ՍՊԻՏԱԿԸ…ԾԱԾԿԵՑ ԱՐՑԱԽԸ

0 0
Read Time:36 Second
s
s

Սպիտակը ծածկած է Արցախը, նոյնքան ջինջ եւ զուլալ, որքան նոյնինքն հողն ու տարածքը:
Առաջին հերթին, Տատիկն ու Մամիկը իրենց բնական եւ բնութեան պարտադրած «ալեհեր» մազերով կը դիմաւորեն տեղացին եւ այցելուները:

s

s

s

Ստեփանակերտի եւ Շուշիի բնակարաններէն եւ ճամբաներէն հեռու, Արցախի լեռներն է ոչ ձիւնածածկ են:
Մռաւը` հիւսիսէն, Դիզափայտը` հարաւէն, եւ զոյգ` Մեծ եւ Փոքր Քիրսերը` կեդրոնական շրջանէն պատուած են սպիտակով: Բարձր ու հզօր Մռաւ լեռը առանձնապէս կ՛ընդգծուի Արցախեան լեռնազանգուածներուն մէջ:

s

s

s

Բոլոր լեռներուն մօտ, ամենէն աւելի անհաւանական դիրքերէն ներս, ծերպերու, թէ անդունդներու եզրին, եւ թէ գագաթներուն մօտ կառուցուած բազմաթիւ եկեղեցիները, խաչքարերն ու սրբավայրերը դիմաւորած են ձիւնը եւ հագուած ու կոճկուած սպիտակով:
Ըստ օդերեւութաբանական ստոյգ տեղեկութիւններու, այս տարուայ ձիւնը պիտի ըլլայ բաւական առատ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles