ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 9 Second

 

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայո¯ց լեզու, որքա¯ն կը սիրեմ քեզ: Ո°չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ՝ աւելի° զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ’ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը, քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ՝ պատմութեան մէջ:

Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը, հայո¯ց լեզու, կը սիրե°մ քեզ«:

Վ. Շուշանեան

ՄԱՅ­ՐԵ­ՆԻ ԼԵԶ­ՈՒԻ եւ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱ­ՐԻ:

ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը կա­րե­ւո­րե­լով լեզ­ուի դե­րը, իբ­րեւ ազգ կազ­մող եւ պահ­պա­նող  հիմ­նա­կան գոր­ծօն, տա­րին յայ­տա­րա­րած է ՄԱՅ­ՐԵ­ՆԻ ԼԵԶ­ՈՒԻ ՏԱ­ՐԻ՝ ողջ հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւնն ու ջան­քե­րը սե­ւե­ռե­լու մայ­րե­նի լե­զուն անա­ղարտ պա­հե­լու խնդի­րին:

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. բարձր գնա­հա­տե­լով հայ կնոջ դե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս, տա­րին հռչա­կած է« ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱ­ՐԻ՝ հայ կի­նը ճիշդ գնա­հա­տե­լու, եւ ար­ժե­ւո­րե­լու անոր իւ­րա­յա­տուկ տեղն ու դե­րը մեր ազ­գա­յին կեան­քէն ներս:

Երբ կը խօ­սինք մայ­րե­նի լեզ­ուի անա­ղարտ պահ­պան­ման, ու­սուց­ման, հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մա­սին, ան­մի­ջա­պէս մեր աչ­քի առ­ջեւ կը յայտն­ուի հայ կի­նը, որ այս սրբա­զան առա­քե­լու­թիւնը իր ու­սե­րուն վրայ կրող գլխա­ւոր դե­րա­կա­տարն է, իբ­րեւ մայր, ու­սուց­չու­հի, տնօ­րէ­նու­հի, լրագ­րող եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ: Հայ մայ­րը առա­ջին օրօ­րո­ցա­յի­նը եր­գած է իր երե­խա­յին եւ եղած՝ անոր առա­ջին ու­սու­ցի­չը, հայ մօր հա­յե­րէ­նէն կախ­ուած է մեր մայ­րենիի ճա­կա­տա­գի­րը:

 Հայ­րե­նիքն ու Սփիւռ­քը տա­րին տար­բեր ար­ժէք­նե­րով իմաս­տա­ւո­րե­լով հան­դերձ,  մի­աս­նա­կան են՝ տար­բեր ենք, սա­կայն կը մնանք նոյն ազ­գի զա­ւակ­նե­րը, որոնք տար­բեր մի­ջոց­նե­րով կը ծա­ռա­յեն նոյն գա­ղա­փա­րին՝ ապ­րիլ հա­յօ­րէն…

Հա­յաս­տա­նի մէջ լեզ­ուի տա­րի յայ­տա­րա­րե­լը կը նշա­նա­կէ »ինչ որ տեղ, ինչ որ բան սխալ է«՝ մայ­րե­նի լեզ­ուի վի­ճա­կը ոչ միայն գո­հաց­ուցիչ չէ, այ­լեւ մտա­հո­գիչ: Հա­յաս­տա­նի մէջ լե­զուն աղա­ւա­ղե­լու երե­ւոյ­թին կը հան­դի­պինք հե­ռուս­տա­տե­սու­թեամբ, մա­մու­լով, ձայ­նաս­փիւ­ռով, հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ու դպրոց­նե­րէն ներս: Սփիւռ­քի մէջ տար­ուէ տա­րի հա­յե­րէն խօ­սող­նե­րու թիւը կը նուա­զի եւ օտար լե­զու­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով կը խե­ղա­թիւր­ուի մեր ոս­կե­ղի­նի­կը:  Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սը Սփիւռ­քի մէջ 2007 թուականը յայ­տա­րա­րած էր լեզ­ուի տա­րի, այ­սօր նոյն քայ­լին գնաց ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը, որով­հե­տեւ այս գեր­կա­րե­ւոր ար­ժէ­քին ան­գամ մը եւս ու­շադ­րու­թիւն դարձնե­լը անհ­րա­ժեշտ է, եւ պէտք է այդ մա­սին յի­շեց­նել մին­չեւ մայ­րե­նին կա­րե­ւո­րելն ու սրբու­թիւն հա­մա­րե­լը դառ­նայ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու մտա­ծե­լա­կերպն ու ապ­րե­լա­կեր­պը: Մայ­րե­նի լե­զուն, մայր Հայ­րե­նի­քը եւ հա­ւատքն է, որ կը մի­ա­ւո­րէ, կը սեր­տաց­նէ ազ­գի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը, ու­րեմն լե­զուն պէտք է միշտ անա­ղարտ պահ­պա­նենք եւ հզօ­րաց­նենք:

Մայ­րե­նի լեզ­ուի տա­րին Հա­յաս­տա­նի մէջ սկիզբ առաւ Փետր­ուար 15-ին՝ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լով Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի յի­շա­տա­կին. ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րարն ու նա­խա­րա­րու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ գրող­նե­րու միու­թեան պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րը ծա­ղիկ­ներ դրին Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի շի­րի­մին, ապա ներ­կայ եղան Օշա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց եկե­ղեցի­ին կից գոր­ծող սրա­հին մէջ ներ­կայ գտնուե­ցան լեզ­ուի տօ­նին նուիր­ուած գե­ղար­ուես­տա­կան ձեռ­նար­կին:

Փետր­ուար 17-ին նոյն պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րը Երե­ւա­նի տար­բեր դպրոց­նե­րու աշա­կերտ­նե­րը հա­ւաք­ուե­ցան Մա­տե­նա­դա­րա­նի մօտ գտնուող Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի արձանի շուրջ: Այն­տեղ հնչող խօս­քե­րը, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներն ու եր­գե­րը մեծ ոգե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին եւ վստա­հա­բար իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցան հա­սա­րա­կա­կան գի­տակ­ցու­թեան վրայ:

Փետր­ուար 18-ին ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կոբ­եան եւ ՀՀ գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Լե­ւոն Անան­եան հրա­ւի­րած էին մամ­լոյ ասու­լիս, որուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նա­եւ Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կրթու­թեան վար­չու­թեան պետ Գա­յիա­նէ Սո­ղո­մոն­եան:

Տի­կին Յա­կոբ­եան շեշ­տեց, որ լեզ­ուի անա­ղար­տու­թեան պա­հա­պան­նե­րը նախ եւ առաջ պէտք է ըլ­լան պաշ­տօն­եա­նե­րը, աշ­խա­տանք­ներ պէտք է տա­նիլ հե­ռուս­տա­լե­զուն եւ հա­մա­ցան­ցա­յին լե­զուն մաք­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Տի­կին Յա­կոբ­եան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու ու­շադ­րու­թիւնը հրա­ւի­րեց սփիւռք­եան տար­րա­կան, մի­ջին եւ աւագ դպրոց­նե­րու հա­մար ընդ­հա­նուր չա­փո­րո­շիչ­նե­րով հա­յոց լեզ­ուի եւ պատ­մու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան դա­սագր­քե­րու ստեղծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ: Այդ նպա­տա­կով ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը պի­տի իրա­կա­նաց­նէ շարք մը ծրագ­րեր՝ »Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ներ­կայ վի­ճա­կը Սփիւռ­քում«, »Հայ ինք­նու­թեան որակ­նե­րի պահ­պա­նու­մը խառն ամուս­նու­թիւն­նե­րում«  հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղով­ներ, Ռու­սաս­տա­նի հա­յե­րու միու­թեան հետ պի­տի կազ­մա­կերպ­ուի »Լա­ւա­գոյն հայ­կա­կան կրթօ­ջախ«, »Լա­ւա­գոյն սփիւռք­եան լրատ­ուա­մի­ջոց« ան­ուա­նա­կար­գե­րով մրցում:

Ասու­լի­սի աւար­տին ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կոչ ըրաւ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել ճա­նա­պարհ­նե­րուն, ցու­ցա­փեղ­կե­րու վրայ տե­ղադր­ուած օտար լե­զուով գրուած կամ օտա­րա­մէտ գո­վազ­դա­յին վա­հա­նակ­նե­րուն եւ այս պա­հէն սկսիլ պայ­քա­րիլ անոնց դէմ:

Փետր­ուա­րի 19-ին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րած արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նէն արե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ հա­կա­ռա­կը փո­խարկ­ման ծրագ­րի շնոր­հան­դէ­սը:

Փետր­ուար 21¬ին ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խաձեռ­նու­թեամբ Ալ. Սպենդ­ի­ար­եա­նի ան­ուան օպե­րա­յի եւ բա­լե­տի ազ­գա­յին ակա­դեմ­ի­ա­կան թատ­րո­նէն ներս իրա­կա­նա­ցաւ »Մայ­րե­նի լեզ­ուի օր« պե­տա­կան տօ­նին նուիր­ուած հան­դի­սու­թիւն, գե­ղար­ուես­տա­կան պատ­շաճ յայ­տագ­րով, այն­տեղ հնչե­ցին մեր մե­ծե­րու ինչ­պէս արե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէն խօս­քե­րը, որոնք գո­հու­նա­կու­թեամբ ըն­դու­նե­ցին հան­դի­սու­թեան ներ­կայ սփիւռ­քա­հա­յե­րը: Տօ­նը հո­գե­ցունց էր. նոր լիցք ու ոգի հա­ղոր­դեց հան­դի­սա­տե­սին, Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան:

Մայ­րե­նի լեզ­ուի տար­ուան նուիր­ուած ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի շա­րու­նակ­ուին ամ­բողջ տա­րին, ՀՀ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը մայ­րե­նի լեզ­ուին նուիր­ուած ձեռ­նարկ­նե­րու ցանկ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ՀՀ դես­պա­նու­թիւն­ներ, դիւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­ներ՝ Սփիւռ­քի հա­մայնք­նե­րու հետ իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Մշտա­կան հո­գա­ծու­թեան տակ պէտք է պա­հենք մայ­րե­նին, իսկ մայ­րենիի անա­ղար­տու­թեան հա­մար պէտք է պայ­քա­րի իւ­րա­քան­չիւր հայ կին, իւ­րա­քան­չիւր հայ՝ թէ Հայ­րե­նի­քի, թէ Սփիւռ­քի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles