ՔՈՆԿՐԷՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 32 Second
Ցոյց` Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին դիմաց Photo Kevork Djansezian AFP/Getty

Հինգշաբթի, Մարտ 4ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին քննարկումը տեւեց գրեթէ վեց ժամ. կարգ մը ընդհատումներէ եւ աւարտին տեղի ունեցած յոյժ հետաքրքրական եւ լարուած պահեր ստեղծած քուէարկութենէն ետք, բանաձեւը վաւերացուեցաւ 22ի դէմ 23 քուէներով:

Նկատի ունենալով, որ 46 անդամ ունեցող յանձնախումբին կարգ մը անդամները այլ ժողովներու պէտք է մասնակցէին քննարկման ընթացքին, քուէարկութիւնը աւելի քան երկու ժամերու վրայ երկարեցաւ, իսկ անդամներէն մէլը՝ Շիլա Ճէքսըն Լի, որոշուած ժամանակին չհասաւ իր քուէն տալու համար:
Ցեղասպանութեան բանաձեւին իր կեցուածքը փոխողներուն մէջէն ամենայատկանշական քոնկրեսականն էր Մասաչուսեցէն դեմոկրատ ներկայացուցիչ Պիլ Տելահանթը, որ բանաձեւին դէմ քուէարկեց:

Ժողովին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Հաուըրտ Պըրմըն՝ կոչ ընելով ներկաներուն, որ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեն, հաստատելու համար այս պատկան իրողութիւնը: Ան նշեց, թէ կը գիտակցի, որ Թուրքիա Ամերիկայի դաշնակիցն է, սակայն կարեւոր է, որ ճանչցուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ անոր մասին ազատօրէն խօսուի: «Արդէն ժամանակն է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի:

Ծերակուտական Ատամ Շիֆ եւ …

Բնականաբար, այս մէկը թուրքերուն յուսախաբ պիտի ընէ, սակայն վստահ եմ, որ ժամանակի ընթացքին մեր յարաբերութիւնները պիտի բնականոնանան եւ աւելի առողջ ձեւով պիտի շարունակուին», ըսաւ ան:

…եղեռնէն վերապրողներ

Հաուըրտ Պըր­մըն Թուրք-ամե­րիկ­եան նա­խա­ձեռ­նու­թեան խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին յայտ­նած էր, որ Թուրք­իա պէտք է հաշ­ուի նստի իր սե­փա­կան անց­եա­լին հետ: Յանձ­նա­խում­բի փոխ­նա­խա­գահ Տեն Հար­շան, հա­ւաստ­ի­ա­ցուց որ Հաուըրտ Պըր­մըն, մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տայ Թուրք­իոյ հետ բա­րե­կա­մու­թեան:

Ճերըլտ Քանըլի շեշտը դրաւ Թուրքիոյ կարեւորութեան վրայ, պնդելով, որ պատմական սխալները դատապարտելու փոխարէն, պէտք է պաշտպանել ամերիկեան դիւանագիտական շահերը:
Քալիֆորնիայէն հանրապետական Տանա Ռորպախըր, որ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան օրերուն «հայկական ապստամբութեան» մասին, եւս ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը կարելի չէ հերքել: Ան նաեւ աւելցուց, թէ բանաձեւը պէտք չէ ճամբայ բանայ վնասուց հատուցման պահանջերուն առջեւ, պնդելով, թէ նման պահանջներ նոր հարցերու պիտի առաջնորդեն: Ան Թուրքիոյ կոչ ըրաւ, որ ընդունի իր պատմութեան «մութ էջերը», խոստանալով բանաձեւին ի նպաստ քուէարկել:

Դեմոկրատ Ճիմ Քոթսա շեշտեց, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը պատասխանատու է Հայկական Ցեղասպանութեան, որ միջազգայնօրէն հաստատուած է իբրեւ պատմական իրողութիւն: Ի նպաստ բանաձեւին քուէարկած Էտուըրտ Ռոյսն յիշեցուց դարասկիզբին, Օսմանեան կայսրութեան մօտ Ամերիկայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հենրի Մորկընթաուի խօսքերը, ուր ան յստակօրէն նշած է հայութիւնը բնաջնջելու քաղաքականութեան մասին:

Ռոյսն ըսաւ, որ Ամերիկա ուշացած է այս ճանաչումը ապահովելու գործին մէջ, մինչ եւրոպական շարք մը երկիրներ արդէն իսկ պաշտօնապէս հաստատած են այս իրողութիւնը: Ան նաեւ ըսաւ, որ բանաձեւին մէջ կը խօսուի ոչ թէ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան, այլ Օսմանեան կայսրութեան ոճիրներուն մասին:

«Ո»չ քուէարկած Նիւ Եորքէն դեմոկրատ Մայքըլ ՄըքՄեհըն նշեց, որ նեցուկ կը կանգնի հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքներուն, եւ այդ պատճառով ալ դէմ պիտի քուէարկէ սոյն բանաձեւին, հակառակ «ցաւոտ յուշերուն»:

Ինտիանայէն Մայք Փենս, որ նմանապէս դէմ քուէարկեց բանաձեւին, յայտնեց, թէ կասկած չկայ, որ Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած էր, եւ կարելի չէ ուրանալ, որ աւելի քան մէկ միլիոն հայեր սպաննուած էին, սակայն հիմա ժամանակը չէ նեղացնելու Թուրքիան, որ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններուն համար կարեւոր դաշնակից մըն է:

Թենըսիէն Ճան Թենըր խօսեցաւ նման բանաձեւ մը վաւերացնելու համար ժամանակին անյարմար ըլլալուն մասին, ու անոր դէմ քուէարկեց: Հոս Պըրմըն ընդմիջելով ըսաւ, որ 27 տարիէ ինք անդամ է Քոնկրեսին, եւ այդ միջոցին ոչ մէկ պահ յարմար ժամանակը համարուած էր նման բանաձեւ մը վաւերացնելու համար:

Պիլ Տելահանթ պատմական նկատեց արձանագրութիւնները եւ յիշեց բանաձեւին վաւերացման նկատմամբ Թուրքիոյ սպառնալիքները, ապա անոնց տեղի տալով՝ յայտնեց, թէ «ոչ» պիտի քուէարկէ բանաձեւին, պնդելով, որ հարցը պէտք է լուծուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութեան ճամբով:

Պապ Ինկլիս եւս սխալ նկատեց այս հանգրուանին բանաձեւը վաւերացնելու առաջարկը, մինչ Լին Ուոլզի, որ հովանաւոր էր բանաձեւին, կոչ ըրաւ վաւերացնելու զայն, որովհետեւ ժամանակը «երբե՛ք յարմար պիտի չըլլայ»: Ան յիշեցուց, որ Օպամա, Պայտըն եւ Քլինթըն՝ իբրեւ ծերակուտականներ, Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կողմնակից եղած են: Բազմաթիւ երկիրներ եւ դաշնակիցներ արդէն իսկ ճանչցած են այս իրողութիւնը, ուստի անտեղի համարեց այն պնդումները, թէ՝ ժամանակը յարմար չէ:
Մայքըլ ՄըքՔոլ ըսաւ, որ երկու ժողովուրդները տարբեր կարծիքներ ունին այս հարցին մասին եւ պնդեց, թէ բանաձեւը ոչինչ պիտի փոխէ ու հարցին պէտք է այլ ձեւերով մօտենալ: Որոշումը երկու ժողովուրդներէն պէտք գայ, ըսաւ ան ու պնդեց, թէ ամերիկացիներուն համար լաւագոյն մօտեցումը պիտի ըլլայ «ո»չ քուէարկել բանաձեւին:

Արիզոնայէն հանրապետական Ճէֆ Ֆլէյք շեշտեց, թէ Քոնկրեսը յարմար վայրը չէ նման բանաձեւ մը քննելու, իսկ Քիթ Էլիսըն յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելով՝ պիտի մեղմացնենք զոհերուն եւ ժառանգորդներուն ցաւը: Ան պնդեց, թէ ներկայացուածը Թուրքիոյ դէմ բանաձեւ մը չէ, միաժամանակ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան կողմէ բնիկներուն, ափրիկեցի ամերիկացիներուն ու այլոց դէմ ոճիրները դատապարտող բանաձեւ վաւերացնելու:

Ֆլորիտայէն հանրապետական Կաս Պիլիրաքիս եւս Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ՝ ապագային նման ոճիրներու առաջքը առնելու համար: Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ անտեսուի պարզապէս Թուրքիոյ գոհացում տալու համար, ըսաւ ան, սակայն Ռաս Քարնահան պնդեց, թէ ժամանակը յարմար չէ:

Ռան Փօլ, որ այլ երկիրներու հարցերուն միջամուխ չըլլալու ջատագով մըն է, անտրամաբանական նկատեց այն պնդումները, թէ Ամերիկա չէզոք պէտք է մնայ այս հարցին մէջ, մինչ այլ հարցերու միջամուխ կ՛ըլլայ: Սակայն, ան աւելցուց, թէ համաձայն չէ բանաձեւին, որովհետեւ անիկա օգուտ պիտի չունենայ:

Պարպարա Լի, Տարֆուրի եւ այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցող սպանդները յիշելով՝ նշեց, թէ միայն ցեղասպանութիւնները ճանչնալով կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել ապագային անոնց կրկնութիւնը, մինչ Ճէֆ Ֆորթընպերի եւս պնդեց, թէ Քոնկրեսը յարմար վայրը չէ այս հարցը քննելու համար:

Պրետ Շըրմըն հարց տուաւ, թէ վերապրողները որքա՞ն պիտի սպասեն Ցեղասպանութեան ճանաչման ականատես ըլլալու համար: Ան աւելցուց, թէ ուրացման փորձերը չեն յաջողիր, մինչ «ճշմարտութեան եւ հաշտութեան» յանձաժողովները կը յաջողին: Ան նաեւ քննադատեց Թուրքիան, որ արձանագրութիւններուն եւ հաշտութեան փորձերուն դէմ կ՛ելլէ՝ զայն կապելով Արցախի հարցին: «Ուրացումը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է», ըսաւ ան եւ անհիմն համարեց այն պնդումները, թէ ճանաչումը վնաս պիտի հասցնէ Թուրքիոյ: Ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ սպառնալիքները չեն իրագործուած Ցեղասպանութիւնը ճանչցած այլ երկիրներու դէմ, ընդհակառակը, անոնց հետ առեւտուրը աճած է: Ան յիշեցուց, թէ Ամերիկան է, որ միլիառաւոր տոլարներ կը տրամադրէ Թուրքիոյ, ու Թուրքիան է, որ պէտք ունի Ուաշինկթընի աջակցութեան, ուստի պէտք է ընդունի այս պատմական իրականութիւնը, եթէ կ՛ուզէ Ամերիկայի հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակել:

Տայան Ուաթսըն ըսաւ, թէ ինք կը հովանաւորէ այս բանաձեւը լաւապէս մտիկ ընելէ ետք երկու կողմերուն կեցուածքները: Բանաձեւը պէտք է վաւերացուի մարդկային իրաւանց մարզին մէջ Ամերիկայի միջազգային վարկը բարձր պահելու համար, ըսաւ ան:

«Այո» քուէարկեցին՝ ատենապետ Հաուըրտ Պըրմըն, անոր տեղակալը՝ Կերի Էյքըրմըն, Էնի Ֆալիոմանավեկա, Տանըլտ Փէյն, Պրետ Շըրմըն, Էլիըթ Էնկըլ, Տայան Ուաթսըն, Ալպիօ Սայրըս, Քրիսթըֆըր Սմիթ, Էլթըն Կալեկլի, Տանա Ռորպախըր, Տանըլտ Մանզուլօ, Էտուըրտ Ռոյս, Ճին Կրին, Լին Ուոլզի, Ճոզէֆ Քրաուլի, Պարպարա Լի, Շելի Պըրքլի, Կաս Պիլիրաքիս, Ճիմ Քոսթա, Քիթ Էլիսըն, Կէպրիէլ Կիֆըրտզ եւ Ռան Քլայն:

«Ոչ» քուէարկեցին Պիլ Տելահանթ, Կրեկըրի Միքս, Ռաս Քարնըհեն, Իլիանա Ռոս Լէյթինեն, Տէն Պըրթըն, Ռան Փօլ, Ճէֆ Ֆլէյք, Մայք Փենս, Ճերըլտ Քանըլի, Մայքըլ ՄըքՄեհըն, Ճան Թէնըր, Մայք Ռոս, Պրետ Միլըր, Տէյվիտ Սքաթ, Ճօ Ուիլսըն, Ճան Պուզմըն, Կրեշըմ Պերեթ, Քանի Մեք, Ճէֆ Ֆորթընպերի, Մայքըլ ՄըքՔոլ, Թետ Փօ, Պապ Ինկլիս:

Բանաձեւը յաջորդ հանգրուանին պիտի քննուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին կողմէ:
Իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն, Թուրքիա անմիջապէս տուն կանչեց Ուաշինկթընի իր դեսպանը:

Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի Ուա­շինկ­թը­նի կեդ­րո­նա­կան գրա­սեն­եա­կի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Արամ Համ­բար­եան, իր կարգին յայտնած էր.- »Որ­պէս ամե­րի­կա­ցի­ներ՝ մենք չենք կրնար թոյլ տալ Թուրք­իա­յին կամ որե­ւէ այլ պե­տու­թեան կաս­կա­ծի տակ դնել Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցի մէջ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դիր­քո­րո­շու­մը եւ անոր բա­րո­յա­կան կեր­պա­րը£ Մենք ու­րախ ենք այս ծրագ­րի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ« որ­պէս­զի օգ­նենք ամե­րի­կա­ցի­նե­րը՝ աւե­լի յստակ գի­տակ­ցիլ ժխտման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վտան­գին եւ Քոնկ­րէ­սին կող­մէ բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան«:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles