Միայն պատմական բնոյթ չունէր Հասան Ճեմալի այցելութիւնը, Մասաչուսէցի «Փոքր Հայաստան – Լիթըլ Արմինիաե շրջանը՝ Ուաթըրթաուն: Պարզ տեսակցութիւն մըն ալ չէր, ոչ ալ զբօսաշրջիկ այցելութիւն մը:
Արդարեւ, 1922-ին, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ ահաբեկուած Ճեմալ Փաշայի թոռը, եկած էր մօտէն ծանօթանալու, շփման մէջ մտնելու եւ լուծելու -աւելի ճիշդ՝ կարենալ լուծելու կամ գէթ լուծման ճանապարհային քարտէսի մը ազդանշանը տալու- ընկերային, զգացական, հոգեբանական ու աշխարհաքաղաքական բարդոյթներու:
Ծիծեռնակաբերդ ժամանած եւ Հայոց Եղեռնին զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներու յիշատակին՝ յարգանքի ծաղիկ զետեղած, Ճեմալի համար յստակ էր թէ պատմութեան գերին դառնալ, կը նշանակէր նաեւ դառնալ եւ վերածուիլ ապագայի բանտարկեալի:
Իբրեւ յառաջադէմ գաղափարներու տէր լրագրող, ան դիմած էր «թափանցիկ ու բացե քաղաքականութեան…Այսինքն իրար յարգելու, իրար հասկնալու եւ իրար ներելու քաղաքականութեան գործելաոճին:
Ան բազմիցս անդրադարձաւ բարի դրացիութեան յարաբերութիւն մշակելու գաղափարին մասին, միշտ ալ օրինակ բերելով, ունեցած իր անձնական յարաբերութիւնները, Պոլսոյ մէջ սպաննուած իր գաղափարակից ընկեր՝ Հրանդ Տինքի հետ:
Սակայն, այդչափ ալ հեզասահ չընթացաւ այս մերձեցման քաղաքականութիւնը, Ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած, այդ պատմութիւն կերտած Ուաթըրթաունի «Սքուլ Սթրիթեի եւ անոր մերձակայ հայորդիներուն հետ:
Անոնք ժամանած էին, իրենց կարգին անցեալի գերի դառնալու այդ մտածելակերպէն դուրս գալու եւ նոր էջ մը բանալու: Էջ մը որուն նախաբանը կամ բացման նախապայմանն է, Ճեմալի գաղափարակից ընկեր եւ Ուստըր համալսարանի Ցեղասպանութեան ենթաբաժնի պատասխանատու տնօրէն Թանէր Աքչամի նկարագրած «ամօթալի արարքեին, այսինքն Եղեռնին պատշաճ ճանաչումը:
Հետաքրքրականը այն էր թէ, ճիշ°դ այս հանդիպումէն օր մը առաջ, Հարվըրտի մէջ կայացած ձեռնարկին, ուր ներկայ էին բազմաթիւ թուրք երիտասարդներ, Ճեմալ կրցած էր աւելի դիւրութեամբ իր թափանցիկ քաղաքականութիւնը բացատրել եւ կիրարկել:
Ուաթըրթաունի մէջ պատահած «Ձայն բարբառոյ յանապատիեն, կարելի է սեպել 94 տարուայ ձեռնածաւալ սպասումէ ետք անհամբերութի՞ւն թէ իրար հասկնալու անհասկացողութիւն…