ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունուար 12, 2015
Չափազանցութիւն չէր…Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կատարած բուռն քննադատութիւնը՝ Էրտողանի Սուլթանամէտ ղեկավարութեան: Արդարեւ, Փայլան առանց բառերը ծամծմելու եւ դարձ-դարձիկ արտայայտութիւններ կատարելու, պատկերասփիւռի կայանէ մը կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ահազանգ հնչած էր, թէ Անգարայի ներկայ ղեկավարութիւնը քիւրտերու ցեղասպանութիւն կը կատարէ:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան կողմէ ընտրուած՝ Փայլանի հնչած ահազանգը, այլ դէտեր եւ վերլուծաբաններ ալ կը կատարեն, սակայն թէ՛ Էրտողանի եւ թէ՛ արեւմտեան աշխարհի կարգ մը քարոզչական բանալի մեքենաները կը փորձեն հաստ ու անթափանց քօղով ծածկել իրականութիւնը:
Այս իրավիճակը ստեղծուեցաւ կամ աւելի ճիշտը, իր գագաթնակէտին հասաւ, Յունիս 7, 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ուր անսպասելիօրէն քուէներ հնձեց քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը, եւ աննախընթաց յաղթանակով մը, պարտութեան մատնեց Էրտողանի նախագահական, այսինքն սուլթանական մենատիրութեան երազները:
Էրտողանի կը մնար «բռնկեցնել» որոշ խաղաքարտեր, մինչեւ անցեալ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն քուէներ ապահովելու համար: Այս գծով, Անգարա ունէր յենարան մը, յանձին դրացի Տահէշի, որուն հետ թէ՛ քարիւղի արտադրութեան ու առեւտուրի եւ թէ՛ Սուրիոյ-Իրաքի ճակատներուն վրայ գործակցութիւնը դուռ կը բանայ հաստափոր ուսումնասիրական գործի մը, լի բազմաթիւ փաստագրական տեղեկութիւններով:
Սակայն Էրտողանի համար յստակ էր թէ քրտական, յատկապէս հարաւ-արեւելեան շրջաններէն ներս որեւէ անդորրութեան խախտում, կրնար ստեղծել այնպիսի կացութիւն մը, որ բազմաթիւ տեղացի թուրքեր եւ պահպանողական քիւրտեր չհանդուրժէին պատահածը, եւ դիմէին այլընտրանքի, այսինքն փոխան քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան՝ քուէարկել Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» Կուսակցութեան:
Անգարան է որ կայծը տուաւ թուրք-քրտական նոր հակամարտութեան անսանձ ծաւալումին եւ Սուրուժի եւ ապա Անգարայի պայթումներէն, մթնոլորտը այնքան մը ելեկտրականացած էր, որ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան առջեւ հրապարակային ընտրարշաւն անգամ անկարելի էր: Այդ դաժան պայմաններու տակ, տաս առ հարիւրէն աւելի քուէ ապահովելը սպասուածէն ալ աւելի էր:
Էրտողանի վարչամեքենային կատարածը պարզ խախտում չէր, այլ նոյնիսկ համազօր էր պետական հարուածի: …Ե՛ւ, անգամ մը եւս քարոզչական աշխարհը կրկին ծածկեցին պատահածը, իսկ Արեւմուտքը անգամ մը եւս նիւթապէս օժանդակեց Անգարային, Սուրիայէն ժամանած գաղթականներուն համար…որոնց փախուստի ճամբան դէպի Եւրոպա, ցայսօր դիտմամբ կը կատարուի:
Յունուար 12-ին Պոլսոյ կեդրոնական շրջաններէն մէկուն մէջ, կատարուած պայթումին մասին շուտ է անդրադառնալը: Յամենայնդէպս, նոյնիսկ անմեղ զբօսաշրջիկներու կեանքը խլած, այդ արարքը անգամ մը եւս պիտի օգտագործուի Սուլթանամէտ Էրտողանի կողմէ, որ պիտի շարունակէ քիւրտերու արհաւիրքը…աղէտը:
Ի վերջոյ, պատգամաւոր Կարօ Փայլանի խօսքերը կրկնելով, անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, նմանօրինակ բան մը կը կատարուի քիւրտերուն դէմ: