ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ՅԱՆՁ­ՆԱ­ԽՈՒՄ­ԲԸ ԿԸ ՇԱ­ՐՈՒ­ՆԱ­ԿԷ ՏԵ­ՍԱԿ­ՑԻԼ ԶՈՒԻ­ՑԵՐ­ԻՈՅ ԴԵՍ­ՊԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԵՏ

0 0
Read Time:2 Minute, 35 Second

p3  logo  Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի առաջ­նա­հերթ խնդի­րը Փե­րին­չէ­քի գոր­ծով Մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի որոշ­ման բո­ղո­քի հարցն է:

“Դեկ­տեմ­բե­րէն մին­չեւ Մարտ այս հար­ցով կը զբա­ղինք‘ հա­մոզ­ուե­լու հա­մար, որ Զուի­ցեր­ի­ան ճիշդ որո­շում կու տայ: Զուի­ցեր­իոյ դես­պան­նե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին մենք ման­րա­մասն կը բա­ցատ­րենք պատ­ճառ­նե­րը, թէ ին­չո՛ւ Զուի­ցեր­իա պէտք է վե­րա­տե­սու­թեան դի­մում գրէ: Մենք վստահ ենք, որ դես­պան­նե­րը ար­դէն զե­կու­ցած են Զուի­ցեր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, եւ մեր տու­եալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, Զուի­ցեր­իոյ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնը վե­րա­տե­սու­թեան դի­մու­մի մա­սին իր կար­ծի­քը պէտք է ներ­կա­յաց­նէ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան“, յայտ­նեց Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի յանձ­նա­խում­բի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ կա­պի պա­տաս­խա­նա­տու Պե­տօ Տե­միրճ­եան աւել­ցուց, որ եւ­րո­պա­կան շարք մը եր­կիր­նե­րու‘ Պել­ճի­քա­յի, Ֆրան­սա­յի, Յու­նաս­տա­նի, Կիպ­րո­սի եւ Ռու­ման­իոյ մէջ ար­դէն բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կ՛ըն­թա­նան Զուի­ցեր­իոյ դես­պան­նե­րուն հետ‘ մին­չեւ Մարտ 17, Մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի որոշ­ման վե­րա­տե­սու­թեան դի­մում ներ­կա­յաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նը բա­ւա­րա­րած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխտե­լու հա­մար զուի­ցեր­ի­ա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ մե­ղա­ւոր ճանչց­ուած քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան առաջ­նորդ Տո­ղու Փե­րին­չե­քի հայ­ցը: 2008 թուա­կա­նին զուի­ցեր­ի­ա­կան դա­տա­րա­նը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխտե­լու հա­մար Փե­րին­չէ­քը դա­տա­պար­տած էր 3 ամս­ուան բան­տար­կու­թեան, այ­նու­հե­տեւ բան­տար­կու­թեան որո­շու­մը դա­տա­րա­նը փո­խա­րի­նած էր վար­չա­կան տու­գան­քով: Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նը Փե­րին­չէ­քի հայ­ցին բա­ւա­րա­րու­մը հիմ­նա­ւո­րած էր անով, որ զուի­ցեր­ի­ա­կան դա­տա­րա­նը խախ­տած է Եւ­րո­պա­կան ուխ­տի խօս­քի ազա­տու­թեան վե­րա­բեր­եալ 10-րդ եւ 7-րդ յօդ­ուած­նե­րը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles