Յունուար 30, 2014-ին, Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, եւ ռումանահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ եպիս. Յակոբեանի հրաւէրով, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ժան Իւպեր Լեպեթի հետ, Առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպման նպատակը դեկտեմբեր 17-ի եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի վճիռն էր, արդարացնելով թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի հայցն ընդդէմ Զուիցերիոյ, որ Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու եւ “Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ է“ յայտարարութիւնը ընելու համար: Հանդիպման ներկայ էին Հայ Դատի ներկայացուցիչ Փոլ Յակոբեանը, ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանը, Ռումանիոյ ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարուժան Փամպուքճեանը, Պուքրէշի եւ Փիթեշճի քաղաքներու հոգեւոր հովիւներ.որոնց կարգին Տ. Հեթում Քահանայ Թարւերտեանը: Հանդիպման ժամանակ անգամ մը անգամ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման եւ դատապարտման խնդրի կարեւորութիւնը: Ռումանիոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Փերինչեքի այն յայտարարութեան, թէ “1915 թուականին տեղի ունեցածը ցեղասպանություն չէ“: Բողոքը ներկայացուեցաւ նամակի ձեւով, որ յանձնուեցաւ Զուիցերիոյ դեսպանին, որ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ստեղծուած խնդրի վերաբերեալ:
ՆԱԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ
Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան շաբաթասկիզբին այցելեց Լա Հէյի մէջ, Զուիցերիոյ դեսպանա-տուն եւ հանդիպում ունեցաւ ներկայացուցիչներ Անիա Զոպրիսթ Ռենթենարի եւ Ֆիլիփ Պրանտի հետ:
Հանդիպման նպատակն էր Զուիցերիոյ կառավարութեան փոխանցել խնդրագիր մը հոլանտահայութեան անունով, առ այն, որ Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին որոշումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող Փերինչեքի վերաբերեալ բողոքարկուի այդ երկրին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Հոլանտայի Հ.Յ.Դ. “Գարեգին Նժդեհ“ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Սեպուհ Աբրահամեան: Հիւրերը ներկայացուցին հոլանտահայերուն մտահոգութիւնները կապուած Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանի յայտնի որոշման հետ: Մասնաւորաբար ըսուեցաւ, որ դատավճիռը բաւարար հիմնաւորուած չէ եւ այն հանգամանքը, որ որոշումը միաձայնութեամբ չէ ընդունուած կը վկայէ այդ մասին: Խօսուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ` Ֆրանսուա Հոլանտի վերջին յայտարարութիւններուն մասին, որոնք անգամ մը եւս կ՛ամրապնդեն ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ռենթենար եւ Պրանտ շնորհակալութիւն յայտնեցին այցելութեան համար եւ խոստացան Հայ Դատի խնդրագիրը փոխանցել կառավարութեան: Ըսուեցաւ նաեւ, որ խնդիրը այս պահուն կը գտնուի արդարադատութեան նախարարութեան տնօրինութեան տակ եւ այնտեղ պիտի տրուի բողոքարկման որոշումը: Ըստ անոնց կանխատեսման մինչեւ Մարտ 17, 2014 տրուած ժամանակը արդարադատութեան նախարարութիւնը լիովին պիտի օգտագործէ այս բարդ որոշումը տալու համար: Անոնք նշեցին նաեւ, որ ամբողջութեամբ կ՛ըմբռնեն հարցին կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար, այսուհանդերձ Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին անկախ կարգավիճակը կը սահմանափակէ անոր վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու կարելիութիւնը:
Հանդիպումը աւարտեցաւ վստահեցնելով, որ զարգացումներուն մասին կողմերը իրարու տեղեակ պիտի պահեն: