Կարելի չէ ուրանալ, թէ խրթին է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը. խրթին` արաբական, ուղտի մազէ հիւսուած գորդիան հանգոյցի մը նման: Այսուհանդերձ, անկարելի չէ՛ բացատրել, թէ այս հանգոյցին ստեղծման ետին որո՛նք են դերակատար քաղաքական թէ կրօնական ուժերը եւ այդ ուժերուն ետին, ծածուկ թէ կիսածածուկ շահերով ներգրաւուած յաւելեա՛լ ուժերը, որոնց նեցուկ կամ հակադրեալ կը մնան… Սակայն կը շեղինք բուն նիւթէն` որ պարզ ու կտրուկ բացատրականը կը հաւակնի ըլլալ այս բոլորին:
Ուրեմն, կը խնդրենք որ ուշի ուշով հետեւիք ստորեւ ներկայացուած-շա՛տ համառօտ, այլեւ համապարփա՛կ բացատրականին.-
Սկսելու համար, Իրա՛նը, ինչպէս յայտնի է բոլորին, զօրակից է Ասատ՛ին, մինչ արաբական Ծոցի Երկիրները հակադրուա՛ծ են Ասատին` որ հակադրուած է Իսլամ եղբայրներուն, որոնք, իրենց կարգին, հակադրուա՛ծ են Եգիպտոսի նո՛ր մարաջախտ Սիսիին….այսքանը յստակ է: Սակայն, հարցը կը սկսի բարդանալ` երբ նկատի կ՛առնենք, թէ արաբական Ծոցի Երկիրները զօրակից են Սիսիին, որ կը նշանակէ, թէ հակադրուա՛ծ են Իսլամ եղբայրներուն…
Լոյս սփռելու համար վերեւի հանելուկային անցուդարձերուն վրայ, վերադառնանք Իրանին` որ համակի՛ր է Համասին` որ, ի՛ր կարգին, համակիր կը մնայ Իսլամ եղբայրներուն…ինչպէս Օպամա՛ն. սակայ՛ն, Համասը, նոյնատեն հակակրանքով (չըսելու համար ատելութեա՛մբ) է լեցուած Միացեալ Նահանգներու՛ն հանդէպ…
Մինչ Ծոցի Երկիրները զինակից կը մնան Միացեալ Նահանգներու՛ն, Թուրքիա՛ն, Ծոցի Երկիրներուն միացած, Ասատի՛ դէմ կը պայքարի, մի՛շտ համակիր մնալով Իսլամ եղբայրներուն` հակադրուելով մարաջախտ Սիսիին` որ… հովանաւորութիւնը կը վայելէ Ծոցի Երկիրներուն:
Եթէ ձեր մտքերուն մէջ պատկերը չյստակացաւ, մտահոգուելու պատճառ չունիք: Այսուհանդերձ, եթէ կը կարծէք թէ բան մը հասկցաք… Սկսեցէ՛ք լրջօրէ՛ն մտահոգուիլ…:
Ք.Ն. Ալ Սապահ