«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ը ԵՒ ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔԸՊՍԸՆ

0 0
Read Time:13 Minute, 31 Second

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ

Անկասկած «Թռչնոց Բոյն»ի պատմութիւնը իրողապէս կապուած է Մարիա Ճէյքըպսընի կեանքին հետ:
«Թռչնոց Բոյն»ը կը գտնուի Լիբանանի Ժպէյլ-Պիպլոս քաղաքին մէջ: Ժպէյլ Պէյրութէն 45 քլմ. (28 մղոն) հեռաւորութեամբ ծովեզերիայ քաղաք մըն է: Ան եղած է պատմական քաղաք մը եւ հարուստ է հնութիւններով:

Ժպէյլ-Պիպլոս քաղաքը
Ժպէյլ-Պիպլոս քաղաքի ծովեզերքը

Թուրքիոյ մէջ հայոց ջարդերուն որպէս հետեւանք 1895-96-ին Նորվեկիոյ մէջ կը հաստատուի «ՔՄԱ»-«Կանանց Միսիոնար Գործիչներու Կազմակերպութիւն»-ը: Այս կազմակերպութիւնը շուտով արձագանգ կը գտնէ Դանիոյ մէջ եւ հոն կը հիմնուի «ՔՄԱ»-ի մասնաճիւղը: 1900-ին Դանիայէն Խարբերդ կը ղրկուի քոյր Քրիսթա Հէմմըր: Ան Խարբերդի մերձակայ Մեզրէ գիւղաքաղաքին մէջ կը բանայ որբանոց պզտիկ հիւանդանոց մը, որ կը կոչուի Էմմաուս:

Քրիսթա Հէմմըրի օգնական կը հասնի Դանիայէն հիւանդապահուհի օրիորդ Պլէք: Հէմմըր ժանտախտէ կը վարակուի Խարբերդի մէջ եւ կը մահանայ Նոյեմբեր 15, 1903-ին: Օրիորդ Պլէք կը շարունակէ գործը եւ կ՚ընդարձակէ այս հաստատութիւնը: Պլէքի օգնութեան կը հասնի 1907-ին Դանիայէն Մարիա Ճէյքըպսըն (Եաքոպսոն):

Մեզրէի Էմմաուս որբանոց-հիւանդանոցը

Մարիա Ճէյքըպսըն ծնած է 1887-ին Դանիոյ Հօրսընս քաղաքին մէջ: Ան եղած է ջերմեռանդ հաւատացեալ ընտանիքի մը զաւակը: Դեռատի Մարիա կը լսէ 1895-96 տարիներուն Թուրքիոյ մէջ պատահած հայոց տառապանքները, հալածանքները եւ ջարդերը: Իր խղճամիտ մտածողութիւնը կը կալանուի հայոց դէմ կատարուած այս անմարդկային արարքներով: Ան շուտով մաս կը կազմէ Տանիմարքայի ՔՄԱ կազմակերպութեան: 1906-ին կ՚որոշէ երթալ Թրքահայաստան եւ օգնութեան հասնիլ ու ծառայել հայ ժողովուրդին: Ինք արդէն վկայուած էր որպէս հիւանդապահուհի եւ պատրաստ էր ծառայելու: Ան կը ձգէ ընտանեկան միջավայրը, ծննդավայրը, ընտանեկան սէրն ու

Քոյր Հէմմըր եւ օրիորդ Պլէք

հոգածութիւնը ու կ՚երթայ իր երիտասարդ ոյժով եւ բժշկական -առողջապահական գիտելիքներով անսակարկ նուիրուելու հայ ժողովուրդին: Ան Խարբերդ կը հասնի Հոկտեմբեր 7, 1907-ին, երբ ինք 20 տարեկան էր:

Մարիա Ճէյքըպսըն Խարբերդ կը հասնի ամերիկեան Պորտ Ընկերութեան հետ: Շուտով վերակացու կը նշանակուի հոն հաստատուած պզտիկ հիւանդանոցին:
1909-ին Մեզրէի մէջ աւելի մեծ հիւանդանոց մը կը հաստատուի եւ ինք կը փոխադրուի հոն: Ան կը ծառայէ Խարբերդի, Մեզրէի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Ան կը դառնայ ոչ միայն հիւանդապահուհի, այլ նաեւ դարմանող եւ խնամող բժիշկ միեւնոյն ժամանակ: Հոսկէ կը սկսի իր անձնուէր եւ ծառայասէր կեանքը:

1912-ին, ան կը վերադառնայ Դանիա եւ կը մնայ հոն մինչեւ 1914 բարեսիրական առաքելութեամբ: 1915-ին կը հասնի Խարբերդ եւ մինչեւ 1919 ան ականատես վկան կ՚ըլլայ Խարբերդի մէջ պատահած թրքական սարսափելի ու անմարդկային արարքներուն ու ոճիրներուն: Ան կը տառապի անբողջ այս չորս տարիները, սակայն ան գերմարդկային ճիգերով կը փրկէ իր գործակիցներով, հազարաւոր հայ կեանքեր: Ան կ՚ապրի տառապանքը հայ ժողովուրդին եւ կը նոյնանայ անոր հետ: Այս բոլորը տեսնելով Դանիացիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ան կ՚ըսէ՝

Մարիա Ճէյքըպսըն, 1910

«Ես չեմ կրնար բառեր գտնել նկարագրելու համար այս ժողովուրդին ցաւերը, հալածանքն ու սարսափը: Որքան դժուար է նկարագրել այն մայրերը որոնք չեն կրնար տոկալ լեռներու եւ ճամբաներու չարչարանքներուն, որոնք տեղ մը հասած՝ կը մեռնին, կը մեռնին անտէր ձգելով իրենց զաւակները: Դուք մայրեր, մտաբերեցիք եթէ հայ որբերը ձեր զաւակները եղած ըլլային, մանաւանդ դուք որ այնքան կը հոգաք, կը գուրգուրաք ձեր զաւակներուն վրայ զանոնք ցաւերէ, չարչարանքներէ հեռու պահելու եւ որ աշխարհի բոլոր բարիքները չէք խնայած անոնց… Գետինը անոնց ոտքերուն տակ, ձիւն ու սառ կտրած է. Անոնց փոքրիկ ոտքերը կարմրած ու կապուցած են ցուրտէն: Ոչ մայր կայ ոչ հայր որ անոնց վրայ գթայ: Անոնց հայրերն ու մայրերը շատոնց սպանուած են: Արդեօք տանիմարքացի իւրաքանչիւր մայր պիտի չըսե՞ր՝ ես ասոնց մէկը պիտի հոգամ»:
Մարիա Ճէյքըպսըն իր օգնականներով Էմմաուս որբանոցին մէջ կը պաշտպանէ, կը խնամէ, կը կերակրէ եւ կը բուժէ ամէն օր հարիւրաւոր հայ որբեր ամէնէն դժուար պայմաններու մէջ եւ երբեմն գաղտնօրէն:
Ան իր օրագրութիւնը գրած է 1907-1919: Օրագրութեան մէջ Մարիա Ճէյքըպսըն կը նկարագրէ երիտթուրք ջարդարարներու նախաձեռնութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած դժոխային ոճիրները, Խարբերդի հայերուն տեղահանութիւնը եւ բռնագաղթը: Ահաւասիկ մի քանի վկայութիւններ իր օրագրութենէն՝
«Հազարաւոր հայ որբ մանուկներ թուրք տուներու մէջ պահուած են, ապա մօտակայ անտառներուն մէջ ողջ-ողջ այրուած են»:
«Հազարաւոր հայ մանուկներ մահացած են չքաւորութենէ, անօթութենէ եւ զանազան տեսակի հիւանդութիւններէ».
«Շատ մը որբ աղջիկներ եւ տղաք թուրքերու կողմէ տուն կը տարուէին. հայ աղջիկները հարեմներու մէջ կը բռնաբարուէին զինուորներու կողմէ».
«Թուրքերը հիմա յայտարարեցին որ բոլոր հայ մանուկները եւ անչափահասները պէտք է իսլամանան եւ տղոց թրքացումը պիտի ըլլայ թլփատումով»:

Անտուն անտէր Հայեր Էմմաուս որբանոցին առջեւ

1919-ին աննհանգստութեան պատճառով Մարիա Ճէյքըպսըն կ՚ուզէ Դանիա երթալ բուժուելու: Հազիւ Տուն հասած հրաւէր կը ստանայ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի պատասխանատուներէն Ամերիկա երթալու: Ան սիրայօժար կ՚ընդառաջէ եղած հրաւէրին եւ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ: Ան 7 ամիսներ կը շրջի Ամերիկայի զանազան քաղաքները եւ կը դասախօսէ ներկայացնելով հայերու հանդէպ կատաուող կոտորածները, հայ ժողովուրդին տառապանքը, Հայ որբերուն ոդիսականը, թուրք ժողովուրդին անմարդկային արարքներն ու ոճռագործութիւնները: Ան կը խօսի հայոց ջարդերուն, չարչարանքներուն եւ վերապրող հայերու, որբերու եւ այրիներու ու դերատի աղջիկներու կեանքի մասին: Ան իր դասախօսութիւններով կը գրգռէ ամերիկացի ժողովուրդին մտածողութիւնը եւ կ՚արթնցնէ անոնց գութը հանդէպ Թուրքիոյ մէջ պատահած աննախընթաց հայոց ողբերգութեան եւ ջարդերուն: Իր շրջապտոյտի ընթացքին ան միլիոնաւոր տոլարներ կը հանգանակէ Նպաստամատոյցի Միջին Արեւելքի բարեսիրական ծառայութիւններուն համար:
1921-22-ին Ճէյքըպսըն կը պատրաստուի վերադառնալ Խարբերդ, սակայն թրքական իշխանութիւնը արտօնութիւն չիտար: Հետեւաբար, ան կ՚ուղղուի դէպի Լիբանանՙ օգնութեան հասնելու հոն հասնող հայ որբերուն, որոնք հասած էին Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի հովանաւորութեամբ եւ տեղաւորուած էին Սայտայի, Անթիլիասի, Ժիւնիի, Մամըլթէյնի, Ղազիրի, Նահր Իպրահիմի եւ Ժպէյլի որբանոցներուն մէջ : Անոր կը վստահուի ամէնէն փոքրիկ որբերը: Ան կը գործէ նախ Ժիւնիի մօտ Զուք Միքայէլի որբանոցին մէջ, ապա Սայտայի որբանոցին մէջ, որ արդէն կը կոչուէր՝«Թռչնոց Բոյն»: Ան կը մնայ այս որբանոցին մէջ մինչեւ 1928, խնամելով հայ որբերը:

«Թռչնոց Բոյն»ը՝ Սայտայի մէջ

1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը կը գնէ Ժպէյլի մէջ մեծ հողաշերտ մը, 40.000 քառակուսի մեթր, իր հին շէնքերով միատեղ եւ կը վերածէ զայն որբանոցի, որ կը կոչուի Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի Ժպէյլի Տղոց Որբանոց:

Այս որբանոցին մէջ նպաստամատոյցի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ 1920-ին կը տեղաւորուին հազար հայ որբեր, մասնաւորաբար հաւաքուած Այնթապի շրջանէն:

Ժպէյլի որբանոցը, ձախին վերէն առաջին շէնքը՝ «Նիքոլ» սրահը (1923)

Ժպէյլի որբանոցին աշակերտները դասարան կը մտնեն (1923)

Որբանոցին տնօրէն կը նշանակուի պատուելի Ռէյ Բ. Թրէյվիս, որ նախապէս կ՚աշխատէր որպէս միսիոնար Այնթապի մէջ: Տնօրէնութիւնը կը քաջալերէ Հայ որբերը շինարարական աշխատանքի եւ անոնք մի քանի ամիսներու ընթացքին կը շինեն իրենց գիշերօթիկի սրահները եւ 1921-ին կ՚ամբողջացնեն հաւաքավայր մեծ սրահ մը՝ «Նիքոլ» սրահը, որ կը գործածուէր նաեւ որպէս ճաշասրահը: Յետագային այս սրահին մազ կը կազմէ Սուրբ Գայեանէ եկեղեցին: Այս սրահը եւ եկեղեցին գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր:

«Թռչնոց Բոյն»ի Սուրբ Գայեանէ եկեղեցին

Մեծ թիւով նոր որբեր կը հասնին Ճպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի որբանոցըԿիլիկիոյ զանազան շրջաններէն:
Այս որբանոցը կը գոյատեւէ մինչեւ 1928: Այս տարիներուն որբանոցը կը վերածուի ուսումնական- կրթական հաստատութեան մը: Հոն կը ծառայեն փորձառու, նուիրեալ եւ հաւատաւոր հայ ուսուցիչներ, որոնք որբերուն կը փոխանցեն ազգային պատկանելիութեան զգացումը, ազգային նկարագիր, հայկականութիւն եւ հայ լեզուն ու մշակոյթը: Հոն կ՚այցելեն Պէյրութէն հանրածանօթ ազգային անձնաւորութիւններ եւ գործիչներ: Որբանոցով կը հետաքրքրուին արտերկրէն շատ մը ազգայիններ եւ կը գրեն իրենց մտածումներն ու զգացումները հայ որբերուն եւ «Թռչնոց Բոյն»ի մասին: Այս ազգայիններէն կ՚ըլլայ Աւետիս Ահարոնեան, որ «Թռչնոց Բոյն»ի հայ որբերուն ուղղած իր նամակին մէջ գրած է՝ «Դուք սիրուն ծիլեր մեր նոր անդաստանի, մեր խորտակուած անտառի հարուստ բողբոջներ, առաջին ցոլքերը մեր ծագող արշալոյսի, ահա ձեր պատկերն իմ հոգումն է եւ կեանքս՝ ձեր կեանքն է եւ շունչս: Ձեր շունչը, վասնզի դուք էք հաւատքիս անխորտակելի անսասան սիւները»:

Որբանոցէն ներս կը տիրէ ներքին կազմակերպ կեանք եւ ընկերային առողջ մթնոլորտ: Հոն կը

Որբուկ Եզէկէլ Թէնէքէճեանի որբանոցի անձնաթուղթը

դասաւանդուին ոչ միայն ընթացիկ նիւթեր, այլ նաեւ երաժշտութիւն, թատրոն եւ կերպարուեստ:Որբանոցը կ՚ունենայ որբերէ կազմուած իր նուագախումբը, որ յաճախ ելոյթ կ՚ունենայ զանազան առիթներով: Կը կազմակերպուին գրական, մշակութային, թատերական, երաժշտական եւ մարզական ձեռնարկներ: Որբերը կ՚ունենան իրենց պատրաստած գրութիւններով «ՏՈՒՆ» թերթը: Ուսումնական ծրագրին կողքին որբերը կը հետեւին նաեւ զանազան արհեստավարժութիւններու: Հոն կը կազմակերպուին սկաւուտական առողջ կեանքը, մարմնամարզանքը եւ մարզական խաղերը: Որբերէն խմբակ մը երեց հացագործներու հետ կը պատրաստեն օրական 8000 հացի նկանակներ մատակարարելու համար հայ որբերը:
Ժպէյլի որբանոցի որբերէն եղած է աներս՝ Պետրոս Մէյվալեան-Պտղունի (ծնեալ Զէյթուն՝ Ֆուռնուզ 1910-ին):Ան հոն խնամուած 1922-24 եւ իր որբանոցի անձնաթուղթի թիւը եղած է՝ 1392: Ան ետքը փոխադրուած է Պէյրութի Հայր Պօղոս Արիսի որբանոցը: Հոն գտնուող որբերէն կարելի է յիշել հետեւեալ ազգայինները՝ Եզեկէլ Թէնէքէճեան, Հայկազ Եափուճեան, Յակոբ Գարաօղլանեան, Յովհաննէս Թիլքեան, Շահէն Տէրտէրեան, Մեսրոպ Ցոլակեան, Յովհաննէս Շահինեան, Թորոս Արեւեան, Գառնիկ Բանեան, Սուքիաս Տէր Սարգիսեան, Գէորգ Խաչերեսեան, Օննիկ Փիլիկեան, Ժիրայր Մանուկեան, Սիմոնիկ Տէրտէրեան, Արամ Աֆարեան, Կարօ Ագարճալեան, Ստեփան Քէշիշեան, Արմէն Յակոբեան, Ստեփան Գարակէօզեան, Ազատ Քէշեան, Հայկ Մաճառեան, Նշան Միւճերեթեան, Ա. Սիմոնեան:

Կիւլէնիա Գարճեան՝ «Թռչնոց Բոյն»ի որբ
Մարիամ Դամուրեան, «Թռչնոց Բոյն»ի որբերէն

Մարիա Ճէյքըպսըն կը շարունակէ նախապէս գործող Տղոց որբանոցին առաքելութիւնը: Ան կը ծառայէ մինչեւ 1960 «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ: Ամբողջ 32 տարի, ան «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ իր մայրական հոգատարութիւնը ի սպաս կը դնէ հայ որբերու առողջ կազմաւորման: Հայ որբերը շալկած հայ ժողովուրդին վիշտը եւ իրենց հոգեկան եւ ֆիզիքական ցաւերուն մէջ կը վերագտնեն իրենց իսկութիւնը «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ: Հոն անոնք կը վերադառնան իրենց արմատներուն եւ ազգային պատկանելիութեան: «Թռչնոց Բոյն»ը հայ որբերուն համար կ՚ըլլայ ոչ միայն սոսկ որբանոց մը, այլ նաեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի լուսաւոր կեդրոն մը: Հոնկէ դուրս կու գան հազարաւոր պատուական հայորդիներ, որոնցմէ շատեր կ՚ըլլան գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի հռչակաւոր ծառայողներ ու ազգային գործիչներ:

1928-ին Նպաստամատոյցի պատասխանատուները կ՚որոշեն փակել որբանոցը որբերու թիւի նուազումով: Սակայն փակելու փոխարէն կը յանձնեն որբանոցը ՔՄԱ-ի բարեխնամութեան վաճառելով ամբողջ հաստատութիւնը: Այս ձեւով Մարիա Ճէյքըպսըն ձգելով Սայտայի «Թռչնոց Բոյն»-ը կու գայ եւ կը ստանձնէ Ճպէյլի որբանոցը, որ այնուհետեւ կը կոչուի «Թռչնոց Բոյն»:

Մարիա Ճէյքըպսըն, իր երեք որբերուն հետ «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ

Մարիա Ճէյքըպսըն Թռչնոց Բոյնին մէջ իր բոլորանուէր աշխատանքին համար Հայ որբերուն կողմէ արժանիօրէն կը մկրտուի «Մամա» անունով: Իր կեանքի վերջին օրերուն Թռչնոց Բոյնի իր սենեակին մէջ սնարին քով գտնուողներուն կը յայտնէ իր փափաքը՝ «Կ՛ուզեմ թաղուիլ հոս «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ, իմ որբուկներուս քով»: Ան կը մահանայ անմահութեան մէջ Ապրիլ 6, 1960-ին:
Մարիա Ճէյքըպսընի թաղման արարողութեան ընթացքին անոր դագաղը կը ծածկուի Դանիոյ ազգային դրօշակով եւ «Թռչնոց Բոյն»ի վաթսուն որբերու երգչախումբը կ՚երգէ իրենց «Մամա»ին շատ սիրած երգը՝ «Deep River»: Թաղման կը նախագահէ Լիբանանի Հայոց թեմին Առաջնորդ՝ գերաշնորհ տէր Խորէն արք. Բարոյեան, որ իր դամբանականին մէջ կ՚ըսէ՝ «Հանգուցեալ Օրիորդ Մարիա Ճէյքըպսըն մարմնացեալ խղճի այդ ներկայացուցիչներէն մէկն է, որ ամբողջ վաթսուն տարիներ, իր երիտասարդական շէն ու կենսունակ տարիքէն սկսեալ, անտեսելով ամէն հաճոյք ու վայելք եւ արհամարհելով ամէն վտանգ, հետեւեցաւ Մեծ Վարդապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի պատգամին, եւ այցի եկաւ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին: Անոր ցոյց տուած խանդաղատանքն ու սէրը, հայ ժողովուրդի դժբախտ զաւակներուն հանդէպ, անտարակոյս գերիվեր է ամէն գնահատանքէ: Ան եղաւ հայ ժողովուրդի Բարի Սամարացին, որ աքսորի ու տարագրութեան ճամբաներուն վրայ ինկած արիւնաքամ զաւակներուն վէրքերուն ձէթ ու գինի գսեց եւ գորովագութ մօր մը նման զանոնք պատսպարեց ու խնամեց: Եղաւ հայուն գողգոթային եւ խաչելութեան ականատես վկան, որ ճանչցաւ հայութիւնը, իր անլուր

Ժպէյլի որբանոցին Նուագախումբը

տառապանքներուն մէջ եւ եղաւ անոր ցաւերուն ցաւակից եւ վիշտերուն վշտակից»: Թաղման արարողութեան ընթացքին Մարիա Ճէյքըպսըն 1950-ին արժանացած է՝ Դանիոյ թագաւորութեան ոսկեայ մետալին, եւ 1954-ին՝ Լիբանանի կառավարութեան Պատուոյ ոսկի շքանշանին: Իր անունով կը կոչուի Հ.Հ. Իջեւան Քաղաքի մանկապարտէզներէն մէկը:
Ան որդեգրած է երեք հայ որբեր Խարբերդի մէջ եւ յետագային ունեցած է 3600 որբեր իր երկարատեւ որբախնամ ծառայութեան ընթացքին:
Մարիա Ճէյքըպսըն ապրելով Ապրիլեան զոհերուն, հայ գաղթականներուն եւ հայ որբերուն ողբերգութիւնն ու գողգոթան, եղած է վկայաբերը մարդակեր թուրքին արիւնոտ ձեռքով ստեղծուած «ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ»-ին:

Մարիա Ճէյքըպսընէն ետք,1960-1970-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի յաջորդական տնօրէն-պատասխանատուները կ՚ըլլան՝ իր քոյրը օրիորդ Աննա Ճէյքըպսըն, օրիորդ Մակտա Սորէնսըն, պատուելի Փասքէ եւ պարոն Եոն Սքիւպի:


1970-ին բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան ՔՄԱ-ի նախագահուհի՝ քոյր Քիրսթըն Վինտի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհափառ Հայրապետ՝ Խորէն Ա.-ի միջեւ: Բանակցութիւնները կը հանգին հետեւեալ որոշումին՝ հաստատութիւնը, որ բաղկացած է 16 մեծ ու փոքր շէնքերէ, կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, պայմանաւ որ «Թռչնոց Բոյն»ի տարած աշխատանքը շարունակուի:
Այս թուականէն սկսեալ «Թռչնոց Բոյն»ը կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ: Մինչեւ այսօր «Թռչնոց Բոյն»ը կը շարունակէ ««Մամա»-ին առաքելութիւնը: Այդ թուականէն մինչեւ այսօր «Թռչնոց Բոյն»էն ներս կատարուած են շատ մը նորոգութիւններ եւ շինարարական մեծ աշխատանք:

Մարիա Ճէյքըպսըն որբերուն հետ

Այսօր «Թռչնոց Բոյն»ը ունի ուրիշ առաքելութիւն մը: Հոն կը պատսպարուին եւ կը խնամուին ամէնէն աւելի կարիքաւոր հայ ընտանիքներու զաւակները եւ ծնողազուկ որբերը: «Թռչնոց Բոյն»ը կը վայելէ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գուրգուրանքը եւ հոգածութիւնը: Ան յաճախ կ՚այցելէ «Թռչնոց Բոյն» եւ կը մտերմանայ որբերուն հետ:

Հոս տեղին յիշել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ամէնէն կարեւոր իրագործումներէն մէկը եղած է «Թռչնոց Բոյն»ի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարար եւ նուիրական թանգարանին հիմնադրութիւնը: Ան յղացումն է Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան: Իսկ անոր իրականացումը եղած է շնորհիւ Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու իշխանական բարերարութեան: «Թռչնոց Բոյն»ի հին շէնքերէն մէկը այլափոխուած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի, որ կը ծառայէ լուսարձակի տակ առնել 1915-ին թուրքերու կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս թանգարանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Արամ Ա կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ՝ թանգարանի շինութեան բարերար՝ Տէր եւ տիկին Պէզիքեաններուն, Լիբանանի պետական եւ Հայ համայնքի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, Հայ եւ օտար բարձրաստիճան հոգեւորականներու, եւ Հայ ժողովուրդի հոծ բազմութեան մը:

Պետրոս Մէյվալեան-Պտղունի

Թանգարանի մուտքին շարուած են որբերու պղնձեայ արձանիկները, որոնց դէմքերը, հասակնին, նայուածքները կը

Հայկազ Եափուճեան

փոխադրեն ամէն այցելուի միտքը հարիւր եւ մէկ տարի ետ:
Թանագարանի մուտքի հսկայ դուռը կ՚ուղղէ այցելուն թանքարանին բաժանմունքները: Հրապուրիչ արդիական միջոցներով ցուցադրուած են հայ ժողովուրդի գողգոթան՝ մեր պատմութեան ամնէն տխուր էջերը: Հոն տեղ գտած են վերապրողներու նկարները, իրերը, փաստաթուղթերը եւ վաւերագրութիւննրը:

Թռչնոց Բոյնի որբերէն եղած է Մաէսթրօ Վարդան Մելքոնեան: Ան խնամուած է Մարիա Ճէյքըպսընի կողմէ եւ վայելած է «Մամա»ին հոգատարութիւնն ու խանտաղատանքը: Մաէսթրօ Վարդան Մելքոնեան իր մասնակցութիւնը բերած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի եւ Պաալպէքի Միջազգային Փառատօնին վարչութեան կազմակերպած երաժշտական մեծ ձեռնարկին՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ հազարաւոր հայ որբուկներ խնամած ու «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընին: Պէյրութի սիմֆօնիք նուագախումբը կատարած է Բրիտանիոյ Արքայական ֆիլհարմօնիք խումբի ղեկավար՝ Վարդան Մելքոնեանի յօրինած «Տրէյք Փէսսէյճ» համանուագի առաջին ներկայացումը՝ ղեկավարութեամբ նոյնինքն մաէսթրօ՝ Վարդան Մելքոնեանի: Նուագախումբը ներկայացուցած է նաեւ հայ, օտար եւ Լիբանացի երաժիշտներու դասական գործերը: Այս մեծ նուագահանդէսը տեղի ունեցած է հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Արամ Ա կաթողիկոսին, որ պարգեւատրած է մաէսթրոն «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Աղբիւրներ՝
1. «A Home by the Sea, Jbeil Օrphanage, Near East Relief», April, 22, 2016
2. «Diaries of a Danish Missionary Harpoot», 1907-19195 translated to English by Kristen Vind, edited by Ara sarafian, England. 2001.
3. Maria Jacobsen Wikipedia
4. The Armenian Genocide Museum Institute.
5. «Խաչելութեան Ճանապարհը», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2015
6. «Հայ Որբերը՝ մեծ Եղեռնի», Լիպարիտ Ազատեան, Լոս Անճելըս, 1995.
7. «Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան Որբերը, Որբանոցները Եւ Որբաշխարհը, Խաչելութեան Ճանապարհը», Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ. 2015
8. «Հայ Մանուկներու Եւ Անչափահասներու Ոդիսականը
Հայկական Ցեղասպանութեան Տարիներուն, Խաչելութեան Ճանապարհը», Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2015
9. «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Օգնութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին, Խաչելութեան Ճանապարհը», Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2015
10. «Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը» (1915-1930), Բիւզանդ Եղիայեան, Բիւզանդ, Դրազարկ Տարեգիրք, Անթիլիաս, 1970
11. «Յուշամատեան Ժպէյլի Ամերիկեան Որբանոցը» 1920-1925, Պէյրութ, 1969
12. «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի», 1915-1965, Գերսամ Ահարոնեան, Զարթօնք Օրաթերթ, Պէյրութ, 1965.
13. «Տառապանքի Եւ Յոյսի Ապրումներ», Հայկազուն Եափուճեան, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 2015
14. «Օրագրութիւն 1907-1919 Խարբերդ», Մարիա Ճէյքըպսըն, հայերէն թարգմանութիւն՝ Ներսէս Եպիսկոպոս Բախտիկեան եւ Միհրան Սիմոնեան, Անթիլիաս, 1979

 

 

 

 

 

Ժպէյլի որբանոցի աշակերտներէն խումբ մը՝ Հայկ Պալեանի հետ, 1924-ին
Ժպէյլի որբանոցի աշակերտներէն խումբ մը, 1924-ին

Ժպէյլի որբանոցի աշակերտներէն խումբ մը, 1923-ին

Ժպէյլի որբանոցի աշակերտներէն խումբ մը, 1925-ին
Թանգարանի մուտքին որբուկներու արձանները
Ժպէյլի որբանոցին Նուագախումբը

 

 

Հայկազ Եափուճեան

Մարիա Ճէյքըպսըն որբերուն հետ

 
Մարիա Ճէյքըպսըն իր հասուն տարիքին
Աննա Ճէյքըպսըն Մակտա Սօրէնսըն
Պատուելի Օլուֆ Փասքէ
«Թռչնոց Բոյն»ը՝ 2016-ին

«Թռչնոց Բոյն»ը՝ 2016-ին

Դալարագեղ «Թռչնոց Բոյն»ը այսօր
Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն հետ
Արամ Ա Կաթողիկոս թանգարանին բացումը կը կատարէ, 2015

Այսօր «Թռչնոց Բոյն»ի այցելուները, անոր մուտքին կը տեսնեն հայասէր Օր. Ճէյքըպսընի գերեզման-դամբարանը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ը ԵՒ ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔԸՊՍԸՆ

  1. My late father, Krikor Senekerim Konyalian, (2nd person top left in the Jebayl Band) was fron the Orphanage. He ‘graduated” in 1923 at the age of 13, and faced the world with an ;orphan spirit’.He was 5 years old during the genocide, lost his father in Akseray and his mother on the way to Deir Zor….then Raqqa, Aleppo, and Jebayl…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles