«Ո՞վ Է Դաշնակցականը» Գրքոյկին Անգլերէն Հրատարակութիւն

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

p15 book

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ («Ասպարէզ»).- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առթիւ, տեղւոյն Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ ու տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ռիթա Պչաքճեաններու մեկենասութեամբ, անգլերէնի թարգմանուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ ընկ. Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակած «Ո՞վ Է Դաշնակցականը» գրքոյկը։
Ի պատիւ մեկենասին, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 10ին։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի անդամներ, ծխական շրջանի ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ եւ ազգայիններ։
Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, կոմիտէի հերթապահ Հրայր Նահապետեան ներկայացուց տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ռիթա Պչաքճեանները, «որոնք անծանօթ դէմքեր չեն մեր գաղութին համար, միշտ զօրավիգ են մեր նախաձեռնութիւններուն եւ տակաւին թարմ է բոլորիս միտքերուն մէջ 2015ի Ապրիլին, համալիրիս շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով անոնց հովանաւորութեամբ զետեղուած յուշակոթողը», նշեց ան։ Ապա «Ռոստոմ» կոմիտէին անունով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պչաքճեան ամոլին, այս օգտաշատ եւ մնայուն արժէք ներկայացնող նախաձեռնութեան ի խնդիր իր կատարած առատաձեռն նուիրատուութեան համար։
Նահապետեան հրաւիրեց Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանը, որ իր կարգին խօսք առնելով՝ բարձր գնահատեց «Ռոստոմ» կոմիտէին յղացած այս գեղեցիկ գաղափարն ու նախաձեռնութիւնը, ապա անդրադարձաւ Սփիւռքի իրականութեան, «ուր ունինք մեծ թիւով անգլիախօսներ, եւ նման նախաձեռնութիւն մը մեծապէս պիտի նպաստէ զանոնք մեր ազգային պատմութեան ու կեանքին ծանօթացնելու եւ ինչու չէ նաեւ կը քաջալերէ անոնց այդ կեանքին մէջ մասնակցութիւն ու դերակատարութիւն ունենալու»։
Ան գնահատեց նաեւ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ռիթա Պչաքճեաններու մեկենասութիւնը՝ շեշտելով, թէ «Ո՞վ է Դաշնակցականը» գրքոյկին անգլերէն հրատարակութիւնը մնայուն արժէք կը ներկայացնէ բոլորիս համար, եւ այսօրուան մեր իրականութենէն բխած՝ անհրաժեշտութիւն մըն է զայն սեփականութիւնը դարձնել նորահաս եւ անգլիախօս սերունդին. նաեւ, անոր հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Դաշնակցութեան 125ամեակին, երբ անգլիախօս, նորագիրներ եւս իրենց երդումը պիտի տան, եւ այդ իմաստով, սոյն գրքոյկին հրատարակութիւնը ճի՛շդ ժամանակին եղաւ։
Ապա, Պչաքճեան ամոլը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէին եւ «Ռոստոմ» կոմիտէին՝ այս առիթին համար, ինչպէս նաեւ մեծապէս քաջալերեց նորահաս սերունդին մօտ մեր ազգային կեանքը վառ պահելու աշխատանքը։
Հանդպիման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն. ներկաները առիթը ունեցան շնորհաւորելու Պչաքճեան ամոլը՝ քաջալերելով անոր օրինակելի կեցուածքը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles