ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:16 Minute, 33 Second

ԱՐ­ՄԷՆ ՏՕ­ՆՈՅ­ԵԱՆ

Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­թեան 20ամ­եա­կը իր ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հա­սաւ, երբ 1992 Մա­յիս 8ին Շու­շին եկաւ մեր ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­մու­թեան անա­ւարտ էջը նոր յաղ­թա­նա­կով ոս­կե­զօ­ծե­լուի:

Մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր թուա­կան­ներ են ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի աջու­մով 1918, 1920 եւ վեր­ջա­պէս Փետր­ուար 20, 1988, երբ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը յա­ջո­ղե­ցաւ իր վրա­յէն թօ­թա­փել ատր­պէյ­ճա­նա­կան ժան­գոտ լու­ծը եւ հռչա­կել Ար­ցախ­եան ան­կա­խու­թիւն:

Խորհր­դայ­նաց­ման պար­տա­ւո­րած լռու­թե­նէն եւ բռնաց­ուած հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թե­նէն ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը հե­տե­ւե­ցաւ իր ազա­տագ­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան-հա­յա­հա­ւաք եւ հո­ղա­հա­ւաք կար­գա­խօ­սին եւ առա­ջին յաղ­թա­նա­կով ազա­տագ­րեց Ար­ցա­խը, որ­պէս առա­ջին նուա­ճում:

Հա­յու­թիւնը սկսաւ իր պատ­մա-քա­ղա­քա­կան ազ­գա­յին մար­տու­նա­կու­թիւնը վե­րագտ­նել: Ար­ցա­խը եղաւ մեր պատիւը, մեր հպար­տու­թիւնը: Ար­ցա­խը եղաւ մեր յաղ­թա­նա­կը:

Եւ այդ հպար­տու­թիւնը ամ­բող­ջա­կան դար­ձաւ, երբ պատ­մա­կան դա­րա­ւոր եւ նշա­նա­ւոր քա­ղա­քը, Շու­շին, որ հնա­րա­ւոր չէր եղած Ար­ցա­խի հետ նուա­ճել, հնա­րա­ւոր եղաւ ՄԱ­ՅԻՍ 8, 1992ին ազա­տագ­րել:

Այժմ տանք Շուշիի ազա­տագր­ման պատ­մու­թիւնը եւ այս դա­րա­ւոր հա­յատ­րոփ քա­ղա­քին հպարտ իրա­գոր­ծում­նե­րը:

Հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը իրա­կա­նա­ցու­ցին այդ ազա­տու­թիւնը: Գար­նան գե­ղե­ցիկ ար­շա­լոյ­սին, 2800 մար­տիկ­նե­րով սկսաւ այդ ար­շա­ւը: Ամէն կող­մէն պա­շար­ուե­ցաւ Շու­շին եւ սկսաւ իր ազա­տագ­րու­թեան կար­ճա­տեւ հե­րո­սա­մար­տը:

Շու­շի քա­ղա­քին մէջ զօ­րա­ցած էին ազե­րի բա­նա­կի 2300 զի­նուոր­ներ, որոնք իրենց հրե­տանիի զօ­րու­թեամբ եւ այդ բար­ձուն­քէն կը ռմբա­կո­ծէ­ին Ստե­փա­նա­կերտն ու շրջա­կայ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րը:

Իր կար­գին, խե­լա­ցի դա­սա­ւո­րու­մով հայ­կա­կան զօր­քը իր հրե­տանի­ով, անակն­կա­լի բե­րե­լով ազե­րի­նե­րը, ամէն կող­մէ շրջա­պա­տե­լով խու­ճա­պի մատ­նած էին զա­նոնք: Հայ­կա­կան զօր­քը չորս հիմ­նա­կան կեդ­րոն­նե­րէն ամ­րապնդ­ուած սկսան սաս­տակ­ացնել իրենց գրոհ­նե­րը:

Ազե­րի­նե­րը ան­շուշտ կը սպա­սէ­ին այդ հա­կա­հար­ուա­ծին եւ ցոյց կու տա­յին ու­ժեղ դի­մադ­րու­թիւն, բայց հայ­կա­կան ուժ­գին այս յար­ձա­կու­մին դէմ դնել ան­կա­րե­լի եղած էր:

Եւ յա­ջորդ օրը ար­դէն, այ­սինքն ՄԱ­ՅԻՍ  9ին, ազե­րի բա­նա­կա­յին­նե­րը կը զար­մա­նա­յին թէ ինչ­պէս այն­քան արա­գու­թեամբ հա­յե­րը կրցած էին զի­րենք առ­նել ծու­ղա­կի մէջ եւ սկսած էին մեծ թիւով զո­հեր տալ: Ճար չու­նե­նա­լով մի­ակ ճամ­բան էր իրենց հա­մար փա­խուստ տալ եւ իրենք զի­րենք ազա­տել: Հայ մար­տիկ­նե­րը գի­տակ­ցե­լով այդ կա­ցու­թեան, թոյլ տուին որ անոնք քաշ­ուին Շուշի­էն եւ եր­թան դէ­պի Լա­չին: Ոչ միայն խնա­յե­լու հա­մար յա­ւել­եալ արիւ­նա­հո­սու­թիւն, այլ Շուշիի եկե­ղե­ցի­նե­րուն՝ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ բնակ­չու­թեան մա­սին մտա­ծե­լով, որով­հե­տեւ անոնք կրնա­յին վնաս­ուիլ հրե­տանիի ռմբա­կո­ծում­նե­րէն:

Ստե­փա­նա­կեր­տը ցնծու­թեան մէջ էր, Շու­շին ազա­տագր­ուած էր, Շու­շին այդ դա­րա­ւոր հա­յա­պար­ծան քա­ղա­քը ան­գամ մը եւս կու գար մի­ա­նա­լու իր տէ­րե­րուն, հա­յու­թեան:

Բայց պէտք էր հե­տապն­դէ­ին ազե­րի զին­եալ­նե­րը, որոնք ան­ցած էին Լա­չին եւ այն­տե­ղէն կրնա­յին ազա­տագր­ուած Ար­ցա­խին վնա­սել, ուս­տի շա­րու­նա­կե­լով մաք­րա­գործ­ման իրենց առա­քե­լու­թիւնը, հայ զին­եալ­նե­րը հե­տապն­դե­ցին եւ զա­նոնք Լա­չի­նէն եւս հե­ռա­ցու­ցին:

Շու­շին ոչ միայն հայ­կա­կան քա­ղաք էր, այլ եւ ու­նէր մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ: Պատ­մու­թեան մէջ մենք գի­տենք թէ ան եղած է Անդր­կով­կա­սի մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան մեծ կեդ­րոն մը, եղած ըլ­լա­լով Եւ­րո­պա­յի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մա­կար­դա­կով կրթա­կան օճախ, ու­նե­նա­լով  նոյ­նիսկ անց­եա­լին հա­յե­րէն, գեր­մա­նե­րէն, ռու­սե­րէն մին­չեւ իսկ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւն: Նշա­նա­ւոր եղած է իր ճար­տա­րա­պե­տա­կան գլուխ գոր­ծոց հա­մա­րուող Ղա­զան­ջե­ցոց Եկե­ղե­ցին:

Նոյն­պէս նշա­նա­ւոր եղած է իր ԳԱՆ­ՁԱ­ՍԱ­Րի եկե­ղե­ցին, որուն մա­սին Փա­րի­զի մէջ գու­մա­րուող մի­ջազ­գա­յին ճար­տա­րա­պե­տա­կան հա­մա­գու­մա­րին հա­մար­ուած է Անդր­կով­կա­սի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մէջ եԹա­գու­հի Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան« մակ­դի­րին:

Իտա­լա­ցի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ եւս եր­կու կա­րե­ւոր եկե­ղե­ցի­ներ յի­շա­տակ­ուած են մէ­կը Նա­խի­ջե­ւա­նի եԱս­տա­պատ«ի եւ միւ­սը եԳան­ձա­սար«ի եկե­ղե­ցին: Դժբախ­տա­բար Աս­տա­պա­տի եկե­ղե­ցին մի քա­նի տա­րի առաջ զոհ գնաց ազե­րի­նե­րի բար­բա­րո­սու­թեան, բայց Գան­ձա­սա­րը կը մնայ կան­գուն:

Շուշիի մա­սին անհ­րա­ժեշտ է տալ յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, բայց կա­րե­լի է յի­շել միայն, որ այն­տեղ առա­ջին ան­գամ թարգ­ման­ուած է Սաղ­մոս­նե­րը աշ­խար­հա­բա­րի, այն­տեղ առա­ջին ան­գամ գտնուած է մարդ­կա­յին կմախք մը Հադ­րու­դի (Ազոխ գիւ­ղին մէջ) եւ եզ­րա­կաց­ուած է հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­բա­նու­թեան կող­մէ, որ մարդ­կա­յին ծննդոց առա­ջին օջախ­նե­րէն մէ­կը եղած է Շու­շին:

Ու­րեմն կ’ար­ժէ, որ այս նշա­նա­ւոր քա­ղա­քի ազա­տագր­ման օրը առանձ­նա­պէս յի­շել, որ­պէս­զի ամ­բող­ջա­նայ Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­մը, որուն 20րդ տա­րե­դար­ձը կը տօ­նէ հա­յու­թիւնը:

1988 Փետր­ուար 20ը եկաւ սրբա­գոր­ծե­լու մեր դա­տը եւ մեր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան մէջ ստեղծ­ուե­ցաւ ան­կիւ­նա­դարձ մը: Խորհր­դայ­նաց­ման պար­տա­ւո­րած լռու­թե­նէն եւ բռնա­դատ­ուած հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թե­նէ ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը հե­տե­ւե­ցաւ իր ազա­տագ­րա­կան հա­ւա­տամ­քին-հա­յա­հա­ւաք եւ հո­ղա­հա­ւաք կար­գա­խօ­սին եւ առա­ջին յաղ­թանա­կով ազա­տագ­րեց Ար­ցա­խը:

Կը խօ­սինք առանձ­նա­բար Շուշի­ին մա­սին, քա­նի որ ան եղաւ պսա­կը ար­ցախ­եան ազա­տագ­րու­թեան:

Շու­շի քա­ղա­քը նշա­նա­ւոր եղած է ոչ միայն Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան իրա­կա­նու­թեան մէջ, այլ եւ ռու­սա­կան կայս­րու­թեան հա­մար եւ Եւո­պա­յի կրթա­կան թէ քա­ղա­քա­կան առում­նե­րով:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ ազե­րի տի­րա­պե­տու­թեան տակ ու­նե­ցած է դժբախտ օրեր, որով­հե­տեւ անգլ­ի­ա­ցի­նե­րու դա­ւա­դիր տնօ­րի­նու­մով ամ­բողջ Ղա­րա­բա­ղը ան­ցած է ազե­րի­նե­րու իշ­խա­նու­թեան ներ­քոյ, երբ Անդ­րա­նի­կի ճի­գե­րը, ան­կէ առաջ եւ ան­կէ ետք Դրո­յի, Գա­րե­գին Նժդե­հի մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը չեն կրցած ազա­տագ­րել, ոչ թէ ազե­րի­նե­րէն այլ անգլ­ի­ա­ցի­նե­րու խա­բէ­ու­թիւն­նե­րէն, որուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք նշա­նակ­ուած Տոքթ. Սուլ­թա­նով դար­ձած է շրջա­նի ընդ­հա­նուր նա­հան­գա­պետ եւ իր մահ­մե­տա­կան հա­կա­հայ ար­եան հե­տե­ւո­ղու­թեամբ մնա­յուն կեր­պով հա­լա­ծած է հա­յու­թիւնը մին­չեւ շրջա­նի տի­րա­պե­տումն ու խորհր­դայ­նա­ցու­մը:

Ար­ցախ պատ­մա­կա­նօ­րէն բաժն­ուած է հինգ շրջան­նե­րու անոր Հադ­րութ, Մար­տա­կերտ, Մար­տու­նի, Ստե­փա­նա­կերտ եւ Շու­շի:

Տա­րա­ծու­թիւնն է 4400 քառ. քլմ. գրաւ­ուած հո­ղա­տա­րածք­նե­րով մի­ա­սին՝ Շու­շին ըլ­լա­լով նշա­նա­ւոր եւ ապա­հով վայր նկատ­ուած՝ հա­յոց մէջ՝ Նա­խի­ջե­ւա­նէն, Մեղրի­էն, Պարս­կաս­տա­նի հա­յա­հոծ շրջան­նե­րէն հա­լած­ուած հա­յեր եկած հաս­տատ­ուած են այն­տեղ եւ ըն­տա­նե­կան հա­մախմ­բում­ներ կազ­մած, նոյ­նիսկ ու­նե­ցած են իրենց թա­ղա­յին եկե­ղե­ցի­նե­րը: Ըսինք որ ու­նե­ցած է մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ, այս համ­բա­ւը իրենց հա­մար եղած է առա­ւե­լու­թիւն թէ ան­պա­տե­հու­թիւն: Հի­նէն ի վեր, մոն­կոլ­նե­րը եկած եւ անոր սքան­չե­լի դիր­քին հա­մար գրա­ւած են զայն եւ աւեր­ներ գոր­ծած: Ան­կէ ետք ռուս-պարս­կա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու թա­տե­րա­բեմ եղած է մին­չեւ իր ազա­տագ­րու­մը:

 

ԿՐՕ­ՆԱ­ԿԱՆ

Շու­շին Եւ­րո­պա­յի հետ ու­նե­ցած է սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ: Այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք եղած է կրօ­նա­կան գետ­նի վրայ Եւ­րո­պա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած կրօ­նա­կան շար­ժում­նե­րուն անդ­րա­դար­ձը: Այս­պէս՝ Շուշիի մէջ աւե­տա­րա­նա­կան շար­ժու­մը գտած է հող եւ տա­րած­ուած է, նոյ­նիսկ 1835 թուա­կա­նին սաղ­մո­սը արե­ւե­լա­հայ աշ­խար­հա­բա­րով տա­րած­ուած է ժո­ղո­վուր­դին մէջ:

 

ՀՐԱ­ՏԱ­ՐԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Շու­շին օժտ­ուած է իր ժա­մա­նա­կին հա­մա­պա­տաս­խա­նող արդ­ի­ա­կան տպա­րա­նով եւ հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րով: Այս­պէս՝ հրա­տա­րակ­ուած են այ­լա­զան ժա­մա­նակ­նե­րուն, մօտ 15 անուն պար­բե­րա­կան մա­մուլ՝ եր­գի­ծա­կան, թա­տե­րա­կան, ու­սում­նա­սի­րա­կան, գրա­կան, պատ­մա­կան եւ այլ բնոյ­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ: Շնոր­հիւ այս տպա­րա­նի ըն­ծա­յած առա­ւե­լու­թեան, այն­տեղ հրա­տա­րակ­ուած է պատ­մա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող Հայր Մի­քա­յէլ Չամչ­եա­նի նշա­նա­ւոր եՀա­յոց Լեզ­ուի Ստուար Քե­րա­կա­նու­թիւն« գիր­քը:

Շու­շին ու­նե­ցած է ինք­նա­գործ թա­տե­րա­խումբ եւ բարձ­րար­ուեստ ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռու­ցու­մով թա­տե­րաս­րահ, ուր թէ տե­ղա­կան եւ թէ այ­ցե­լու թա­տե­րա­խում­բեր ու­նե­ցած են ելոյթ­ներ:

 

ԿՐԹԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

Ամէն բա­նէ առաջ պէտք է յի­շել Թե­մա­կան դպրո­ցը, ուր աշա­կեր­տած են մեծ թիւով ար­ցա­խաբ­նակ կամ այլ շրջան­նե­րէն եկած ու­սա­նող­ներ, որոնք մե­ծա­պէս օգ­տա­կար շրջա­նա­ւարտ­ներ եղած են հայ կեան­քէն ներս, իբ­րեւ գրող­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ­ներ, կղե­րա­կան­ներ եւ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: Ու­սու­մը այն­քան բարձր եղած է, հա­յե­րէ­նի խոր ծա­նօ­թու­թեան հետ այն­տեղ դա­սա­ւանդ­ուած է ռու­սե­րէն եւ գեր­մա­նե­րէն: Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ամե­նայն հեշ­տու­թեամբ կրնա­յին եր­թալ եւ իրենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կել եւ­րո­պա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րուն եւ բնա­կան է Ռուս­իոյ մէջ: Եղած ըլ­լա­լով ռու­սա­կան մշա­կոյ­թի կեդ­րոն, Թե­մա­կան վար­ժա­րա­նին կից գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են ռու­սա­կան թե­քու­մով դպրոց, նոյ­նիսկ գո­հաց­նե­լու հա­մար իգա­կան սե­րունդ­նե­րու պա­հանջ­նե­րը՝ առան­ձին ու­նե­ցած է Օրի­որ­դաց եւ պե­տա­կան վար­ժա­րան­ներ:

Ու­սու­մը ժո­ղո­վուր­դին մէջ այն­քան զար­գա­ցած է, որ թա­ղե­րու մէջ եղած են հան­րա­յին գրա­դա­րան­ներ, որոնք ու­նե­ցած են տե­ղա­կան թէ այլ շրջան­նե­րէն եկած մեծ թիւով գիր­քեր:

Կա­րե­լի է յի­շել անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, որոնք այս վար­ժա­րան­նե­րը աւար­տած են՝ ինչ­պէս օրի­նակ՝ Լէօ, Գա­րե­գին Ա. Կա­թո­ղի­կոս Յով­սէփ­եան, Տմբլա­չի Խա­չան, Մա­րա­ջախտ Բաղ­րամ­եան, Ար­տա­շէս Բա­բալ­եան եւ շատ ու­րիշ­ներ: Ղա­զան­չեց­ւոց Ս. Ամե­նափրկչ­եան նշա­նա­ւոր եկե­ղե­ցին փառ­քը կը հան­դի­սա­նայ Շուշիի մէջ եղած ճար­տա­րա­պե­տա­կան իրա­գոր­ծու­մին: Այս եկե­ղե­ցին լայն չա­փե­րով կա­ռու­ցում մըն է: Տա­ճա­րը կա­ռուց­ուած է ժո­ղովր­դա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ: Կա­ռու­ցու­մը սկսած է 1868 թուա­կա­նին, Ռու­սա­կան Աղեք­սանտր Բ. ձա­րին օրով եւ աւար­տած է Աղեք­սանտր Գ. ձա­րի ժա­մա­նակ՝ այ­սինքն 1887ին: Այս տա­ճա­րը նո­րո­գու­թեան ար­ժա­նա­ցած է Շուշիի ազա­տագ­րու­մէն ետք: Կան նա­եւ պատ­մա­կան յի­շա­տա­կար­ժան վայ­րեր, ինչ­պէս Կա­նաչ Ժամ, Կու­սա­նաց Անա­պատ:

 

ՇՈՒ­ՇԻ ԻԲ­ՐԵՒ

ՕԴԱ­ՓՈ­ԽՈՒ­ԹԵԱՆ ՎԱՅՐ

Շնոր­հիւ իր շատ նպաս­տա­ւոր կլի­մա­յին եւ յար­մա­րա­ւէտ հիւ­րա­նոց­նե­րուն, մեծ թիւով հայ թէ օտար այ­ցե­լու­ներ եկած եւ իրենց օդա­փո­խու­թիւնը ան­ցու­ցած են Շուշիի մէջ, որով­հե­տեւ ոչ միայն ապ­րե­լու լա­ւա­գոյն պայ­ման­նե­րը ու­նե­ցած են՝ ճա­շա­րան­նե­րով եւ զբօ­սա­վայ­րե­րով, այլ եւ իր լեռ­նա­յին սքան­չե­լի տե­սա­րան­նե­րով, բու­ժիչ ջու­րով նա­եւ եղած է կազ­դուր­ման եւ առող­ջա­պա­հա­կան ապա­հով վայր:

 

ԱՐ­ՑԱԽ­ԵԱՆ ԳՈՐ­ԳԵՐ

Բնա­կան է, որ այդ­քան բարձր մշա­կոյթ ու­նե­ցող քա­ղաք մը պի­տի ու­նե­նար նա­եւ գոր­գա­յին ար­տադ­րու­թիւն: Ուս­տի այ­սօր երբ կը խօս­ուի ար­ցախ­եան գոր­գե­րու մա­սին եւ երբ ար­դէն սկսուած է Ար­ցա­խէն գոր­գեր բե­րել այս ափե­րուն, անոնց հիմ­նա­կան ար­ուես­տի կեդ­րո­նը եղած է Շու­շի, ուր բարձր որա­կով գոր­գեր նա­եւ այդ օրե­րուն նուէր եղած են իշ­խան­նե­րուն եւ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն:

Առա­ջին գոր­գը ցայ­սօր ճանչց­ուած է 1240ին: Առա­ջին ան­գամ ու­րեմն այս թուա­կա­նին Շուշիի մէջ է որ գոր­գի հիւս­ուած­քը պատ­մու­թեան ան­ցած է:

 

ԱՅԼ ԱՐՈՒԵՍՏ­ՆԵՐ

Ան­շուշտ մշա­կու­թա­յին այս հարս­տու­թեան մէջ նա­եւ եղած է երաժշ­տու­թիւն եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն:

Պէտք է կա­րե­ւո­րու­թեամբ յի­շել որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ուես­տի ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն խաչ­քա­րե­րը: Ցա­ւով պէտք է ար­ձա­նագ­րենք որ Ալի­եւ երբ Փո­լիթ­պիւ­րո­յի ան­դամ էր ան­վա­րան կեր­պով ինք­նա­թիռ­նե­րով կու գա­յին Շու­շի եւ այլ շրջան­ներ ռմբա­կո­ծե­լու հայ դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան նմոյշ­նե­րը, յատ­կա­պէս խաչ­քա­րե­րը եւ այլ հնու­թիւն­նե­րը: Բա­րե­բախ­տա­բար այդ շրջան­նե­րէն գո­ղց­ուած նմոյշ­նե­րու պատ­ճէն­նե­րէն ոմանք ցարդ պահ­ուած կը մնան Էր­մի­թա­ժի թան­գա­րա­նին մէջ:

Քա­ղա­քի հա­րուստ քա­ղա­քակր­թու­թիւնը կը բա­ցատր­ուի նա­եւ փո­ղոց­նե­րու, վա­ճա­ռա­տու­նե­րու, թա­տե­րաս­րահ­նե­րու ճո­խու­թեամբ:

 

ՓԱ­ՆԱՀ ԽԱ­ՆԸ

Հա­ւա­նա­բար հարց պէտք է տալ  թէ ինչ­պէս նման պատ­մա­կան հա­յա­շատ արծ­ուե­բոյ­նին մէջ թա­թար­նե­րը եկած են տի­րա­պե­տելով, որ ստիպ­ուած զայն ազա­տագ­րե­լու հա­մար պէտք էր ուղ­ղա­կի ճա­կա­տա­մարտ կազ­մա­կեր­պել:

Ահա այդ պատ­մու­թիւնը: Մե­զի ծա­նօթ է Խամ­սա­յի Մե­լի­քու­թիւն­ներ բա­ցատ­րու­թիւնը, այ­սինքն հինգ մե­լի­քու­թիւն­նե­րը, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նե­ցած է իր մար­զը: Անոնց­մէ Շուշիի մէջ Մե­լիք Շահ­նա­զար անուն իշ­խա­նը, փոր­ձած է օր­ուայ մե­լի­քը վար առ­նել եւ ինք բազ­միլ անոր տեղ: Այ­սինքն ըն­տա­նե­կան հարց ստեղծ­ուած է եւ կռիւ յա­րուց­ուած է անոր դէմ, բայց միւս մե­լիք­նե­րը տես­նե­լով, որ եղա­ծը անի­րա­ւու­թիւն է իրենք եւս մի­ջամ­տած են ի նպաստ նստող մե­լի­քին, իսկ Մե­լիք Շահ­նա­զար այս դի­մադ­րու­թիւնը չհան­դուր­ժե­լով դի­մում կա­տա­րած է դաշ­տա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ գտնուող Փա­նահ Խա­նին, որ իր ցե­ղա­խում­բի կտրիճ­նե­րը օգ­նու­թեան գան իրեն: Եւ այդ թա­թար խա­նը մեծ խում­բով կու գայ Մե­լիք Շահ­նա­զա­րի օգ­նու­թեան անոր կ’օգ­նէ եւ կը գրա­ւէ Շու­շին: Անոր վրայ իրեն իրա­ւունք կը տրուի մեծ թիւով թա­թար­նե­րուն հետ այն­տեղ բնա­կե­լու: Իսկ յայտ­նի է որ անոնք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին իրենց բազ­մած­նու­թեամբ շատ­ցած են:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

3 thoughts on “ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ

  1. Սիրելի Արմէն, Շատ հպարտ եմ քեզմով եւ վերեւի քու տուած տուեալներուդ. իսկապէս մեզ բոլորիս համար Շուշիի քրավումը ազգային հպարտանք մըն է եւ շնորհակալ եմ քու այս լուսաբանութիւններուդ համար:

    Ի միջի այլոց ես քու մօրեղբորդ Մինասին թոռնուհին եմ եւ քու երկրորդական զարմուհիդ: Կարելի է հետս իմէյլով խոսակցիլ,ես քեզ ըսելիք ունիմ: Կը խնդրեմ Հայրենիքի խմբագիրներէն եթէ կարելի է Արմէն Տօնոյեանի իմէյլի հասցէն ունենալ:

  2. Ի լրացումն վերոհիշյալ հոդվածի,խնդրեմ այցելեք noubaras.do.am կայքը,
    մասնավորապես փնտրեք(նայեցեք)«ՀԻՄՆ ԱՐՑԱԽԻՆ» ստեղծագործության տեքստն ու Պարտիտուրը՝ գրված Խառը,քառաձայն երգչախմբի եւ սիմֆոնիկ նվագախմբի համար:Նոտաները Հովհաննես Չեքիջյանի մոտն են.խոստացել է կատարել:
    Հարգանքներս:
    համենայնդեպս՝
    ՀԻՄՆ ԱՐՑԱԽԻՆ
    Իմ Արցախ երկիր,երկիր դարավոր
    Իմ Արցախ երկիր,արնոտ,վիրավոր
    Դու ճախրող Բազե,բայց խոցված սրտից,
    Տարաբախտ,տառապած,բայց կանգնած:
    Շատ դարեր անցան,դու հայ մնացիր,
    Շատ ջրեր անցան,բայց դու իմացիր
    Զավակներդ քո սուրբ գործիդ կանգնած
    Թշնամուդ դիմաց բերդ դարձան:
    Դու Հայոց ոստան,իմ բարի Արցախ,
    Դու իմ մայր օրրան, անառիկ Արցախ
    Քեզ համար միշտ կանք,հավատա դու մեզ
    Մենակ չես մնա,քեզ հետ ենք հավերժ՝
    Հավատա դու մեզ,հավատա…:
    Ոչ մի ուժ երբեք մեզ չի սասանի
    Քանի որ ունենք արմատ մայրենի
    Հավատա դու մեզ,հավատա…
    Մեր կռվին արդեն էլ նահանջ չկա
    Մեր հուժկու բազկին դիմանալ չկա
    Մեծ է կամքը մեր,պարտքը մեր նախնյաց
    Պիտ փրկենք մեր երկիրն Ավետյաց:
    …………………………………………………………..
    Եւ օրեր կանցնեն, կբուժվի վերքդ,
    Եւ օրեր կանցնեն,կհնչի երգդ
    Նոր ձայնով,ուժգին,ի լուր աշխարհի՝
    Լսեցե՛ք,ճանաչե՛ք Արցախին:
    Նուբար Ասլանյան, 01.02.1990.Երեւան:

  3. ՀԻՄՆ ԱՐՑԱԽԻ

    Անկախ,
    Անվախ,
    Անախտ,
    Արցախ,
    Այդպես
    Անխախտ
    Ապրես
    Անհաղթ:
    Հենրիկ Բաբաջանյան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles