ԼԻԲԱՆԱՆ

1 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

 

Վեհանոյշ  Թեքեան

«ՆՇԱՆԱԳԻՐ»

Հատուած՝ ՄՈԽԻՐԷ ԾԱՌ քերթուածէն

 

 

 

Հանգիստ ես չէ՞

քեզմէ հեռու են անոնք

քեզմէ դուրս են

պատճառ մը չունիս անհանգստանալու

նոյնիսկ եթէ տեսնես

այս ջղագար մահաբեմը

ուր գաղափարներդ կը նեխին

ուր մարդեր կը փլին

քեզմէ ներս քու շուրջդ

եւ քեզմէ դուրս՝ ապրող բաներ կ՚իյնան

 

Եթէ ափերուս վրայ երկաթապատ ձեռնոցներ ունենայի

մարդու ձեռքով թափուած մարդու արեան դիմաց չցնցուէի

այս պարսպապատ թաքստոցներուդ մէջ

պարարտ դրամարկղներուդ մօտ

կամ ոլորապտոյտ

օձի պէս անվերջօրէն գալարուող

 

ժողովասրահներուդ մէջ

մէկական սպաննուած մանուկ կը դնէի

այրած տան առջեւէն հայր մը կը վերցնէի

ուռած կոպերով կին մը կը բերէի

կապարով ծակած քանի մը կաթսայ

նիհար օրաթերթեր կը շարէի

կը կանգնէի անդին

եւ կ՚ըսէի

 

Միակ բառ մը թերեւս այդ թերեւս այդ բառը չկա՛յ

 

Անոնք որ ինկան իրենց ծունկերուն վրայ

եւ չկրցան ցոյց տալ երկարութիւնը ցաւին

անոնք որ չինկան իրենց ծունկերուն վրայ

եւ չկրցան ցոյց տալ երկարութիւնը ցաւին

 

Ալէյքում էլ սալա՜մ

 

Հողէ յատակ որտեղ

շնչեցի մուխ միայն

սեւ առեղծուածային առաձգական մուխ

 

Ու չհասկցայ թէ ինչ կը նշանակէ

յաղթանակ

Մուհամմէտ ու խաչ

երբ ծովուն դիմաց

անպէտք խուրձի պէս

իրար կապեցին

վեց շնչող մարդեր

այրելու համար

 

Երբ մառանի մէջ

հինգ լրտեսներու

ուղեղներ փրթան

 

Երբ ճամբուն մէջտեղ

հացով բեռնաւոր

ծերունին ինկաւ

 

Խուլ չարչարանքով

տղան մորթուեցաւ

եւ մայրը ինկաւ

 

Ուխտեալ զինեալ մը

դարձաւ ռմբահար

եւ հայրը ինկաւ

 

Երբ սեւ ձեռնոցներ

յանկարծ փակեցին

աչքերը կեանքի

 

Երբ թնդանօթի

խողովակին մէջ

յուսաբեկում ն իսկ

դարձաւ շնչահեղձ

Եւ ինկած ճիւղը

գարնան արցունքով

իր բունը դիտեց

 

Սալաամ ալէյ քում

 

Այս կիսատ դէմքս ամբողջացնելու

երկու հասուն նուռ

եւ երկու ափ հող ստեղծէ Ինտրա

 

Խիղճդ աշխարհը կը մաքրէ նորէն

վաղը մթաստուեր վարդենին կ՚ելլէ

կը շինէ ցողն իր՝ դուռդ թակելէն

 

Ցողը կը շինէ սրբազան ծէսով

տեղահան մարդիկ տեղահան քարեր

կը վերադառնա՛ն ծանօթ մայրութեամբ

մայրիին հեւքը այս հողը կ՚օրհնէ

 

Բայց խենթեր բարակ՝ անկիւններու մէջ

հայր մը կը յիշեն վարակիչ վիշտով

լուսերուն մէ՜ջը ապրի կը հծծեն

բաց բիբերուն տակ ցաւով գիշատիչ

 

Պէտք է ինչ խի՛ղճ որ արցունքը՝ ձայնի բառի վերածէ

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles