ՊԱՅՔԱՐ  ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

 

Վեհանոյշ Թեքեան

Սեպտեմբեր, 2024

Կը մխայ Երկիրը ճարճատող հրդեհի մէջ

Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,

Պատմութեան կառաշար, որուն անիւը

Հասեր է վիհի բերնին։

 

Այստեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան

Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,

Երկիրը տրտում է, անքուն է Երկիրը

Երկիրը կ՚երգէ իր նոր Անտունին։

 

Ճշդուած են սահմանները՝ ատամնաշար գայլի

Խօլ պատմութեան մութէն նոր ոռնոց է հիմա։

Գերճնշուած աչք՝ ադամամութի ճեղքուած արգանդին

Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր

Կը ցցուի կրկին։

 

Կանգնած բարձրաճակատ՝ շոգիին մէջ Երկրի

Գիտէ՛ թէ արեւը պիտի գոյատեւէ.

Ո՛չ զոհ է, ո՛չ հերոս, ո՛չ նահատակ, ո՛չ քուրմ,

Միայն պատարագիչը ազատութեան տօնի։

 

Հեռուն լեռնաշղթայ ու միտք խանձող գիշեր

Քովը՝ Մասիս լեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,

Խրթին հարցերուն դէմ ՝ պատասխանն է միակ

Օ գերագոյն սինիզմ։

 

Եւ ինչպէ՛ս բռնել

Ո՞վ պիտի նկարագրէ անկախութեան հիւլէն,

Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած

Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ

Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի,

Երբ շեշտակի նայուածքի մէջ դահիճը զոհ կը դառնայ

Կը փռուի գետնին՝ ռումբերը ձեռքին։

 

Ո՞վ էր դասալիք, ուրիշ ո՞վ էր յուսահատ անցեալ ամիս…

 

Ծաղկեալ ծիրանին իր հայեացքը սրեց

Հրապարակը լարեց պատմութիւնը խրթին

Եղիցի լո՜յս

Եռաբլուրի Եռագոյններու տակ

Դողահար ոսկորներ արցունք ծորեցին։

 

Տեղ մը հացթուխը իր թոնիրը մարեց

Եւ ծիրանին՝ խոշոր իր կարմրած աչքով

Խեթ խեթ նայեցաւ դաւադիր գահին։

 

Շինականը պատռեց հողի կուրծքը ծաւի

Եւ երկինքը դիտեց, եւ նայեցաւ հողի՛ն,

եւ նայեցաւ իր տան՝ տրուած թշնամիին,

որուն սեւ ծուխն անգամ իր հրճուանքն էր ոսկի։

 

Կանգնած են բազմաճակատ՝ տքնանքին մէջ հողի,

Կանգնած են միաճակատ՝ այդ երկունքի կողքին։

Կանգնած է գերհզօր՝ հազար անգամ դրուած

Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ

Կանգնած է բարձրաճակատ, աներեր ու խռով

Պայքարը բարեբեր։

 

Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ երբ ամենահեռաւոր

սահմանները կ՚անջատուին։ Անյայտ շղթաները որ պատերազմը

դրաւ՝ պիտի խշրտան, պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես, շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ հնձանի մէջ,

ու ցորենին մարմինը իր գլուխէն բաժնուի։

 

Հոս է անխորտակելին, Ոգին Նայիրեան։

Ան պիտի անջատէ ցորենը՝ որոմէն,

Պիտի Արցախի արեւը ծագի,

Պիտի Հայաստանը շողշողայ նորէն

Միայն թէ ջնջուի՜ մրուրը՝ ճակտէն,

Միայն թէ անցնի մահացու թաթը կակուղ մրուրին։

 

Եւ պիտի ըլլայ որ դարձեալ ու նորէն

քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին ինը զանգակներ

բա՜րձր ղօղանջեն։

 

Զանգե՜ր, ղօղանջեցէ՜ք,

Նահատակներու թարմ արիւններէն

Վշտահալած ընտանիքներէն

խորախոցուած գերիներէն

խոշտանգուած եկեղեցիներէն

Խորտակուող յուշակոթողներէն

Խողխողուող սահմաններէն

Սուգէն, բռնագաղթէն

Արհաւիրքէն ու զուլումէն ետք՝

Կը հասնին իմաստուն Արդարութիւնը

Կենսաբեր Պատիւն ու լաւատես Յաւերժութիւնը

Կը փրկուի Երկիրը բռնաբարուող

Կը մարի հրդեհը լափլիզող։

 

Արի արիւն եւ թարմ մոխիր խառնուած են

Հողին ու մեր հոգիին,

Այս հո՛ղն է որ շող կ՚արձակէ արեգնային։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles