Նոյեմբեր 12, 2024
Ծանօթ․-Այսօր մօրս մահուան 27-րդ տարելիցն է։ Այս յուշը անուշ-անուշ թող բուրէ իր նուիրական յիշատակին։
Ֆրանսերէն ալ պէտք է գիտնանք եղեր։ Երեք լեզու չբաւէր – իմ եւ այլոց պարագային՝ չորս – հայերէն, անգլերէն, արաբերէն, թրքերէն։
Հայ Աւետարանական Գոլէճի տնօրէնութիւնը ուսումնական ծրագիրը բարելաւելու ժողովի ընթացքին որոշեր է ուսանողներուն «օգտակար գիտելիք»-ով մը եւս օժտել։
Վերամուտի առաջին շաբաթը կէսօրուան ճաշէն ետք, երբ սովորաբար քիչ մը թմրած կը մտնենք դասարան, այդ օր ուզենք-չուզենք հինգ վայրկեանի մէջ սթափեցանք։
Դուռը բացուիլն ու իր գրասեղանին առջեւ կանգնիլը մէկ եղաւ։ Ներկայացուց ինքզինք որպէս Մեսիէօ Ֆրանսուա։ Յարգանքի համար ոտքի կայնեցանք, արագ ակնարկ մը նետեց, ձեռքի տետրակներու խուրձը զարկաւ գրասեղանին, նստեցէ՛ք ըսաւ, մատիտը հորիզոնական դրաւ ականջին։ Նոր ուսուցիչներու ձեւը չորդեգրեց. մեր անունները գիտնալ փոյթը չէր։
Դէմքը խստօրէն խիստ, մարմինը խիստ շարժուն- ճիշդ բառը «շարժահար է». կարծես անտեսանելի բաներէ կը հարուածուէր ու մարմինը անդադար հարաւ-հիւսիս կը տանէր։ Ճշմարիտ կըսեմ՝ քիթը բերանը յայտնի չէր, միայն խոշոր, կոպը ծանր աչքեր, գոյնը նետած բիբերով։ Ի՛նչ մեղքս պահեմ – կը կարծէի թէ դէմքին վրայ լուացք փռուած է։
Ըստ երեւոյթին կ՚ենթադրէր թէ մենք Ֆրանսերէնի որոշ չափով տեղեակ ենք, եւ ուրեմն մեզի մէկ էջնոց մեքենագրուած գրութիւններ կուտար, որ անշուշտ չէինք հասկնար, բայց յաջորդ դասապահին պէտք է սահուն կարդայինք։
Մեզի «տըուաղ» տալէն վազ չանցաւ. մեր վրայ ուշադրութիւն չդարձնելէն ալ վազ չանցաւ։ Աչքերը երբոր բանար՝ ընդոստ կ՚երթար տղու մը քով կը կայնէր «տղա՛յ, ինչո՞ւ չես բացած «գայիէ»-դ , ո՞ւր է գայիէդ, ծոյլ-ծոյլ նստեր ես։» Ի միջի այլոց, այսպիսի բառեր կը ցայտեցնէր որպէսզի ականջնիս լեցուի։ Իսկ «մէզ ալող»-ները տեղատարափի պէս կ՚իջնէին այդ ժամուն։
Թէեւ իր տարօրինակութիւնը անօրինակ էր, սակայն կը մեղքնայինք իրեն։ Եօթ զաւակ ունէր, կինը իտալացի։ Կերեւի մաքարոն առատ-առատ եփեր է, մարդր գիրցեր է, բայց ճկունութիւնը տեղն է։ Լեցուն տոպրակի պէս իր մարմնով այնպիսի արագութեամբ ընդարցակ դասարանին մէկ անկիւնէն միւսը կը հասնէր՝ կարծես կայծակ էր։ Պէյսպոլ խաղացողներու պէս սրընթաց միւս կէտին պէտք է հասնէր անյապաղ. թէ ոչ կը կորսնցնէր։ Ի՞նչ։
Միտքս մնացած է հետեւեալ դրուագը։ Հիմա Նիւ Ճըրզի կ՚ապրի Մարոն. կոկիկ աշխատասէր խանում-խաթուն կին մը, ժպտադէմ ու միշտ զարմացած նայուածքով։ Պատանուհիները երկչոտ կ՚ըլլային մեր օրերուն. համարձակները քիչ էին, բայց անա՜նկ հանած-վարած կ՚ըլլային։
Ուրեմն՝ Մարոյին կարգն էր որ կայնէր ուսուցիչին գրասեղանին ճիշդ աջին։ Դիմացի պատին նայելով կը սպասէր հրահանգին – կը վախնայինք իրեն նայելէ – պարոնը մատիտը գրասեղանին զարնելով՝ կարդա՛, ըսաւ։ Կարդալիքը այն էջն է որ տպած տուած էր մեզի։ Երբ կը կարդար յանկարծ պրն. Ֆրանսուան բարձրաձայն գոռաց – աղջի՜կ, «պութոն»-դ ո՞ւր է պութո՜նդ։ Աղջիկը իրար անցաւ – «վուալա», պութոնը տեղը չէ, ո՞ւր ինկեր է, կը նայէր մեզի ու կը բարկանար։ Մարոն կաս-կարմիր եղաւ, գետնին վրայ չգիտցած բանը փնտռել սկսաւ։ Պութոնին ինչ ըլլալը չէինք գիտեր.։ Մեր գիտցած պութոնը փշտիկ է։ Ասի ուրիշ բան մը ըլլալու էր։
Դասապահը աւարտելէն ետք միայն հասկցանք թէ ամբողջ եղածը՝ Մարոյին ճերմակ շապիկին էն վերի ծակին կոճակը անհետացած էր։
Ամէն անգամ տետրակներ անութին տակ՝ փոթորիկ մըն է կը մտնէր դասարան. Տետրակները մերը չէին։ 45 վայրկեան տեւողութեան ընթացքին տեւաբար կը հալածուէր բանէ մը, եւ ուրեմն ասոր-անոր գրասեղանին քով կը ցցուէր։ Հարցը մօտ գալը չէր, միշտ յանդիմանական խօսք մը ունէր, կարծես իր զաւակներն էինք որ առանց գիտնալու սխալ մը գործած էինք։ Կ՚երթար տեղը կը նստէր երբոր յանկարծ դէմքը կաս-կարմիր կ՚ըլլար։ Եթէ մեզմէ, գրեթէ անշարժ ոչխարներու պէս նստած աշակերտներէ ալ կը գանգատէր, ուրեմն կեանքին դէմ որքա՛ն բարկացած ըլլալու էր, թերեւս ապտակա՛ծ ալ էր կեանքին։ Եթէ ընտանիքին մասին մտածէինք պիտի զարմանայիք թէ ո՛ղջ են տակաւին, տարիներու առօրեայ սարսափներէ, իրար ետեւէ արագ-արագ դարձող բառերու հնոցին մէջ։
Օր մըն ալ չեկա՛ւ։ Կիսամեակը գրեթէ աւարտելու վրայ էր։ Տնօրէնութիւնը՝ ուսուցիչներու բացակայութեան լուրերը հետզհետէ՛ հաղորդելու ձեւ մը որդեգրած էր։ Օրինակ՝ անուշիկ ուսուցչուհի մը – նոյնպէս Ֆրանսերէնի դասատու – չերեւաց ու չերեւաց. օր մըն ալ լսեցինք թէ տունէն փախեր, գաղտնի ամուսնացեր, ուրիշ երկիր հաստատուեր է։
Իսկ մեր Պարոն ֆրանսուան երբ նորէն ու նորէն բացակայեցաւ, պահը սերտողութեան տրամադրուեզաւ։ Ի վերջոյ, օր մըն ալ տեղեկացուցին թէ սրտի տագնապ ունեցեր է։ Մնացեալը չգիտցանք։ Փոթորիկի պէս եկաւ, շանթահարեց ու անցաւ, եօթ զաւակով, եօթանասուն յանդիմանութիւններով, ոտքերուն մէջ զսպանակներով Պարոն ֆրանսուան։ Յուսամ զաւակներուն գլուխը մնաց։
Անոր դասապահը գրաւեց ուրիշ վաստակաւոր ուսուցիչ մը, ծեր էր խեղճը. «Գիրքը բացէք կարդացէք, միայն կարդալով հայերէն կը սորվիք» կ՚ըսէր, ինքը կը մրափէր։ Իրաւունք ունէր, այդ տարիքին կէսօրուայ ճաշէն ետք ծերերը քուն մը պէտք է քաշէին։
Տնօրէնութիւնը անդրադարձաւ, կարգադրեց որ արաբերէնի ուսուցիչը ստանձնէ այդ պահը։ Անոր ալ կեանքին էն մեծ նպատակը մեզի արաբերէն սորվեցնել էր։ Երկար նիհար մեղմաբարոյ մարդ էր, յանցաւորի նայուածքով, գանգուր բայց կոկիկ մազերով։ Մէյ մը որ քերականութեան բացառութիւնները սկսէր թուել մենք ալ կը սկսէինք մտածել թէ՝ մենք հայ ենք, Արաբերէն խօսիլ արդէն գիտենք, ինչո՞ւ գրական Արաբերէնն ալ պիտի սորվինք. մանաւանդ քերականական այդքան բարդ բացառութիւնները։ ֆայըլ մատի նակըս – Անցեալ կատարեալ անկատար. ո՞վ չյիշեր։
Ճիշդ չէ եզրակացնել թէ մեր ուսուցիչները թերութիւններ ունէին։ Ոչ, չունէին։ Կոչում եւ նուիրում ունէին (իրենք կը սիրէին «զոհողութիւն» բառը գործածել։) Ըստ իրենց՝ մեր ծնողքը, ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնը, ամէնքը զոհողութիւն կ՚ընէին մեզի համար։ Սերո՛ւնդ պիտի դատիարակէին, հայոց ապագան պիտի ապահովէին։
«Իմ պարտականութիւնս է ձեզ այնպէս դաստիարակել որ հայ ազգին պատիւ բերող զաւակներ ըլլաք։» «Կեանքը պայքար է, որքան ուսեալ էք՝ այնքան կը յաղթէք։» «Ջանացէք Աստուծոյ ծառաներ ըլլալ։» «Մշակոյթի մշակներ։» «Հայ լեզուի սպասարկուներ»։ «Երբ մեծնաք մեր ժողովուրդին տէր եղէք եւ ծառայ»։ Ծառայեցէք, ծառայեցէք, ծառայեցէք… Լաւը այն էր որ ծառայելու տեսակը մենք կրնայինք ընտրել։
«Մեր ժողովուրդը հինգ հազար տարիէ կ՚ապրի այս աշխարհի երեւսին։ Հպարտ եղէք մեր փառաւոր անցեալով.» «Հպարտ եկէք որ գաղթական եկանք այս ափերը ինկանք, հիմա տանուտէրի պէս ենք, երկիրը ճոխացուցինք։» «Արաբները հիւրընկալեցին մեզ, միւս ժողովուրդներուն պէս վերէն չնայեցան։» «Հպարտ ենք որ Քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգն ենք։» «Սիրելի պատանիներ, լաւ սորվեցէք մեր պատմութիւնը, որպէսզի հպարտ ըլլաք մեր անցեալով, մեր լեզուով, մեր մշակութային կոթողներով, մեր ճարտարապետութեամբ, մեր մանրանկարչութեամբ։» «Հպարտացէք մայր հայրենիքով, աշխարհասփիւռ հայութեան նուաճումներով։» Հպարտ ըլլալու էն քիչը՝ Տասը Պատուիրաններ կային։
Մէջտեղը Ջահ մըն ալ կար, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին բարձր բռնուած հասած է մեզի, հիմա մենք պէտք է առնէինք քալէինք։ Ջահը կը գործածուէր հայ լեզուի, հայ մշակոյթի, հայ հաւատքի համար։
Յետոյ կը հասնէր «Դուք ապագայի սիւներն էք»ը։ «Արժանի եղէք ձեր նախնիքներուն։» «Այբուբենը հնարող Մեսրոպ Մաշտոց սուրբ մըն էր, իր պատճառով հայ ազգը փրկուեցաւ աշխարհի երեսէն անհետանալէ»։ «Վարդանանց պատերազմին մենք յաղթեցինք որովհետեւ պայքարեցանք մեր ինքնութիւնը պահպանելու։» Չեմ հասկնար ինչո՞ւ ըսին «ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը» , փոխանակ ըսելու «ձեր սուրը եւ մեր սրասուր սուրը։» «Մենք Ապրիլ Քսանչորսը յաղթահարեցինք։ Կորսնցուցինք բայց չկորսուեցանք։ Հիմա հողային պահանջքներ ունինք. դո՛ւք պիտի ըլլաք Հայկական Հարցը առաջ մղողը, աշխարհին ծանօթացնողը, պաշտպան իրաւաբանները»։
Աշխարհահռչակ գիտնականներ, արուեստագէտներ ունեցած ենք։ Վիկտոր Համբարձումեան , Արամ խաչատուրեան։ Այն օրերուն Շարլ Ազնաւուր չկար. Սէրկէյ Մերկելեան կար։ Ամէն գնով՝ մեր հայրենիքին եւ մեզ հիւրընկալած երկրին պատիւ բերող հայեր պէտք է ըլլայինք։
Ամէն տարի մեր հայսքուլէն գոնէ երեսուն շրջանաւարտ կ՚ըլլայ։ Միւս վարժարաններն ալ նկատի առնելով՝ տարեկան 300 երիտասարդներ։ Տասը տարուայ մէջ երեք հազար կ՚ընէ, զօրագունդ է. հայերը ճիշդ ուղղութեան մէջ են։ Դեռ այս գումարը միայն Լիբանանի «վաղուան հայերն ու հպարտ ծառաները եւ ազգին պարծանքներն» են։
Ուր որ գացեր ենք լոյս տարածէր ենք, հիմա մեր մթնած հողերուն համար արդարութի՛ւն կը պահանջենք։
Ծառայել- հպարտ զգալ-պահանջել։ Ո՛չ միայն գոյատեւել այլ՝ ստեղծագործել։ Հայութիւնը եւ մարդկութիւնը բարձրացնող նուաճումներ կատարել։ Փարիլ ո՛չ թէ փող ու փառքին, այլ՝ բարձր ու բարիին։
Վերադառնալով մեր նիւթին՝ մեր դպրոցը ուսումնական առումով առաջնակարգ գիծի վրայ էր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին հետ։ Բոլոր ուսուցիչները համալսարանական համապատասխան տիտղոսներ ունէին։ Պետական պրէօվէի կամ պաքալորիայի քննութիւններուն շատ բարձր միջին կ՚արձանագրէին աշակերտները։ Յաջողութեան տոկոսը իննիսուն առ հարիւր էր։ Ինչպէ՞ս չ՚ըլլար -այնքա՜ն տան պարտականութիւն կ՚ունենայինք, որ յաջողելու համար առտուան չորսին արթննալու եւ տակաւին դասեր պատրաստելու էինք։
Ի՜նչ Կաղանդի արձակուրդ – այլազան դասերու կողքին անպայման քարտէս գծել ներկել մըն ալ կար, խոշոր խաւաքարտի մը վրայ .լիճեր, լեռներ, բամպակով ներկուած երկիրներ։ Մեեեեեծ քարտէս։ Առաջինը՝ Հայաստանի, միւսը՝ մնացեալ աշխարհի։ Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ափրիկէ, Ասիա։ Վերը երկինք, վարը դժոխք, մէջտեղը՝ քարտէս։ Անթարքթիքայի մասին մտածող չկար։
Անթարքթիքայի սառուցեալ մթնոլորտէն՝ ճամբան շփոթած պաղ շունչ մը իսկ չկար մեր կեանքին մէջ. տաքուկ էր տաքո՜ւկ։ Ամէն ինչ դասաւորուած, կարգապահ։ Ճիշդի եւ սխալի սահմանները յստակ։ Համբերատար՝ անկարգներու նկատմամբ։ Յաճախ հրաւէր մըն ալ կը ստանայինք – «զգաստութեան հրաւէր»։
Բարձր բարոյականութեան նշանաձօղը պէտք է վեհ մնար։ Բարեխղճութիւն, բարեկամութիւն, բարեմասնութիւն, բարեխնամութիւն, բարեխնդութիւն. բարի բաներու զօրագունդ մը կ՚առաջնորդէր համայնքը տունէն դպրոց, դպրոցէն եկեղեցի, եկեղեցիէն … ո՜չ ակումբ չէր կրնար ըլլալ, մեր դպրոցը արգիլած էր որ տղաք արտադպրոցական ակումբներու մաս կազմէին։ Խելքերնին դաս սորվելու պէտք է տային։ Կը զգուշանային թէ կուսակցական հարց կրնար ծագիլ մատղաշ պատանիներու առօրեային մէջ։ Դպրոցը դաշնակից էր անկուսակցական մնալու. ինչպէս որ կրօնականներ կան կուսակրօն -հայերէնի մէջ կոյս կը նշանակէ կողմ- նոյնպէս ՀԱԳ-ն (Հայ Աւետարանական Գոլէճ) ունէր ուսումնական կուսակրօնութիւն։ Կամ ինչո՞ւ ոչ՝ կուսուսում։
Սուսուփուս չապրեցանք, չարաճճիութիւններ ըրինք, բայց ո՛չ մեզի ո՛չ ալ ուրիշին վնաս հասցուցինք։ Եթէ ամէն առտու կանուխ եւ ամէն Կիրակի պաշտամունքի երթաս՝ ի՞նչ կ՚ըլլաս։ Այս մէկուն ալ ընթերցողը թող պատասխանէ։ Ես շատ խօսեցայ։
********
Աս ալ պատմեմ, վերջին նախադասութեան պատճառով յիշեցի։ Թալասի մէջ, մեծմօրս դասարանը աղջիկ մը կայ եղեր, մականունը՝ Խուպեսէրեան։ Ուսուցիչը երբ անոր անունը պիտի տայ՝ կ՚ըսէ – Խո՜ւպ, Խուպ, Խուպեսէրեան տէիէ վախտըմ եօխ» ( Խուպեսէրեան ըսելու ժամանակ չունիմ։)
2012-ին եօթանասուներկու ուխտագնացներ Արեւմտահայաստան գացեր էինք։ Երբ Կեսարիա հասանք. բարեկամուհիս Անի խուպեսէրեանը, քոյրս՝ Սեւանը ու ես Թալաս այցելել ուզեցինք։Նախահայրերուս տունը գտայ, անկէ երեք տուն անդին մեծմօրս ազգական Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծնած ապրած տունն էր, կէսը կանգուն կէսը փլատակ։
Թեքեաններու երեքհարիւր տարուայ տան մէջ կ՚ապրէր Կեսարիոյ շրջանի միակ հայը՝ Սարգիս Թեքեան։
Սարսափեցուցեր էր տեղւոյն կառավարիչը։ Երբ Կեսարիոյ հայոց երկու եկեղեցիներէն մէկը հազիւ ռումբերով յաջողեր էին քանդել անաստուած թուրքերը, մեր Սարգիսը գացեր ըսեր է կառավարիչին. « եթէ միւս եկեղեցիին ալ դպնաս քեզ սպաննողը ե՛ս պիտի ըլլամ։» Մարդը վախցեր է որովհետեւ մեր Սարգիսը հերոսի համբաւ ունի։ Հռչակաւոր տիպար մըն է, վեց տարի բանտ նստած է մարդ սպաննելուն համար։ Գողը իր տունէն դրամը գողցեր է, մեր Սարգիսն ալ ետեւէն վազեր սպաններ է։ Բայց հայ ըլլալուն՝ ուղղակի բանտ դրեր են զինք։ Խեղճ մայրը ամէն օր բանտապահներու ճաշ տարեր է որպէսզի իր զաւակը չըսպաննեն։
Մեր Սարգիսը տօնական օրերուն կը շրջի քաղաքը, բնակիչներուն մատաղ ընելիք ոչխարներուն վիզը կը կտրէ եղեր։ Ձրի՛։ Դրամ շատ ունի։ Կերեւի վիզ կտրելու հետ հաշտ է. առաւել տեղացիները գիտեն ինչ քաջագործ, անվախ հերոսի համբաւ ունի։ Ճիշդ այդպէս ալ կը քալէ, կարծես աշխարհը ի՛րն է։ Ջղուտ եւ ինքնավստահ, կը պնդէ որ կրամ մը իսկ իւղ չկայ իր մարմնին մէջ։ Կաշիէ տափատով, շապիկին կուրծքը բաց, վիզէն ոսկիէ հաստ շղթայ մը կախուած մեր Սարգիսն է ան։ Հակառակ բազում հրաւէրներուն մինչեւ Ամերիկա եւ ֆրանսա, բացարձակապէս մերժած է Թալասէն դուրս ելլել։
Եւ միայն իր ազգականներուն արտօնութիւն տուաւ տունը մտնելու. Քոյրս ու ես մտանք, միւսները դուրսը մնացին։ Անշուշտ կօշիկները պէտք էր հանել տուն մտնելէ առաջ։ Արեւը այդ տան մէջ նստած էր արդէն։ Բոլոր պատերը սպիտակ։ Տեսանք մեր մաքրամաքուր բծախնդիր Սարգիսը, որ օրական չորս ժամ սպիտակ տան բոլոր առարկաներուն խախտած սանթիմները կարգի կը դնէ։ Հսկայ պահարան մը բացաւ, վերմակներ վրայ վրայի դիզուած. «Տեսէ՛ք, ըսաւ, ճիփճիշդ շարուած չե՞ն, մէկ հատը միւսէն մէկ սանթիմ աւելի երկար չէ։» Ամէն կողմ կաթնագոյն քրոշէ։ Պատշգամը թաղար-թաղար ծաղիկներ, ճերմակ ու վարդագոյն։ Բայց իր մեծ սէրը հայոց եկեղեցին է։
Պարտէզին միւս ծայրը ընդարձակ մարան մը կար, առանց դուռի. միայն հո՛ն է որ նախամայրերուս ներկայութիւնը զգացի։ Դուրսը սպասողները մարան մտեր էին։ Եօթ թալասցի Ամըրքայէն. Օհօ՜։
Բայց մեր Սարգիսը պատուական մարդ էր. տունը եկեղեցիին կտակեր է, որպէսզի իր մահուընէ ետք իբրեւ իջեւանատուն գործածուի ու եկեղեցիին հասոյթ ապահովուի։
Հայրս չկայ որ պատմեմ իրեն, ոչ ալ մեծհայրս որ յաճախ «Թալաս» կը կրկնէր ու կը յուզուէր «պիզիմ Թալաստա՜…» երջանկութեան նշոյլ մը հազիւ երեւցած՝ ընդհուպ կը մարէր։ Նորէն կը յուզուէր «էյ աշխարհ» կ՚ըսէր, գլուխը կը կախէր։ Իր անդրանիկ զաւակը որ մէկ տարեկանին հետերնին առած գաղթի ճամբան բռնած էին, ան ալ չկայ։ Տեղահանուածները հեռացեր էին Թալասէն, Լիբանանէն, Է՜յ աշխարհէն։ Յուշերը՝ կարծր կամ կակուղ կային։ Անոնք ալ, իրենք ալ ներկայ էին, բայց չկայի՛ն։ Ես ալ ձեզի պատմեցի։
Եթէ կը յիշէք «Խուպ-խուպ, Խուպեսէրեան ըսելու ժամանակ չունիմ»-ն ալ կատարեցի։
Թալասի մէջ պիտի ըսէին՝ պիթտի-կէթտի։
Վերջացաւ գնաց։
Պրծա՜ւ։
Գնաց, բայց չաւարտեցաւ։