ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԱՆ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ԳՐՈՂ ՄԱՄՏՈՒՀ ԱՏՈՒԱՆԻ «ԱԼ-ՂՈՒԼ» ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:6 Minute, 15 Second

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութիւնը երաժշտութեան ընդմէջէն արծարծուած է նաեւ թատերգութիւններու մէջ: Թէեւ քիչ են անոնք քանակով՝ հասնելու միջազգային հանդիսատեսին, սակայն խրախուսիչ են:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդգրկող կարգ մը թատերգութիւններու համար յատուկ ստեղծագործուած ու յօրինուած են երգ-երաժշտութիւններ՝ նուագախմբային կամ մենակատարութեամբ:
Վերոնշեալ երգ-երաժշտութիւնները հետագային նոյնիսկ զատորոշուած են՝ որպէս երգ-երաժշտութիւն, օգտագործուելով այլ ֆիլմերու, թատերգութիւններու եւ վաւերագրականներու ֆիլմերու մէջ:
Այս աշխատասիրութիւնը կու գայ արծարծելու սուրիական տեսանկիւնէն դիտուած արաբերէն «Ալ-ղուլ» («Ճիւաղը») կամ «Ճեմալ փաշա ալ-սաֆֆահ» («Դահիճ Ճեմալ փաշա») թատերգութեան, զոր կ’ընդգրկէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին Սուրիոյ իրավիճակը Օսմանեան տիրապետութեան տակ ընդհանրապէս:
Ստորեւ տրուած նիւթը կու գայ լուսարձակի տակ առնելու Թուրքիոյ արիւնոտ անցեալը եւ զայն առնչելու անոր ոճրարար ներկային: Հոն ի յայտ կու գան Օսմանեան բռնատիրութիւնը, ոճիրին դէմ պայքարողները, ազատութիւն տենչացողները, իրաւազրկուածները, ոտնակոխուածները, եւ Օսմանեան ծանր լուծին տակ տնքացողները կը տողանցեն՝ պատմութեան հանգրուան մը վերակենդանացնելով:
Արաբները պատմական այդ իրադարձութիւններու մասին օրին, թէկուզ իրենց տեսածն ու հայերու հետ միասին ճաշակածները արաբերէն լեզուով չեն երգած, կամ չեն պահպանած, սակայն հետագայ տարիներուն պատմութիւնը երբեք պիտի չկորսուէր իրենց համար եւ անպայման գէթ ձեւով մը ծնունդ պիտի տային այդ արհաւիրքը ճաշակած հողի ու արեան եղբայրներուն, խիղճի հանգստութեան համար, ինչպէս նաեւ լսելի դարձնելու արդարութեան ձայնը միջազգային ընտանիքին:
Հետեւաբար, սոյն բնագաւառին մէջ այս մեծ բացթողումը պիտի ամբողջացնէր վերոյիշեալ գործի ռահվիրայ, սուրիացի արաբ գրող՝ բանաստեղծ, թղթակից, թարգմանիչ, թատերագիր, բեմագիր (սենարիստ), վիպագիր Մամտուհ Ատուան (1941 – 2004):
Ատուան ծնած է Ղէյրուն գիւղը (Մըսիաֆ քաղաք՝ Համայի նահանգը՝ Սուրիա), աշխատակցած է գրական մամուլին: Հրատարակած է մօտ 80 գիրքեր ու գրած տասնեակ հեռուստացոյցի ֆիլմաշարեր եւ հարիւրաւոր յօդուածներ:
Ատուան, որպէս սուրիացի, հարստացուց արաբական մշակութային շարժումը: Կարգ մը գրողներ Ատուանին տուած էին «Հրէշ» կոչումը:
Մ. Ատուան խօսելով հայերու մասին, կը հաստատէ թէ հայկական ջարդերու նիւթը ենթարկուած է խեղաթիւրման, նախորդ դարու սկիզբը:
Բացայայտելով, թէ կասկած չկայ, որ անոնք կոտորուեցան միայն հայ ըլլալու պատճառով, սակայն ըստ Ատուանին, հրեայ մասնագէտները կը պատճառաբանեն օսմանցիներուն ոճիրը՝ հայերը սպաննելու համար, թէ անոնք հասկնալի պատճառներ ունէին ցեղասպանութիւնը իրագործելու:
Մամտուհ Ատուանի կարեւոր գործերէն կը համարուին «Սէֆէրպէրլիքի» («զօրահաւաք») թատերգութեան շարքը՝ «Էյյէմ ալ-ճուհ» («Սովի օրեր»), «Ալ-ղուլ» («Ճիւաղը») կամ «Ճեմալ փաշա ալ-սաֆֆահ» («Դահիճ Ճեմալ փաշա») եւ այլն:
Արդարեւ, հոս կը ներկայացնենք Մամտուհ Ատուանի գրիչին պատկանող «Սէֆէրպէրլիք»ի թատերգութեան շարքէն «Ալ-ղուլ» («Ճիւաղը») կամ «Ճեմալ փաշա ալ-սաֆֆահ» («Դահիճ Ճեմալ փաշա») ստեղծագործութիւնը:
Ատուան, այստեղ կը վերլուծէ դահիճ Ճեմալ փաշայի (1872-1922) անձը: Ահմետ Ճեմալ փաշա մաս կը կազմէր «Միութիւն եւ առաջդիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխներէն, երիտթուրքերու ղեկավար «եռեակի» (Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ) անդամ, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն: Արաբները «Արիւնարբու Ճեմալ փաշա» յորջորջումը տուած էին անոր:
1914-1918 տարիներուն Ճեմալ հրամանատարն էր Սուրիոյ մէջ գործող թրքական չորրորդ գունդին, ինչպէս նաեւ օսմանիզմի, փանիսլամիզմի եւ փանթուրքիզմի ջատաքով: Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիան Հայաստանի հայերու զանգուածային տեղահանման ու կոտորածին, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերը թրքացնելու աշխատանքին (Հալիտէ Էտիպի եւ Նիկար հանըմի միջոցաւ):
Դահիճ Ճեմալ ճնշած է արաբներու ազգային-ազատագրական շարժումները Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
Ճեմալ փաշա 1922 Յուլիս 25-ին գնդակահարուած է Թիֆլիսի մէջ իր երկու թիկնապահներուն հետ միասին, վրիժառու բազուկ Ստեփան Ծաղիկեանի ու անոր գործակից ընկերներ՝ Պետրոս Տէր Պետրոսեանի եւ Արտաշէս Գէորգեանի արդար գնդակով:
Վերոյիշեալ թատերգութեան մէջ Մամտուհ Ատուան ընտրած է Ստեփան Ծաղիկեանը, որպէս կերպար: Վերջինիս յեղափոխական եւ վրէժխնդրական կեցուածքը նկատի առած եւ անոր վրէժխնդրական գործած արարքը, վերջ տալով թէ՛ Ճեմալ փաշայի կեանքին եւ թէ՛ ձերբազատելու հայ ու արաբ ժողովուրդը՝ Ճեմալի արհաւիրքէն ու կոտորածէն: Ըստ Մամտուհ Ատուանի, Ստեփանով մարմնաւորուեցան հայու տառապանքն ու վրէժխնդրութիւնը:
«Ալ-ղուլ» թատերգութեան մէջ կը ներկայացուին Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մարդկային արիւնալի տեսարաններ: Թատերգութիւնը լեցուն է ողբերգական ներկայութեամբ եւ օրուայ իրավիճակի դէպքերու տեսարաններով: Այդ ներկայացուած է ահաւոր հարազատութեամբ, հոգեբանական խորունկ ներթափանցումով, արտասովոր ուժով եւ գեղարուեստական անկեղծ ներշնչումով:
Թատերգութիւնը խիստ յուզիչ է եւ անոր մաս կը կազմեն նաեւ կարեւոր լեզու տուող երգերը:
Նկատի առնելով Ատուանի գրական բազմազան շնորհքները, ան ամէն թատերգութեան մէջ տեղ տուած է ոտանաւորներու շարքի մը, ուր թատերգութիւններու կառուցուածքը եղած է երաժշտախառն թատերգութիւն:
Մամտուհ Ատուանի թատերգութիւնները իւրայատուկ են նաեւ այն իմաստով, որ թատերգութեան դերակատարներուն հետ տեղ կ’առնէ անպայման պատմիչ մը, երբեմն նուագարանով (ընդհանրապէս ուտով): Ան թատերգութեան թեման մերթ ընդ մերթ պատմելով ու երգելով կը ներկայացնէ եւ կամ թատերգութեան անդամները (երգչախմբային) թատերգութեան սկիզբը երգելով մուտք կը գործեն:
Հերտեւաբար, Մամտուհ Ատուան բարձրորակ բանաստեղծական ոճով մը գրած է նաեւ այս թատերգութեան բոլոր երգերը:
«Ալ-ղուլ» թատերգութեան երաժշտութիւնն ու երգերու յօրինումը կը պատկանի Ռաատ Խալաֆի:
Իսկ թատերգութեան ընթացքին երգուած երգերը նուագողներն ու երգողներն են Էյսար ալ-Լահհամ եւ Իսամ Րաֆէհ:
Թատերգութիւնը կը սկսի, երբ Ճեմալ՝ անհանգիստ երազի ազդեցութեան տակ քնացած է, կը ներկայանայ կիներէ ու տղամարդոցմէ բաղկացած ուրուականներու խմբակ մը, կազմուած դահիճին կողմէ, որ անխնայ կոտորած է մարտիրոսներ: Խմբակի անդամները դահիճը շրջապատելով կը խօսակցին եւ կ’երգեն հետեւեալը.

Մեզմէ պիտի չկրնաս փախչիլ նոյնիսկ քունի մէջ
Քու զոհերդ քեզ պիտի հալածեն ոխով
Ու վրէժխնդրութեամբ, չբաւարարուելով քեզ մեղադրել,
Դուն, դահիճ Ճեմալ,
Մարդկանց կեանքը պղծեցիր
Մարդկանց երգը վերածեցիր ողբի
Մարդկանց ճիչը հաջոցի
Նոյնիսկ եթէ բերանակապեցիր քու զոհերուդ բողոքները
Անոնք քեզ պիտի հալածեն նոյնիսկ եթէ դառնան ուրուականներ:

Ստեփան երկխօսութեան մէջ կը մտնէ Ճեմալի հետ, յայտնելով անոր նորէն սպաննելու ցանկութիւնը :
Նշենք, որ Ատուան Ստեփանին անունը արաբերէն դժուար հնչելուն համար գրած է «Սթեֆան»:
«Ալ-ղուլ» թատերգութեան աւարտին, ուրուականներու խմբակը Ստեփան Ծաղիկեանին դիմելով հետեւեալ տողերը կ’երգէ.

Որքան հեշտ է զայն հիմա սպաննելը,
Որքան հեշտ է որ ան սպաննուի,
Ան իշխանութենէ եւ բռնութենէ զուրկ է,
Ան յանձուած է ստորին զինուորին,
Ով Ստեփա՛ն, սպաննէ զայն արագ,
Սպաննէ զայն, որ վրէժդ լուծես
Սակայն ո՞վ անոր խիղճը պիտի սպաննէ,
Ո՞վ զայն պիտի վիժեցնէ ապագայի արգանդէն:
Այս դաժանէն
Աւելի մեծ վտանգն է,
Որ ան կրկնուի:
Ամէն ժամ, իմաստութիւնը՝
Բանտ մը քանդելն է,
Եւ ոչ թէ բանտապահին ձեռքը կտրել
Մենք կատարեցինք մեր փոքր պարտականութիւնը
Եւ այսուհետեւ պիտի սկսինք
Մեր մեծ պարտականութեան.
Այս բռնակալութիւնը
Պիտի չկրկնուի
Պիտի չկրկնուի:

Մամտուհ Ատուանի անձին ու գործերուն աւելի մօտէն ծանօթանալու միտումով դիմած ենք իրեն (քանի մը հանդիպումէ ետք մահացաւ), ապա Ատուանի տիկնոջ՝ Իլհամ Ատուանի եւ իր գործակից՝ «Սէֆէրպէրլիք»ի թատերգութիւններու շարքի բեմադրիչ՝ դոկտ. Աճաճ Սէլիմի:
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ հանճարեղ գրող ու հայասէր Մամտուհ Ատուանի անձնական պրպտումները Թուրքիոյ տարածքին՝ Արեւմտեան Հայաստանի վրայ, հետաքրքրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր մարդկային ու եղբայրական զգացմունքները պատճառ պիտի ըլլային հոգեմտաւոր սկզբունքներու վրայ գրէր այսքան իմաստալից եւ այսքան պոռթկումն ու ըմբոստօրէն ազդեցիկ քերթուածներն ու թատերգութիւնները:
Իսկ բեմադրիչ դոկտ. Աճաճ Սէլիմի (նախապէս՝ Սուրիոյ թատրոնի եւ երաժշտութեան ընդհանուր տնօրէն) համար մեր աշխատասիրութիւնը ընդհանրապէս անակնկալ էր: Հետեւաբար՝ երբ լսեց, անմիջապէս ըսաւ, որ «երանի թատերգութիւնը ամբողջութեամբ ձգած ըլլայինք»: Ասկէ իմացանք, թէ թատերգութիւնը նախ պատրաստուած եւ հասած է մինչեւ եօթուկէս ժամի, սակայն այսքան երկար ժամեր ձեռնտու չըլլալուն համար կրճատած է եւ հասցուցած երկուքուկէս ժամի: Այդ կրճատումներուն ամէնէն շատ բաժինը բնականաբար եղած են երգերու հատուածները:
Այստեղ երգ-երաժշտութեան օգտագործումով կը ներկայացուի ցեղասպանութեան գործած աւերը, եւ մեր մարմինին բջիջները ա՛լ աւելի կը զգացուին ու կը լարուին: Այս բոլորը կու գան աւելի մանրամասնօրէն դրսեւորելու Մեծ եղեռնին ապրուած ոդիսականը:
Թատերգութիւններու միջոցաւ կը տեսնենք, որ կարկինը լայն բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ, ներառելով օտարները եւս:
Իբրեւ եզրակացութիւն՝ նկատելի է, որ վերոյիշեալ բնագաւառին մէջ սակաւաթիւ են արաբերէնով աշխատանքներ (յատկապէս նկատի ունինք իսլամ արաբները): Արդ, այս աշխատանքները անհրաժեշտ են այն պատճառով, որ պիտի պարզաբանեն Հայոց Ցեղասպանութեան կատարուած իրողութիւնը եւ յաճախ պիտի տեղեկացնեն անտեղեակ անհատներուն, որ այս հարցը կրօնական ոչ մէկ աղերս ունի: Արդարեւ, հոն անհրաժեշտ է, որ անպայման տեղ գտնեն նոյնիսկ իսլամացած հայերու իրողութիւնը իր բոլոր հանգրուաններով եւ դրդապատճառներով: Միւս կողմէ, ցեղասպանութեան իրողութեան ամէնէն լաւ իրազեկ եղողները պէտք է ըլլան անոնք՝ արաբները, որովհետեւ իրենց նախահայրերն են, որ արաբական ազնիւ գթասիրտ բնաւորութիւնը դրսեւորեցին եւ մեզ փրկեցին ջարդէ ու կոտորածէ՝ նոյնիսկ վտանգելով իրենց կեանքը: Այնուհետեւ, այս միտքը հարկաւոր է այլ դիտանկիւնէն, որ արաբ ժողովուրդը տեղեակ եւ ականատես ըլլալով՝ պիտի կարենայ հակազդել թրքական խեղաթիւրումներուն:
Վերջապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը, գեղարուեստական, պատկեռափիւռային ֆիլմաշարերու, վաւերագրական ժապաւէններու եւ թատերգութիւններու միջոցով եւ անոնց ընդմէջէն երգ-երաժշտութեան օգտագործումն ու դերակատարութիւնը, իրենց մեծ դերը ունին թէ՛ իբրեւ յիշողութիւն ու ազդեցութիւն՝ հայ նոր սերունդին վրայ, թէ՛ իբրեւ քարոզչութիւն՝ միջազգային ընտանիքին ծանօթացնելու միտումով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles