Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, գրողներու միութեան նախագահի առաջին տեղակալ, քաղաքագէտ Վարուժան Ոսկանեանի “Շշուկներու Մատեան“ գիրքը, թեկնածու է այս տարուայ Նոպելեան մրցանակին:
Ռումաներէնով գրուած վէպը թարգմանուած է իտալերէն, իսպաներէն, եբրայերէն լեզուներով: 2013-ին պիտի հրատարակուի ֆրանսերէն, գերմաներէն, շուէտերէն եւ պուլկարերէն լեզուներով:
“Շշուկներու Մատեան“ վէպը հրատարակուած է 2009 թուականին եւ կը համարուի Ռումանիոյ տարուայ լաւագոյն գրական ստեղծագործութիւնը: Գիրքին շնորհուած է Ռումանական Ակադեմիայի գրական գլխաւոր մրցանակը:
Վէպը ներկայացուեցաւ Գիրքի միջազգային շարք մը տօնավաճառներու մէջ:
Գիրքը արժանացած է եւրոպական գրական աշխարհի, մամուլի, ընթերցողներու ուշադրութեան, որոնց գնահատմամբ այն ժամանակակից եւրոպական գրական երեւոյթներէն է:
Վերջերս, Երեւանի պետական կամերային թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը: Վէպի հայերէն թարգմանութեան հեղինակն է Սարգիս Սէլեանը:
“Շշուկներու Մատեան“ գիրքի հայաստանեան շնորհանդէսին ներկայ էին Հայաստանի մէջ Ռումանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կրինա Ռուտիքա Փրունարիուն, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Մշակոյթի փոխ նախարար Արեւ Սամուէլեանը, գրողներ, արուեստագէտներ:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, շնորհաւորելով հեղինակին, աւելցուց.- “Ուրախ եմ, որ այսօր մեծարում ենք Կարապետ Ոսկանեանի եւ Սեդրակ Մելիքեանի թոռանը` Վարուժան Ոսկանեանին իր հայրենիքում: Մարդ, ով մեր սեղանին է դրել մի հոյակապ գիրք, որը մեր պատմութեան, մեր ողբերգական դէպքերի, անցքերի, մեր պապերի կրած տառապանքների գրական, գեղարուեստական ներկայացումն է“:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Վարուժան Ոսկանեանին պարգեւատրեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան “Ուիլիըմ Սարոյեան“ մետալով:
Հայաստանի Գրողներու միութեան փոխ նախագահ Դաւիթ Մուրատեանի գնահատմամբ` այս վէպի շնորհիւ մենք կը կարողանանք մեր ճակատագրի անունով խօսիլ ամենատարբեր ազգերու հետ. “Դէպի մարդկանց սիրտը տանող այս գիրքը նորանոր դռներ է բացում հայութեան առջեւ, ստեղծում է մի հզօր, բարոյական ֆոն, որը օգնում է մեր ժողովրդին: Գիրքը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, կարող է մեծապէս նպաստել Հայ Դատի ճանաչման, ինչպէս նաեւ համակրանք ստեղծել մեր ժողովրդի հանդէպ“,-ըսաւ Դաւիթ Մուրատեանը:
Հայաստանի մէջ Ռումանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կրինա Ռուտիքա Փրունարիուն նշեց, որ “Շշուկներու Մատեանը“ մեզ կը յիշեցնէ չմոռանալ մեր անցեալը, այս պարագային` Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եւ այս է գլխաւոր պատճառը, որ գիրքը արձագանգ գտաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ հեղինակը կ՛արժանայ Նոպէլեան մրցանակի:
Եզրափակիչ խօսքը տրուեցաւ Վարուժան Ոսկանեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերու համար եւ համառոտ ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնն ու ստեղծման պատմութիւնը: