ԱՐԱՄ ԻՐԱ՛Ւ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 32 Second

ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Մուղնի, Աշտարակ

Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գրքին մէջ, 142¬րդ էջին վրայ, կը գրէ.¬
¬ «Երեւանի ազգաբնակչութիւնն ու զինուորականութիւնը, Էրզրումի անկման լուրի տպաւորութեան տակ, մի բազմամարդ ժողովում որոշեցին Արամին յայտարարել դիկտատոր եւ ամբողջ իշխանութիւնը կեդրոնացնել նրա ձեռքը։ «Մեր Հայրենիք» երգելով հազարաւոր բազմութիւնը շարժուեց դէպի Արամի բնակարանը եւ յուզիչ հանդիսութեամբ հռչակեց նրան դիկտատոր։ Վրայ հասան քաղաքի զօրամասերը եւ երդուեցին հնազանդ լինել նորընտիր դիկտատորին։ Այդ քայլին, իր անվերապահ հաւանութիւնը տուեց եւ Ազգային Խորհուրդը։ Այսպիսով, Մարտի առաջին օրերից սկսած՝ Երեւանի բովանդակ իշխանութեան մարմնացումը դարձաւ Արամը, որ իր զարմանալի նրբամտութեամբ ու տակտի շնորհիւ կարողացաւ շաղկապել շրջանի բոլոր գործօն տարրերը, աշխատանքի լծել ամէնքին։ Ձեռք ձեռքի տուած Դրոյի, զօրավար Սիլիկեանի ու Փիրումեանի, նահանգական կոմիսար Ս. Թորոսեանի, քաղաքական կուսակցութիւնների եւ կառավարական ու հասարակական մարմինների հետ՝ նա Երեւան բերեց արտակարգ եռանդ եւ ամենատագնապալի վայրկեանին, ձեռնհասութեամբ վարեց Արարատեան Դաշտի հայ ժողովուրդի ճակատագիրը»։
Հայաստանի Ա. Անկախութեան 4¬րդ եւ վերջին կառավարութեան վարչապետին վերոյիշեալ Արամ բնութագրումին մէջ ակներեւ են հայ ժողովուրդի աննման առաջնորդին ղեկավարական յատկանիշները, որոնցմէ ինքնաբերաբար կը բխին ընդհանրական եւ անվիճելի հետեւեալ սկզբունքները.-
1.¬ Ղեկավարման պաշտօնները, որքան ալ ըլլան բարձր եւ հզօր, չեն դիմանար ժամանակին ու չեն կրնար դրականօրէն արդիւնաւորուիլ ու բեղուն վարքագիծ ապահովել, եթէ չունենան ժողովրդային լա՜յն խարիսխ։
2.¬ Անհատի արժէքը անփոխարինելի է։ Եւ կան արժէքներ, որոնք կարող են հրաշքներ գործել. մենակութեան խորհրդաւոր ուժն ու առարկայական աննպաստ պայմանները հանգեցնել փառահեղ յաղթանակներու։
3.¬ Անհատական ամենա¬արտակարգ լիազօրութիւններն իսկ, յաջողութեամբ պսակուելու համար՝ պարտաւոր են գործել հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքով։
Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, դիկտատորութիւնները միշտ ալ պարտադրուած են իրենց զանգուածներուն։ Արամի պարագային, պատահած է ճի՛շդ հակառակը, մեր հայրենիքի փրկութեան ամենաճակատագրական ժամանակահատուածներէն մէկուն ընթացքին եւ մեր ֆիզիքական գոյութեան կենաց¬մահու սարսափելիօրէն արագընթաց հոլովոյթներուն դէմ յանդիման՝ դիկտատորական գործելաձեւը անվերապահօրէն պարտադրուած է Արամին, իբրեւ ժողովրդային բաղձանք եւ ընտրութիւն։
Պատմական այս աննախընթաց իրողութիւնը ինքնին եւ առանձին՝ բաւարար է Արամը տեղադրելու հայոց պետականութեան բարձրագոյն պատուանդանին վրայ։
Ընդհանրապէս չափազանց դժուար է քանի մը էջերու վրայ բնութագրել իսկական ղեկավարի կերպարը այս իմաստով, թէկուզ ոչ ամբողջական սահմանումի հասնելով, կարելի է սակայն մէջբերել կարգ մը հիմնական ածականներ եւ կարողականութիւն արտայայտող բառեր ¥արդար, խիզախ, ճկուն, հնարամիտ, հաւատք, բնազդ, carisma, համբերատարութիւն, վճռակամութիւն, պարկեշտութիւն, տեսլական, գործնական, փորձ, գիտելիք, ներողամտութիւն…¤ կամ այլ արժանիքներ եւ աշխատելաձեւեր ¥քաղաքական հոտառութիւն, բանակցային ճարտարութիւն, գործել անձնական օրինակով, գերադասել հայրենիքն ու ժողովուրդի բարօրութիւնը՝ կուսակցական եւ այլ նկատառումներէ, ճիշդ ժամանակին եւ ինքնակամօրէն՝ պաշտօնէն հեռանալու ունակութիւն, գաղափարական խորք, չափի զգացում, լիազօրութիւններ տալու յանձնառութիւն…¤։
Վերոյիշեալ իրա՛ւ ղեկավարման բոլոր վարկանիշերը, այլ յաւելումներով եւ ազգային հպարտանքով՝ հայ ժողովուրդը կարող է անվարանօրէն խտացնել մէ՛կ հասցէագրումով.
¬ Արամ Մանուկեան։
Այսօր, երբ բովանդակ հայ ժողովուրդը կանգնած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100¬ամեակի սեմին եւ պատրաստ՝ անգամ մը եւս նուիրականացնելու Սարդարապատեան Առասպելը իր բոլոր հերոսներով ու սխրագործութիւններով, անյետաձգելի առիթ է նաեւ վերահաստատելու, որ Արամի Արարատեան պայքարը կը շարունակուի՝ յաւելեալ հնչեղութեամբ ու հաւատքով։
Բացառիկ առիթ է նաեւ, որ կատարենք արդար գնահատականը հայրենակերտութեան գլխաւոր խորհրդանիշը մարմնաւորող՝ Արամին, իր արձանը բարձրացնելով Մայր Երեւանի կեդրոնին մէջ։
Բայց զգո՛յշ։
Թող երբեք չաճապարեն այս յուշարձանի կանգնեցման ետին գտնուող բոլոր պատասխանատուները։ ԱՐԱՄ¬ը անմահ է ու դաստիարակիչ առա՛նց արձաններու։ Բայց եթէ ԱՐԱՄ¬ը արձանացնելով՝ ամէնօրեայ վերյիշեցում պիտի դառնայ մեզի եւ գալիք սերունդներուն համար՝ իբրեւ հայրենակե՛րտ հերոս եւ իրա՛ւ ղեկավարման վարքագիծ, պատմական հրամայական է նաեւ, որ այդ բոլորը վաւերականօրէն արտացոլան այդ մեծ աշխատանքին մէջ, իբրեւ՝ ձեւ, խորք ու նստավայր։
***
«Երեւանը չենք դատարկի» պատմական կարգախօսին հեղինակը անբախտ եղաւ իր անձնական կեանքին մէջ՝ իր նիւթական անցուկ վիճակով, 40 տարեկանին իր վաղաժամ մահով, իր անշուք բնակարանով ու գերեզմանով եւ վերջապէս՝ մեր յիշողութեան ու ներկային մէջ իր արդա՛ր տեղը ունենալու իմաստով։
Կþուզենք տեսնել ԱՐԱՄ¬ը ամէ՛ն օր։
Մեր յաջորդ սերունդները պիտի ուզեն տեսնել զինք ամէ՛ն օր։
Իբրեւ օրինակելի ղեկավար։
Իբրեւ պետական մաքրամաքուր գործիչ։
Իբրեւ մնայուն արժէք եւ ուղեցոյց։
***
Իր կեանքի վերջին րոպէներուն, ԱՐԱՄ¬ը հետաքրքրուած էր միայն մէկ անձի մասին.
¬ «Ի՞նչ լուր Ռոստոմից…»։
Արամի հարցումին մէջ կար՝ վիթխարի եւ իրարմէ անքակտելի կամքերու անխախտ ընկերութիւն մը, որ կը գոյատեւէր նոյնիսկ իր ծանր հիւանդութեան հետեւանքով հնչեցուած իր վերջին զառանցանքներուն մէջ, բնականաբար, անտեղեակ ըլլալով, որ միայն տասը օրեր առաջ իր շատ սիրելի գործակիցը արդէն իր շնչաւոր վերջին հրաժեշտը տուած էր՝ այլ ժամանակներու եւ վայրերու մէջ դարձեալ հանդիպելու անձայն՝ բայց հաստա՛տ խոստումով…
Այո, զարմանալի չէր բնա՛ւ այդ հարցումը.
¬ Որովհետեւ, եթէ Ռոստոմը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կամքն էր, Արամը կամքն էր համայն հայութեան։
Եւ այդ ժողովրդային կամքը՝ պէտք է տեսնել ամէ՛ն օր։
Հայաստանի սրտին մէջ.
¬ Որպէսզի ամէ՛ն օր դառնանք քիչ մը աւելի՛ ժողովրդավար, աւելի՛ միասնակամ ու հայրենասէր։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles