Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի Ներկայութեամբ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքը՝

0 0
Read Time:5 Minute, 30 Second

hollande_vighuan tchitechian charles-480x320
ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»).- Երրորդ տարին ըլլալով, Հինգշաբթի Յունուար 28-ի երեկոյեան Փարիզի 8-րդ թաղամասի «Collectionneur» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքը, շուրջ 350 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, որ յաջորդաբար, երկրորդ տարին ըլլալով, ներկայ կը գտնուէր հաւաքին։ Ներկայ էին նաեւ՝ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հայ գաղութի զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, ներկայացուցիչներ, հայ երեք յարանուանութեանց պետերը, ֆրանսական քաղաքական դէմքեր, քաղաքապետներ, երեսփոխաններ, մշակութային դէմքեր, որոնց կարգին Ժան-Փիէռ Քոսթան (Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանի նախկին նախագահը ), Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօն եւ Փիէռ Կաթազը (Ֆրանսայի մեծագոյն գործատէրերու միութեան նախագահը)։

«Վերսկսած են Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի պատրաստման շուրջ քննարկումները: Այդ օրէնքին պատրաստութիւնը վստահուած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային: Ես գործի լծած եմ մեր լաւագոյն իրաւաբանը, որպէսզի մեր օրէնսդրութեան մէջ գտնէ որեւէ ծանրակշիռ ճամբայ, ուր անվիճելիօրէն պիտի պաշտպանուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը», յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, Յունուար 28-ին, Փարիզի մէջ կատարուած, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին:
«Վերսկսած են Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի պատրաստման շուրջ քննարկումները: Այդ օրէնքին պատրաստութիւնը վստահուած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային: Ես գործի լծած եմ մեր լաւագոյն իրաւաբանը, որպէսզի մեր օրէնսդրութեան մէջ գտնէ որեւէ ծանրակշիռ ճամբայ, ուր անվիճելիօրէն պիտի պաշտպանուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը», յայտնեց
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, Յունուար 28-ին, Փարիզի մէջ կատարուած, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին:

Նաեւ, յիշատակելի էր հերոս Մարք Մուղալեանի ներկայութիւնը: Ան ամիսներ առաջ, Փարիզ-Ամսթերտամ ճեպընթացին մէջ, ծայրայեղական ահաբեկիչի մը ձեռքէն խլած էր հրաձիգը եւ այդ միջամտութեան ընթացքին, ատրճանակի հարուած մը ստացած՝ իր ծոծրակէն։ Ապա, ամերիկացի երեք բանակայիններ օգնութեան հասած էին, եւ ոճրագործը զսպած, նաեւ զինք խնամած։
Օրուան հանդիսավարն էր լրագրողուհի Վալերի Թորանեան։ Ճաշի ընթացքին առաջին խօսք առնողը առնողը եղաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան, որ նշեց թէ, 1915ի ցեղասպանութեան օրերու բարբարոսութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ։ Ան նաեւ հայութեան մտահոգութիւնը յայտնեց ի տես Եւրոպայի կեցուածքին, որ «Թուրքիոյ կը յանձնէ իր սահմաններուն պաշտպանութիւնը, հակառակ անոր որ այդ երկիրը օրէ օր կը հեռանայ Եւրոպայի որդեգրած սկզբունքներէն»։ Իր կարգին Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան իր խօսքը ուղղելով նախագահ Հոլանտին ըսաւ թէ.- «2016-ին Ֆրանսայի կէս միլիոն ծագումով Հայերը կ՚ակնկալեն ձեր կողմէ դրական քայլ մը իրենց արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով»։
Անցեալ տարուայ այս հաւաքին, հարիւրամեակին բերումով քաղաքական օրակարգը շատ յստակ էր։ Նախագահին ներկայութիւնն իսկ ճաշին, ինքնին քաղաքական ու բարեկամական նեցուկ էր հայութեան։ Յետոյ, Ապրիլին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը…։ Սակայն, այս տարի ինչ կրնար ըլլալ օրակարգը, ինչ ունէր նախագահը հայութեան հրամցնելիք։ Եւ ի՞նչ պահանջ ունէր ներկայացնելիք Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը Ֆրանսայի նախագահին։ Անցեալ տարիներու ցանկալի պահանջներէն տակաւին կը մնային երկուքը։ Առաջինը՝ ժխտողականութեան պատժելութեան օրէնքը, որ այս տարուան ընթացքին՝ դատարանային երկու կարեւոր դատավճիռներու լոյսին տակ պէտք է ընթերցել։ Եւ երկրորդը՝ Փարիզի մէջ Յիշողութեան տան ստեղծումը, որը կարծէք ամբողջովին մոռացութեան տրուեցաւ։ Նաեւ, Սեւրի Մխիթարեանններու հաստատութեան հողատարածքին վրայ Յիշողութեան համալիրի կառուցման ծրագիրն ալ, ըստ երեւոյթին մոռցուած է։
Այս իրավիճակէն մեկնած, անհամբեր կը սպասուէր Նախագահ Հոլանտի ելոյթը։ Ան յայտարարեց, թէ ժխտողականութեան դէմ նոր օրէնքի նախագիծ մը պիտի մշակուի եւ այդ գործին պատասխանատուութիւնը պիտի յանձնէ Ժան-Փօլ Քոսթային որ երկրին ամենէն մեծ իրաւագէտներէն մէկն է, որպէսզի ի վերջոյ կարելի ըլլայ անվիճելի դարձնել եւ օրէնքով պաշտպանել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Նախագահը ընդգծեց թէ իրաւաբան Քոսթա պէտք է շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ներկայացնէ այդ ուղղութեամբ իր եզրայանգումները։ Իսկ 2012 Փետրուարին Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ ցեղասպանութիւնը ժխտող օրէնքին մերժումին մասին նախագահը ըսաւ թէ կը հասկնայ հայութեան յուսախաբութիւնը, սակայն վստահաբար պահը ճիշդ չէր ընտրուած եւ օրէնքը հապճեպօրէն քուէարկուած էր, բայց ինք կը հաւատայ որ Ժան-Փօլ Քոսթա պիտի յաջողի իր առաքելութեան մէջ։ Շուրջ քսան վայրկեան տեւած բանախօսութեան աւարտին նախագահ Հոլանտ ընդգծեց, թէ Հայաստան ինչպէս նաեւ Թուրքիա միշտ իրենց կողքին պիտի ունենան Ֆրանսան, որպէսզի անոնք յառաջանան երկխօսութեան ճամբով։valerie ara toranian 80x320ann hidalgo mourad-480x320ara_devedjian-480x320

 

 

 

 

 

Աւելի ուշ, Համակարգող Խորհուրդը խիզախութեան շքանշանով պատուեց Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօն, Հանրապետական երեսփոխան Փաթրիք Տէվէճեանը, Մարք Մուղալեանը եւ Մէրալ Չըլտըրը։ Այս վերջինը – որ մարդկային իրաւանց պաշտպան թուրք ընկերակցութեան փոխ-նախագահուհին է, իր շքանշանը ստացաւ ձեռամբ Ալեքսի Կէօվճեանի, որ նախքան այդ ներկայացուց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի պատմականը։
Նշենք թէ, նախագահ Հոլանտի կողմէ հաստատուած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան այս հաւաքի դրութիւնը։ Անոր առաջին պատուոյ հիւրն էր՝ Արդարութեան հրաժարեալ նախարարուհի՝ Քրիսթիան Թոպիրա։ Ինչպէս նախագահն ալ նշեց, յաջորդաբար երեք տարի կրկնուելով, ան դարձաւ աւանդութիւն։ Եւ ասիկա պէտք է նկատել նախագահ Հոլանտի մեծագոյն նուէրը Ֆրանսայի հայ համայնքին։ Սակայն ասկէ աւելին ստանալու համար՝ հայ համայնքը պարտի ցուցաբերել կազմակերպչական նոր որակ, որ իսկական ուժ եւ կշիռ ունենայ թրքական տնտեսական ու աշխարհառազմաքաղաքական կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ թուրք համայնքին տնտեսական աշխուժութեան դիմաց։
Բնականաբար, Ֆրանսայի հայ համայնքէն անդին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ իր մեծ դերակատարութիւնը ունի Ֆրանսա-Ֆրանսահայութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:
Այս հաւաքէն քանի մը օր առաջ, Յունուար 21ին վարչապետ Վալս Տաւոսի մէջ, իր թուրք պաշտօնակից Տաւութօղլուի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք յայտարարած էր, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս Ֆրանսայի ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ ֆրանսեւթրքական գործընկերութեան ամրապնդումը: Այս առթիւ, Ֆրանսայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Նոր Սերունդ»ը բաց նամակ մը յղած են Ֆրանսայի վարչապետին, որուն մէջ կը նշուի, թէ եիտասարդները չեն հասկնար, նաեւ մտահոգ են եւ զարհուրած:
«Առաջին հարցը, որ կը ծագի մտքերու մէջ հետեւեալն է. ինչպէ՞ս կարելի է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ գործակցելով երկրի մը հետ, որ մեղսակից կը դառնայ ահաբեկիչներու», հարց կու տան «Նոր Սերունդ»ի անդամները:

Hollande_Costa_012816Harlem Désir et Patrick Devedjian

hollande-ccaf-1-2-2-2016

 

 

 

 

 

 

Վախ կը յայտնեն թէ Ֆրանսա սխալ ճամբայ բռնած է եւ վարչապետին կը յիշեցնեն Տաւութօղլուի գայթակղեցուցիչ այն յայտարարութիւնը, երբ ան կ՚ըսէր. «Տահէշը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ միայն՝ զայրացած երիտասարդներու խումբ մը»(Օգոստոս 8, 2015-ին):
Այնուհետեւ, Ֆրանսայի վարչապետին ուշադրութեան կը յանձնեն «Սուրիոյ մէջ մեր թշնամիները ռմբակոծող» ռուսական օդանաւին Թուրքիոյ կողմէ վար առնուելու պարագան, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի զաւակներուն մտերիմ կապերը Տահէշի հետ. արդարեւ, մինչ իր տղան ահաբեկչական այդ կազմակերպութեան հետ քարիւղի առեւտուրի մէջ է, աղջիկն ալ դեղօրայք կը ղրկէ անոր վիրաւոր անդամներուն: Կը յիշեցնեն նաեւ Անգարայի պատասխանատւութեան մեծ հաւանականութիւնը Թուրքիոյ մէջ Քիւրտերու դէմ գործուած շարք մը ոճրափորձերու մէջ, ինչպէս նաեւ այդ երկրին կողմէ քիւրտ բնակչութեան դէմ սանձազերծուած հալածանքը:
«Նոր Սերունդ»ականները նոյնպէս կը յիշեցնեն անցեալ Նոյեմբերի փարիզեան ահաբեկչական արարքներէն ետք Թուրքիոյ մէկ մարզադաշտին մէջ մրցումէ մը առաջ՝ Փարիզի զոհերու յիշատակի լռութեան պահուն թուրք հանդիսականներու կողմէ պղծումը, զոր Անգարա չդատապարտեց իսկ:

mourad-3-480x360IMG_3437-480x320P1130041-480x360

 

 

 

 
Ապա կ՚ըսեն, թէ Թուրքիա փոխուած չէ, ժողովրդավարացման ընթացքը տեղքայլ կ՚ընէ: «Եւրոպա եւ Ֆրանսա ինչպէ՞ս կրնան վստահիլ նախագահի մը, որ նացիական Գերմանիոյ օրինակը կը յիշէ որպէս կառավարման տիպար: Ինչպէ՞ս կարելի է գործակցիլ 100 տարիէ ի վեր ժխտող կառավարութեան մը հետ, որ ցեղասպան Օսմանցիներու ժառանգորդն է» Ֆրանսայի վարչապետին հարց կու տան «Նոր Սերունդ»ի տղաքը:
Յիշելէ ետք նաեւ դեռ վերջերս թրքական հողերէն դէպի հայաշատ Քեսապ արձակուած ռումբերու պարագան, «ինչպէ՞ս Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ահաբեկիչներ նման յարձակումներ կը գործեն առանց թրքական պետութեան տեղեկութեան, մինչ վերջինիս հազիւ քանի մը վայրկեան միայն հարկ եղաւ հարուածելու համար ռուսական հալածիչը» հարց կու տան:
Վերջաւորութեան, նամակին հեղինակները կառավարութենէն կը պահանջեն, որ չոտնակոխուին Ֆրանսայի սրբազան արժանիքները, վերատեսութեան ենթարկուին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, որ հեռու է ժողովրդավար ըլլալէ՝ զօրակցելով ահաբեկիչներու, ջարդելով Քիւրտերը, ճնշելով տարածաշրջանի փոքրամասնութիւնները, սպաննելով իր յառաջադէմ դէմքերը եւ մերժելով հատուցումը կատարել 1915ի ցեղասպանութեան:
«Չարին հետ գործակցիլ՝ համազօր է անոր մեղսակիցը դառնալու» իմաստութեամբ կ՚աւարտի «Նոր Սերունդ»ին բաց նամակը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles