0
0
Read Time:19 Second
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հանրապետական բժշկական կեդրոնի հիւանդանոցի նոր մասնաշէնքը, որ կառուցուած է շնորհիւ Ռուսահայ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի, պատրաստ պիտի ըլլայ իր դռները բանալու, յառաջիկայ շաբաթներուն:
Այս մասին տեղեկացնելով Արցախի առողջապահութեան նախարար Զոյա Լազարեանը, կը տեղեկացնէ թէ, բացումը կը սպասուէր որ կատարուի Սեպտեմբեր 2013-ին, սակայն վերելակի եւ թթուածինի սարքաւորման որոշ հարցեր, արգելք հանդիսացած էին եւ պատճառ դարձած, որ բացումը յետաձգուի քանի մը ամիսով: