ԱՐԱ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆԻ ՈՍՊՆԵԱԿԻ ԵՏԻՆ…ԱՅԼ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ ՄԸ՝ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 43 Second



«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Մետասաներորդ պահուն «քլիք» մը, իւրայատուկ շարժում մը, որ կ՛անշարժացուի շնորհիւ Արա Մածունեանի ոսպնեակին:
Լուսանկարչական ալպոմ մըն է Արա Մածունեանի «Birds Nest: A Photographic Essay Of Bourj Hammoud» գործը: Սակայն հետաքրքրականը այն է թէ տասնեակ մը գրութիւններ, նկարագրականներ, յուշեր եւ ներքին ապրումներ կ՛ընկերանան այս արդէն իսկ տպաւորիչ նկարներուն: Այս յօդուածները կը պատկանին զանազան բնագաւառներէ ներս գործող ծանօթ անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին՝ Արա Արծրունի, Արմենակ Եղիայեան, Աթոմ Էկոյեան, Յակոբ Փափազեան, Հրայր Էօլմեսէքեան-Անմահունի, Նենսի Գրիգորեան, Ռազմիկ Շիրինեան, Սիմոն Աբգարեան, Թալին Ոսկերիչեան եւ Վահէ Պէրպէրեան:
Բծախնդրութեամբ պատրաստուած է գործը, ուր ամենայն մանրամասնութեամբ լոյս ընծայուած են տեղեկութիւնները:
Հրատարակութեան աւարտին նշուած են զանազան էջերուն մէջ տեղ գրաւած նկարներուն վայրերը՝ Արաքս թաղէն մինչեւ Մարաշ, կամ Նոր Ամանոսէն մինչեւ Նապաա: Նոյնիսկ Արա Մածունեան չէ մոռցած իր օգտագործած լուսանկարչական մեքենային վաճառանիշն ու տեսակը՝ Panasonic Lumix DMC-LX1: Դեռ աւելին, նշուած են, բոլոր անոնք որոնք իրենց բարոյական թէ նիւթական ներդրումը կատարած են, ի նպաստ այս ալպոմի հրատարակութեան:
Նախաբանով մըն ալ Արա Մածունեան կը ներկայացնէ այս գործն ու միշտ ալ Սփիւռքահայութեան սիրտը տրոփեցնող Պուրճ Համուտը որ իր կարգին հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդէն եւ հետզհետէ զարգացած է 1930-ականներէն սկսեալ։ Լիբանանի բարեխնամ եւ գթասիրտ պետութիւնը Պէյրութ գետի շրջանը յանձնած էր հայորդի գաղթականներուն, որոնք այդ ճահճոտ հողերուն վրայ, կառուցած էին խրճիթներ: Ապա այս դիդեղեայ կառոյցները վերածուեցան շէնքերու եւ բնակարաններու:
Արա Մածունեան, այս նկարազարդ գործը նուիրած է իր անդրանիկ եղբօր՝ Դանիէլին (1937-2009): Դանիէլ Մածունեան եղած էր ո՛չ թէ միայն Պուրճ Համուտի, այլ Լիբանանի հանրածանօթ ձայնային կազմածներու ճարտարագէտ, սեփականատէրն ըլլալով օրին հռչակաւոր երաժշտական գործիքներու, ձայնապնակներու եւ ձայներիզներու Pholidisc վաճառատան:
Մածունեանի կողքին, նաեւ իր տպաւորութիւնները կը յայտնէ յատկապէս ընկերային հարցերու մէջ մասնագիտացած բեմադրիչ՝ Ճոանն Ռանտա Նուչօ, որ իր կարգին, հետաքրքրական մատնանշումներ կը կատարէ իբրեւ հմուտ ակնդիր մը Արա Մածունեանի անշարժացուցած «քլիք»երուն:
Այս գործին մէջ, լոյս տեսած տասնեակ մը գրութիւններէն երկուքը թարգմանուած են հայերէնէ անգլերէնի: Ընթերցողը պիտի ըմբոշխնէ Արա Արծրունիի եւ Արմենակ Եղիայեանի գրութիւնները, իրենց հարազատ Մեսրոպաշունչ գրիչով: …Ճիշտ է որ «Birds Nest: A Photographic Essay Of Bourj Hammoud»ը անգլերէնով լոյս ընծայուած է: Սակայն նոյնքան հայորդիին սրտին պիտի խօսի նաեւ «Թռչնոց Բոյն.- Լուսանկարչական փորձ մը Պուրճ Համուտի մասին» գործը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles