ԳԱՀԻՐԷ.- Անցեալ շաբաթավերթին, եգիպտական շարժապատկերի աշխարհի ծանօթ դէմքերէն՝ հայ դերասանուհի Փիրուզը (Ֆէյրուզ) մահացաւ:
Փիրուզ Արթին Գալֆայեան, ծնած է 1943-ին, Գահիրէ: Ան վերջերս կը տառապէր
երիկամներու եւ լեարդի անհանգստութենէ: Ան Նելլի Արթին Գալֆայեանի աւագ քոյրն էր, որ հազիւ եօթ տարեկանին մուտք գործած էր շարժապատկերի աշխարհ:
Նշենք, որ դերասանուհին, որուն կ՛անուանէին «հրաշամանուկ», յայտնի էր երաժշտական ներկայացումներու մէջ իր դերերով: Ան ինը տարուան մէջ խաղցած է 10 դեր, սակայն 15 տարեկանին ամուսնանալով, հեռացած է բեմէն:
2001-ին, ան պարգեւատրուած էր Գահիրէի միջազգհային շարժապատկերի փառատօնին կողմէ՝ իր աւանդին համար:
Փիրուզ դեր ստանձնած էր տասնեակ մը ժապաւէններու մէջ, որոնց կարգին «Եասմին»ը (1950) եւ «Տահապ»ը (1953):