Արեւմտահայերէնին Նուիրուած Համաժողով Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ

0 0
Read Time:5 Minute, 28 Second

p10 oxford
Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, Յունուար 21-13-ին տեղի ունեցաւ «աշխատանքային» հաւաք մը, որ մէկտեղած էր արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ: Հաւաքին առաջնորդներն էին Օքսֆորտ համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հայագիտական ուսումնասիրութիւններու փրոֆեսէօր, հոլանտացի հայագէտ Թէօ Մաարթըն Վան Լինթ եւ Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Մասնակիցներուն մէջ էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատու Անի Կարմիրեան:p10 new Oxford1

Եռօրեայ նիստերը տեղի ունեցան համալսարանի «Փեմպրոք» քոլեճի ժողովասրահներուն մէջ: Հաւաքին ընդհանուր խորագիրն էր` «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն»: Համագումարի ընթացքին քննարկուեցան`
ա. Արեւմտահայերէնի ներկայ իրականութիւնը,
բ. Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները,
գ. Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները,
դ. Արեւմտահայ հրատարակչութեան հարցեր, ե. Արեւմտահայ մամուլին այսօրուան ու վաղուան հարցերը:
Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային, մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու Սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն «Եունեսքօ»ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է։ Անշուշտ կան շարք մը նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի կողմէ հովանաւորուած ծրագիրները, որոնք լրջօրէն սկսած են ուսումնասիրել օրինակ՝ Սփիւռքի դպրոցներու իրավիճակը, արեւմտահայերէնը որպէս լեզու դասաւանդելու ու անոր հետ կապուած բազմակողմանի հարցերը ու լուծումներու կարելութիւնները:
Բայց եւ այնպէս 21րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը: p10 new oxford2
Նման հարցերու շուրջ կեդրոնանալու ու քննարկելու միտումով, տեղի ունեցաւ «արհեստանոցային» համաժողով հաւաք մը որ մէկտեղեց արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, խմբագիրներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:
Օքսֆորտի Համալսարանին մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքը աւելի գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ ունէր քան թէ գիտական կամ տեսական: Կարճ զեկոյցներու եւ երկար քննարկումներու ձեւաչափով՝ հինգ հիմնական նիստեր տեղի ունեցան: Բոլոր նիստերու լեզուն արեւմտահայերէն էր: Իւրաքանչիւր հրաւիրուած մասնակից կարճ (5-7 վայրկեան) նախաբան մը ներկայացուց տուեալ նիստի նիւթին շուրջ – ապա ընդհանուր քննարկումներ ու խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան:
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրով զեկուցահաւաք-քննարկումը ընթացաւ հետեւեալ ծրագրով.
Ա. Արեւմտահայերէնի ներկայ իրականութիւնը
Նախաբան – նիստի վարիչ՝ Հրաչ Չիլինկիրեան
– Ա1) Արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութիւնը» եւ հիմնական խնդիրները զեկուցողներ՝ Անահիտ Տօնապետեան, Ռազմիկ Փանոսեան, Անի Կարմիրեան
– Ա2) Աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական-ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէն մշակոյթին ներկային ու գալիք տասնամեակներուն վրայ:
Զեկուցողներ՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Սագօ Արեան
Բ. Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու – ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրներ՝
Նիստի վարիչ՝ Թէօ վան Լինտ
– (ա) գրողին/ստեղծողին համար.
Զեկուցողներ՝ Գրիգոր Պըլտեան, Գրիգոր Մոմճեան, Լօլա Գունտաքճեան, Քրիստիան Բատիկեան
– (բ) ընթերցողին/ունկնդիրին համար:
Զեկուցողներ՝ Մարկ Նշանեան, Անահիտ Սարգիսեան
Գ. Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները
Նիստի վարիչ՝ Ռազմիկ Փանոսեան
– Ինչպիսի՞ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք ենգալիք 10, 20, 30 տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար:
Զեկուցողներ՝ Գէորգ Պարտաքճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Գրիգոր Մոսկոֆեան, Մարտիկ Չոլաքեան
Դ. Արեւմտահայ հրատարակչութեան հարցեր
Նիստի վարիչ՝ Թոմ Սամուէլեան
– Արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրները ու ապագայի ակնկալութիւնները:
Զեկուցողներ՝ Ժիրայր Դանիէլեան, Արամ Մեհրապեան, Մարտիկ Չոլաքեան
Ե. Արեւմտահայ մամուլին այսօրուան եւ վաղուան հարցերը
Նիստի վարիչ՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան
Սփիւռքի մէջ հրատարակուող արեւմտահայ մամուլին (ելեկտրոնայինն ու համացանցայինը ներառեալ) դիմագրաւած առաջնահերթ խնդիրները եւ ապագայի մարտահրաւէրները:
Զեկուցողներ՝ Վահագն Գարագաշեան, Շահան Գանտահարեան, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Ժիրայր Չոլաքեան
Համաժողովի մասնակիցներն էին.-
Հրաչ Չիլինկիրեան (համաժողովի կազմակերպիչ, ընկերաբան, Օքսֆորտի Արեւելագիտութեան բաժանմունք), Թէօ վան Լինտ (Համաժողովի կազմակերպիչ, Օքսֆորտի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան ամպիոնի հայագիտութեան փրոֆէսօր), Ռազմիկ Փանոսեան (Տնօրէն, Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի), Խաչիկ Թէօլէօլեան (Wesleyan Համալսարանի փրոֆէսօր դասախօս), Մարկ Նշանեան (մասնագէտ, գրաքննադատ, փրոֆէսօր-դասախօս), Անահիտ Տօնապետեան (մասնագէտ, INALCO փրոֆէսօր-դասախօս), Գրիգոր Պըլտեան (Գրող, գրաքննադատ, փրոֆէսօր-դասախօս), Վահագն Գարագաշեան («Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր, բանաստեղծ), Շահան Գանտահարեան («Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր), Սեւան Տէյիրմէնճեան («Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր), Ժիրայր Չոլաքեան («Նոր Յառաջ» օրաթերթի գործադիր տնօրէն), Անի Կարմիրեան (Մասնագէտ, Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժին), Գրիգոր Մոսկոֆեան (Լոնտոնի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի վարիչ), Սագօ Արեան (գրող, «Արեւելք» կայքէջի խմբագիր), Վարդան Մատթէոսեան (մասնագէտ, գրող), Արամ Մեհրապեան (Հիմնադիր հրատարակիչ «Սարգիս Խաչենց» մատենաշարի), Մարտիկ Չոլաքեան (Հայկական Թուային գրականութեան հարթակ վերլուծական ծրագիրներու տնօրէն), Գէորգ Պարտաքճեան (Միշիկընի Անն Արպըրի Համալսարանի Հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ դասախօս), Ժիրայր Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կրթական գրասենեակի վարիչ, խմբագիր, գրականագէտ), Թովմաս Սամուէլեան (Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հասարակական գիտութիւններու դեկան), Անուշ Թրուանց («Ժամանակ» թերթի հայաստանեան թղթակից եւ «Արեւելք»ի լուրերու խմբագիր), Վալենթինա Քալցոլարի (Ժընեւի Համալսարանի փրոֆէսօր դասախօս), Լօլա Գունտաքճեան (բանաստեղծ), Յակոբ Կիւլլիւճեան (մասնագէտ, գրաքննադատ, UCLA-ի արեւմտահայերէնի փրոֆէսօր-դասախօս), Անահիտ Սարգիսեան (բանաստեղծ), Քրիստիան Բատիկեան (Գրող), Գրիգոր Մոմճեան (բանաստեղծ)։
Նշենք թէ, Յունիս 2015ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնը Երեւանի մէջ միասնաբար կազմակերպած էին աշխատանոց մը, քննարկելու համար հայերէնի հնարաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան խաչմերուկին:
Հրաւիրուած երեսուն փորձագէտները անդրադարձան հայերէն լեզուին եւ տեղեկատուական նոր միջոցներուն միջեւ բացուած վիհին ու յստակ առաջարկներ ներկայացուցին, որպէսզի կարելի ըլլայ թուայնացման այս շրջանին զարգացնել մեր մայրենին: Այս հաւաքը նաեւ սկիզբ մը հանդիսացաւ համալսարանական լայն շրջանակներու եւ մասնագէտներու, ճշդելու համար հիմնական ծրագիրներ եւ անոնց գանձատրման աղբիւրները:
Այս աշխատանոցին կը մասնակցէին լեզուագէտներ, ճարտարագիտութեան եւ տեղեկատուութեան մասնագէտներ, գրողներ, դասախօսներ, տառատեսակներու ծրագրաւորողներ եւ հրատարակիչներ, որոնք կը ներկայացնէին թէ՛ արեւմտահայերէնին, թէ՛ արեւելահայերէնին եւ թէ արհեստագիտութեան տիրապետող լայն շրջանակ մը:
Քննարկումները յանգեցան առանցքային վեց ոլորտներու, որոնց ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրել եւ բարեփոխել մշակուած նախագիծերը:
Նշեալ վեց մարզերէն նախապատուութիւն կ՛ընծայուի 2016ին պիւտճէ յատկացնելու հետեւեալ երեքին.
1- Ծրագիր(ներ), որոնք կը վերաբերին արհեստագիտական բաժինին: Ստեղծել արեւմտահայերէնի ազգային մարմին (corpus national) մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել արեմտահայերէնով համընդհանուր ուղղագրական սրբագրիչ մը, ինչպէս նաեւ՝ լեզուագիտական այլ սարքեր, որոնք կրնան օգտագործուիլ թուայնացման զանազան հարթակներու վրայ: Անիկա պէտք է ընդգրկէ բաղադրիչներ, որոնք կրնան օգտագործուիլ զանազան ծրագիրներու մէջ:
2- Ծրագիր(ներ), որոնք կը վերաբերին լեզուական եւ դաստիարակչական մարզին: Զարգացնել թուայնական եւ ներգործական (interactive) զանազան աղբիւրներ, որոնք պիտի ծառայեն արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն լեզուներու ուսուցման, յատկապէս՝ Սփիւռքի տարածքին:
3- Ծրագիր(ներ), որոնք կը վերաբերին բովանդակութեան շերտին: Յառաջացնել բովանդակութեան առցանց գրականութեան միջոց մը եւ խրախուսել զանազան հրատարակութիւններ՝ արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով:
Յառաջիկային մշակուելիք երկու այլ մարզեր կը վերաբերին պատանիներու համար հայկական գիրքերու որակեալ թարգմանութեանց. գոյութիւն ունեցող եւ գործածուող համակարգերուն մէջ անհասանելի են հայկական տառատեսակները, եւ բացակայ են նաեւ հայկական տիպերու յղացողները:
Իսկ աշխատանոցին մէջ քննարկուող վերջին եւ վեցերորդ մարզը կը վերաբերի կառավարման յանձնախումբի մը ստեղծման, որ պիտի գործէ որպէս համակարգող մարմին՝ լուծելու համար այն բոլոր հարցերը, որոնք կը վերաբերին հայերէնին եւ թուայնացման համարկումին: Այս խումբը կեանքի պիտի կոչուի՝ թեկնածուներու դիմումները քննարկելէ ետք, որեւէ շահարկումէ խուսափելու համար:
Այս կոչով հետաքրքրուողները կրնան ներկայացնել իրենց առաջարկները վերոնշեալ երեք հիմնախնդիրներուն շուրջ: Հայկական համայնքներու բաժինը պիտի հայթայթէ սկզբնական հիմնադրամը եւ իր գործընկերներուն նիւթական օժանդակութեան պիտի դիմէ՝ աւելի մեծ ծրագիրներ իրագործելու նպատակով:
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է զարգացնել թուայնացման նորարարական արտադրանքը երկարատեւ դրութեամբ, որպէսզի հայ նոր սերունդը, ի մասնաւորի՝ Սփիւռքի մէջ, թուայնացման միջավայրին մէջ հայերէնով ստեղծագործէ եւ աշխատի:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել կայքէիո.-

http://www.gulbenkian.pt/Institucional/en/Activities/ArmenianCommunities

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles