ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:12 Minute, 34 Second

khachig der ghougassian
Խ. Տէր Ղուկասեան
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի նախօրեակին, Յունուար 29, 2016ին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընթերցեց Համահայկական Յանձնաժողովի Հռչակագիրը: Ի լուր աշխարհի, պետութիւնը, ժողովուրդի հոգեւոր գերագոյն պետերը, քաղաքական կուսակցութեանց ղեկավարները եւ Սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւններու թէ համայնքներու ներկայացուցիչները յայտարարեցին, թէ սկիզբ կու տան ոճիրի հատուցման պահանջատիրութեան գործընթացին:
Այդ թուականէն կէս դար առաջ, Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, հայութեան պոռթկումը հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի արդէն արտայայտուած էր որպէս պահանջատիրութիւն: Այլ խօսքով՝ այն ինչ որ ժողովրդականացաւ 1960-70-ականներուն որպէս Հայ Դատ՝ սկիզբ առաւ արդարահատոյցի պահանջով: Դեռ այն ժամանակ, հայութեան հաւաքական գիտակցութեան մէջ այնքան բնական էր իրաւունքներու վերահաստատման պահանջը, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ «Մեր հողերը, մեր հողերը» կը հնչէր, իսկ հեռաւոր Ուրուկուէի մէջ, օրին թերեւս Սփիւռքի ամենէն աւելի քաղաքականացած համայնքի ջանքերով, երկրի Խորհրդարանը կը քուէարկէր օրէնք մը՝ ի խնդիր Սեւրի Դաշնագրի վերակենդանացման որուն հիմնաւորումներուն մէջ միայն կը նշուէր Ցեղասպանութիւնը: Միայն թրքական ժխտողական քաղաքականութեան միջազգայնացումն էր, որ 1973ին, ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի ոլորտին մէջ, առաջին անգամ բացայայտօրէն արտայայտուեցաւ Տեղեկագրէն Հայոց Ցեղասպանութեան նշումը դուրս բերելու դիմումով եւ Հայ Դատի պայքարը գրեթէ ստիպողաբար դրաւ «մոռցուած» Ցեղասպանութիւնը օրակարգի վրայ բերելու, տեսանելի դարձնելու անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման:
Յիսունամեակէն յետոյ Խորհրդային Հայաստանի պետական, մտաւորական թէ ժողովրդային ոլորտներուն մէջ ծայր առած պահանջատիրական պայքարը, իր կարգին, ունեցաւ հիմնականին մէջ նոյն՝ Ցեղասպանութիւնը մոռացումէ դուրս բերելու օրակարգը, որ, հասկնալիօրէն, ենթակայ էր Մոսկուայի արտաքին թէ ներ-խորհրդային քաղաքականութեան խիստ սահմանափակումներուն: Մէկ կողմէ Սփիւռքը որպէս ոչ-պետական դերակատար մեծ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէր միջ-պետական ոլորտով յատկանշուած միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, որուն պատճառով ալ, ի դէպ, անհրաժեշտ դարձան ուժական միջոցները՝ «զինեալ պայքար» թէ «ահաբեկչութիւն» որակուին անոնք: Միւս կոմէ Խորհրդային Հայաստանի ոչ-անկախ պետական իրաւակարգը պարզապէս անկարելի կը դարձնէր միջազգային դիւանագիտական որեւէ նախաձեռնութիւն առանց Մոսկուայի համաձայնութեան: Խորհրդային Հայաստանը ունէր Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն եւ Արտաքին Գործոց Նախարար, բայց չունէր, չէր կրնար ունենալ, արտաքին անկախ քաղաքականութիւն: Հետեւաբար, Ճոն Կիրակոսեանի նման դիւանագիտական հմտութեան մեծ կարողականութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը վաստակը սահմանափակուեցաւ իր Երիտթուրքերու մասին կոթողական գործով եւ առիթը չունեցաւ միջազգային բեմին վրայ գործնական ասպարէզ իջնելու:
Այդուհանդերձ, հակառակ Հայ Դատի պայքարի առաջին յիսուն տարիներուն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վրայ անհրաժեշտ կեդրոնացման, ճանաչումը երբեք ինքնանպատակ կամ բարոյական բաւարարութեան համար չէ եղած: Չկայ Հայ Դատի պահանջատիրութեան որեւէ նախաձեռնութիւն, որ ճանաչումին զուգահեռ չանդրադառնայ նաեւ եւ մանաւանդ՝ արդարահատոյցին: Նոյնիսկ երբ Հայ Դատի ամենէն «իրապաշտ» նեցուկները կը յիշեցնէին, որ ճանաչումը թրքական պետութիւնը հաշուետուութեան կանչելու հետեւանքը պիտի չունենայ, թերեւս այն ինքնախաբկանքով որ ցեղասպան պետութիւնը բարոյական բարձրութիւնը կ՚ունենայ անցեալի ոճիրը ճանչնալու եւ կէս-բերան ներողութիւն մը կը խնդրէ, որով եւ հարցը կը փակուի, հայութեան համար իրաւունքներէ հրաժարելու խնդիր երբեք չեղաւ: Ընդհակառակը, երբ Հայաստանի անկախութեան գործընթացին մէջ նէօլիպերալ հոսանքը հաստատուեցաւ եւ յանուն «պետական մտածողութեան» Թուրքիոյ հետ «բարի դրացիական» կամ «առանց նախապայմանի» յարաբերութիւններու բնորդը առաջ քշեց, եւ երբ աւելի յետոյ այդ բնորդը նախ թուրք-հայկական «հաշտեցման» տարբերակով վերարծարծուեցաւ եւ, մանաւանդ, զոմպիացաւ Փրոթոքոլներով, համահայկական հակազդեցութիւնը բողոքի եւ դիմադրութեան ճամբով միշտ ալ խիստ եղաւ. Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարահատոյցը բանակցութեան սեղանի վրայ չեն դրուիր: Ընդհակառակը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ցեղասպանութեան զոհերը ապահովագրած միջազգային ընկերութիւններու դէմ բացուած դատական գործընթացները եղան արդարահատոյցի գործնականացման առաջին նախանշանները, թէեւ, ինչպէս այդ նախաձեռնութեանց շինիչ քննադատութիւնը ճիշդ կերպով նշեց այն ատեն, այնքան ալ յստակ չէ անոնց ներդրումը՝ Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը որպէս ազգային-հաւաքական գործընթաց սահմանելու հրամայականին:
Այսպէս, Հարիւրերոդ Տարելիցի Հռչակագրով յայտարարուած հատուցման հանգրուանի ընթացառումը ունէր ե՛ւ համազգային համաձայնութեան, ե՛ւ սկզբնական փորձերու նախընթաց մը: Հռչակագիրը այն օրինականացուց եւ դրաւ պետական օրակարգին, ինչ որ, անշուշտ, առանձին իմաստ ունէր որպէս բեկումային պատմական պահ: Հռչակագիրը, փաստօրէն, կը յուշէր ե՛ւ արտաքին, ե՛ւ ներազգային քաղաքական ամբողջ ծրագիր մը, որ իր կարողականութեամբ կը նշանակէ քաղաքակրթական առաքելութեան մը հաւաքական պատասխանատուութեան ստանձնումը:
Առաջին հայեացքով նման բանաձեւում կրնայ չափազանցութիւն եւ նոյնիսկ մեծամտութիւն թուիլ: Ի վերջոյ հայութեան նմամ «փոքր ածու» մը, որ վերապրումի հարց ունի, կրնա՞յ նման հաւակնութիւն ունենալ: Աւելի՛ն, պատմականօրէն նման հաւակնութիւններ երեւան ելած են գրեթէ բացառաբար գերհզօր պետութիւններու մօտ եւ այդպէս ալ «արդարացուցած» են կայսերապաշտութիւնը, երկիրներու եթէ ոչ ամբողջ ցամաքամասերու բնական հարստութիւններու ալան-թալանը, ժողովուրդներու շահագործումը եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները՝ ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութիւն: Նման նախանձախնդրութիւններ չեն կրնար երեւան ելլել հայութեան մօտ եւ նոյնիսկ եթէ արտայայտուին առիթ կու տան միայն քմծիծաղի: Ի դէպ, բացառելով Տիգրան Մեծի երեւոյթը, հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին կարելի է ըսել բարեբախտութիւնը ունեցած է կայսրութիւն չըլլալու եւ վերապրելով այնքան զբաղած ըլլալու, որ այդ մասին իսկ չմտածէ: «Բարեբախտութիւնը» որովհետեւ կայսրութիւն ըլլալու կարելիութիւնը գրեթէ զէրոյի հաւասար ըլլալով մեզի համար նաեւ այլ ժողովուրդներու դժբախտութեան պատճառ չենք եղած: Եթէ Պարոյր Սեւակը ողջ ըլլար շատ աւելի բանաստեղծաբար պիտի ըսէր, որ եթէ զէնք վերցուցած ենք ապա եւ ինքնապաշտպանութեան համար եղած է միայն: Ընդհակառակը, զոհը ըլլալով Ցեղասպանութեան, հայութիւնը, այնպէս ինչպէս ցեղասպանութեան զոհ գացած ամէն ժողովուրդ, ոչ միայն բարոյական իրաւունքը այլ պատասխանատուութի՛ւնը ունի քաղաքակրթական առաքելութեան հաւակնութեան: Նախքան այս հաստատման պարզաբանումը եւ անոր վերլուծումը գործնական գետնի վրայ Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցին յաջորդող այս հանգրուանին, անհրաժեշտ է կանգ առնել անոր հիմնաւորման վրայ:
Մարսել Մաուսս բանաձեւած է «ընկերային ամբողջական իրադարձութիւն» յղացքը, որ հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ կ՚օգտագործուի վերլուծելու համար այն երեւոյթները, որոնք մարդկային արարքի ամէն ոլորտներուն մէջ կ՚արտայայտուին: Այսինքն՝ «ընկերային ամբողջական իրադարձութիւն» որակուած որեւէ երեւոյթ կ՚արտայայտուի ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ իրաւական, ե՛ւ մշակութային… մէկ խօսքով՝ մարդկային ամէն գործարքի ոլորտի մէջ եւ, այս իմաստով, երեւան կը հանէ մարդ արարածի ե՛ւ յոռեգոյն ե՛ւ լաւագոյն երեսները, կը հանդիսանայ անոնց կարողական դրսեւորման ենթահող: Ցեղասպանութեան երեւոյթը մարդկային բանականութեան համար ընկալելի դարձնելու առաջին եւ հիմնադիր նախաձեռնութիւնը՝ յղացքի բանաձեւումը Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ 1944ին, արտայայտուեցաւ իրաւագիտութեան ոլորտին մէջ եւ փորձ մըն էր ոճիրին բնոյթը (եւ ահաւորութիւնը) քրէականացնող օրինական բանաձեւում մը գտնելու: Ինչպէս ծանօթ է, նախաձեռնութիւնը նաեւ մարտահրաւէր մըն էր պետութիւններու ներքին գործերու միջամուխ չըլլալու սկզբունքին: Լեմքինի բանաձեւումը չորս տարի յետոյ որդեգրուեցաւ ՄԱԿի կողմէ եւ անոր հիման վրայ ընդունուեցաւ Ցեղասպանութեան Ոճիրին դէմ հանրածանօթ համաձայնագիրը:
ՄԱԿի համաձայնագիրը, սակայն, իր որդեգրման յաջորդած յիսուն տարիներու ընթացքին գործնական որեւէ բնոյթ չունեցաւ: Պաղ Պատերազմի յատուկ համակարգի սահմանափակումները եւ միջազգային յարաբերութիւններու շեշտուած կերպով միջ-պետական տինամիքը համաձայնագրի ամլացման հիմնական պատճառները կը նկատուին: Այդուհանդերձ, պայմանագրի գործնականացման հոլովոյթի սառեցումը նաեւ մասամբ արդիւնք է ցեղասպանութեան հասկացութիւնը միջազգային իրաւունքի մասնագիտութեան վերապահելու նախանձախնդրութեան: Արդ, 1970-ական թուականներուն ցեղասպանագիտութեան ոլորտի զարգացումը, որ ցարդ միայն Ողջակիզման ուսումնասիրութեամբ սահամափակուած ակադեմական այս ոլորտին առջեւ բացաւ նոր հորիզոններ, յատկանշուեցաւ երեւոյթին որպէս «ընկերային ամբողջական իրադարձութիւն» նկատառամուվ: Ցեղասպանութեան նման երեւոյթ մը հասկնալու եւ բացատրելու գիտական ճիգը չէր կրնար անտեսել ուսումնասիրութեան որեւէ ոլորտ: Ցեղասպանագիտութեան զարգացումը իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ ՄԱԿի ծիրէն ներս ցեղասպանութեան շուրջ ընթացող բանավէճերու արագ զարգացման: Պէտք չէ մտահան ընել, որ թրքական ժխտողականութեան առաջին պարտութիւնը 1985ի Պենճամին Ուըթեքէրի տեղեկագիրն է, ուր վերադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան նշումը: 1998ին Միջազգային Քրէական Ատեանի ստեղծումով եւ 2005ին Պաշտպանելու Պատասխանատուութեան միջազգային չափանիշի որդեգրումով ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Ոճիրին դէմ համաձայնագիրը գործնականացման կարեւոր յառաջընթաց արձանագրեց: Այդուհանդերձ, դեռեւս անոր բիւրեղացումը եւ, մանաւանդ, անոր պետական ցինիք շահագործումը բացառելու անհրաժեշտութիւնը դեռեւս կը զգացուի: Ահա թէ ո՛ւր պէտք է տեսնել ի մասնաւորի ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդներու քաղաքակրթական առաքելութիւնը:
Որպէս «ընկերային ամբողջական արարք» Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացի ամէն ոլորտներու մէջ ներկայ է: Անշուշտ, կարելի է այն անտեսել, փորձել լուսանցքի վրայ պահել, բայց նման նախաձեռնութեան գինը շատ ծանր կ՚ըլլայ: Ամէն պարագայի, եթէ անցնող քսանհինգ տարիներու փորձառութենէն ինչ որ դաս կարելի է քաղել, ապա եւ այդ մէկը պիտի ըլլայ այն հաստատումը, որ ըլլալու կամ չըլլալու սահմանին վրայ գտնուող ժողովուրդ մը, որ վերապրելու որոշում տուած է, չի կրնար խուսափիլ պատմական յիշողութեան ամէնօրեայ ներկայութենէն եւ թելադրանքէն: Ախտագին հոգեվիճակ չէ այս, ոչ ալ յառաջընթացի ու զարգացման կաշկանդում: Գոյութենական պայմանաւորում մըն է, որուն անտեսումը կամ կարեւորութեան նսեմացումը կրնան շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ: Ի դէպ, մտամարզանքի պէտք չկայ այս վերացական թուող ճշմարտութեան իմաստը աւելի բացատրելու համար. ցեղասպան պետութեան ժխտողական քաղաքականութեան շարունակումը եւ հայ-ատրպէյճանական պատերազմի շատ բացայայտ սպառնալիքը աւելի քան խօսուն փաստեր են:
Պետական մակարդակով թէ ընդհանրապէս հայութեան լայն հատուածներուն համար այս բոլորը բացատրութեան կարիք չունին: Բայց անհրաժեշտ է մերթ ընդ մերթ վերադառնալ հարցին, որովհետեւ ինչպէս որ 1990-ականներուն նորելուկ նէօլիպերալները կը «յորդորէին» դէպի առաջ նայիլ, այսօր եւս Սփիւռքի մէջ տակաւին լսելի են ձայներ, որոնք կամայ թէ ակամայ բեմերէն կը փորձեն բանաձեւել նման միտքեր, թէկուզ եւ աւելի զգոյշ, թէկուզ եւ երդուելով որ Ցեղասպանութիւնը կարելի չէ մոռնալ: Գիտենք, որ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը չէ որ մեր առօրեան կը պայմանաւորէ, ոչ ալ ազգային զարգացումը կ՚երաշխաւորէ: Սակայն կարեւոր է գիտակցիլ անոր տիրական ներկայութեան մեր հաւաքական գործընթացին մէջ եւ ընդառաջել մարտահրաւէրներուն:
Այս իսկ պատճառով Հռչակագրով արդարահատոյցի հաւաքական յանձնառութիւնը կ՚ենթադրէ քաղաքակրթական առաքելութեան մը գիտակցումն ու պատասխանատուութեան ստանձնումը:
Գործնական գետնի վրայ, սակայն, ցարդ քիչ քայլեր առնուած են այդ ուղղութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը դիմելու թրքական Գերագոյն Ատեան՝ պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածներու վերադարձը, ամենակոնկրետ նախաձեռնութիւնն է: Ինչպէս որ Արամ Ա. Վեհափառը բազմաթիւ առիթներով բացայայտ դարձուցած է, նախաձեռնութիւնը միայն կալուածներու վերադարձ չէ այլ՝ արդարահատոյց, գործընթաց մը, որ շատ աւելի եւ դեռեւս անծանօթ զարգացումներու դուռ պիտի բանայ: Սպասելի է, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւն բխի նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն, որովհետեւ, ի վերջոյ, երկու Վեհափառներն էին որ, Հարիւրերորդ Տարելիցի նախորդած տարուան Ապրիլին, միասին հրապարակային կերպով յայտարարեցին Թուրքիայէն եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջը:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի ֆինանսաւորումով եւ հովանաւորութեամբ պատրաստուած է արդար հատուցման շատ աւելի համապարփակ ծրագիր մը, աւելի ճիշդը՝ ճանապարհային քարտէս մը Հայ Դատի պայքարին համար: Ցեղասպանագէտներու կողմէ քանի մը տարիներու վրայ երկարած այս գիտական ուսումնասիրութիւնը, որ աննախընթաց է հայկական իրականութեան մէջ, կրնայ բազմաթիւ աշխատանքային դաշտեր բանալ բոլոր այն անհատ անձնաւորութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն թէ քաղաքական ուժերուն, որոնք ուզեն յանձնառութիւն վերցնել՝ արդարահատոյցի հետամուտ որեւէ իւրայատուկ հարցի հետապնդման եւ այդ ուղղութեամբ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելու թէ զօրաշարժ սկսելու ի խնդիր: Ուղեցոյցի չափ այս ճանապարհային քարտէսը իր բիւրեղացած մտքերով, յղացքներու յստակութեամբ եւ գործնական առաջարկներու յուշումով ներշնչման աղբիւր է նաեւ: Կը մնայ որ անոր գործնականացման առաջին պատասխանատուութիւնը բնականաբար առաջին հերթին ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ուսերուն կ՚իյնայ: Այլ խօսքով, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերը առնուազն հատուցման այս հանգրուանը կը թեւակոխեն յստակ մարտահրաւէրով մը՝ տեղեկագրի հիման վրայ գործնական աշխատանքային ծրագիրներ պատրաստելով: Նման նախաձեռնութիւն, բնականաբար, ե՛ւ մտաւորական, ե՛ւ մարդուժի, ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ համաշխարհային մասշտապով կազմակերպական համակարգումի ահագին ներդրում կը պահանջէ: Քիչ չէ, ոչ ալ դիւրին, մանաւանդ երբ յիսուն տարիներու վրայ երկարած Հայ Դատի Յանձնախումբերու քաղաքական զօրաշարժը ստեղծած է նախադրեալներու, նպատակներու, աշխատաոճերու եւ մինչեւ իսկ մտածելակերպի եւ բառամթերքի ամբողջ աւանդութիւն մը, առօրեաներ, որոնց փոփոխութիւնը դժուար պիտի ըլլայ: Աւելի՛ն, զգոյշ պէտք է ըլլալ Ցեղասպանութեան ճանաչման ամէն նախաձեռնութիւն բացառելու որպէս անցեալի հանգրուան, որուն համար ժամանակ, մարդուժ եւ ֆինանսական ներդրում սխալ պիտի ըլլայ: Օրինակի համար, կասկած չկայ որ Միացեալ Նահանգներու եւ կամ Չինաստանի Գործադիր թէ Օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակով Ցեղասպանութեան ճանաչման որեւէ յայտարարութիւն քաղաքական միջազգային անդրադարձ պիտի ունենայ: Ինչ որ կը յուշէ, որ ճանաչման ճիգերը օրակարգէ բոլորովին դուրս ձգելու հարց չի կրնար ըլլալ: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, հոն ուր անհրաժեշտ է Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւն մը կամ օրինականօրէն ամրագրուած վաւերաթուղթ մը որպէս քաղաքական աքթ, հատուցման խնդիրը արդէն իսկ պէտք է դրուի միաժամանակ: Կը բացառուի ճանաչման հասնելու ամէն պրակմատիզմ, որ յանուն նպատակի իրականացման արդարահատոյցի մասին լուռ մնալու զիջում կ՚ենթադրէ:
Երրորդ գործնական նախաքայլը արդարահատոյցի ուղղութեամբ Հռչակագրի մէջ նշուած պետական մակարդակով յատուկ ծրագրի մը պատրաստութիւնն է, որով եւ պիտի յստականանայ, թէ հայկական դիւանագիտութիւնը ինչպէ՛ս իր օրակարգին պիտի դնէ այդ խնդիրը: Կասկած չկայ որ Փրոթոքոլներու ձախաւերութենէն յետոյ հայկական դիւանագիտութիւնը յատկանշականօրէն ակտիւացած է, մասնաւորաբար ՄԱԿի մակարդակով, եւ նախաձեռնող եղած՝ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հետամուտ որոշումներու առաջադրման: Այս դրական ընթացքի շարունակութիւնն ու խորացումը կրնայ առաջնորդել ռազմավարականօրէն մտածուած հեռանկարային աշխատանքներու, որոնցմէ մէկը, օրինակի համար, ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդներու եւ պետութիւններու խմբաւորումի առաջացումը կրնայ ըլլալ: Նման խմբաւորում իր առջեւ նպատակ կը դնէ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Ոճիրի դէմ համաձայնագրի գործնականացման հետապնդումը, որուն համար ալ անզիջողութիւն ցուցաբերելու եւ այդ նպատակի առնչակից ամէն խնդիր որեւէ այլ պայմանաւորումէ զերծ պահելու սկզբունքային յանձնառութիւն կը վերցնէ: Նման համաձայնութիւններ կան արդէն քաղաքացիական հասարակութեան մակարդակով Գանատայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին եւ Աւստրալիա՝ նշելու համար միայն համագործակցութեան եւ անկէ անդին անցնող նախաձեռնութիւններու կոնկրետ պարագաներ: Համագործակցութեանց բնոյթն ու տարողութիւնը կրնան տարբերիլ անշուշտ, բայց հիմնականին մէջ բոլորը կ՚ենթադրեն ցեղասպանութեանց զոհ գացած ժողովուրդներու համընդհանուր դաշինքի մը անհրաժեշտութիւնը: Մարտահրաւէրը շատ աւելի սուր կերպով կը դրուի դիւանագիտական ոլորտին մէջ, ուր պրակմատիզմը, փոխ-զիջումը ե՛ւ խաղի օրէնք են, ե՛ւ գերագոյն իմաստութիւն: Դիւանագիտութիւնը այն ոլորտն է, ուր «կարմիր գիծեր»ը ոչ միայն կրնան վարդագոյնի վերածուիլ, այլ նաեւ գնահատելի է, որ այդպէս ըլլայ: Առ այդ, ցեղասպանութեան հարցով «կարմիր գիծեր» քաշելու եւ անոր վրայ հաստատակամ մնալու որոշում մը կրնայ կա՛մ միամտութիւն թուիլ, կա՛մ ալ, ընդհակառակը, բարոյական նախընթաց ստեղծել:
Հայկական դիւանագիտութիւնը նման յանդուգն եւ առաջին հերթին պարզամիտ թուող նախաձեռնութիւն մը կրնա՞յ գնահատել իր գործնականացման մէջ, որպէս նախաձեռնող կողմի յատուկ ինքնութիւն կերտող, եւ հետեւաբար՝ միջազգային բեմահարթակին վրայ անոր նախաձեռնողական դեր ապահովող քայլ: Եթէ դրական ըլլայ այս հարցումին պատասխանը, ապա եւ կը յստականայ, թէ քաղաքակրթական առաքելութիւն ի՛նչ կրնայ նշանակել գործնական իմաստով: Նման նախանձախնդրութիւն, առաւել, հայկական դիւանագիտութիւնը պիտի տարբերէ, օրինակի համար, իսրայէլեան դիւանագիտութենէն, որ կը հետեւի շատ նեղ իմաստով ռէալփոլիթիք ուղեգիծի մը: Հրեայ ժողովուրդի հազարամեայ մտածողութեան մեծագոյն իմաստութիւնը եղած է իր հիւմանիզմը, տիեզերականացումը: Տարբեր չէ նաեւ այդ ժողովուրդի դիմագրաւած ամենադաժան ճակատագրին՝ Ողջակիզման ծնունդ տուած հսկայ գրականութիւնը, որով եւ այդ փորձառութիւնը ընկալուեցաւ որպէս համամարդկային փորձառութիւն: Անոր ամենաառաջին եւ ամենավառ օրինակը լեմքինեան նախաձեռնութիւնն է՝ ցեղասպանութեան յղացքը բանաձեւելու որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր: Այս պատճառով ալ հակասութիւնը շատ ակնբախ է մէկ կողմէ Ողջակիզումի տիեզերականութեան եւ միւս կողմէ Իսրայէլի պետական քաղաքականութեան միջեւ: Այս վերջինը ոչ միայն նուազագոյնի իջեցուցած է իր համամարդկային յանձնառութիւնները, այլեւ, յանուն ինչ որ ազգային շահի, չէ վարանած մինչեւ իսկ համագործակցելու լատին ամերիկեան բռնատիրութեանց հետ, նոյնիսկ երբ այս վերջիններուն զոհ կ՚երթային հրեաներ, Հարաւային Ափրիկէի ափարթհէյտին հետ, առանց դեռ նշելու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքի անտեսումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու մերժումը եւ Ատրպէյճանի զէնք վաճառելը որպէս պարզ առեւտրական գործընթաց –business as usual:
Հայկական դիւանագիտութիւնը որպէս ցեղասպանութենէ վերապրած եւ արդարութեան հետամուտ ժողովուրդի միջազգային քաղաքականութիւն, պիտի տարբերի նման ռէալփոլոթիքէ եւ իր քաղաքակրթական առաքելութեան ուղին փնտռէ: Ըսենք, որ այլընտրանք այնքան ալ չունի. Հայաստան թէկուզ եւ ուզէ չի կրնար Իսրայէլի նման ռէալփոլիթիք խաղալ, որովհետեւ չունի անոր զինուորական, ֆինանսական եւ բարձր արհեստագիտութեան ուժական աղբիւրները, հետեւաբար միայն մորալփոլիթիքի մասնագիտացման մէջ է, որ իր ուղին պիտի փնտռէ: Կա՞ն երկիրներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան հայկական դիւանագիտութեան ընկերակցիլ այս ուղիին վրայ: Նման հարցումի պատասխան կարելի է տալ միայն, երբ դիւանագիտական նման ծրագիր մը բանաձեւելու որոշում առնուի: Սեւրի Դաշնագիրն ալ ընկալուած էր որպէս արդէն պատմութեան անցած փաստաթուղթ, մինչեւ որ Արա Պապեան ցոյց տուաւ, որ այլապէս մտածելու կարելիութիւնը կայ: Մորալփոլիթիքը այսօր կրնայ քմծիծաղ առաջացնել, մինչեւ որ համոզուինք, որ այն հայութեան համար նախաձեռնողական դիւանագիտութիւն ունենալու եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը առաջ տանելու միակ այլընտրանքն է, եւ սկսինք մտածել անոր գործնական ընթացք տալու մասին: Ի դէպ, հատուցման պահանջատիրութեան պետական-դիւանագիտական ոլորտը անխուսափելիօրէն կ՚ենթադրէ ե՛ւ Սփիւռքի հետ աշխատանքներու համակարգում, ե՛ւ այսպէս կոչուած «հանրային դիւանագիտութեան» ուղղութեամբ ճիգերու կարեւոր ներդրում, առանց տակաւին նկատի առնելու քաղաքացիական հասարակութեան յատուկ «երկրորդ ուղիի դիւանագիտութիւնը»: Այս բոլորը, մանաւանդ ցեղասպանութեան հարցով, կ՚ենթադրեն մորալփոլիթիքը լուրջի առնել:
Հատուցման պահանջատիրութեան այս հանգրուանը, ուրեմն, սկիզբ առած է մէկ կոնկրետ նախաձեռնութեամբ ի դէմս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատական հայցին Թուրքիոյ Գերագոյն Ատեան Սիսի Կաթողիկոսութեան վերադարձի պահանջով, կայ մէկ ճանապարհային քարտէս մը, որուն հիման վրայ սպասելի է, որ Հայ Դատի պայքարին նոր աշխատանքային ոլորտներ բացուին, եւ կը սպասուի պետական այն փաստաթուղթը, որ պիտի ճշդէ հայկական դիւանագիտութեան դերն ու ուղղութիւնը: Կասկածէ դուրս է, որ հատուցման պահանջատիրութիւնը առաջին հերթին հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ոճիրին արդարահատոյց է, բռնագրաւուած իրաւունքներու, ներառեալ հողատարածքային, վերադարձի ի խնդիր պայքար, եւ, հետեւաբար, կը նպատակադրէ երաշխաւորել, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան սպառնալիքէն զերծ պիտի մնայ եւ ազատօրէն պիտի շարունակէ իր զագացման պատմական գործընթացը: Բայց ե՛ւ գործնական իմաստով, ե՛ւ նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական այն ոլորտը, ուր Հայաստանն ու հայրենամերձ հայկական համայնքները կը գտնուին, պահանջատիրութիւնը չի կրնար բացառաբար ազգային կամ ազգայնական ուղղուածութիւն ունենալ: Ընդհակառակը, այն պիտի տեղադրել քաղաքակրթական առաքելութեան մը յանձնառութեան ծիրին մէջ, ուր Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը կը ձգտի նախընթաց ստեղծել ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու զոհ գացած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնումին եւ, տակաւի՛ն, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման: Եթէ պահ մը գիտակցինք, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԷՇի բարբարոսները ցեղասպանութիւն կը գործեն ե՛ւ մարդոց, ե՛ւ քաղաքակրթութեան, ե՛ւ հաւաքական յիշողութեան բնաջնջմամբ, ապա եւ յստակ կը դառնայ, թէ պահանջատիրական պայքարի ազգային նախանձախնդրութիւնն ու անոր քաղաքակրթական առաքելութեան տարողութիւնը որքա՛ն առնչակից եւ փոխ-լրացուցիչ են:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles