ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Սրտի խորերէն Աստուծոյ հետ խօսակցութիւն…
Գրիգոր Նարեկացի (950-1010 ՅՔ) մեծ ու երանելի սուրբին գրիչէն եւ սրտի ակունքներէն բխած այս աղաչանքը, դառնացած ու ամօթխած անձի մը մահացու կեանքէն դէպի անմահ կեանքի բաղձանքով տոչորուած գերազանց իմաստ ունեցող աղօթք մըն է:
Նարեկացիին մասին խօսիլ ու զայն հասկնալ, կը նշանակէ իմաստաւորել մեր երկրաւոր կեանքը, ճանչնալ անհատական մեր ներաշխարհը, թափանցել էութեան ընդերքը, ճանչնալ մեր անարժանութիւնը, ամօթով մօտենալ մեր զազրելի մեղաւոր կեանքին, ճանչնալ հոգիի ու մարմնի թշնամին, կամք ունենալ դիմադրելու սատանային:
Նարեկացի այնքան թափանցած է Աստուածային գիտութեան խորքը ու այնքան հասկցած քրիստոնէական մեր հաւատքի հիմքը, որ նոյնինքն իր գրութիւններով ու կենցաղով, կու գայ հանդիսանալու մեր եկեղեցական վարդապետութեան եւ Աստուածաբանութեան հանճար գիտնականներէն մին:
Աստուծոյ երկիւղը ու Անոր հանդէպ մեր մեղաւոր ընթացքը, զայն վերածեց այն գերազանց անձնաւորութեան, որ լիապէս հիւսեց Ամէնօրհնեալ Թագաւորին փառքը:
Նարեկացին իր ոսկի աղօթամատեանով, կու գայ մինչեւ այսօր մեր մեծագոյն ներշնչումներէն ու Քրիստոնէական բարձրագոյն գիտակցութեան հրաւիրող կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը դառնալու: Անոր երեւակայական ու մտային թռիչքը, զայն կþորակեն որպէս հանճար սուրբ, Աստուծոյ շնորհքովը կնքուած ու սրբուած:
Տիեզերքի ամենամեծ ուժը՝ աղօթքը, կը հանդիսանայ կորիզը մեր կեանքին, ուստի աղօթքի զօրութիւնը մեզ կը վերածէ այնպիսի էակներու, զորս քաջաբար կը դիմադրեն չարին ու կը յաղթեն անոր բոլոր հնարքներուն:
Այնպիսի արագընթաց ժամանակաշրջանի մը մէջ կþապրինք, որ չի թոյլատրեր մեզ խաղաղութեամբ ու համբերութեամբ ապրիլ մեր կեանքերը, այլ իր խճողուած ու չափազանց իրար անցած ընթացքին մէջ պահելով, մարդ արարածը կը վերածէ գործիքի մը, շատ յաճախ դժբախտաբար անհոգի էութեան մը, որ իր ընելիքները ունի, որոշ ժամանակի մէջ կատարուելիք ու լրանալիք, որոշ իրագործումներով ու պահանջքներով:
Ընդհանրապէս մարդը կը մոռնայ ինք իր անձին ու էութեան հետ ըլլալու գուցէ քանի մը պահ օրուան մէջ, իյնալով կեանքի ալեկոծութեան դաժան վտանգին մէջ, ուր եթէ չկարենայ յաղթահարել, պիտի իսպառ կորսուի ու խեղդուի:
Անդառնալի պահերու իրողութիւն մըն է կեանքը: Արժեւորումի եւ ինքնակերտումի առիթ մըն է մարդուն համար իր կեանքը, որ զայն կը բարձրացնէ լոկ նիւթական ընբռնումէ, անոր տալով ոգեղէն այնպիսի ընթացք մը, որ զայն կը տանի անմահութեան: Կեանքը շնորհք մըն է մարդուն Աստուծմէ տրուած, շնորհք մը որ ինք զինք պիտի կատարելագործէ մինչեւ հասնի անհունին ու անոր ճշմարիտ գիտութեան:
Կեանքը ու իր բերած նիւթական հաճոյքները, փշաթելերու նման կþարգելափակեն մեր հոգիներն ու սրտերը, կը կալանաւորեն մեր ոգիի սլացքը ու կը շղթայեն մեր մտքի թռիչքը:
Անոնք կը սպաննեն մեր մէջ ամէն տեսակ Աստուածային կեանք, կը մարեն մեր մէջ ամէն տեսակ Աստուածային լոյս, կը թաղեն մեր մէջ ամէն տեսակ երկնառաք շնորհք:
Նիւթն ու նիւթականը երբ կþանդրանցնին իրենց սահմաննները, գրաւելով մարդուն համակ ներաշխարհը, այլեւս անիմաստ կը դառնայ մարդուն կոչումը, կþեղծուի իր մէջ Աստուածային գեղեցկագոյն պատկերը, կը հատնի իր մէջ Աստուծոյ փառքը գովերգելու շունչը, կը քաշուի իր մէջ այն աղաղակին քաղցրահնչիւն ձայնը, որ պիտի երգէր Աստուծոյ գործին մասին:
Աշխարհիկ հաճոյքները Աստուծոյ հոգիին թշնամիներն են, անոնք սառ ջուր կը թափեն Աստուծոյ շնորհքի ու փրկութեան կրակին վրայ, կը խեղդեն հոգիի մեղմաթրթիր ձայնը, կը պղտորեն Աստուծոյ գիտութեան ու քրիստոնէական սկզբունքներուն հանդէպ ունենալիք մեր կեցուածքները ու կը մարեն մեր մէջ այն քաղցրաբարոյ ձայնը, որ հրեշտակներուն հետ միախառնուած Աստուծոյ գովերգն է:
Աղանդներու բերած մոլորութիւնները
Քրիստոնեայ հաւատացեալին ու մանաւանդ հայ քրիստոնեային համար շատ վտանգաւոր երեւոյթ մը գոյութիւն ունի, որուն մասին անպայման պէտք է անդրադառնալ.
Քրիստոնէութիւնը միայն որակում չէ, այլ իսկական կոչում, պատասխանատուութիւն, գիտակցութիւն, սրբութիւն եւ դաւանութիւն: Քրիստոնէութեան մասին խօսիլ ու զայն պաշտպանել ամէն տեսակ մոլորութեանց ու մոլութեանց դիմաց, անհրաժեշտ հրամայական մըն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, անցեալէն սկսած մինչեւ այսօր:
Մեր դիմաց օրէ օր կը բազմապատկուին մարտահրաւէրները, որոնք կը վտանգեն քրիստոնէական մեր ինքնութիւնն ու նկարագիրը: Հայ իրականութեան ներկան կը բնորոշուի երեք համայնքներու իրողութեամբ.- Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներ:
Սակայն միւս կողմէ, աղանդները քաղցկեղի արագութեամբ կը տարածուին ու կը վարակեն մեր հաւատքի կեանքը, զորս շատ յաճախ տեղեակ ալ չենք ըլլար, սակայն անոնց զգալի թէ անզգալի քանդիչ վնասները կը կրենք: Այսօր այնքան շատ են մոլորեցուցիչ աղանդներն ու այսպէս կոչուած հոգեւոր խմբակները, որոնք ոչ միայն անհոգի են այլ Քրիստոսի ու իր թողած աւանդին հակառակ: Անոնք այս կամ այն ձեւով կþորսան անմեղ հաւատացեալներ, օգտագործելով անոնց կեանքի դժուարին պայմանները, իբրեւ թէ պարգեւելով հանգիստ ու բարեկեցիկ կեանք, հրաւիրելով զանոնք Քրիստոսի:
Անոնք Քրիստոսը անարգողներ են, որովետեւ հաւատացեալներուն առիթ չեն տար Աստուծոյ վստահելու եւ Աստուծոյ որոշած ժամանակին սպասելու, այլ իրենց ստաբարոյ ու սնապարծ արարքներով կը փորձեն հաւատացեալները իրենց կապել, քան թէ Քրիստոսի:
Անոնք կþօգտագործեն մեր եկեղեցական ու ազգային հարստութիւնները, զանոնք վատնելով ու պղծելով: Անոնք կþիմաստազրկեն մեր արժէքները, կը մեռցնեն մեր եկեղեցւոյ ջամբող կեանքը, կը մարեն Քրիստոսի լոյսը ու կը թաղեն մեր անգին հոգեւոր, Աւետարանական ու Առաքելական հարստութիւններն եւ աւանդութիւնները:
Պահն է զարթնումի ու գիտակցութեան: Նորութիւնները չեն, որ մեր ինքնութիւնը կը պահեն, այլ մեր նախնեաց աւանդը, Քրիստոսի շնորհքին ու օրհնութեան արժանացած մեր եկեղեցին ու դաւանանքը կը կազմեն մեր ինքնութեան էութիւնը: Նորութիւնները լաւ են այն ատեն, երբ չեն քանդեր հինը, այլ եթէ պէտք է, միայն կը զարդարեն, կը բարեփոխեն, կը գունաւորեն ու միայն այդ:
Մեր եկեղեցին ե՞րբ իր զաւակները թողած է առանց սնունդի, երբ ի՞ր զաւակները թողած է անտեր անտիրական, զորս այսօր շատեր կու գան անպատասխանատու կերպով արտայայտուելու: Ի՞նչ են արդեօք աղանդներուն առաւելութիւնները մեր Սուրբ կրօնքէն, ի՞նչ է անոնց բերած նպաստը հաւատացեալներուն, բացի մոլորութենէ, շուարութենէ, անկապ արտայայտութիւններէ կամ սովորութիւններէ, որոնք շատ խորթ ու տգեղ երեւոյթով մը կը ներկայանան մեր դարաւոր հաւատքը արտայայտելու միջոցներուն դիմաց:
Մեր եկեղեցին Աստուծոյ հոգիով պահուած ու առաջնորդուած է դարեր ու դարեր… մեր ժողովուրդը Աստուածային օրհնութեան արժանի ու զայն վայելող ժողովուրդ մը եղած է դարերէ ի վեր, ուստի անհիմն է ամէն բան, որ մեզ հեռու կը պահէ մեր Սուրբ Եկեղեցիէն: Անվստահելի է ու անապահով ամէն բան, խօսք կամ բացատրութիւն բացի Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանէն ու աւանդութենէն:
Կը պտըտին տունէ տուն, դուռէ դուռ ու կը խօսին փրկութեան մասին, կարծէք թէ մեզի համար նորութիւն ըլլար, սակայն չեն գիտեր, թէ փրկութեան պատգամով մենք ծնած ու սնած ենք եւ Սուրբ Մկրտութեամբ՝ փրկութեան ճամբուն մէջ մտած: Փրկութեան մասին Առաքեալները եկան եւ Հայաստան աշխարհի մէջ վկայեցին, անոնք լուսաւորեցին մեզ, ուստի ի՞նչ փրկութիւն կամ ո՞ր փրկութեան մասին մեզի եկած են քարոզելու… Անոնք Փրկիչը տեսան իրենց աչքերով ու Իր օրհնութիւնն ու զօրութիւնը ստացան երթալու եւ Աւետարանելու համայն աշխարհին:
Փրկութեան մասին մենք ամէն Կիրակի Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ կը յայտարարենք, փրկութիւնն ու ազատագրութիւնը կը քարոզենք… ուստի ի՞նչ է իրենց բերած առաւելութիւնը, միայն նորութի՞ւն: Եթէ ամէն օր նորութեան մը պիտի հետեւինք, վստահաբար պիտի կորսնցնենք մեր նկարագիրը, քրիստոնէական ու ազգային արժէքը, եւ վա¯յ եկեր է մեզի այն ժամանակ, որովհետեւ ամէն մարդ հաշուետու է իր արարքներուն…
Մեծ Պահոց Չորրորդ Կիրակին, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ սահմանումին, կը կոչուի »Տնտեսի Կիրակի«, հիմնուած Ղուկասի Աւետարանին մէջ արձանագրուած այն առակին, որ Քրիստոսի կողմէ պատմուեցաւ Իր աշակերտներուն՝ »Ճարպիկ Տնտեսին Առակը« (Ղկ 16.1-13):
Օրուան խորհուրդը իր շեշտն ու կարեւորութիւնը կը դնէ տնտեսելու եւ աչքաբաց ըլլալու, բոլոր այն բաներուն մէջ, զորս Աստուծոյ կողմէ մեզի կը յանձնուին: Քրիստոս խորհրդաւոր պատմութեամբ մը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս ճարպիկ տնտեսը, կրկին անգամ կը շահի իր տիրոջ վստահութիւնը եւ կը վարձատրուի մեծապէս:
Յիսուս աշխարհիկ կեանքէ ու սովորութիւններէ օրինակ մը կու տայ Իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ ինչպէս պարզ ու աշխարհին պատկանող մարդիկ նման ճարպիկ ու հնարամիտ կերպով կը մօտենան այն դիրքին, որուն վրայ կը գտնուին, եւ միւս կողմէ սակայն Լոյսի ու Արդարութեան որդիները, շատ յաճախ այնքան բծախնդիր չեն իրենց ունեցած դիրքն ու տեղը արժեւորելու ու զայն պահելու:
Քրիստոս կը յանձնարարէ, որ գործածենք այս աշխարհի հարստութիւնները այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնն ու յաճութիւնը շահինք:
Այս մէկը կոչ մըն է իւրաքանչիւրիս, մնալու համար մեր արժէքներուն պահապան, մեր սրբութիւններուն պաշտպան, դառնալով մեր արմատներուն, զանոնք առաւել եւս փայլեցնելու, ծաղկեցնելու, կանաչազարդելու եւ գունաւորելու: