ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, Ապրիլ 25-ի գիշերը ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակը ամէնէն լարուածն էր: Բացի մարտական դիրքերէ ռմբակոծուած են նաեւ բնակավայրեր: Այս զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք զոհուած են պայմանագրային զինուորներ 24-ամեայ Տիգրան Պօղոսեան եւ 44-ամեայ Արամ Առուշանեան:
Ըստ հաղորդագրութեան, Ապրիլ 26-ի կանուխ առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը կրակի դադրեցման մասին պայմանաւորուածութիւնը խախտած է աւելի քան ութսուն0 անգամ` «օգտագործելով իր մօտ գտնուող գրեթէ բոլոր տեսակի հրետանային միջոցները եւ զրահապատները»:
Բացի մարտական դիրքերէն, հակառակորդը «Կրատ» կայանքներէ ռմբակոծած է Մարտակերտ քաղաքն ու Մատաղիս գիւղը:
Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի ղեկավար Սասուն Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նոյնիսկ քառօրեայ պատերազմի օրերուն քաղաքը նման արկակոծման չէր ենթարկուած: Ան նշեց, որ քաղաքացիներ չեն զոհուած:
«Գիշերը, ժամը 1:00-ի սահմաններուն սկսած է Մարտակերտ քաղաքի հրետակոծութիւնը: Նշեմ, որ աւելի յաճախակի, քան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ: Քանդուած են բնակելի տուներ, խանութ մը, քաղաքապետարանի շէնքը, առեւտուրի ապրանքները եւ ուրիշ այլ բաներ: Մարդկային զոհեր, փառք Աստուծոյ, չունինք: Համոզուած կրնամ ըսել, որ իրենք դիտմամբ քաղաքը, քաղաքի կեդրոնը կը ռմբակոծեն». նշեց Յարութիւնեան:
Յարութիւնեանի համաձայն, անկախ պատերազմական վիճակէն, բնակիչները չեն միտիր իրենց տուները լքել: Իսկ Մատաղիսի դպրոցին տնօրէնը, որ ժամանակաւորապէս կը փոխարինէ նաեւ Ապրիլեան բախումներուն սկիզբը վիրաւորուած գիւղապետը, ըսած է, որ զինադադարի պայմանաւորուածութենէն ետք ասիկա արդէն երկրորդ գիշերն է, որ գիւղը արկերու տարափին ենթարկուած է:
Մատաղիսցիները եւս, ըստ դպրոցին տնօրէնին, գիշերները կը պատսպարուին ռմբակոծումէն, իսկ ցերեկները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: «Խուճապ չկայ, առաջին երկու պայթումներէն անմիջապէս կը մտնենք ապաստարաններ, նկուղներ, կը սպասենք, որ ձայները դադրին, որմէ ետք դուրս կու գանք», բացատրած է դպրոցին տնօրէնը:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, ազրպէյճանական կողմի նախայարձակ գործողութիւնները չէզոքացնելու նպատակով ղարաբաղեան բանակը դիմած է կանխարգելիչ քայլերու եւ թիրախային հարուածներ հասցուցած անոր առաջնային դիրքերուն ու կրակային յենակէտերուն` պատճառելով կենդանի ուժի եւ սպառազինութեան նշանակալի կորուստներ:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները հակառակորդին գործողութիւնները ճնշելու համար կը ձեռնարկեն պատժիչ գործողութիւններու` անոր հասցնելով կենդանի ուժի եւ զինատեսակներու մեծ կորուստներ:
Ատրպէյճանի պաշտպանութիւն նախարարութիւնը, ըստ սովորութեան ցարդ իր զոհերուն մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդած:
Իսկ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, 26 ապրիլի օրուան ընթացքին եւ այս պահու դրութեամբ հակառակորդը կը շարունակէ յաճախակի հրետակոծութեան ենթարկել ինչպէս ամբողջ առաջնագիծը, այնպէս ալ խաղաղ բնակավայրերը` կիրարկելով տարբեր տրամաչափի ականանետեր եւ թնդանօթներ, Կրատ կայանքներ եւ գերարդիական համակարգեր:
Այս կացութեան մասին պարբերաբար կը տեղեկացուի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Դեսպանին հետ 26 ապրիլի երեկոյեան հանդիպած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան: Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուած են ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զինուած դիմակայութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը եւ Ատզրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները: Ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի դերը զինուած դիմակայութեան գօտիին մէջ լարուածութեան թուլացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ դէպքերու հետաքննութեան գործիքակազմերու շուտափոյթ ներդրման անհրաժեշտութիւնը»:
Ապրիլ 26-ին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը լոյս ընծայեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.-
«Ապրիլ 2-5-ին, Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւններէն ետք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ջանքեր գործադրել վերջնականապէս խափանելու տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը եւ զայն տեղափոխելու զինուորական հարթութիւն: Այդ մասին կը վկայեն 12 մայիս 1994-ին կնքուած զինադադարի եռակողմանի համաձայնագիրը միակողմանիօրէն չեղեալ նկատելու` ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած փորձերը: Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական կողմը կը դիմէ արդէն աւանդական դարձած խարդախութեան եւ մեքենայութիւններու փորձերուն` փորձելով մեղքը դնել հայկական կողմին վրայ եւ այդ միջոցով խուսափիլ պատերազմ սանձազերծելու համար պատասխանատուութենէ:
Այս առիթով անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեցնել, որ Արցախի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ 12 մայիս 1994-ին անժամկէտ կնքուած համաձայնագիրը կը հանդիսանայ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ միակ իրական ձեռքբերումը: Այս համաձայնագիրին շնորհիւ է, որ խաղաղ բանակցութիւններուն հիմք դրուեցաւ եւ տագնապի արդարացի եւ վերջնական լուծման ուղղուած միջնորդներու գործունէութեան համար պայմաններ ստեղծուեցան:
Կիսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն տեսակէտը այն մասին, որ սոյն համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Փետրուարի 1995-ին կնքուած համաձայնագիրը հիմք կը հանդիսանան զինադադարի եւ անոր ամրապնդման համար, չափազանց կարեւոր կը նկատենք միջազգային հանրութեան եւ միջնորդ երկիրներու դիրքորոշումներու միաւորումը արդիւնաւէտ եւ անյետաձգելի միջոցներ ձեռնարկելու հարցին մէջ`ստիպելու Ատրպէյճանին հաւատարիմ ըլլալ նշուած համաձայնագիրներու շրջագիծին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ նշուած համաձայնագիրները վերանայելու ատրպէյճանական իշխանութիւններու որեւէ փորձ` անիկա գնահատելով իբրեւ հերթական պատերազմ սանձազերծելու Ատրպէյճանի բացայայտ մտադրութիւն, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ Մայիս 1994-ին հաստատուած զինադադարի դրութեան լիակատար վերականգնումը:
Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն դիւանագիտական եւ հաւանական այլ միջոցներ` Մայիս 12 , 1994-ի եւ Փետրուար 6-ի համաձայնագիրներու լիակատար իրագործումը ապահովելու եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած յանցագործ քայլերով իրադարձութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը բացառելու համար:
Read Time:3 Minute, 39 Second