուեստի գործիչներ, ճակատագրերին ներյատուկ գոյավիճակ է, երբ բարձր թռիչքի ունակներին օտարում են բնօրրանից՝ հոգու կամ մարմնի սպանդ կազմակերպելով, կամ կասեցնում են թռիչքը մեկնարկի պահին՝ կանխելով պետական ու ազգային նուաճումները (ԳԻՐ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ, էջ 23, Սաթենիկ Աւետիսեան, 2016, Երեւան, Անտարես):

            Ինչպէ՞ս չմտածել հայրենահանման, հայրենալքման, Երեւանի բանտի 1920ի ջարդի, 1937ի տխրահռչակ օրերու եւ «լաւ ապրելու իրաւունք»ի համար մեր բազմատեսակ հրաժարումներու մասին:

            Մտածել, պատասխանատուութիւնները ստանձնել եւ առաջ ընթանալ:

            Առանց աւազախրելու անսկիզբ եւ անվախճան իմաստուն համարուած վերլուծումներու մէջ:

 

             

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles