Անընդհատ հոսող գետերու նման
Günter Grass-եան թմբուկներն
Անընդհատ կը հարուածեն
Կ’աղմկեն կ’աղաղակեն
Բայց ունկնդիրներու մեծամասնութիւնը
Տեղափոխուած է այլ տարածութիւն
Այլ խորութիւն
Գուցէ ցաւակցելու
Կարեկցանքի խօսքեր յայտնելու
Սոլժենիցինի այրիին
Եթէ Ստալին գոյութիւն չունենար
Թերեւս ցաւակցողներուն թիւը
Խստագոյնս նուազէր
Շնորհակալութիւն Ստալիններ հին ու նոր
Grass-եան թմբուկներու թաղանթներն
Իրենց կուսութիւնը կորսնցուցած
Խորոպներու նման
Պատռտուած են
Որոնց արանքներէն մուկեր կը վազեն
Իսկ կատուները զանոնք կը հալածեն
Tom & Jerry-ի մշտաշարժ պայքարն
Անընդհատ մեր յիշողութեան կեդրոնը պահելով
Իսկ Եոհաքիմ Մալքէն կոկորդն ափին յենած
Զարմացած կը հետեւի
Փոփոխութեան ենթարկուող դերերով լեցուն
Թատրոնի յաւերժական ներկայացման
Թմբուկներ
Սիրտեր
Ուղեղներ
Հրկիզուող եւ շատ դժուար յարութիւն առնող
Անտառներու նման
Դեռ ինչքա՞ն պիտի պայթին
Պիտի ծաղկին
Այս յաւերժաշարժ պաստառի
Մակերեսի ու խորութեան ծալքերուն
Պահպանելու համար
Մարդու ձեռքով խախտեցուած
Այս հաւասարակշռոյթը տիեզերական
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ, 7 Յունիս 2012