Երեւանի մէջ, միջին հաշուով օրական քառասուն հազար ուղեւոր կ’երթեւեկէ: Անոնց տրամադրութեան տակ դրուած են զանազան փոխադրամիջոցներ, որոնց կարգին գրեթէ երեք հազարի հասնող թաքսի, 360 փոխադրակառք, ութսուն ելեկտրականութեամբ բանող կառքեր՝ ելեկտրակառքեր, նաեւ մեթրոյի միակ գիծը:
Պետութիւնը գործի լծուած է «հաւաքականե փոխադրամիջոցներուն յաւելեալ զարկ տալ, այսինքն զարգացնել փոխդրակառք-ելեկտրակառքերու թիւը, պարզապէս պայքարելու համար գեր-երթեւեկութեան ստեղծած խճողումին դէմ, միեւնոյն ժամանակ անշուշտ փոխադրութեան սակի յաւելման դէմ պայքարելու համար:
Այս գծով, յառաջիկայ ամիսներուն, փոքր փոխադրակառքեր՝ մինիպասեր պաշտօնի կանչուած են: Ասոնց կողքին, նաեւ պիտի տրամադրուին հարիւրէ աւելի նոր փոխադրակառքեր եւ քսանի շուրջ ելեկտրակառքեր:
Այսպիսի փոփոխութիւններ հաւանաբար նաեւ պակսեցնեն արկածներու թիւը, որ վերջին տարիներուն մտահոգութիւն ստեղծած էր: Անցեալ տարուայ ընթացքին արձանագրուած են 150 արկած, որոնց պատճառաւ արձանագրուած զոհերուն թիւը կը գերազանցէ տասը:
Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի