Հոկտեմբեր 25-ին, »Հայաստան« համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու եւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, Մոսկուայի »Արարատ փարք Հայաթ« պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-դրամահաւաք, որուն մասնակցեցան աւելի քան ութսուն ռուսաբնակ հայազգի գործարարներ: Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ թէ, Շուշիի ազատագրումը Սարդարապատէն ետք հայ ժողովուրդի մեծագոյն յաղթանակն էր, յաղթանակ ե°ւ զինուորական, ե°ւ հոգեբանական տեսանկիւնէն: Հանգանակուած գումարները պիտի տրամադրուին Շուշիի զարգացման ծրագիրներուն: Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Շուշիի զարգացումը արժանապատուութեան խնդիր է: Քաղաքի շինութիւնը աշխարհին ցոյց պիտի տայ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ միակամութիւնը ազգային արժէքներու պաշտպանութեան, անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան շարունակական զարգացման ու հզօրացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ:
»Անիկա մեր ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ արթնցուց հաւատքը սեփական ուժերուն նկատմամբ, համախմբուած եւ միասնաբար յաղթանակի հասնելու վստահութիւնը, ազատ եւ անկախ պետութիւն կերտելու վճռականութիւնը: Այս մեծ յաղթանակը համահայկական էր իր բնոյթով: Շուշիի ազատագրութեան կը մասնակցէր ամբողջ հայ ժողովուրդը, համայն հայութիւնը նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերէր Արցախին եւ կÿաղօթէր Աստուծոյ՝ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու խնդրանքով«, նշեց նախագահ Սահակեան: Նշենք թէ Նոյեմբերի աւարտին, Հոս ալ պիտի կատարուի թելեթոնի արշաւ մը, ի նպաստ Շուշիի: Անգամ մը եւս կը սպասուի յաջող եւ արդիւնաւոր հանգանակութիւն մը: