Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Թորոնթոյի Միացեալ Յանձնախումբը, յատուկ թղթակցութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակէն տարի մը անց, շրջանի հայութիւնը պատշաճօրէն նշած է 101-ամեակը, Կիրակի Ապրիլ 17-ին:
Թորոնթոհայութիւնը անգամ մը եւս ի մի խմբուեցաւ ցոյց տալու համար որ 101 տարի անց, տակաւին կա՛նք, 101 տարի անց, տակաւին Թուրքիան կը դատապարտե՛նք, 101 տարի անց, կը տօնենք Հայ Ազգի վերապրումը եւ կ՚ապացուցենք որ Թուրքիան ձախողեցաւ:
Բազմահարիւր թորոնթոհայեր, համախմբուեցան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակը եւ իմանալու համար հարիւրամեակէն ետք Հայ Դատի նոր ուղղութիւնը:
Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու ունկնդրութենէն ետք, վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Ապա ցուցադրուեցաւ 1915-էն մինչեւ օրս հայ ժողովուրդի նկատմամբ Գանատայի Մարդասիրական Գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ աւարտեցաւ Արցախեան պատերազմի հարցով Գանատայի որդեգրելիք քայլերուն մասին առաջարկով՝ Դատապարտել Ատրպէյճանը եւ Պահպանել խաղաղութիւնը:
Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինի անունով, խօսք առաւ Սիմոն Իզմիրեան: Ան հաստատեց, որ միջազգային մակարդակով, Գանատան միշտ եղած է մարդու իրաւունքներու պաշտպան երկիր: Գանատան, համաշխարհային մաշտապով, իր առաջին մարդասիրական գործը կատարած է 1923ին, երբ կառավարութեան ճիգերով եւ ժողովուրդին նուիրատուութեամբ, հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած 150 որբ տղաք հաստատեց Ճորճթաունի ագարակին մէջ: Գանատայի մարդասիրական ճիգերը շարունակուած են, երբ 1921ին, Նովա Սքոշիացի Սառա Գորնինկ, հասած է իզմիր եւ ազատած 5000 որբեր, երբ թուրք զինուրները կ՚այրէին քաղաքը: Իզմիրեան շարունակեց վեր առնել Գանատայի մարդու իրաւունքներու պաշտպան ըլլալու հանգամանգը, նշելով 1980-էն մմինչեւ 2015 Օնթարիոյի եւ Գանատայի խորհրդարաններու ինչպէս նաեւ Գանատայի Ծերակոյտին անցուցած Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բոլոր բանաձեւերը: Իզմիրեան յայտնեց, որ ցեղասպան թուրքիոյ անպատիժ մնալու հետեւանքով է, որ անցնող շաբաթներէն ի վեր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Թրքական բացայայտ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանական յարձակումներուն, որ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշները խախտելով կը փորձէ ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծել շրջանին մէջ: Իբր Գանատացիներ [ոչ միայն գանատահայեր], բարոյական պարտաւորութիւնը ունինք կանխարգիլելու ապագայ ցեղասպանութիւնները, դէմ կանգնելով անտարբերութեան: Իզմիրեան աւարտեց, ըսելով որ մեր պահանջատիրութիւնն ու պայքարը տկարութիւն չեն ճանչնար:
Ապա խօսք առաւ Գանատայի Մօտ Հայաստանի Դեսպան Վսեմաշուք Տիար Արմէն Եգանեան: Ան բացատրեց որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով, միջազգային մակարդակով, դատավարութիւն տեղի չէ ունեցած եւ այդ է պատճառը որ հայ ժողովուրդը եւ պետութիւնը տասնեակ տարիներ աշխատեցան տարբեր երկիրներու կողմէ ճանաչում ստանալու համար: Եգանեան անդրադարձաւ նաեւ Ստալինեան անարգ որոշումին՝ Արցախը յանձնելու Ազրպէյճանին եւ ուղղակի կապ գծեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն միջեւ, հաստատելով որ երկուքին հասարակ յայտարարն է բնաջնջել Հայ ազգը: Եգանեան նշեց որ կարիքը ունինք Գանատայի առաջնորդութեան, որպէսզի մատնանշուի նախայարձակը եւ ոչ թէ երկու կողմերուն խաղաղութեան կոչ ուղղուի, երբ մէկ կողմը [Հայկական Կողմը] արդարօրէն արիւն կը թափէ իր հողը ազատագրելու համար: Եգանեան յայտնեց որ միջազգային ընտանիքը ոչինչ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, բայց Գանատան առաւ բազմաթիւ քայլեր եւ այսպիսով դարձաւ Մարդու Իրաւունքներու Գերհերոսը:
Ոգեկոչման ձեռնարկի գլախաւոր պատգամաբերն էր Տիթրոյթի Համալսարանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի Դասախօս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Նախկին անդամ, Armenian Review-ի նախկին խմբագիր եւ այժմ Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ՝ Հայկ Օշական, որ փաստերով եւ թիւերով հանդէս եկաւ, բացատրելու համար որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անվիճելի եւ անուրանալի իրականութիւն է, եւ որ թրքական, քրտական, ամերիկեան եւ եւրոպական վաւերագրական փաստաթուղթերուն մէջ գրուած իրողութիւն է: Այսույամենայնիւ, Թուրքիան տակաւին կը փորձէ աշխարհի յիշողութենէն ջնջել Ցեղասպանութիւնը, աշխատանք տանելով թէ Թուրքիոյ մէջ (տեղանուններու փոփոխութիւն, կրթական ծրագիրի մէջ պատմական խեղադիւրում…) եւ թէ Թուրքիայէն դուրս (Լոպիիսթներ վարձել, այլ երկիրներու արտադրութիւններ պոյքոթի ենթարկել…) այլ պետութիւններու մօտ: Օշական յայտնեց որ վերջին տասնամեակներուն մեր պայքարը տնտեսութեան դէմ պայքար է: Հայ ժողովուրդը հիմնած է կազմակերպութիւններ եւ քաղաքական մշակոյթ, տնտեսութեան դէմ պայքարելու համար եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարն է որ կը սահմանէ հայ ըլլալը: Եւ այդ՝ կը նշանակէ որ հայ ժողովուրդը զոհ չէ այլ արդարութիւն պահանջող: Օշական նշեց որ այսօրուան Թուրքիան ժառանգորդն է ոչ միայն Օսմանական Թուրքիոյ այլ նաեւ Աթաթիւրքի Թուրքիոյ: Ապա Օշական հարցադրումներով անդրադարձաւ վնասուց հատուցման գործընթացին: Ի՞նչ է հատուցումէն պահանջուածը: Նիւթակա՞ն, ներողամտութեան հայցո՞ւմ: Որո՞ւ համար հատուցում խնդրել: Վերապրողի՞ն, անոնց ընտանիքներո՞ւն: Ինչպէ՞ս պահանջել: Հայաստանի կառավարութի՞ւնը պիտի պահանջէ թէ սփիւռքը, համաշխարհային դատարանը ի՞նչ պիտի վճռէ: Այս բոլոր հարցերուն է որ ազգովին պէտք է խորհրդակցինք: Նիւթականէն զատ այլ հատուցումներ ալ պէտք է ըլլան. ինչպէս Գերմանիան դարձած է Իսրայէլի դաշնակից, Թուրքիան պէտք է դառնայ Հայաստանի դաշնակից: Պիտի հասնինք հատուցման որովհետեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ աշխարհի դիմագիծը կը փոխուի: Անարդարութեան անհանդուրժողութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, ազգեր այլ ազգերու հանդէպ հոգածութիւն, կրթական համակարգերու մէջ ցեղասպանութեան թեմայի աւանդում… Օշական իր բանախօսութիւնը փակեց ըսելով թէ մեր ծնողներու սերունդին կտակը՝ ճանաչում ստանալն էր: Սուղ գին վճարեցինք, բայց յաջողեցանք: Մեր սերունդի կտակը պէտք է ըլլայ հատուցումը եւ պէտք է մեր սերունդը կամ յաջորդը կարենայ փակել պատմութեան այդ էջը:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Գանատայի Դաշնակցային, Նահանգային, Քաղաքապետական եւ Ուսումնական պաշտօնատարներ որոնք դատապարտեցին Թուրքիոյ ուրացման աշախատանքները եւ վերահաստատեցին իրենց բարեկամութիւնն ու զօրացութիւնը՝ Գանատահայ ու Թորոնթոհայ գաղութին:
Պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Թորոնթոհայ Գաղութի անունով, ծաղկեպսակ մը զետեղեցին իսկ Թորոնթոհայ հայրենակիցները ծաղիկներ զետեղեցին, անգերեզման ու անշիրիմ մեր նահատակներու վառ յիշատակին:
Հոգեւոր հովիւներու աղօթքով փակուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը:
Read Time:3 Minute, 56 Second