Միացեալ Նահանգներու մօտ, Թուրքիոյ դեսպան Նապի Շէնսօ, վերջերս ձայնասփիւռի »Ամերիկայի Ձայն« կայանի հետ հարցազրոյց մը ունենալով, քննադատեց Քոնկրէսէն ներս առաջարկուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը:
Ան յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը, Ծերակոյտէն ներս ներկայացնելը ցաւալի զարգացում մըն է, յատկապէս Ցիւրիխի մէջ կատարուած երկկողմանի արձանագրութիւններէն ետք:
Շէնսօ աւելցուց թէ Ա.Մ.Ն. նախագահ Պարաք Օպամա, ամերիկացի նախորդ նախագահներուն նման, Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ խուսափեցաւ »ցեղասպանութիւն« բառը գործածելէ:
»Կÿակնկալէինք, որ այդպէս պիտի ընէր ու այդպէս ալ ըրաւ, վստահ ենք, որ այսպէս ընել պիտի շարունակէ«, մատնանշեց Շէնսօ, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ բանաձեւը Ծերակոյտին կողմէ չի քննուիր:
Միեւնոյն կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան դատապարտեց դեսպանի յայտարարութիւնը եւ յայտնեց, թէ ան դարձեալ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքներուն ձեռնարկած է ձախողութեան մատնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու արշաւը: Ան վստահեցուց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու արշաւը պիտի շարունակուի:
Նշենք թէ ծերակուտականներ՝ Ռապըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) եւ Ճոն Էնսայն (Հանրապետական, Նեվատա) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար բանաձեւ մը առաջարկած էին: Սոյն բանաձեւը յար եւ նման է թիւ 252 բանաձեւին, որ տարեսկիզբին առաջարկած էին ծերակուտականներ՝ Ատըմ Շիֆ (Դեմոկրատական, Գալիֆորնիա), Ճորճ Ռատանովիչ (Հանրապետական, Քալիֆորնիա), Ֆրանք Փալոն (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) եւ Մարք Քըրք (Հանրապետական, Իլինոյ):
Գալով երկու արձանագրութիւններուն առնչութեամբ Ատրպէյճանի հետ ստեղծուած լարուածութեան, դեսպան Շէնսօ դիտել տուած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումն ու սահմաններուն բացուիլը իր կարեւոր նպաստը պիտի բերէ Կովկասի մէջ սառած հարցերու լուծման վրայ: