ԿԱ­ՍԵՑ­ՆԵԼ ԱՏՐ­ՊԷՅ­ՃԱ­ՆԻՆ ԶԻ­ՆՈՒՈ­ՐԱ­ԿԱՆ ՅԱՏ­ԿԱ­ՑՈՒ­ՄԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 45 Second

Armenian-National-Committee-of-America-logo-300x293  Վեր­ջերս, հայ զի­նուոր­նե­րու` հա­կա­ռա­կոր­դի կրա­կոց­նե­րով սպա­նու­թե­նէն ետք, Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կրկնա­պատ­կած է Պաք­ուին ամե­րիկ­եան զի­նուո­րա­կան օգ­նու­թեան տրա­մադ­րու­մը կա­սեց­նե­լու ջան­քե­րը: Ամե­րի­կա­հա­յե­րուն կոչ ուղղ­ուած է նոյն պա­հան­ջով խնդիր-դի­մում­նա­գիր­ներ յղել Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ծե­րա­կոյ­տին եւ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան` իրենց ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րուն, քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րուն:  Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի սահ­մա­նին վրայ հայ նոր զի­նուո­րի մը` Կա­րէն Գալստ­եա­նի սպա­նու­թիւնը կ՛ընդգ­ծէ այն հրա­տապ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, որ մեր Գոնկ­րէ­սը պէտք է կա­սեց­նէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու զի­նուո­րա­կան օգ­նու­թիւնը, քա­նի տա­կա­ւին Պա­քու չէ կա­սե­ցու­ցած յար­ձա­կում­նե­րը, ամ­բող­ջո­վին չէ հրա­ժա­րած բռնու­թե­նէն եւ չէ ստանձ­նած շրջա­նա­յին տագ­նա­պի խա­ղաղ լու­ծու­մը նշուած է Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Արամ Համ­բար­եան, բաց նա­մա­կով մը դի­մած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րան­նե­րու ան­դամ­նե­րուն‘ կոչ ընե­լով անոնց, որ դէմ դնեն “ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը առե­ւան­գե­լու“ նպա­տա­կով վեր­ջերս սաստ­կա­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեանց ջան­քե­րուն:

Համ­բար­եան խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն կը յի­շեց­նէ, թէ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ կա­ռա­վար­ուիլ բռնա­տէր Իլ­համ Ալի­ե­ւի կող­մէ եւ թէ այս վեր­ջի­նը սաստ­կա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի դէմ սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ յար­ձա­կում­նե­րը, ու անոնց զու­գա­հեռ‘ հա­կա­քա­րոզ­չա­կան ար­շա­ւը:

Համ­բար­եան կոչ կ՛ը­նէ երես­փո­խան­նե­րուն, որ զի­րենք ապա­կողմ­նո­րո­շե­լու եւ նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րան­նե­րը Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի դէմ շա­հա­գոր­ծե­լու Ալի­ե­ւի փոր­ձե­րուն դէմ դնեն‘ ըսե­լով. “Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գեր հաս­տա­տէ երկ­րիդ մէջ‘ մեր ներ­քին հար­ցե­րուն մի­ջա­մուխ ըլ­լալ փոր­ձե­լու փո­խա­րէն“:

Համ­բար­եան նա­եւ, կը յի­շեց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի զեղ­ծա­րա­րու­թիւն­նե­րը եւ մարդ­կա­յին իրա­ւանց ոտ­նա­կո­խում­նե­րէն օրի­նակ­ներ, նե­րառ­եալ ՆԱ­ԹՕի մար­զու­մի մը ըն­թաց­քին հայ զի­նուոր մը սպան­նած ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նուո­րին հե­րո­սա­ցու­մը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles