ՆՇՄԱՐ.- ԱՆԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԽԵՂԱԹԻՒՐՄԱՆ ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 2 Second

Յա°տկապէս Հոկտեմբեր 10-ի հանգրուանէն ասդին« Հայաստանի իշխանաւորներուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններն ու հաստատումները աւելի° եւ աւելի° կը հաստատեն այն իրականութիւնը« որ այս մարդիկը ամէն կապ խզած են մեր պատմութեան« հայկական իրականութեան ու մանաւանդ ժողովրդային զանգուածներու կամքին հետ« իրարու հետ մրցումի մէջ են փաստելու« որ աժան վաճառականութենէ անդին« տգիտութեան ու խեղաթիւրման մրցանիշներ հաստատելու ելած են« գերազանցելով… համայնավարներու երբեմնի ստապատիր քարոզչութիւնը:

            Օր չþանցնիր« որ Անգարայէն ու Ազրպէյճանէն չբարձրանան ստորագրուած համաձայնագիրները նախապայմաններու կապող արտայայտութիւններ« որոնց դիմաց« մեր խելամիտ իշխանաւորները կը փորձեն անմեղ ու անհաղորդ ձեւանալ« պնդելո°վ կը պնդեն« թէ այդ բոլորը անգոյ բաներ են« մինչեւ իսկ սկսած են հաւատալ թէ… իրենց պնդումներն են ճշմարտութիւնը« մինչդեռ անդին« աշխարհը իր արագաստները լայն բացած է Թուրքիոյ հովերուն դիմաց: »Ջայլամի քաղաքականութեան« խայտաբղէտ կիրարկումներու ականատես ու ականջալուր կþըլլանք ամէն օր« ամէ°ն ժամ:

            Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հրապարակ եկաւ իբրեւ նորագոյն »խելքի տոպրակ«: Անոր գի՞ւտը…: Վարչապետը գտեր է« որ միայն »սփիւռքի քաղաքականացուած փոքրամասնութիւնը դէմ է« Թուրքիոյ հետ Հայաստանի կնքած համաձայնագիրներուն« եւ այդ կեցուածը »ամապատասխան չէ իր կառավարութեան որդեգրած ուղղութեան«:

            Յայտարարութիւնը դիտենք երեք ծալքով©-

            Ա.- Պարոն վարչապետը ի՞նչ կը հասկնայ »փոքրամասնութիւն« ըսելով. ան արդեօք տեղեա՞կ է« որ իր նախագահը« փիւռքեան գաղութներ այցելութեան օրերուն« իր դէմ գտաւ հայութեան ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ. անոր որդեգրած ազգավնաս ու սնանկացնող քաղաքականութեան տարրերը մատնացոյց ըրին Կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ հոգեւոր առաջնորդներ ու համայնքապետեր« դարաւոր կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ« միութեանց ու կազմակերպութեանց պատասխանատուներ եւ բողոքի ցոյցի ելած բազմահազար ժողովուրդ: Եթէ այս բոլորը փոքրամասնութիւն են« կարելի է միայն մէկ բան ըսել. պարոն վարչապետը հաւկուր մըն է« կամ ալ տարրական թուաբանութեան մէջ տգէտ… »ակադեմիկոս«:

            Բ.- »Քաղաքականացուած« եզրը կը կազմէ երկրորդ ծալքը: Այո°« պարոն վարչապետ. հպարտ ենք« որ մեր իրաւուքներուն պաշտպանութեան ու հետապնդման իմաստով« սփիւռքը քաղաքակացուած է« այսինքն՝ գիտէ իր իրաւուքներուն սահմանը« գիտէ թէ Ցեղասպանն ու բռնագրաւողը« իրաւազրկողը ո°վ է« որուն հետ ձեռք կը թօթուեն Հայաստանի նախագահը« արտաքին գործոց նախարարն ու միւս մանկլաւիկ-շահամոլները« միայն իրենք զիրենք խաբելու եւ այս ուղիին մէջ  իրենց դրսեցի ու ներսեցի հովանաւորները հաճոյացնելու խանդով:

Եւ թող յստակ ըլլայ բոլորին« որ նոյն այդ քաղաքականացուած սփիւռքցիները« որոնք յատկապէս Ցեղասպանութեան 50ամեակէն ի վեր« դժուարին պայմաններու մէջ ու անյաղթահարելի նկատուող խոչընդոտներու դիմաց մտածած են ու գտած՝ իրաւունքի պաշտպանութեան ուղիներ« ապահոված են Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը« աշխարհին յիշեցուցած՝ մեր մարդկային« հողային եւ մշակութային կորուստներէն բխող անսակարկելի իրաւունքները« այսօր ու վաղն ալ պիտի շարունակեն նոյն երթը« անկախ այն տխուր իրականութենէն« թէ կարգ մը »պիզնէսմէն« պետական վարիչներ այսօր կռնակ կը դարձնեն այդ ուղիին« աւրուած սկաւառակի նման կը կրկնեն ու կը կրկնեն« թէ հաւատարիմ են Ցեղասպանութեան ճանաչման վարքագիծին: Բառերը սնամէջ են« երբ խօսքին չþընկերանար գործը« իրաւատիրութեա°ն պայքարը՝ քաղաքական« դիւանագիտական ու կարելի այլ դաշտերու մէջ:

Քայլ մըն ալ աւելի. քաղաքականացուողը միայն սփիւռքցին չէ« այլ ամբողջ հայ ժողովուրդը« որ դեռ երէկ միահամուռ կերպով կանգնեցաւ Արցախեան Պայքարի խրամատին մէջ ու յաղթանակեց:

            Գ.- Երրորդ ծալքը՝ արդէն մեծագոյն գիւտն է: Պարոն վարչապետը գտեր է« որ սփիւռքի »քաղաքականացուած փոքրամասնութիւնը«« մենք արդէն գիտենք« որ ատիկա իսկութեան մէջ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնն է« դէմ է Երեւանի այժմու ընթացքին: Այս գիւտին արժէքին մասին չ’արժեր երկար խօսիլ: Սակայն անհրաժեշտ է« այս տրամաբանութեան ու ուղիին դիմաց« ընել կարեւոր հաստատում մը. Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ժողովուրդին հարազատ ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքն ու դերը« մինչեւ իսկ եթէ զիրենք ծանօթ ճամբուն մղող նախագահներ ու նախարարներ՝ միջազգային ծանօթ ջոջերը փորձեն աշխարհը համոզել« թէ անոնք ընտրեալ վարիչներ են: Ընտրեալը« մինչեւ իսկ ազգային հերոսները իրենց արժէքն ու արժանապատուութիւնը կորստեան կը մատնեն« երբ մէկ օրէն միւսը կը դադրին ըլլալէ իրենց ժողովուրդին« մեր պարագային՝ Հայաստանի ու Արտերկրի հայութեան ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ներկայացուցիչը: Ֆրանսան ատենին տարբեր վերաբերմունք չունեցաւ իր հերոսներէն Զօր. Տը Կօլին հանդէպ…:

Մեր ժողովուրդը« ազգային ու հայրենական իսկական ու հեռահաս շահերուն հաւատարիմ մեծամասնութիւնը անպարտ է կործանարար քաղաքականութենէն« հաւատարիմ պիտի մնայ իր իրաւուքներուն« մինչեւ որ Թուրքիա ու Ազրպէյճան հրաժարին իրենց թշնամական քայլերէն ու արտայայտութիւններէն« ընդունին հայուն իրաւատիրութիւնն ու իրաւունքները« ստիպուած զգան կատարելու արդար հատուցումները:

            Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28 2009 

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles