՛՛Միութեան Վիճակը՛՛ խորագրեալ իր տարեկան ճառին ընթացքին, Երեքշաբթի, 12 Յունուարի երեկոյեան, նախագահ Պարաք Օպամա անգամ մը եւս ապացուցեց, որ իրական աշխարհէն կտրուած է. խզում մը՝ որ տարուէ տարի խորացաւ ու շեշտուեցաւ Սպիտակ Տուն իր մուտքէն ասդին։ Նախագահին ելոյթին հանդիսատես խորհրդարանականներն ու զինուորական, դիւանագիտական եւ դատական մարզերու մարդիկը եւս ի յայտ բերին իրականութեանց հետ համաչափ անյարիրութիւն։
Ի՞նչ օգուտ՝ նախագահին արծարծած իւրաքանչիւր հարցին մասին մանրամասնօրէն ու մէկ առ մէկ անդրադառնալէ։ Բաւականանանք քանի մը կէտ ու նշում արձանագրելով, խնայելով գրիչ ու մելան (ըսել կþուզենք՝ համակարգիչի կարողականութիւններ եւ… ելեկտրականութիւն)։
Օպամայի դրական արտայայտութիւնները մնացին ընդհանրութիւններու եւ անառարկելի ճշմարտութիւններ հաստատելու սահմաններուն մէջ։ Ճառեց կենսոլորտի պահպանման անհրաժեշտութեան, գործակցութեան, փոխադարձ յարգանքի, ապահովութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ու խաղաղութեան հետամտութեան, եւ դեռ շատ մը լաւ բաներու մասին, որոնք, բոլորս ալ գիտենք, չեն անցնիր խօսքի սահմաններէն անդին. տակաւին, նախագահն ու աշխարհի տարածքին իրեն պէս պետական մարդիկ գործի կոչուած են, որպէսզի այդ առաջադրանքները իրականացնեն, եւ ո՛չ թէ անոնց մետասաներորդը կատարելուն համար ծափահարութիւններ ականալեն…
Նախագահը, առանց խպնելու, յոխորտաց, որ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժը աւելի մեծ է, քան իրեն յաջորդող 6-8 հզօր երկիրներու զինուորական կարողութիւնները՝ միասին առած, սակայն չըսաւ, թէ այդ ուժը ի հեճուկս քաղաքացիներու ինչպիսի՛ բարիքներուն եւ իրաւունքներուն կերտուած է, օրինակ, կրթական ու ընկերային բարօրութեան հաշւոյն։ Ան մոռցաւ նաեւ, թէ ՛՛Քահիտա՛՛ի եւ ՛՛Իսլամական Պետութեան՛՛ պէս տմարդի ոճրագործներու ստեղծման ու զինումին մէջ, նոյնինքն Միացեալ Նահանգներ ինչպիսի՛ ուղղակի կամ անուղղակի դերակատարութիւն ունեցած են ու կը շարունակեն այդ դերը, ՛՛բարեկամ՛՛ կը հռչակեն Թուրքիոյ պետութեան պէս ոճիրներուն ուղղակի մասնակիցներ, որովհետեւ անոնց վրայ կպած կը մնայ ՕԹԱՆ պիտակը։
Անտեղի ու անհիմն չէր պատկերասփիւռի մեկնաբանի մը այն կարծիքը, թէ Օպամա այս ճառը կþարտասանէր ընտրապայքար մղողի տրամաբանութեամբ ու պաշտպանողականի հոգեվիճակով, սլաքներ կþարձակէր հանրապետական թեկնածուներուն դէմ (որոնք, ի դէպ, այլապէս արդարանալի շատ բան չունին)։ Մեկնաբանը հաւանաբար մինչեւ այսօր ալ չէ անդրադարձած, որ սա նախագահ Օպամայի մէկ հիմնական գիծն է եղած վերջին 7 տարիներուն. ան միշտ ալ արտայայտուած է ՛՛պէտք է այսպէ՛ս ընենք, այդպէս չընենք՛՛ի ոճով, ինչպէս կը խօսէր Սպիտակ Տուն հասնելու մրցավազքի օրերուն. Երեքշաբթի երեկոյ ալ, ան կարծէք թէ յաւիտենական ընտապայքար մղողն էր, եւ ոչ թէ հեղինակաւոր նախագահ մը։
Նախագահը, դարձեալ առանց շիկնելու, խոստացաւ շարունակել աշխատիլ, ի խնդիր… Կուանթանամոյի արգելարանին փակման։ Հաւանաբար ինք ալ վարակուած է պետական պաշտօնատարներու մոռացկոտութեան ախտէն. չէ՞ որ նախագահութեան հասնելէ առաջ ու անկէ ետք, բազմիցս խոստացած էր ՛՛անյապաղ փակել՛՛ Կուանթանամոն։ Սակայն տխրահռչակ բանտին գծով Օպամայի վարմունքը տարբեր չեղաւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ իր կատարած խոստումներէն կռնկակոխ ետդարձերէն, այնքան մը, որ տարի մը ետք, երբ ան հրաժեշտ տայ Սպիտակ Տան, պատմաբանը իր մասին իրաւունք պիտի ունենայ անվարան արձանագրելու, որ ան մրցանիշներ հաստատեց… խոստումներէ ետդարձի դաշտերուն մէջ։ Յաջորդները մեծ ՛՛բարիք՛՛ մը պիտի ընեն Օպամային, եթէ խոստմնադրժութեան մէջ գերազանցեն զինք (Օպամա մեծ յոյս ունի որ զինք գերազանցողներ պիտի ըլլան)։
Սրահին մէջ տեղ գրաւած խորհրդարանականներն ու միւս պաշտօնատարները այլ մրցանիշ մը հաստատեցին. միջին հաշուով՝ երկու վայրկեանը անգամ մը ոտքի կանգնեցան նախագահը ծափահարելու համար։ Ճիշդ է, հանրապետականները յաճախ այս քծնանքը զլացան՝ տարբեր հաշիւներով։ Նիստէ ետք, շշուկներ շրջան ըրած են, որ կանգնիլ-նստիլ-ծափահարելու խաղը խաղցուած է, որպէսզի հանդիսականները քիչ մը մարզանք ընեն, չքնանան, ու իրենց հետ արթուն պահեն… պատկերասփիւռ դիտողները։
Նախագահին ետին նստած փոխ նախագահ Պայտըն կարեւոր դեր մը ունի եղեր (միշտ նոյն շշուկներուն համաձայն). անոր ըսուած է (եղեր), որ յաճախ գլուխը պէտք է հաստատական շարժումներով օրօրէ, պայման չէ, որ մտիկ ընէ ամբողջ ճառը, ուր ձեւով մը առաջնորդէ ծափահարութիւններու ալիքները։ Այս դերին համար, Պայտըն սրահին մէջ ունի (եղեր) քանի մը ճակատագրակից-գործակիցներ։ Իսկ Պայտընի կողքին նստած՝ հանրապետական Ռայընի դերն ալ այն է (եղեր), որ ցուցադրականօրէն բացայայտէ, թէ ինք ու կուսակիցները որոշած են չծափահարել նախագահին, մինչեւ իսկ եթէ ան ընդհանրական ճշմարտութիւններու մասին վերոյիշեալ արտայայտութեանց պահուն լաւ բաներ ըսէր։
Իրականութիւններէ կտրուած ըլլալու, կամ՝ զանոնք խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացնելու նախագահին ՛՛հնարքներուն՛՛ շարքին էին Ուքարնիոյ եւ Իրանի ուղղութեամբ Ուաշինկթընի արձանագրած ՛՛նուաճումներուն՛՛ տարազումը։
Կþարժէ՞ շարունակել նշումներու շարքը, հասնելու համար այն եզրակացութեան, թէ քաղաքացիք շատ բան չհասկցան, թէ Օպամա ինչպէ՞ս կը տեսնէ ՛՛Միութեան Վիճակ՛՛ը։ Համակարգիչս կþըսէ թէ յոգնած է…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յունուար 12, 2016